Հոլանտայի Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

0 0
Read Time:31 Second

 

Ժոէլ Վուրտըվինտ

ԼԱ ՀԷՅ.- Հոլանտայի խորհրդարանի ստորին պալատը`(Tweede Kamer) ձայներու մեծամասնութեամբ թեր քուէարկեց 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին երկու առաջարկ-բանաձեւերուն, որ պատրաստուած է Հոլանտայի «Քրիստոնէական Միութիւն» կուսակցութիւնը ներկայացնող Ժոէլ Վուրտըվինտի կողմէ:

Բանաձեւերուն մէջ կը նշուի, որ խորհրդարանը կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, աւելցնելով թէ արտաքին գործոց նախարարը, անպայմանօրէն պէտք է  ներկայ գտնուի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման արարողութեան՝ Հայաստանի մէջ:

«Մենք չենք կրնար ժխտել պատմութիւնը պատժամիջոցներու վախէն, որովհետեւ մեր երկիրը միջազգային իրաւունքի մայրաքաղաքն է»,- յայտարարեց Ժոէլ Վուրտըվինտ:

Հաւանական է, որ այս որոշումը վատ անդրադարձ ունենայ Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի յարաբերութիւններուն վրայ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles