Լրահոս
Հ․Հ․ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹԵՀՐԱՆ
Սոչիի հանդիպումէն օր մը ետք, Նոյեմբեր 1-ին, Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարճ այցելութիւն մը կատարեց Թեհրան եւ տեսակցեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ, որ նշեց, թէ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները վերջին ամիսներուն 43 առ հարիւրի աճ արձանագրած են:

