
ՊԷՅՐՈՒԹ․- Յունիս 29-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհահանդէսը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:
Խօսք առաւ «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեան: Ան ըսաւ, որ Ճէպէճեանի բոլոր պատումները կը վերաբերին սփիւռքին, սփիւռքահայ կեանքերուն. անոնք կեանքեր են` ապրուած ու ապրող կեանքեր, որոնք կը բնութագրեն պատմութեան ճակատագրորոշ իրադարձութիւններուն ձգած ազդեցութիւնր տարբեր սերունդներու վրայ, ինչպէս մարդկային, այնպէս նաեւ ազգային կերտուածքներուն վրայ: Տագնապներ, ձգտումներ, հայկականութիւնը պահելու ապրումներ, ճիգեր, մտահոգութիւններ, անձկութիւններ եւ մանաւանդ յոյսեր:
Խօսք առաւ Խաչիկ Տէտէեան, որ ըսաւ, թէ Հրայր Ճէպէճեան իր ճանապարհորդութիւններուն, իր աշխատանքին բերումով չէ հետաքրքրուած երկրային հաճոյքներով եւ վայելքով, այլ այդ ճանապարհորդութիւնները վերածած է մարդկային շփումներու, գաղափարներու եւ հարցերու քննարկման ու վերլուծման գործիքի մը, միջոցի մը, իր ծառայական կեանքին մէջ: Ճէպէճեան չի բաւարարուիր խօսելով ու քննարկելով, այլ այդ հանդիպումներն ու փորձառութիւնը կը յանձնէ թուղթին, կը բաժնեկցի այլոց հետ, discourse-ի հարթակ մը ստեղծելու եւ անոր ընդմէջէն լռելեայն իր պատգամը եւ եզրակացութիւնը փոխանցելու:
Ան յայտնեց, որ Հրայր Ճէպէճեանի որոնումներուն կիզակէտը եւ առանցքը մարդն է: Փնտռել ու վեր հանել մարդկային գիծը մարդուն մէջ: Նախապաշարուած չէ իր համոզումներուն մէջ: Ան կ՛որսայ յոյսը, հայուն յոյսը, մարդ արարածին յոյսը, այսինքն` գոյատեւելու, վաղուան նայելու յոյսը` իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ, ուր կ՛այցելէ, իւրաքանչիւր հայու, որ կը հանդիպի, այդ հայ մարդու անցեալէն եկող տառապանքին, ցաւին, պայքարին մէջէն վաղուան լոյսը փնտռելու եւ տեսնելու լաւատեսութիւնը կ՛ապրի եւ կ՛ապրեցնէ իր ճանապարհորդութիւններուն ընդմէջէն:
Ապա խօսք առաւ Ահարոն Շխրտըմեան: Ան նշեց, որ Հրայր Ճէպէճեան իրական կեանքէ առնուած դրուագներով, ճշմարտութեան, արդարութեան, իրաւունքի եւ ազատութեան տեսանկիւնէն կը վերլուծէ սփիւռքահայուն ազգային, ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ հոգեւոր կեանքի տարբեր շերտեր: Ընթերցողին առջեւ յաճախ կը յայտնուի քամիին հետ ընկերութեան դատապարտուած մենաւոր ուռենին… Հայու ճակատագիր… Սակայն բարեբախտաբար Հրայր Ճէպէճեանին յօդուածները կ՛աւարտին անոր նկարագիրին հարազատ լաւատեսութեամբ:
Հատորի խմբագիր դոկտ. Արտա Ճէպէճեան ըսաւ, թէ Հրայր Ճէպէճեանի իւրաքանչիւր յօդուածը փաստաթուղթ մըն է, որ կը հաստատէ ո՛չ միայն հայուն ներկայութիւնը աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ, այլ նաեւ կը փաստէ հայուն գոյատեւելու պայքարը, ինքզինք գերազանցելու անխոնջ աշխատանքը, քրիստոնէական հաւատքը պահելու խանդը եւ ազգային դիմագիծը պահպանելու մարմաջը:
Ան ըսաւ. «Իբրեւ Հրայրին կինը եւ հրատարակութեան խմբագիրը, մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է հոս գտնուիլ եւ միասնաբար տօնախմբել մեր հայկականութիւնը, մեր արժէքները, մեր լեզուն, պատմութիւնը, մեր աշխատասիրութիւնը»:
Հատորի հեղինակը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին շնորհահանդէսի կազմակերպման եւ գիրքի հրատարակման ու ներկայացման համար: Ան ըսաւ, թէ գիրքի կողքի նկարիչը Վարդան Թաշճեանն է: «Երբ կը ճամբորդեմ, սփիւռքի տարածքին գունաւոր հայ իրականութիւններ կը տեսնեմ. մեզի կը միացնէ ծառը, որ մեր հայկական ինքնութիւնն է, մենք այս ծառին շուրջ կը միանանք բոլորս ալ` մեր տարբերութիւններով հանդերձ», ըսաւ ան, ապա ներկայացուց պատառիկներ իր ճանապարհորդութիւններէն: Ան ըսաւ, որ բոլորին մէջ կը փնտռէ յոյսը, «Մենք հայապահպանումի մեծ պատերազմի մէջ ենք, իւրաքանչիւր գաղութ մէկ ճակատարամարտ է հայապահպանումի ընդհանուր մեծ պատերազմին մէջ»:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը: Ան ըսաւ, թէ հատորին պատմութիւնները միաւորող գաղափարներ ունին, մեր ժողովուրդին առնչուող մտահոգութիւններու գաղափարներ, որոնք կարմիր թելի նման կ՛անցնին հատորի բոլոր պատմութիւններով, որովհետեւ մարդկային ճակատագիրներ են, մարդկային կեանքեր` սփռուած իրենց լայն աշխարհագրութեամբ: Այս իրողութեան մէջ հայապահպանութեան առանցքային գաղափարը եւ նպատակը մշտապէս պիտի ըլլայ մեր լեզուի պահպանումը եւ սկիզբ հանդիսացող քրիստոնէական հաւատքի պահպանումը:
Նաեւ, սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Հ,Յ,Դ, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան յուշեր պատմեց իր եւ Հրայր Ճէպէճեանի համալսարանական տարիներէն եւ ըսաւ, թէ Ճէպէճեան միշտ ալ խիզախօրէն պաշտպանած է իր կարծիքը, բան մը, որ պատերազմի օրերուն դժուար էր: Այդ խիզախութիւնը զինք մղած է, որպէսզի աշխարհը ճանչնայ` Ասիայէն Լատին Ամերիկա, Ծոցի եւ արաբական երկիրներ քրիստոնէութիւն տարածելու: Հրայր Ճէպէճեան այն մարդն է, որուն համար կանխատրամադրութիւններ չկան: Ան իր սկզբունքները կը ներկայացնէ համոզելու բացառիկ կարողութեամբ, այնպէս ինչպէս կը տեսնէ: Ան հաճելի թուելու ճիգ չունի, հաւատացեալ է, բան մը, որ իրեն յաւելեալ ուժ կու տայ, որ իր գործը խիզախութեամբ ու կորովով շարունակէ առանց քծնելու:
Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ երկու ճշմարտութիւններ յայտնեց ներկաներուն. «Առաջին` Հրայրը չի կրնար խզուիլ Լիբանանէն ու լիբանանահայութենէն, երկրորդ` Հրայրը չի կրնար բաժնուիլ ու անջատուիլ իր բարեկամներէն, ապացոյցը մեր մէջ իր ներկայութիւնն է, որպէսզի մեզի հետ կիսէ իր երկրորդ հատորին ծնունդին առիթով իր ապրած ուրախութիւնը, որպէսզի մենք եւս այդ ուրախութեամբ, առաւել եւս ուռճանանք», եզրափակեց առաջնորդ սրբազան հայրը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գինեձօն, ապա դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան իր գիրքերը մակագրեց ներկաներուն: