ՀՐԱՅՐ ԲԱԶԷ ԽԱՉԵՐԵԱՆԻ ՇԱՀԵԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:2 Minute, 42 Second

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Նիւ Եոր­քի Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ Մշա­կու­թա­յին Յանձ­նա­խում­բին, Կի­րա­կի, Հոկ­տեմ­բեր 23, 2011-ին, Հայ Մշա­կոյ­թի ամս­ուան ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­հե­կան դա­սա­խօ­սու­թիւն մը եւ վեր­ջերս հրա­տա­րակ­ուած “Եր­կիր 2“ գրքի ներ­կա­յա­ցու­մը:  Դա­սա­խօ­սու­թիւնն ու գիր­քը ներ­կա­յա­ցուց գա­նա­տաբ­նակ ծա­նօթ լու­սան­կա­րիչ եւ պատ­կե­րագր­քի հե­ղի­նակ` Հրայր Բա­զէ Խա­չեր­եան:

Կազ­մա­կեր­պիչ Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը երե­կոն կո­չած էին Մեր Եկե­ղե­ցի­նե­րը, Մեր Խաչ­քա­րե­րը, Մեր Յու­շար­ձան­նե­րը, Մեր Լեռ­նե­րը եւ Մեր Եր­կի­րը:

Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց Եկե­ղեց­ւոյ Հո­գե­ւոր Հո­վիւ` Արժ. Տ. Մես­րոպ Քհնյ. Լա­գիս­եան, որ ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց օր­ուան բա­նա­խօ­սը:  Տէր Մես­րոպ ըսաւ. Կը յի­շեմ 14 տա­րի­ներ առաջ դարձ­եալ Հայ Մշա­կոյ­թի ամս­ուան ըն­թաց­քին, Թե­միս նախ­կին Առաջ­նորդ` Հո­գե­լոյս Մես­րոպ Արք. Աշճ­եա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցինք Հրայ­րի առա­ջին հրա­տա­րա­կու­թիւնը` “Ար­ցախ` Լու­սան­կար­չա­կան Ու­ղե­ւո­րու­թիւն մըգիր­քը, եւ այ­նու­հե­տեւ մենք սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն ու­նե­ցանք Հրայ­րի հետ: Հրայր Բա­զէ անց­նող 20 տա­րի­նե­րուն բազ­միցս այ­ցե­լած է Հա­յաս­տան, Ար­ցախ, Պատ­մա­կան Հա­յաս­տան, ինչ­պէս նա­եւ Սփիւռ­քի զա­նա­զան եր­կիր­ներ եւ քա­ղաք­ներ նկա­րա­հա­նե­լով տեղ­ւոյն հայ­կա­կան եկե­ղե­ցի­նե­րը, խաչ­քա­րե­րը, յու­շար­ձան­նե­րը եւ վան­քե­րը, որոնք կը ներ­կա­յաց­նեն հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին մեծ ար­ժէք­ներ: Հրայր Բ. Խա­չեր­եան ցարդ հրա­տա­րա­կած է. 

Ար­ցախ` Լու­սան­կար­չա­կան Ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը“ – (1997)

Ար­ցախ` 100 Լու­սան­կար­ներ“ – (2002)

Եր­կիր“ –  (2005)

Ճախ­րող Բա­զէն“ – (2005)

Հայ­կա­կան Զար­դար­ուեստ“ – (2010)

                Ար­մէն Քիւրքճ­եա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ Եր­կիր 2“ – (2011)“:

Տե­սա­ե­րի­զի վրայ Հրայր ցու­ցադ­րեց իր լու­սան­կար­չա­կան ոսպն­եա­կէն առն­ուած գե­ղե­ցիկ պատ­կեր­ներ, եւ լայն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ իր հե­տաքրք­րա­կան եւ ար­կա­ծախնդ­րա­կան ճամ­բոր­դու­թեանց մա­սին, որոնք ամ­բող­ջու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նեն մեր անց­եա­լի հարս­տու­թիւն­նե­րը:

Վեր­ջա­ւո­րու­թեան ներ­կա­նե­րէն շա­տեր մա­կագր­ուած գիր­քե­րէն օրի­նակ­ներ իրենց հետ առ­նե­լով, գո­հու­նակ սրտով մեկ­նե­ցան սրա­հէն:

 

Թղթա­կից

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles