
ԵՐԵՒԱՆ․- Յուլիս 26-ի յետմիջօրէին , Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան ներկայացաւ Յատուկ Քննչական Ծառայութեան կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ Մարտ 1-ի գործով իր հարցաքննութիւնը:
Յատուկ Քննչական Ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ․- “2008 թուականի Մարտի 1-ից 2-ն ընկած ժամանակահատուածում Երեւան քաղաքում տեղի ունեցած իրադարձութիւնների վերաբերեալ ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութիւնում քննուող քրէական գործով նախաքննութեան ընթացքում ձեռք բերուած ապացոյցների բաւարար համակցութեան հիման վրայ 2018 թուականի Յուլիսի 26-ին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնաթող նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանին մեղադրանք է առաջադրուել Հ․Հ․ քրէական օրէնսգրքի 300.1-ին յօդուածի 1-ին մասով այն բանի համար, որ նա այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ տապալել է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգը”։
Այլ փոխանցումով մը, Հայաստանի Հանրապետութեան Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Եուրի Խաչատուրով «Մարտի 1»-ի գործով` վկայի կարգավիճակով այցելած է ծառայութեան կեդրոն, եւ իր կարգին հարցաքննութեան ենթարկուած։:
Քոչարեան մեկնաբանելով այս վերջին զարգացումները յայտնեց,- “Ինձ ներկայացուած մեղադրանքը յօրինուած է եւ շինծու։ Սա ակնյայտ քաղաքական հետապնդում է, վանդեթա”։