
Read Time:15 Second
ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի Ազգային ժողովը չընդունեց Հայաստանի մէջ յայտարարուած ռազմական դրութիւնը վերացնելու մասին որոշման նախագիծը:
Ռազմական դրութիւնը վերացնելու Ազգային ժողովի որոշման նախագիծ ներկայացուցած էր խորհրդարանի “Լուսաւոր Հայաստան” խմբակցութիւնը: Որոշումը չընդունուեցաւ 36 կողմ, 56 դէմ եւ 2 ձեռնպահ ձայներով: Խորհրդարանի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի բացասական եզրակացութիւն ներկայացուցած էր նախագիծին վերաբերեալ: