
ԱՄՍԹԵՐՏԱՄ․- Հոլանտայի պետութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ պիտի արտաքսէ երկու հայ երեխաներ՝ Յովիկ (13 տարեկան) եւ Լիլի (12 տարեկան) Համբարձումեան։ Անոնց մայրը՝ Արմինէն քանի մը ամիս առաջ արտաքսուած էր։
Յովիկն ու Լիլին, իրենց մօր հետ Ռուսաստանէն Հոլանտա ժամանած էին 2008-ին: Անոնք Հոլանտայէն ապաստան խնդրած են եւ դիմումը վերջնապէս մերժուած էր 2017-ին: Արմինէ Համբարձումեան արտաքսուած էր, իսկ զաւակները մնացած են Հոլանտա, որովհետեւ իշխանութիւնները անոնց գտնուելու վայրին մասին տեղեկութիւն չէին ունեցած: Սեպտեմբեր 3-ին Յովիկ եւ Լիլի դուրս ելած են թաքստոցէն:
Յովիկը եւ Լիլին երբեք Հայաստան չեն ապրած, անոնք ծնած են Ռուսաստան, իսկ իրենց մայրը ծնած է Ատրպէյճան եւ ապրած է Ռուսաստան, սակայն ունի Հայաստանի քաղաքացիութիւն:
Յովիկի ու Լիլիի դասընկերներն ու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները Ամսթերտամի փողոցներուն վրայ անոնց կը զօրակցին եւ խաղաղ ցոյցեր կը կատարեն:
Որոշումը հիմնաւորելու համար Հոլանտայի կառավարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի ապահով երկիր է եւ անչափահասներուն կեանքին ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ:
Պատմութիւնը այնքան մեծ աղմուկ յառաջացուցած է, որ հոլանտացի լրագրողներ Երեւան ժամանած են, պարզելու համար թէ՝ եթէ Լիլին ու Յովիկը ի վերջոյ արտաքսուին, ի՞նչ կը սպասէ իրենց Հայաստանի մէջ, եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ պիտի ապրին:
Հոլանտայի իշխանուհի Լաուրենթիէն կառավարութեան կոչ ըրած թոյլ տալու, որ Յովիկ եւ Լիլի մնան Հոլանտա: Իսկ կառավարութիւնը իր կարգին յայտարարած է, որ երեխաները պէտք է միանան իրենց մօր:
“Չեմ կրնար եւ չեմ ուզեր իրավիճակին մասին դատողութիւններ անել, բայց անկեղծ կը ցաւիմ այդ երեխաներուն պատահածին համար”, ըսաւ իշխանուհի Լաուրենթիէն։
Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան գաղթականական պետական ծառայութիւնը տեղեակ է արտաքսելու որոշման մասին: Պետական ծառայութեան հանրային կապերու պատասխանատու Նելլի Դաւթեան տեղեկացուց, որ պետութիւնը իր բոլոր կարելիութիւնները պիտի տրամադրէ, ու պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու երախաներուն, եթէ նոյնիսկ անոնց մայրը չստանձնէ խնամակալութիւնը: Դաւթեան շեշտեց, որ այս հարցին եւ անձերուն հետ ոչ մէկ կապ ունին, նոյնիսկ տեղեակ չեն, թէ Արմինէ Համբարձումեան օդակայան պիտի ժամանէ՞ դիմաւորելու համար իր զաւակները:
«Եթէ նրանց մայրը չստանձնի երեխաների խնամակալութիւնը, մենք բոլոր հնարաւոր ծրագրերով երեխաներին շահառու կը դարձնենք, միջազգային կազմակերպութիւնների հետ համագործակցութեամբ: Շատ կազմակերպութիւններ կան, որոնց ծրագրերով մենք երեխաներին կ՚աջակցենք, բայց եթէ մայրը ստանձնի խնամակալութիւնը, մենք անելիք չունենք», յայտնեց Դաւթեան:
Մինչ այդ «Պաշտպանութիւն յանուն երեխաներու» կազմակերպութիւնը կոչ ուղղած է յառաջիկայ Հինգշաբթի զանգուածային բողոքի ցոյց կատարելու եւ 25 հազար ստորագրութիւն հաւաքելու, արտաքսման որոշումին դէմ բողոքելու համար: