
Խորագրի հարցումը պէտք է ուղղել իւրաքանչիւր ճառէ կամ հոգեպարար նախաձեռնութենէ առաջ:
ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒՄ՝ քաղաքական իրաւ աշխատանքի ծրագրի մեկնակէտ, տարբեր մխիթարութիւն որսալու միտող եւ որպէս կեր տրուող ցեղասպանութեան ճանաչումէն առաջ եւ գերիվեր: Առանց այս ըմբռնումին քաղաքական աշխատանքը կը վերածուի տպաւորիչ ըլլալու հոգեհանգստեան իրարանցումի: Արդէն սովորութիւն էր ըսել՝ ոգեկոչում:
Յանձնախումբեր կազմուած են, տեղական, համազգային: Նախաձեռնութիւններ կան, պիտի ըլլան, հնչեղ հարիւրամեակի առիթով: Կը բաւէ հետեւիլ լրատուամիջոցներու, իմանալու համար, թէ ինչե՜ր պիտի կատարուին. ծափահարելի հրատարակութիւններ՝ աշխարհի տարբեր լեզուներով՝ ըսելու համար, թէ ինչ կորսնցուցած ենք, երգի եւ ոգեկոչման հանդիսութիւններ, ցոյցեր: Փորձ ունինք կարեւոր համարուած անձերու յայտարարութիւններու ետեւէն վազելու, վազք՝ զոր կը կոչենք լոպպիյինկ: Կորզուած ցաւակցութեան նմանող իւրաքանչիւր բառ եւ խօսք մեծ յաղթանակ կը համարենք, մանաւանդ երբ մեր եսերը շոյող լուսանկարներ ալ ըլլան, ձեռք թօթուելով կամ հայկական կեդրոն մը այցելութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Ծիծեռնակաբերդ, Մոնթեպելլոյի կամ Պիքֆայայի յուշարձաններ, եւայլն, իրապէս եւայլն:
Դրական աշխատանքներ, եթէ անոնք էականի վրայ կառուցուին կամ իրաւունքի վերականգնման յանգին:
Էականը՝ հողահաւաք եւ հայահաւաք, որպէսզի տոկանք եւ տեւենք, առանց խօսքի փրփուրներու անվաղորդայն գինովութեան, չըլլալու համար ուսումնասիրութիւններու մէջ երեւցող սոսկ անուն:
Թուրք, ամերիկացի, ֆրանսացի, ռուս, ուրուկուայցի, պոլիվիացի եւ այլ ժողովուրդներ, յարգելի մտաւորականներ եւ քաղաքական գործիչներ, պետութիւններ, մեր կողմէ իսկ հիւսուած ցեղասպանութեան ճանաչման զսպաշապիկէն դուրս գալով, խօսա՞ծ են, պիտի խօսին հայրենահանուած հայ ժողովուրդի իրաւունքի մասին: Այդ պահանջով կը ներկայանա՞նք: Պիտի ըսե՞ն, որ բռնագարաւուած Հայաստան մը կայ, որ Արեւմտահայաստանն է, հայ ժողովուրդի բնավայրը, զոր հաւաքական մեղսակցութեամբ կը կոչեն Արեւելեան Անատոլու, Անադոլիա, ոչ միայն թուրքերը: Նոյնիսկ մենք, գիտակից կամ անգիտակից թեթեւսոլիկութեամբ, կը կոչենք պատմական Հայաստան, կարծէք ընդունելով, որ այդ հայաշխարհը վերջնականապէս արձանագրուած ըլլայ պատմութեան շահ-վնասի տոմարներուն մէջ:
Ոչ պատմական, այլ՝ Արեւմտահայաստան:
Եթէ այդպէս է կացութիւնը, եթէ այդպէս կ’ընդունին եւ վատութեամբ կ’ընդունինք կացութիւնը, ազգի տեսանկիւնէն ի՞նչ կը հետապնդենք:
Այս ինչի սահմանումը ֆէթիշ թուականի աւարտէն առաջ պէտք է որ յստակացած ըլլայ, ըլլար: Կ’ըլլա՞յ: Յայտարարութիւններու եւ ամպագորգոռ ժողովներու մէջ ան օրակարգ է՞:
Ծափահարենք մեծ բեմերու վրայ հանդէս գալիք խօսքի եւ երգի թենորները:
Յետո՞յ:
Մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ նստած հոգեխոցը (traumatisme) կը սպիանա՞յ ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ անորոշ բովանդակութեամբ հատուցումով: Մեր ակնկալած մխիթարութիւններուն մէջ տեղ մը կը յիշուի՞ հայրենահանումը, որ բոցավառ մասը պէտք է ըլլայ Յիշողութեան, որ մեզ կը դատապարտէ այլասերման. իրատես եւ քաջ պէտք է ըլլալ մաղին վերը մնացածները եւ սահելով անցածները գնահատելու համար: Ապագայի կառուցումը շատախօսութեամբ չ’իրականանար, այլ իրատեսութեամբ, նոյնիսկ երբ ան ցաւցնող ուղղութիւններ կը պարտադրէ, յաճախ ընդդէմ էսթէպլիշմընթին:
Հատուցում: Զարմանալի կերպով անհամաձայնութեան սովոր մեր ժողովուրդը համախոհութեան ընդունած է հրաշք տարազը:
Բայց հրաշքով մեծ հայրերու տուն, տեղ, արտ եւ այլ կարգի հարստութիւններ կամ անոնց փոխարժէքը, թերեւս կը վերադարձուին, եթէ տիրութիւն ընողներ գտնուին, Պեվըրլիէն, Փարիզէն, Լիբանանի Ռապիէյէն կամ Լոնտոնի Ալպըրթ հոլի թաղամասէն վերադարձողներ ըլլան:
Բայց հայրենահանումի ոճիրը ազգ քանդած է, ի՞նչ պիտի ըլլայ ազգին տրուելիք հատուցումը:
Մի՞թէ ազգին ըլլալիք հատուցումը այլ բան կրնայ ըլլալ բացի բռնագրաւուած հայաշխարհէն:
Ցեղասպանութեան ճանաչումով մեզ օրօրողները եւ մխիթարողները պէտք է յանձնառութեամբ յիշեն, որ Սեւրի դաշնագիր ստորագրած են, բոլորը, նաեւ յետ-կայսերական Թուրքիան:
Այս է էական խնդիրը ազգին, այսօրուան եւ վաղուան հեռանկարը: Մնացեալը հոգեհանգիստ է, նպարավաճառի հաշիւ, քաղքենիի սնափառութիւն, դիրքերու պաշտպանութեան ջաղացքի չախչախ:
Յաճախ կը կրկնեմ, որ մեծ հոգի ունեցող հայ աւագներու դպրոցը պէտք է յաճախել: Այդ ընելու համար ամէնագէտները համեստութեան ճիգ պէտք է ընեն:
Պարզ հարցումներ կան, որոնց անշպար պատասխանները ազգը պէտք է առաջնորդեն: Առաջնորդած ըլլային:
Ինչո՞ւ հայոց թագաւորը Վռամշապուհ, հայոց կաթողիկոսը Սահակ, ապագայատես հայ մտաւորականը Մեսրոպ, համախորհուրդ, հայոց այբուբեն ընծայեցին:
Ի՞նչ կ’ըսէ պատմահայր Խորենացին. Հայաստանը հայերէն խօսողներով բնակուած աշխարհն է: Իսկ առանց հայերէնի որոնցմով կը կազմուի ազգը: Հողին վրայ եւ տարտղնուածներու պարագային:
Ի՞նչ կ’ըսէ հայ գրողը, Վիգէն Խեչումեան. Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ: Որքա՜ն հոլովեցինք եւ կը շարունակենք հոլովել հիւրընկալ երկիր անհրապոյր բացատրութիւնը, ուր հիւր ենք մինչեւ որ անանուն անգոյութեան դատապարտուինք, դատապարտեն կամ մենք մեզ դատապարտենք յաջորդական լքումներով, որոնց թւումը պիտի նմանի բաղաձայն տիրացուի շարականի: Մանրանալով մաղին միւս կողմը անցնողները:
Յիշողութեան վրայ հիմնուած անշպար եւ անայլայլ վաղուան կառուցումը կը սահմանուի երկու բառով, զորս պէտք է գործածել առանց հռետորական ճապկումներու, մենք մեզ եւ ուրիշ միամիտներ շփոթեցնելու: Այդ երկու բառերը առանց յանձնառութեան, շաբաթավերջի հանդէս յուզող ծափ սպասող շատախօսութիւն են:
Այդ բառերը՝ հողահաւաք եւ հայահաւաք, ալֆայէն մինչեւ օմեկա: Ֆէթիշ հարիւրամեակը ազգը ապրեցնելու այլ իմաստութիւն չունի, պէտք չէ ունենայ: Այլընտրանքներ պատեհապաշտներու եւ լուսապսակ փնտռող բախտախնդիրներու ինքնարդարացումներ են: Գիտակից զանգուածներ եւ ղեկավարութիւն, առանց մարդորսութեան տխրութեան մէջ խրելու, առանց ազգի յիշողութեան առանցքին գտնուող հողահաւաքի եւ հայահաւաքի, պիտի ընթանան դէպի ազգի անգոյութիւն, կամ պիտի հեռանան հրապարակէն:
Ապա թէ ոչ ժամանակը եւ պատմութիւնը անողոք կ’ըլլան:
Անուն մըն ալ կ’աւելնայ անհետացած ազգերու ցանկին վրայ:
Եւ մոլորակներ ու աստղեր կը շարունակեն դառնալ:
Յ. Պալեան
Փետրուար 14, 2015