Յօդուածներ

ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆ՝ ԼԵԶՈՒԻ ՀԱՅՐԵՆԱՊԱՀ ՄԱՐՏԻԿԸ

Ծննդեան 150-ամեակին Առիթով

Յակոբ Ճանպազեան
14 Մայիս 2026
Թորոնթօ

Հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու գոյատեւումը միայն սուրով ու արիւնով չէ պահպանուած։ Ան պահպանուած է նաեւ գիրով, լեզուով, բառով եւ յիշողութեամբ։

Երբեմն ամբողջ ազգի մը գոյատեւումը կախեալ եղած է մէկ մարդու մոմավառ ճիգէն՝ ինչպէս Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը, որ խոնարհ լռութեամբ կրցաւ փրկել այն, ինչ պատերազմներն ու բռնութիւնները կը փորձէին ջնջել։ Այդպիսի բացառիկ հոգեմտաւոր պահապաններէն մէկն էր նաեւ Հրաչեայ Աճառեան։

2026 թուականին կը լրանայ հայ լեզուաբանութեան մեծասքանչ հսկային՝ Հրաչեայ Աճառեանի ծննդեան 150-ամեակը։ Այս յոբելենական հանգրուանին մենք ոչ միայն կը յիշենք մեծ գիտնական մը, այլեւ կը խոնարհինք այն մարդուն առջեւ, որ բառերը վերածեց ազգային գոյապայքարի սրբազան զէնքի։

Աճառեան հայոց լեզուն չէր ուսումնասիրեր միայն որպէս գիտական նիւթ։ Անոր համար հայերէնը կենդանի էութիւն մըն էր՝ ժողովուրդի հոգին, պատմութիւնն ու ճակատագիրը իր մէջ ամբարող։

Advertisement Subscribe Today

Իւրաքանչիւր բառի մէջ Աճառեան կը փնտռէր դարերու շունչը, գաղթերու ոտնաձայնը, վանքերու համրացած զանգերը, գաւառներու հնամաշ բարբառները, ժողովուրդի ցաւն ու յոյսը։ Ան բառեր չէր հաւաքեր միայն, ան կը փրկէր ազգային ինքնութիւնն ու յիշողութիւնը։

Հրաչեայ Աճառեան ծնած է 8 Մարտ 1876-ին՝ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, արմատներով նա¬հա-պետական հայ ընտանիքի յարկի տակ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Կեդրոնական վարժարանին մէջ։ Փոքր տարիքէն իսկ ան աչքի ինկած է լեզուներու հանդէպ իր բացառիկ հետաքրքրութեամբ եւ զարմանալի յիշողութեամբ։

Անցեալէն եկող անձկագին յիշողութեամբ մը կը պատմէ տղաս՝ Ռուբէնը, թէ Կեդրոնականի դասարաններէն մէկուն պատին վրայ մինչեւ այսօր կը պահպանուի աւարտական դասա¬րա-նի խմբանկար մը, ուր կը յատկանշուին ապագայի երեւելիներ՝ անոնց շարքին Հրաչեայ Ա-ճառեանը, Բաբգէն Սիւնին եւ ուրիշներ։ Այդ լուսանկարը կարծես լուռ վկայութիւնն է այն սերունդին, որ պիտի դառնար հայ մտքի եւ մշակոյթի փայլուն դրօշակակիրը՝ մշտարթուն ղօղանջ մը հայութեան մտահոգեւոր կեանքին մէջ։

Նախնական ուսումը ստանալէ ետք, Աճառեան հետեւեցաւ բարձրագոյն ուսման՝ մասնագիտանալով լեզուաբանութեան, հայագիտութեան եւ արեւելեան լեզուներու մէջ։ Իր գիտական ճամբորդութիւնը զինք առաջնորդեց դէպի Եւրոպայի նշանաւոր համալսարանները, ուր ու-սումնասիրեց համեմատական լեզուաբանութիւն, հնդեւրոպական լեզուներ եւ բառագիտութիւն։

Աճառեան ուսանեցաւ Փարիզի Սորպոն համալսարանին, ապա Վիեննայի եւ Սթրազպուրկի համալսարաններուն մէջ, ուր հարստացուց իր գիտական պատրաստութիւնը ժամանակի մեծագոյն լեզուաբաններուն մօտ։ Ան տիրապետեց բազմաթիւ լեզուներու՝ ներառեալ հայերէնի տարբեր բարբառները, ֆրանսերէնը, գերմաներէնը, լատիներէնը, յունարէնը, պարսկերէնը, արաբերէնը, թրքերէնը եւ այլ լեզուներ, որոնք հետագային անոր պիտի օգնէին հայ բառագիտութեան մէջ աննախադէպ յայտնագործութիւններ կատարելու։

Աճառեան իր կեանքին ընթացքին դասաւանդեց տարբեր կրթական հաստատութիւններու մէջ եւ ամբողջ էութեամբ նուիրուեցաւ լեզուագիտական աշխատանքի։

Հայոց ցեղասպանութենէն եւ ազգային աղէտներէն ետք ան վերջնականապէս հաստատուեցաւ Հայաստան եւ դարձաւ Երեւանի Պետական Համալսարանի ամենայարգուած դասախօսներէն ու հայ լեզուագիտութեան հիմնասիւներէն մէկը։ Հետագային ան արժանացաւ ակադեմիկոսի բարձր կոչումին՝ իր բազմամեայ վաստակին եւ համաշխարհային մակարդակի գիտական աւանդին համար։

Հրաչեայ Աճառեան հեղինակեց հարիւրաւոր ուսումնասիրութիւններ, գիտական յօդուածներ եւ բազմահատոր աշխատութիւններ, որոնց մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն «Հայերէն Արմատական Բառարան»-ը, «Հայոց Անձնանուններու Բառարան»-ը, «Հայ Բարբառագիտութիւն»-ը եւ հայ լեզուի պատմութեան վերաբերող իր բացառիկ ուսումնասիրութիւնները։ Անոր գործերը մինչեւ այսօր կը նկատուին հայ լեզուաբանութեան անփոխարինելի հիմքերը։
1953 թուականին, իր երկրային կեանքը աւարտելով, Աճառեան թողուց ոչ միայն գիտական ժառանգութիւն մը, այլեւ ազգային հոգեւոր կտակ մը՝ սերունդներուն յանձնելով մայրենի լե-զուի պահպանման եւ մաքրութեան սրբազան պարտականութիւնը։

Հրաչեայ Աճառեան այն եզակի մտաւորականներէն էր, որոնց աշխատասիրութիւնը կը թուի ըլլալ մարդկային կարելիութիւններու սահմաններէն անդին։ Տասնամեակներ շարունակ ան գրասեղանին առջեւ անխոնջ աշխատեցաւ՝ ստեղծելով հայ լեզուագիտութեան այնպիսի մե-ծարժէք գործեր, որոնք մինչեւ այսօր կը մնան անփոխարինելի աղբիւրներ։
Իր բազմահատոր «Հայերէն Արմատական Բառարան»-ը միայն բառագիտական աշխատութիւն չէ. անիկա ամ¬բողջ քաղաքակրթութեան մը հոգեմտաւոր պատմութեան խորհրդանիշ մըն է։

Այդ էջերուն մէջ ապրող բառերը կարծես կը դառնան ժամանակի վկաներ, որոնք Աճառեանի ձեռքով կը վերագտնեն իրենց ծագումն ու ճակատագիրը։

Սակայն Աճառեանի մեծութիւնը միայն իր գիտական հանճարին մէջ չէր։ Ան նաեւ ազգային նկարագրի տիպար մըն էր՝ համեստ, անձնուէր եւ անշահախնդիր։ Իր կեանքը շքեղութենէ հեռու էր, բայց անոր մտքի հարստութիւնը՝ անհուն։

Ան կը պատկանէր այն սերունդին, որ գիտութիւնը կը դիտէր որպէս ծառայութիւն եւ ոչ թէ փառքի միջոց։ Իր աշխատանոցը լուռ մատուռ մըն էր, ուր բառերը կը դառնային աղօթք։
Աճառեան ապրեցաւ հայ ժողովուրդի ամենածանր ժամանակաշրջաններէն մէկուն մէջ։ Ան ականատես եղաւ ցեղասպանութեան, հայրենազրկութեան, մշակութային կործանումներու եւ ազգային ցնցումներու։ Բայց նոյն այդ արհաւիրքներուն մէջ ան աւելի ամուր կառչեցաւ լեզուին, որովհետեւ խորապէս կը գիտակցէր, թէ ազգ մը կրնայ կորսնցնել հող, բայց եթէ կորսնցնէ լեզուն, կը կորսնցնէ իր գոյութիւնն ու հոգին։

Այսօր, օտարացնող այս ափերուն վրայ, երբ օտարալեզու բառերու հեղեղը, անտարբերութիւնն ու լեզուական աղքատացումը հետզհետէ կը նսեմացնեն մեր մայրենին, Աճառեանի պատգամը աւելի այժմէական կը հնչէ։

Ան մեզի կը յիշեցնէ, թէ լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլ ազգային ինքնութեան տաճար։

Լեզուն աղաւաղողը կամ անտեսողը անգիտակցաբար կը խամրեցնէ նաեւ իր ժողովուրդի յիշողութիւնն ու գոյատեւումը։

Յարգելի՛ ընթերցող,

Հրաչեայ Աճառեանի 150-ամեակը պէտք չէ սահմանափակուի յոբելենական հանդիսութիւններով կամ պաշտօնական խօսքերով։ Ան պէտք է վերածուի հոգեւոր վերանորոգման առիթի՝ մանաւանդ նոր սերունդին համար։

Պէտք է վերադառնանք գիրքին, բառին, ընթերցանութեան եւ մաքուր հայերէնի արժէքին։
Որովհետեւ Աճառեան մեզի միայն բառարան չձգեց. ան մեզի ձգեց լեզուական արժանապատուութիւն։

Երբ այսօր կը խոնարհինք այս մեծ հայուն յիշատակին առջեւ, կը զգանք, թէ ան դեռ ներկայ է մեր լեզուի իւրաքանչիւր մաքուր բառին մէջ։

Ամէն անգամ, երբ հայ մարդ մը սիրով եւ գիտակցութեամբ կը գործածէ իր մայրենին, ան անուղղակիօրէն յարգանքի տուրք կը մատուցանէ մեծանուն Հրաչեայ Աճառեանին։

Եւ թերեւս մեծագոյն յուշարձանը, զոր կրնանք կանգնեցնել անոր յիշատակին, քարակերտ կամ պրոնզաձոյլ արձանը չէ, այլ մեր լեզուին հանդէպ վերագտնուած սէրն ու պատաս¬խա-նատւութիւնը։

Խոնարհում՝
հայ լեզուի անխոնջ մշակին,
բառերու ճգնաւորին,
եւ ազգային յիշողութեան անմահ պահապանին՝
Հրաչեայ Աճառեանի անմեռ յիշատակին։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button