Հրատարակուած Են Գալուստ Կիւլպէնկեան Թարգմանական Մատենաշարին Առաջին Երեք Գիրքերը

0 0
Read Time:7 Minute, 57 Second

Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք, թէ արդէն իսկ Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշարի առաջին երեք գիրքերը հրատարակուած են Հայաստանի մէջ։ Մատենաշարը կը կեդրոնանայ ընկերային գիտութիւններու ու մարդկային ուսմանց կաեւորագոյն գրականութեան թարգմանութեան վրայ:

Առաջին հրատարակուած գիրքն է՝ Ջորջօ Ագամբէնի «Մնացորդք Աւշուիցի։ Արխիւը եւ վկան» (Quel che resta di Auschwitz. L’archivio e il testimone), որ արեւմտահայերէնի թարգմանեց Մարկ Նշանեան եւ հրատարակեց «Ակտուալ արվեստ»-ը։ 1998 թուականին լոյս տեսած այս գիրքը կ՚ուսումնասիրէ Աւշուիցէն վերապրողներու վկայութիւնները, փիլիսոփայական ու բարոյագիտական հարցադրումներու դիտանկիւնէն։

Մարկ Նշանեան կը բացատրէ միջազգային գրականութեան թարգմանութեան կարեւորութիւնը. «Թարգմանելը անհրաժեշտ է քանի մը պատճառներով. նախ պէտք ունինք ծանօթանալու աշխարհի մէջ կարդացուած եւ մանաւանդ համալսարաններուն պատերէն ներս կարդացուած գիրքերուն։ Լեզու մը որպէսզի փաստէ ինքն իրեն իր կենդանութիւնը, պէտք է չափուի իրմէ դուրս եղած երեւոյթներուն, պէտք է չափուի օտարին, պէտք է չափուի ընդհանուր աւելի վերացական կերպով՝ օտարութեան հետ։ Երկրորդ, թարգմանական աշխատանքը ի վերջոյ որքան նուրբ, միեւնոյն ժամանակ որքան դժուար աշխատանք մըն է, որովհետեւ կը պահանջէ որ թարգմանիչը ինքն իր լեզուին սահմանները փորձէ, փորձարկէ եւ ընդլայնէ։ Նաեւ այս թարգմանական մատենաշարը լաւ առիթ մըն է որպէսզի երկու լեզուները [արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն] իրար լսեն, իրարու հանդիպին, կարդան»։

Երկրորդ գիրքը Յուրգեն Հաբերմասի «Հանրայնութեան կառուցուածքային փոփոխութիւնը։ Հետազօտութիւններ բուրժուական հասարակութեան կատեգորիայի շուրջ» աշխատութիւնն է (Strukturwandel  der  Öffentlichkeit.  Untersuchungen  zu  einer  Kategorie  der bürgerlichen  Gesellschaft), որ արեւելահայերէնի թարգմանեց Հրաչեայ Ստեփանեան, եւ հրատարակեց «Անկիւնաքար» հրատարակչատունը։ 1962-ին հրատարակուած այս գիրքը կարեւոր ներդրում մըն է ժողովրդավարութեան ժամանակակից ըմբռնումի ուղղութեամբ: Ան կը կեդրոնանայ հանրային ոլորտի ժողովրդավարացումի գործընթացին վրայ՝ հիմնուելով եւրոպական փորձառութեան վրայ Ստեփանեան այսպէս կ՚անդրադառնայ թարգմանական մարտահրաւէրներուն՝

«Իւրաքանչյուր թարգմանութիւն ունի իր բարդութիւնը՝ կապուած հեղինակի ոճի, աշխարհայացքի, ասածի տարողունակութեան, օգտագործած բառամթերքի հետ: Այս գրքի թարգմանութեան պարագայում լրացուցիչ խնդիր էր դրուած նաեւ հնարաւորինս խուսափել օտարամուտ բառերից եւ օգտագործել հայերէն կամ հայերենացուած համարժէքներ: Բայց այս վերջին հանգամանքն իր հետ կարող է բերել մէկ այլ խնդիր՝ ընթերցելու դժուարութիւնը, առաւել եւս, եթէ նախադասութիւնները բազմահարկ են եւ բազմաբարդ: Ընթերցանութիւնը նորայայտ, նորաստեղծ (կարող են լինել մի քանի տարբերակներ) կամ քիչ գործածական բառերով դժուարացնելու խնդրի լուծման արդիւնաւէտ տարբերակ եմ համարում բառի օտարալեզու բնագիր ձեւը փակագծում նշելը»:

Երրորդ գիրքը՝ հրատարակուած Նյումեկ-ի (Newmag) կողմէ, Ալան Բադիուի «Դարը» աշխատութիւնն է   (Le  Siècle), որ արեւելահայերէնի թարգմանեց Նազենի Ղարիբեան։ Գիրքը հրատարակուած է 2005-ին ֆրանսական   Éditions  du  Seuil-ի կողմէ, եւ քաղաքականութեան, փիլիսոփայութեան ու գրականութեան մասին է. ան կը միաւորէ այնպիսի մօտեցումներ եւ գիտակարգեր, որոնք ընդհանրապէս երկխօսութեան մէջ չեն ըլլար: Բադիուի վերլուծութիւնը մէկ կողմէ հիմնուած է 20-րդ դարու բանաստեղծութեան, թատրոնի եւ գրականութեան տեսութեան, եւ միւս կողմէ՝ դարու ամբողջատիրական իրողութիւններու հետ իր ունեցած եզակի հանդիպումներուն վրայ: Բադիուն իմաստալից պատումներ կը փնտռէ, որոնք սահմանափակուած չեն «տրամաբանութեան» կամ «տրամախոհութեան» հերթական մօտեցումներով։

«Թարգմանական գործը, եւ յատկապէս համաշխարհային փիլիսոփայական մտքի թարգմանությունը, ամենակարեւոր ռազմավարական ազդակն է ցանկացած լեզուի եւ մշակոյթի, ցանկացած քաղաքակրթութեան զարգացման համար» նշեց Ղարիբեան, «այս առումով Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան ձեռնարկած թարգմանական մատենաշարը աննախադեպ հնարաւորութիւն է ստեղծել՝ լրացնել մեր բացերը, որով ոչ միայն հայերէն լեզուով մտածելու համար նոր ու թարմ սնունդ է ընձեռնւում, այլեւ ուղղակիօրէն հարստացուցիչ ազդեցութեան դաշտ է բացւում ժամանակակից հայերէնի վրայ, ինչն էլ իր հերթին ժամանակի ընթացքում անմիջականօրէն կ՛ընդլայնի ստեղծարար մտահորիզոնը՝ գործունէութեան բոլոր բնագաւառներում»։

Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշարի գլխաւոր նպատակն է կամրջել երկու ափերը այն վիհին, որ գոյացած է Հայաստանի (ու Սփիւռքի) հայագիր մտաւորականութեան եւ արեւմտեան աշխարհի ընկերային գիտութիւններու  ու մարդկային ուսմանց միջեւ։ Մատենաշարը կազմուած է տասը գիրքերէ որոնցմէ ոչ մէկը ցարդ հայերէնի թարգմանուած է: Ծրագիրը կ՚իրագործուի Հայաստանի մէջ, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ, սերտօրէն համագործակցելով ԱՐԻ գրականութեան հիմնարկին հետ։

Յառաջիկայ ամիսներուն պիտի հրատարակուին նաեւ հետեւեալ գիրքերը՝  Եդուարդ Սայիդ՝ «Արեւելաբանութիւն», Հաննա Արենդթ՝ «Ամբողջատիրութեան ակունքները», Միշել Ֆուկո՝ «Գիտելիքի հնագիտութիւնը» (վերնագիրի աշխատանքային թարգմանութիւն), Անտոնիո Գրամշի՝ «Բանտի տետրեր» (վերնագիրի աշխատանքային թարգմանութիւն), Սիմոն դը Բովուար՝ «Երկրորդ սեռը», Ջուդիթ Բաթլեր, Էռնեստո Լակլաու, Սլավոյ Ժիժեկ՝ «Դիպվածականութիւն, գերիշխանութիւն, միեղինութիւն. ժամանակակից երկխօսութիւններ ձախից» (վերնագիրի աշխատանքային թարգմանութիւն) եւ Ժան- Ֆրանսուա Լիոտար՝ «Հետարդիական կացութիւն» (եւ յարակից գործեր)։

Գրքերը կարելի է գնել Երեւանի բոլոր հիմնական գրախանութներէն, Սփիւռքի քանի մը գրախանութներէ, եւ ԱՐԻ գրականութեան հիմնարկին միջոցով։

Ստորեւ, թարգմանական այս մատենաշարին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար կարդալ Բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի յառաջաբանը։

ՆԱԽԱԲԱՆ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»ը բազմամեայ ու տարողունակ թարգմանական ծրագիր մըն է, որուն հիմքը դրուեցաւ 2015-ին՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին կողմէ։ Անոր գլխաւոր նպատակն է կամրջել երկու ափերը այն վիհին, որ գոյացած է Հայաստանի (ու Սփիւռքի) հայագիր մտաւորականութեան եւ արեւմտեան աշխարհի ընկերային գիտութիւններու ու մարդկային ուսմանց միջեւ։ Մատենաշարը կը նախատեսէ հրատարակել տասը գիրքեր որոնցմէ ո՛չ մէկը, որքան որ գիտենք, ցարդ հայերէնի թարգմանուած է:

Այս մատենաշարին գաղափարը կը բխի աշխարհի բարձրարժէք եւ նորարար գրականութիւնը թարգմանելու մեր հնամեայ աւանդութենէն։ Արդարեւ, անոր կիզակէտը կը հանդիսանան ժամանակակից (Ի. եւ ԻԱ. դարեր) ամենէն ազդեցիկ ակադեմական ուսումնասիրութիւնները, որոնք Արեւմուտքի մէջ եւ այլուր բանալի դեր խաղացած են փիլիսոփաներու, ընկերային գիտութիւններու մասնագէտներու, հետազօտողներու եւ ուսանողներու մտաւոր կազմաւորման մէջ։ Այս գիրքերը ազդած են այլազան ընկերային գիտակարգերու զարգացումին, հետազօտական հարցադրումներուն եւ վերլուծական մօտեցումներուն վրայ: Բազմաթիւ մտաւորականներ ու քաղաքականութիւն ձեւաւորողներ ուղղակի կամ անուղղակի ձեւերով ազդուած են այս կարեւոր գիրքերէն ու անոնց շուրջ եղած քննարկումներէ:

Թարգմանուելիք բնագրերու ընտրութիւնը դիւրին աշխատանք մը չէր։ Անհրաժեշտ էր հարիւրաւոր առաջարկները զտել, քանի որ մեր միջոցները կը ներէին ընդամէնը տասէն տասներկու գիրք հրատարակել: Երեք չափանիշեր նկատի առնուեցան վերջնական ընտրութիւնը կատարելու ընթացքին. ա) գիրքին ներգործութիւնը բազմաթիւ գիտակարգերու մէջ, բ) անոր անժամանցելի արժէքը ակադեմական շրջանակներու մէջ, եւ գ) մօտեցումներու ու լեզուներու այլազանութիւնը։ Ստիպուեցանք դուրս ձգել կարգ մը կարեւոր, յատկապէս պատմագրական աշխատասիրութիւններ, նկատի առնելով անոնց սահմանափակ ազդեցութիւնը պատմագիտութեան մարզէն դուրս: Կը յուսանք անոնցմէ քանի մը հատը ընդգրկել ապագային:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»ի հրատարակութեան առաջին փուլին մէջ ներառուած են հետեւեալ գիրքերը.

  1. Ալան Բադիու, «Դարը»

Alain Badiou, Le Siècle

  1. Անտոնիո Գրամշի, «Բանտի տետրեր» (վերնագրի աշխատանքային թարգմանություն)

Antonio Gramsci, Quaderni del carcere

  1. Ժան-Ֆրանսուա Լիոտար, «Հետարդիական կացություն» (եւ յարակից գործեր)

Jean-Francois Lyotard, La condition postmoderne; Instructions Païennes et Le Postmoderne expliqué aux enfants

  1. Հաննա Արենդթ, «Ամբողջատիրության ակունքները»

Hannah Arendt, The Origins of Totalitarianism

  1. Միշել Ֆուկո, «Գիտելիքի հնագիտությունը»

Michel Foucault, L’archéologie du savoir

  1. Յուրգեն Հաբերմաս, «Հանրայնության կառուցվածքային փոփոխությունը»

Jürgen Habermas, Strukturwandel der Öffentlichkeit

  1. Ջորջօ Ագամբէն, «Մնացորդք Աւշուիցի: Արխիւը եւ վկան»

Giorgio Agamben, Quel che resta di Auschwitz. L’archivio e il testimone (Homo sacer III)

  1. Ջուդիթ Բաթլեր, Էռնեստո Լակլաու, Սլավոյ Ժիժեկ, «Դիպվածականություն, գերիշխանություն, միեղինություն. ժամանակակից երկխոսություններ ձախից» (վերնագրի աշխատանքային թարգմանություն)

Judith Butler, Ernesto Laclau and Slavoj Zizek, Contingency, Hegemony, Universality: Contemporary Dialogues on the Left

  1. Սիմոն դը Բովուար, «Երկրորդ սեռը»

Simone de Beauvoir, Le deuxième sexe

  1. Եդուարդ Սայիդ, «Արեւելաբանութիւն»

Edward Said, Orientalism

 

Հետաքրքրական է նկատել, որ ընտրուած տասը գործերէն չորսը ֆրանսացի հեղինակներու կը պատկանին:

Թարգմանութիւնները վերջնական ձեւի հասցնելու համար իւրաքանչիւր թարգմանիչ գործակցած է յատուկ խմբագիրի մը հետ։ Գիրքերը կը հրատարակուին իրենց պատրաստութեան կարգով եւ օժտուած պիտի ըլլան թարգմանիչներուն կազմած բացատրական ծանօթագրութիւններով: Տասը գիրքերը լոյս պիտի տեսնեն եւ տարածուին հայաստանեան տարբեր հրատարակչատուներու կողմէ:

Թարգմանական այս ծրագիրը ճամբայ հանելու համար, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն բազմաթիւ գիտակարգեր ու մօտեցումներ ներկայացնող ութը մասնագէտներէ բաղկացած խորհրդատուական յանձնախումբ մը կազմեցինք ։ Ան կոչուած էր բնագրերու եւ թարգմանիչներու ընտրութեան սատարելու, ու թարգմանական տարբեր խնդիրներու վերաբերեալ խորհուրդ տալու։ Գիրքերուն ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ բազմաթիւ քննարկումներէ ետք, իսկ թարգմանիչները ընտրուեցան հրապարակային կոչի մը միջոցաւ՝ իրենց փորձառութեան եւ ներկայացուած թարգմանական նմոյշներուն հիման վրայ։ Յանձնախումբին թելադրութիւնները հաստատուեցան Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

Տասը գիրքերէն երկուքը արեւմտահայերէնի, իսկ մնացեալ ութը՝ արեւելահայերէնի կը թարգմանուին։ Ապագային, կը յուսանք որ պիտի կարենանք բարելաւել հաւասարակշռութիւնը մեր երկու լեզուաճիւղերուն միջեւ, բան մը որ կախեալ պիտի ըլլայ թարգմանիչներու առկայութենէն ու պատրաստակամութենէն:

Ինչպէս գիրքերու ընտրութիւնը, նոյնպէս ալ այսպիսի բարդ բնագրերու թարգմանութիւնը պարզ աշխատանք մը չէ, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի  լեզուի մը, որ Ի. դարուն զոյգ մարտահրաւէրներ դիմագրաւած է. խորհրդայնացում Հայաստանի մէջ, եւ լճացում Սփիւռքի մէջ։ Այս շարքին նպատակն է նաեւ հայերէն լեզուի արմատներու գործածութեամբ նոր յղացքներ թարգմանել ու լեզուն իր երկու ճիւղերով հարստացնել։ Թարգմանութիւններուն ընթացքին ստեղծուած են նոր բառեր կամ եզրեր, աւելի հին բառեր վերակենդանացուած ու պատշաճեցուած են, իսկ գոյութիւն ունեցող բառերու նոր իմաստներ տրուած են։ Բոլոր պարագաներուն, հիմնական մօտեցումը եղած է կարելի եղածին չափ օտարաբանութիւններէ խուսափիլ։

Եզրաբանական առումով, աշխատած ենք որոշ ներդաշնակութիւն մը ապահովել գիրքերուն միջեւ, առանց սակայն բառեր պարտադրելու թարգմանիչներուն։ Եզրաբանութեան գործածութիւնը բացատրուած է ծանօթագրութիւններուն մէջ։ Կ՚արժէ նշել որ օգտագործուած շատ մը եզրերու շուրջ լայն քննարկումներ ու բանավէճեր տեղի ունեցան թարգմանիչներուն միջեւ, որոնք շարք մը աշխատանքային նիստերու ընթացքին եզրաբանական ու թարգմանական այլ խնդիրներ արծարծեցին: Մատենաշարին արդիւնքներէն մէկը, հրատարակութիւններուն կողքին, բազմալեզու բառացանկի մը ստեղծումն է, որ օգտակար պիտի ըլլայ թարգմանչական համայնքին՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Բոլոր գիրքերը կը թարգմանուին իրենց բնագրային լեզուներէն՝ ֆրանսերէնէ, անգլերէնէ, գերմաներէնէ եւ իտալերէնէ։

«Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»ը չորս բաղադրիչներ ունի. ա) առաջին եւ ամենէն լայնածաւալը, որ կ’ընդգրկէ այս տասը գիրքերը, օտար լեզուներէ դէպի հայերէն թարգմանութիւնն է: Միւս երեք բաղադրիչներն են՝ բ) ընկերային գիտութիւններու մարզէն ներս համընդհանուր արժէք ներկայացնող հայերէն ուսումնասիրութիւններու թարգմանութիւնը դէպի օտար լեզուներ, գ) կարեւոր բնագրերու հայերէնէ թրքերէն, եւ դ) թրքերէնէ հայերէն, թարգմանութիւնը: Իւրաքանչիւր բաղադրիչ ունի իր ուրոյն տրամաբանութիւնը. հայկական մտածողութեան լաւագոյն տարրերը աշխարհին ներկայացնել, ինչպէս նաեւ հայ եւ թուրք գիտնականներու միջեւ երկխօսութիւնը զարգացնել։ Սակայն, առաջնակարգ նպատակը կը մնայ Հայաստանի ու հայախօս Սփիւռքի մէջ ընկերային գիտութիւններու ու մտաւորականներու աշխարհահայեացքին հարստացումը՝ համաշխարհային ազդեցիկ գրականութիւնը մատչելի դարձնելով:

Անհրաժեշտ է նշել, որ թարգմանական այս մատենաշարը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին բազմազան ծրագիրներուն մէկ մասնիկն է։ Արդարեւ, յանձն առած ենք տարբեր լեզուներով բազմաթիւ այլ գիրքերու հրատարակութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ զանազան կրթական, մշակութային ու լեզուական ծրագիրներու իրագործումը, մանաւանդ արեւմտահայերէնով։

Երախտապարտ ենք բոլոր թարգմանիչներուն եւ խմբագիրներուն, որոնք ընդունեցին այս ծրագրին մաս կազմել։ Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ խորհրդատուական յանձնախումբին, որուն անդամները, հակառակ իրենց աշխատանքային ծանր ժամանակացոյցին, չզլացան իրենց ժամանակն ու խորհուրդը տրամադրելու ի շահ այս մատենաշարին: Գործնական եւ վարչական գետնի վրայ, բարեբախտաբար կը վայելենք ԱՐԻ Գրականութեան Հիմնադրամին աջակցութիւնը որպէս մատենաշարին կազմակերպական յենարանը։

ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Տնօրէն

Հայկական Համայնքներու Բաժանմունք

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն

Լիզպոն, Նոյեմբեր 2019

 

Ծանօթ․-  Խորհրդատուական յանձնախումբին անդամներն են. Շուշան Աւագեան (Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան, Հայաստան), Վարդան Ազատեան (Հայաստանի գեղարուեստի պետական ակադեմիա, Հայաստան), Յակոբ Կիւլլիւճեան (Գալիֆորնիոյ Համալսարան-Լոս Անճելըս, ԱՄՆ), Սմբատ Յովհաննիսեան (Երեւանի Պետական Համալսարան, Հայաստան), Արմինէ Իշխանեան (Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան եւ Քաղաքական Գիտութեան Համալսարան, Մեծն Բրիտանիա), Րայմոն Յարութիւն Գէորգեան (Փարիզ VIII Համալսարան, Ֆրանսա), Արտաշէս Մարկոսեան (նախապէս՝ Արաս Հրատարակչատուն, Թուրքիա), Արա Սանճեան (Միշիկընի Համալսարան-Տիրպորն, Ա․Մ․Ն․)։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles