Հ․Հ․ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:3 Minute, 18 Second

ՊԷՅՐՈՒԹ․- Կիրակի, Օգոստոս 9 -ին,  Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան, որ Լիբանան ժամանած էր Հայաստանին կողմէ երեք հանգրուաններով Լիբանանին համար կատարուելիք օժանդակութեանց առաջին հանգրուանին թռիչքին հետ: Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր առաքելութեան նպատակը եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան կատարուելիք օժանդակութեան զանազան երեսները:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Հայաստանի Խորհրդարանի Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան յանձնախումբի ատենապետ Հրաչեայ Յակոբեան, Հայաստան-Սփիւռք հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան եւ նոյն բաժանմունքի տնօրէնուհի Սառա Անճարկոլեան, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեան եւ փոխ-վարչապետի գրասենեակի օգնական Սերժ Վարագ Սիսերեան:

Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի պետութեան, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ հայ համայնքին իրենց կատարելիք օժանդակութեանց համար: Միաժամանակ ան յիշեցուց, որ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին գծով կատարուելիք նիւթական օժանդակութիւնը պէտք է ըլլայ միասնական ճիգով եւ կազմակերպուած կերպով:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայաստան-Լիբանան բարեկամական խումբի ղեկավար Հրաչեայ Յակոբեանի, «Հայաստան» համահայկական հիմանդրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսանտր Մուշեղեանի, սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար Սառա Անչարքոլեանի, այցելեց Պուրճ Համմուտի «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ հանդիպում մը ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ։

Առաջին հերթին դեսպան Աթաբէկեան ներկայացուց պատուիրակութեան կազմը եւ անոր այցելութեան առաքելութիւնը։ Ան նշեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը սփիւռքի յանձնակատարին այցելութեամբ եկած է իր զօրակցութիւնը յայտնելու Լիբանանի պետութեան ու լիբանանահայ համայնքին եւ այս առումով մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու պետութեան ու համայնքին։ Առաջին երկու օդանաւային թռիչքներով արդէն իսկ հասած են դեղորայք եւ առողջապահական այլ պիտոյքներ, իսկ երրորդ թռիչքը կը հասնի վաղը։ Զարեհ Սինանեան յայտնեց, որ պիտի չուզէր Լիբանանի ու հայ համայնքի ապրած այս ճգնաժամային կացութեան պատճառով այցելած ըլլար Լիբանան՝ աւելցնելով, որ իսկապէս հայրենիքն ու հայրենի պետութիւնը ցնցուած են պատահած այս աղէտով։ Ան աւելցուց, որ այս այցելութիւնը նախատեսուած էր աւելի կանուխ, սակայն առարկայական պատճառներով կարելի չեղաւ իրականացնել։ Սինանեան յայտնեց, որ այցելութիւնը կ՛առաջադրէ քանի մը նպատակ, առաջինը՝ մարդասիրական օգնութիւն Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին եւ բարեկամ պետութեան։ Ան ըսաւ, որ կը շեշտեն Լիբանանի պետութեան ու ժողովուրդին օժանդակութեան այս հանգամանքը, որպէսզի չընկալուի այնպէս, որ Հայաստանը օժանդակութիւն կը տրամադրէ միայն լիբանանահայ համայնքին։ Երկրորդ նպատակը կը միտի ծանօթանալ ստեղծուած իրավիճակին, արձանագրուած կորուստներուն, խնդիրներուն եւ յստակացնելու, թէ ի՛նչ անհրաժեշտութիւններ առկայ են եւ թէ կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ իմաստով լիբանանահայ համայնքին ի՛նչ օգնութիւն կարելի է տրամադրել ու ըստ այնմ կազմել համապարփակ ծրագիր։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպումի առիթին համար։

Յակոբ Բագրատունի բարի գալուստ մաղթեց յանձնակատարին եւ հայրենի պատուիրակութեան։ Ան գնահատեց պատուիրակութեան այցելութիւնը եւ հայրենի պետութեան տրամադրած օժանդակութիւնը։ Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այն հանգամանքին ու համոզումին, որ սփիւռքի վարչութեան գործունէութեան հիմնական առանցքներէն մէկը պէտք է դառնայ Լիբանանն ու հայ համայնքը՝ նկատի ունենալով անոր ունեցած դերակատարութիւնը ո՛չ միայն միջինարեւելեան շրջանային ընդհանուր գործընթացներուն մէջ, այլ նաեւ ընդհանրապէս համահայկական հարցերու՝ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու, Արցախի անկախութեան ու պետականութեան հզօրացման գործընթացին եւ ընդհանրապէս հայութեան մարտահրաւէրները դիմակալելու աշխատանքներուն մէջ։ Սինանեան իր կարգին համաձայն գտնուեցաւ ու հաստատեց այս մտածումը։

Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի պետութեան օժանդակութեան այս արագ նախաձեռնութեան համար՝ հաստատելով, որ 1978-ին նաեւ հայրենի պետութիւնը արագօրէն օժանդակութեան ձեռք երկարեց լիբանանահայ վիրաւոր համայնքին, եւ ատիկա սփիւռքի տարբեր գաղութներու նախաձեռնութեան կարգին գործնապէս նպաստեց հայութեան վերականգնումին եւ յաջորդող փուլերուն անոր համահայկական դերակատարութեան վերստանձնման ու հայրենիքին ու Արցախին անմնացորդ ծառայութեան։

Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը անգամ մը եւս շեշտեց այն համոզումը, որ եթէ հայ անհատներ կան, որոնք կ՛ուզեն այս պահուն երթալ, մէկ ուղղութիւն կայ՝ Հայաստան։ Խուճապային պահերուն մէջ զգացականութիւնը տրամաբանական մտածողութիւնը կը դժուարացնէ, եւ կը դրսեւորուին պատահական կեցուածքներ։ Այն ինչ որ պատահեցաւ իբրեւ աղէտ, ահաւոր էր։ Մենք՝ իբրեւ կուսակցութիւն, թէ՛ ներքաղաքական կեանքի եւ թէ՛ համայնքի ճակատագիրի տիրութիւն կատարելու յանձնառութեան մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ունինք եւ ժողովուրդին շահը կը գերադասենք ամէն բանէ վեր։

Ժողովականները միահամուռ հաստատեցին, որ ներկայ փուլին այս իմաստով կատարուելիք յայտարարութիւններու ու մեկնաբանութիւններու գծով պէտք է ցուցաբերել չափազանց զգաստ ու հաւասարակշռուած մօտեցում։ Առաջնահերթ խնդիրը այսօր լիբանանահայութեան վերականգնումն է, եւ ընկերային ցանցերու ու այլապէս այլ միջոցներով գաղութի տեղաշարժի մասին կատարուած վերլուծումները մեծապէս կրնան հարուածել այս փուլին լիբանանահայ համայնքը։ Բնական նկատուեցաւ, որ այս փուլին անտուն մնացած ու հայաստանեան քաղաքացիութիւն ունեցող ու հայրենիքի մէջ հարազատներ ունեցող լիբանանահայեր մեկնին Հայաստան։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles