
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Օգոստոս 17, 2015
Վերջին ամիսներուն «To be, or not to be?» («Ըլլա՞լ թէ չըլլալ») կացութիւնը ստեղծուած էր, Մասաչուսէցի Լեքսինկթըն շրջանի Հայ Քոյրերու «Ծիծեռնակաբոյն» Վարժարանէն ներս:
«Պիտի փակուի՞ն դռները, թէ ոչ» հարցադրումները կը կրկնուէին եւ աւելի յաճախակիօրէն: Վերջին քանի մը տարիներուն, սովորութիւն դարձած էր այս անստոյգ գոյավիճակը:
Տուայտանքով, քանի մը գթասիրտ անձնաւորութիւններէ եւ հիմնարկներէ նիւթական օժանդակութիւն ստանալով, կարելի եղած էր աւարտել վերջին քանի մը տարեշրջանները:
Սակայն այս անգամ, կարելի չեղաւ այդ առժամեայ կացութիւնը՝ ad hoc իրավիճակը տարի մը եւս երկարաձգել:
Թէ ի՞նչ էին դրդապատճառները: Գաղութի պարպո՞ւմ թէ անտարբերութիւն:
Յստակ էր թէ աշակերտներուն թիւը հետզհետէ պակսած էր, այնքան մը որ սկսած էր լրջօրէն ազդել կրթօճախին մակարդակին եւ անմիջական դպրոցական կեանքին վրայ:
Դեռ գրեթէ երէկ էր, երբ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութենէն ժամանած, քոյր Ալֆոնսա Պետրոսեան 1979-ին Ուաթըրթունի մէջ մանկամսուր մը հիմնեց: Մեծ յաջողութիւն արձանագրելով, քոյր Պետրոսեան շուտով մտայղացումը ունեցաւ նախակրթարան մը հիմնելու, երազ մը որ շուտով իրականացաւ 1982-ին եւ դեռ աւելին, «Ծիծեռնակաբոյն»ը շարունակեց իր սլացքը բանալով նաեւ միջնակարգի բաժին:
Այսպէս, 1963-էն ի վեր Ֆիլատելֆիոյ մէջ գործող Հայ Քոյրերու Վարժարանի կողքին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն ներս, Մասաչուսէցն ալ օժտուած էր նմանօրինակ կրթօճախով մը:
Այսպէս երեսուն տարի իբրեւ հայկական կրթօճախ ծառայելէ ետք, պիտի փակուին հաստատութեան մը դռները:
Դեռ դասարաններէն թէ անմիջական մուտքերէն ու անցքերէն ներս, պատերուն թէ գրասեղաններուն վրայ «թարմ» են Մեսրոպաշունչ լեզուով գրութիւնները: Փոշիածածկ պիտի ըլլան այդ այբուբենները: Սուգի մէջ ենք բոլորս…գաղութէն ներս: Աշակերտ, ծնողք, ուսուցիչ, պատասխանատու …հասարակ հայորդի:
Հունձք մը հայթայթած էր այս կրթօճախը, որուն աւարտականները այսօր յաջողակ երիտասարդներ են թէ՛ անձնական եւ թէ՛ ազգային կեանքէն ներս: Բազմաթիւ են անոնք «Ծիծեռնակաբոյն» աւարտած են եւ ցայսօր կը ծառայեն գաղութի ազգային զանազան հիմնարկներէն ներս:
Օգոստոս 2015, Լեքսինկթըն…20 Փելհամ Ռօտ…: Հիանալի տեսարան, լաւապէս կահաւորուած դպրոցական իսկական համալիր, իր զանազան ենթակառոյցներով: Հոն, պիտի մնայ յիշողութիւն մը…Ղազարոս Աղայեանի մէկ իւրայատուկ «Յիշողութիւն»ը.-
Ծիծեռնակը բոյն էր շինում,
Ե՛ւ շինում էր , եւ՛ երգում,
Ամէն մի շիւղ կպցնելիս՝
Իր հին բոյնն էր յիշում:
Յուզիչ եւ ընդվզեցուցիչ հրաժեշտ մը…դպրոցական վերամուտի սեմին:
Վերամուտի այս օրերուն ահաւասիկ երկրորդ տխուր լուրն է որ կը լսենք ..Արշակ Տիգրանեան կը փթակուի Հայահոս Լոս Անճելոսի մէջ եւ Ծիծեռնակաբոյնը թափուր կը մնայ այս Սեպտեմբերին Պոսթոնի շրջանի մէջ: Արդեօք ինչ տեսակ կրակ պէտք է վառել հայ երիտասարդ ծնողներուն սրտին մէջ որպէսզի անձնազոհութեան դասեր առնեն մեր մեծ հայրերէն եւ մեծ մայրերէն- որոնք հինգ -վեց զաւակ աշխարհ բերելով հանդըրձ իրենց զաւակներուն չեն զէրկած հայեցի դաստիարակութենէն: Շատ Շատ տխուր է պատկերը .. արթնութեան ահազանգը վերերէն պէտք է գայ.. անպայման մեր գլխուն կրակ պէտք է թափոի՞’ որ փարինք ազգայինին ու մեսրոպեանին՞՞՞
It is very very SAD…two years ago SMACS (Sahag Mesrob Armenian Christian School) High school also closed….I know some of graduates of that school, they are successful Lawyers, professionals, activists and community leaders….their siblings are forced to attend public schools. I think, we should refrain or reduce building Churches, instead try to built schools at reasonable tuition fees, so young parent could afford sending their children to Armenian schoold
It is very sad that schools are closing one after another. SMACS High school in Pasadena also closed its doors two years ago. I think instead of building more Churches, we MUST open new schools affordable to the young parents….There should be No reason why we can not keep ARMENIAN schools in the Diaspora….