ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ…ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

0 0
Read Time:2 Minute, 30 Second

hrant“Ակօս“ թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 6րդ տարելիցին առթիւ, բազմաթիւ ձեռնարկներ տեղի ունեցան Պոլսոյ եւ այլ գաղթօճախներէ ներս: Յունուար 19-ի յետմիջօրէին, Պոլսոյ մէջ աւելի քան տասնեակ հազարաւորներու բազմութիւն մը, Հրանդ Տինքի սպանութիւնը դատապարտող` հայերէն, քրտերէն եւ թրքերէն լոզունգներ ու նոյնիմաստ պաստառներ բարձրացուցած, կատարեց քայլարշաւ մը, Շիշլիի թաղամասէն դէպի “Ակօս“-ի խմբագրատուն, ուր ելոյթներ ունեցան Տինքի ընկերը` գրող Թուքսալ, ամերիկացի հանրածանօթ մտաւորական Նոամ Շոմսքի եւ Ռաքէլ Տինք: Թուքսալ, ակնարկելով Ցեղասպանութեան, ըսաւ.- “Շնորհիւդ ծանօթացանք այդ արիւնոտ հորին գոյութեան: Մեր սորվածները մեզ պատասխանատու դարձուցին` արդարութեան եւ ճշմարտութեան առջեւ: Մենք այսօր հո՛ս ենք, Աստուծոյ եւ Պատմութեան առջեւ այդ պատասխանատւութեան բերումով“: Ապա, խօսք առաւ Շոմսքի, որ յասյտնեց թէ.- “Երբ Հրանդ Տինքի ինկած վայրը եկած այսքան մարդ կ՛ըսէ, թէ պիտի շարունակէ անոր ճամբէն, կարելի կ՞ըլլայ միայն յաջողիլ: Ատիկա է զայն ոգեկոչելու լաւագոյն ձեւը“: Հրանդի այրին` Ռաքէլը յայտնեց.- “Առանց վնաս հասցնելու ո՛չ աջին, ո՛չ ձախին, առանց օտարացում, խտրութիւն կամ ցեղապաշտութիւն կիրարկելու` հոս ենք: Արդարութեան մեր պարտքը յիշելով` հոս ենք: Յիշելով մեր սէրը, մեր յոյսը` հո՛ս ենք: Հո՛ս ենք` ի յիշատակ անոնց, որոնցմէ խլուած է իրենց անկողնին մէջ, իրենց սիրածին ձեռքը բռնելով մեռնելու իրաւունքը: Մեր վիշտով, մեր պատուով հոս ենք: Ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար հոս ենք: Իրարու մեր պատմութիւնները պատմելու, ունկնդրելու համար հոս ենք: Պիտի շարունակենք հոս ըլլալ… “: Հրանդի ծննդավայրին` Մալաթիոյ մէջ ալ, իր հայրենակիցները ոգեկոչած են անոր յիշատակը: Բազմաթիւ կազմակերպութիւններու անդամներ եւ ներկայացուցիչներ, թափօր կազմած ու քալած են դէպի հայկական եկեղեցի, բոլորն ալ պարզած` “Հրանդ Տինքը չմոռցանք, պիտի չմոռնանք“ արձանագրութեամբ պաստառներ: Անոնք քրտերէն եւ թրքերէն` “Կեցցէ՛ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը“, “Ոճրագործ պետութիւնը հաշիւ պիտի տա՛յ“ կարգախօսներ ալ վանկարկած են, դատապարտած են իշխանութեան գլուխ գտնուող “Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում“ կուսակցութիւնը:

Անգարայի մէջ ալ, “Բարեկամները 1915-ը կը խօսին` Հրանդի ձգած տեղէն“ խորագրով կլոր սեղան մը կազմակերպուեցաւ, որուն մասնակցեցան մեծ թիւով քաղաքացիական կազմակերպութիւններ եւ անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին ընկերաբան-գրող Իսմայիլ Պէշիքչի, Կարէն Միքայէլեան, Սայիթ Չէթինօղլու եւ Հրանդ Գասպարեան: Զրուցավար Սիպէլ Էօզպուտուն, “հայ“ բառին վիրաւորանքի եւ հայհոյանքի համազօր ըլլալու երեւոյթը ընդգծելով, այդ մէկը նկատած է ապացոյցը` ջարդարար մտայնութեան շարունակութեան: Ապա խօսք առնելով` Պէշիքչի ըսաւ.- “Յոյները աքսորուեցան Թուրքիայէն, Հայերը ցեղասպանուեցան, իսկ Քիւրտերը թրքացումի փորձի ենթարկուեցան: Երկրին տնտեսութիւնը ազգայնացնելու շրջանի պատրուակով գրաւուեցաւ Հայոց ունեցուածքը եւ տրուեցաւ թուրքերուն, որոնք օտարներ են այս հողերուն վրայ, եւ հայերն ու քիւրտերը այս տարածաշրջանի բնիկ ժողովուրդներն են“: Հրանդ Գասպարեան իր խօսքին մէջ շեշտեց թէ այս երկիրը միայն թուրքերուն չի պատկանիր: Գրագէտ Ֆիքրէթ Պաշքայա ջարդերուն որպէս գլխաւոր պատճառ նկատած է “նուիրական“, “սրբազան“ երկրի մտայնութիւնը` նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ սխալ գիտեն պաշտօնական Պատմութիւնը:

Իսկ ակադեմական Պասքըն Օրան շեշտած է, թէ Հրանդ Տինք շատ լաւ կը ճանչնար Հայերն ու Թուրքերը, եւ միակ անձն էր, որ կրնար զանոնք միացնել հաշտութեան մը շուրջ: “Տինք` թուրքերուն հալածախտին ու Հայոց հոգեցնցումին ախտաճանաչումը ըրած էր: Ան կը հաւատար, որ առանց երրորդ կողմի` անոնք իրենց միջեւ պէտք է լուծեն հարցը“, եզրակացուց ան:

Նշենք թէ, այս ձեռնարկին նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած էր “Արմինիըն Ուիքլի“ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան, որ յայտնած էր թէ թրքերէն սորվիլը իրեն համար, պարզապէս յաւելեալ լեզուի տիրապետելը չէր, այլ ծանր բեռ մը` արհաւիրք մը, փոխանցուած մեծ մօրմէն: “Այսօր ժամանած եմ, այդ լեզուով արդարութիւն պահանջելու“, ըսաւ ան:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles