
Read Time:25 Second
ԵՐԵՒԱՆ․- Յունիս 24-ին, Հ․Հ․ նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին թղթածրարը։ Այս օրէնքի ընդունումէն ետք նախագահ Արմէն Սարգսեան այլեւս լիազօրութիւն չունի ստորագրելու Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու օրէնքը, որուն հրապարակումէն ետք կը դադրեցուի Սահմանադրական Դատարանի երեք անդամներու` Ալուինա Գիւլումեանի, Ֆելիքս Թոխեանի եւ Հրանտ Նազարեանի պաշտօնավարումը, իսկ Սահմանադրական Դատարանի ներկայի նախագահ Հրայր Թովմասեանը կը շարունակէ պաշտօնավարել` իբրեւ անդամ:
Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները ուժի մէջ կը մտնեն Ազգային ժողովի նախագահին կողմէ հրապարակուելէ ետք: