ՀՈ­ՂԻՆ ՁԱՅ­ՆԸ…

0 0
Read Time:23 Minute, 17 Second

p14-15armenian_border_ani  ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

 

Ստո­րեւ լոյս կ՛ըն­ծա­յենք Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի մա­սին այս հե­տաքրք­րա­կան դի­տան­կիւնը, ներ­կա­յաց­ուած երի­տա­սարդ հա­յորդիի մը ակ­նո­ցով: Յօդ­ուա­ծա­գի­րը` Վա­րագ Գեթ­սե­ման­եան, այժմ քա­նի մը շաբթ­ուայ հա­մար կը գոր­ծէՀայ­րե­նիքի անգ­լե­րէն բաժ­նէն ներս:

Գեթ­սե­ման­եան ու­սա­նած է փի­լի­սո­փա­յու­փիւն եւ պատ­մու­թիւն, Պէյ­րու­թի Ամե­րիկ­եան Հա­մալ­սա­րա­նէն ներս եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ այլ մաս­նա­գի­տա­կան դա­սըն­թացք­նե­րու հե­տե­ւիլ:

 

Քա­նի մը ամիս­ներ առաջ էր ըն­դա­մէ­նը, երբ տօ­նա­կա­տա­րե­ցինք Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան 122-ամ­եա­կը: Հարկ է այս առ­թիւ հա­կիրճ անդ­րա­դառ­նալ այն ապա­գայ ռազ­մա­վա­րու­թեան, որուն վրայ Դաշ­նակ­ցու­թիւնը պէտք է իր շեշ­տը դնէ Հայ Դա­տի ար­դար հե­տապնդ­ման եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան վրայ, այս նո­րա­գոյն փու­լին: Դաշ­նակ­ցու­թեան տա­րե­դար­ձը նա­եւ այն պահն է, որ առիթ կ՛ըն­ծա­յէ Դաշ­նակ­ցու­թեան առա­քի­նու­թեան հա­ւա­տա­ցող այն լայն ըն­տա­նի­քին` պահ մը վե­րա­տե­սու­թեան եւ վե­րաքն­նու­թեան են­թար­կե­լու ան­ցած տա­րի­նե­րու իր աշ­խա­տանքն ու իրա­գոր­ծում­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ բաց­թո­ղում­ներն ու եթէ պէտք ըլ­լայ ըսել` ձա­խո­ղու­թիւն­նե­րը: Այս ծի­րէն ներս, կ՛ու­զեմ այս ամ­փոփ յօդ­ուա­ծով  խօ­սիլ եւ ակ­նար­կել այն գոր­ծե­լա­դաշ­տին մա­սին, որ մնա­ցած է լու­սանց­քա­յին  թէ Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ թէ Հ.Յ.Դ.-ի կող­մէ, ան­հե­տե­ւո­ղա­կան քայ­լե­րու պատ­ճա­ռով: Խօսքս կը վե­րա­բե­րի յատ­կա­պէս այն մար­տա­վա­րու­թեան, որուն  առար­կան է Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը: Ան-հրա­ժեշ­տու­թիւն է որ տու­եալ եր­կու մար­մին­նե­րը շատ արագ ձեռ­նար­կեն սոյն ռազ­մա­վա­րու­թեան աշ­խու­ժաց­ման եւ իրենց տրա­մադ­րու­թեան տակ եղած բո­լոր ու­ժե­րուն մէկ կա­րե­ւոր մա­սը յատ­կաց­նեն տու­եալ աշ­խա­տան­քին: Ժա­մա­նա­կը շա­հա­բեր է մե­զի, ան­շուշտ եթէ գիտ­նանք ինչ­պէս եւ որ­քա­նով օգտ­ուիլ ան­կէ:

Նախ բա­ցատ­րենք թէ ին­չո՞ւ այ­սօր Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը ինք­նին լայն առիթ կ՛ըն­ծա­յէ մե­զի եւ մի­ա­ժա­մա­նակ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան սե­մին կը դնէ մեզ, որ­պէս­զի աւե­լի մօ­տէն ու­սում­նա­սի­րենք, թէ ի՛նչ կը կա­տար­ուի Թուրք­իոյ եւ Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի մէջ: Այ­սօր­ուան Թուրք­իոյ մէջ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ու նոր իրո­ղու­թիւն է, որ մար­դիկ (քիւր­տեր եւ թուր­քեր) սկսած են էա­պէս հե­տաքրքր­ուիլ իրենց ար­մատ­նե­րով եւ “ինք­նու­թեան“ փնտռտու­քի մը մէջ են: Ան­շուշտ չեմ խօ­սիր բնիկ (ար­մատ­նե­րով իս­կա­պէս թուրք) ժո­ղո­վուր­դին մա­սին, այլ անոնց, ով­քեր սե­րած են հայ ար­մատ­նե­րէ, եւ որոնց թիւը այդ­քան ալ փոքր չէ: Թուրք­իա երբ այժմ կը փոր­ձէ “եւ­րո­պա­կան սա­լոն­ներ“ մուտք գոր­ծել, ներ­քին մա­կար­դա­կի վրայ, մարդ­կա­յին իրա­ւանց հար­ցե­րը, քրտա­ցած հա­յե­րու եւ իրենց ակունք­նե­րը դառ­նալ փոր­ձող բնիկ­նե­րու ինք­նա­բա­ցա­յայտ­ման երե­ւոյթ­նե­րը հետզ­հե­տէ շեշ­տա­կի կը դառ­նան: Հար­ցադ­րում­ներ տե­ղի կ՛ու­նե­նան ներ­կա­յիս, երբ մար­դիկ կը հե­տաքրքր­ուին, թէ իրենց նախ­նի­նե­րը որո՞նք են, ի՞նչ տե­սած են, ի՞նչ լսած են եւ շատ յա­ճախ տան մէջ գտնուող հին իրեր ուր­կէ՞ հոն հա­սած են: Հրանդ Տին­քի մա­հը որ կար­ծես կայծն էր այս “ինք­նափնտռ­տու­քին“, մե­ծա­պէս “նպաս­տեց“ որ մար­դիկ, որոնք իրենց ծնած օրէն լսած են թրքե­րէն, խօ­սած են թրքե­րէն եւ ապ­րած են որ­պէս բնիկ թուր­քեր, այ­սօր բա­ցա­յայ­տօ­րէն ըն­դու­նին այն իրա­կա­նու­թիւնը, թէ իրենց նա­խա­հայ­րե­րը եղած են հա­յեր: (Ընդ­հան­րա­պէս իգա­կան կողմն է որ ու­նե­ցած է հայ­կա­կան ծա­գում, ըլ­լայ ան մեծ մայ­րը կամ այս վեր­ջի­նին մայ­րը, տրուած ըլ­լա­լով որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ բազ­մա­թիւ հայ կի­ներ եւ աղ­ջիկ­ներ առե­ւանգ­ուե­ցան կամ “ծախ­ուե­ցան“ թուր­քե­րու եւ քիւր­տե­րու, եւ որոնք ապա­գա­յին թրքա­նա­լով կամ քրտա­նա­լով ծնան այս “նոր սե­րուն­դը“, որուն մա­սին կը խօ­սիմ): Հրանդ Տին­քին սպան­նու­թեան իբ­րեւ հե­տե­ւանք այն լայ­նա­ծա­ւալ բո­ղո­քի ալի­քը որ բարձ­րա­ցաւ Պոլ­սոյ մէջ ինք­նին կեն­դա­նի օրի­նակն է այս ակունք­նե­րու ետ­դար­ձին, տրուած ըլ­լա­լով որ այս բո­ղո­քի ալի­քը առա­ջինն էր իր տե­սա­կին մէջ եւ ուր հա­յե­րու կող­քին մաս­նակ­ցե­ցան նա­եւ թուր­քեր: Աւե­լին` կը հան­դի­պինք նա­եւ քա­նի մը պա­րա­գա­նե­րու, ինչ­պէս Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ, որոնք իբ­րեւ “ետ­դարձ“ Քրիս­տո­նէ­ու­թեան եւ Հա­յու­թեան` կը վե­րամկրտ­ուին Տիգ­րա­նա­կեր­տի վեր­ջերս վե­րա­նո­րոգ­ուած Սուրբ Կի­րա­կոս եկե­ղեց­ւոյ մէջ: Առա­ւել եւս, ծա­գու­մով հայ Ֆեթհիէ Չե­թի­նի “Մեծ Մայ­րիկս“, Այ­շէ Կիւ­լի “Թո­ռուն­լար“ (Թոռ­նիկ­ներ) եւ այլ այ­լա­խոհ գրող­նե­րու վի­պերն ու յու­շագ­րու­թիւն­նե­րը խթան հան­դի­սա­ցան, որ տաս­նամ­եակ­նե­րէ ի վեր իրենց ար­մատն ու ինք­նու­թիւնը պա­հող “թա­քուն հա­յեր“ հա­մար­ձա­կին հա­յօ­րէն հրա­պա­րակ գա­լու, իրենց անուն­ներն ան­գամ հա­յաց­նե­լով: Տիգ­րա­նա­կեր­տի քա­ղա­քա­պե­տը` Օս­ման Պայ­տե­միր հա­կա­ռակ մահ­ուան սպառ­նա­լիք­նե­րուն, խոս­տա­ցաւ վե­րա­դարձ­նել 200 կալ­ուած­ներ, որոնք եղած են հայ­կա­կան, եթէ վա­ւե­րաց­ուած փաս­տագ­րեր (թա­փու) ներ­կա­յաց­ուին, տրուած ըլ­լա­լով որ 1915ին Տիգ­րա­նա­կեր­տի հայ բնակ­չու­թեան 90%ը ջարդ­ուե­ցաւ տեղ­ւոյն վրայ: Կաս­կա­ծե­լի չէ թէ հայ­կա­կան այս հո­ղե­րուն վրայ բնա­կող քիւր­տե­րուն եւ թուր­քե­րուն մեծ մա­սը ներ­կա­յիս գի­տէ այդ հո­ղե­րուն իս­կա­կան պատ­կա­նե­լիու­թեան մա­սին եւ բա­ցա­յայ­տա­բար կ՛ըն­դու­նի զայն: Դէպ­քեր կը պա­տա­հին նա­եւ երբ Սփիւռ­քէն հա­յեր կ՛այ­ցե­լեն այդ շրջան­նե­րը, տե­ղա­ցի թուր­քե­րը իրենց տու­նե­րէն հա­նե­լով հին “գրաւ­ուած“ հա­յե­րու իրեր, կը բե­րեն անոնց մօտ պա­հան­ջե­լով որ թարգ­մա­նեն շատ յա­ճախ եղած հա­յե­րէն ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը: Ինչ­պէս նա­եւ այն խօս­քը, թէ “Դուք հոս եկած էք ձեր գան­ձե­րը փո­րե­լու եւ գտնե­լու“, ցոյց կու տայ ինչ­քա­նով ժո­ղո­վոր­դը տեղ­եակ է թէ տու­եալ հո­ղե­րը հայ­կա­կան եղած են (չեմ կար­ծեր որ ասի­կա “փաստ“ մըն է թէ տու­եալ հո­ղե­րը հայ­կա­կան եղած են: Քիւրտ եւ թուրք բնա­կիչ­նե­րը շատ լաւ գի­տեն որ հոն հա­յեր ապ­րած են եւ իրենց բնա­կա­րան­նե­րէն շա­տեր հա­յե­րու պատ­կա­նած են: Ասի­կա շատ նա­խ­նա­կան մա­կար­դա­կի գի­տու­թիւն մըն է որ տե­ղա­ցիք ու­նին եւ ասի­կա մեծ բան մը չի նշա­նա­կեր իրենց կամ մե­զի հա­մար…) եւ այս մէ­կը առա­ւել եւս կը մղէ զի­րենք որ­պէս­զի խո­րա­նան իրենց ակունք­նե­րու փնտռտու­քին մէջ (հա­յոց այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը թե­րեւս կը մղեն, որ իրենք անդ­րա­դառ­նան, իրենք իրենց հար­ցեր տան եւ նոյ­նիսկ վախ­նան որ մար­դիկ պի­տի գան ու իրենց կալ­ուած­նե­րուն տի­րա­նան…:)

Հարկ է նա­եւ հոս զա­տո­րո­շել եր­կու տար­բե­րակ­ներ: Կան Համ­շէ­նա­հա­յե­րը, որոնք շատ յա­ճախ կը շփո­թենք այս վե­րո­յիշ­եալ “թա­քուն“ կամ “ծա­ծուկ“ հա­յե­րուն հետ: Համ­շէ­նա­հա­յե­րը Սեւ Ծո­վու շրջա­նին մօտ ապ­րող այն հա­յերն են, որոնք հա­կա­ռակ իրենց խօ­սած համ­շէ­նա­հա­յե­րէ­նին, ար­դէն իս­լա­մա­ցած են 17րդ դա­րուն ինչ-ինչ պատ­ճառ­նե­րով եւ որոնց իս­լա­մա­ցու­մը պար­տադր­ուած չէր ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ, ինչ­պէս է պա­րա­գան այս “թա­քուն“ հա­յե­րուն: Այս վեր­ջին­նե­րը մին­չեւ 2007 թուա­կան “ծած­կած“ էին իրենց հա­յե­ցի ար­մատ­նե­րը եւ միայն այս վեր­ջին իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ է որ սկսած են քիչ-քիչ “բաց­ուիլ“: Այս ծա­ծուկ հա­յե­րուն նա­խա­հայ­րե­րը այն կի­ներն ու աղ­ջիկ­ներն են, որոնք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ յա­ճախ կամ­քէ ան­կախ թրքա­ցած եւ իս­լա­մա­ցած են: Այս յօդ­ուա­ծը իր սե­ւե­ռա­կէ­տը կը դարձ­նէ այս երկ­րորդ տե­սա­կի իս­լա­մա­ցած հա­յե­րու տար­բե­րա­կը եւ անոնց ըն­ծա­յած առի­թը հայ դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան եւ պայ­քա­րին:

Հե­տե­ւա­բար, այս բո­լոր իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ակա­նա­տես ըլ­լա­լով, մե­զի ի՞նչ աւե­լի են պէտք քան այս­պի­սի խի­զախ քայ­լեր, երկ­րի մը մէջ, ուր “ցե­ղաս­պա­նու­թիւն“ եզ­րին օգ­տա­գոր­ծումն ան­գամ բան­տար­կու­թեան պա­տի­ժի կ՛առաջ­նոր­դէ, երկ­րի մը մէջ, ուր հա­յե­րու ազ­գա­նուն­նե­րու “Եան“ը դի­տա­ւոր­եալ կը ջնջուէր զայն կրող­նե­րէն ոմանց կող­մէ: Սա­կայն այս բո­լո­րը մեզ­մէ ան­կախ է որ կը կա­տար­ուին եւ այս քայ­լե­րը պի­տի դառ­նան իմաս­տա­զուրկ եթէ չկա­րե­նանք օգտ­ուիլ անոնց­մէ հարկ եղած բո­լոր ձե­ւե­րով եւ մնանք դի­տո­ղի կամ կրա­ւո­րա­կան դե­րի մը մէջ: Դուրս ել­լել այս կրա­ւո­րա­կան վի­ճա­կէն կը պա­հան­ջէ գի­տա­կից, ծրագ­րա­ւոր­ուած եւ կազ­մա­կերպ­ուած հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք եւ ամե­նա­կա­րե­ւո­րը` պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն, որ պէտք է բխի ժո­ղո­վուր­դէն, կա­րե­նալ ներգ­րա­ւե­լու հա­մար այս “թա­քուն հա­յե­րը“ մեր պայ­քա­րէն ներս:

Վեր­ջերս բա­ւա­կան խնդրա­յա­րոյց նիւթ դար­ձած է Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը, ըլ­լայ ան ժո­ղո­վուր­դին մէջ թէ Դաշ­նակ­ցա­կան ըն­տա­նի­քին մօտ: Ակա­նա­տես ըլ­լա­լով վե­րը նշուած բո­լոր դէպ­քե­րուն, սա ճիշդ եւ առողջ երե­ւոյթ կը նկա­տենք, եւ կը նշա­նա­կէ թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը ան­տար­բեր չէ Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի հան­դէպ: Սա­կայն դժբախ­տա­բար աւե­լի ու­շա­դիր հե­տա­զօ­տու­թիւն մը ցոյց կու տայ թէ սոյն հե­տաքրք­րու­թիւնը կամ ներգ­րաւ­ուա­ծու­թիւնը կը կա­յա­նայ միայն այդ սկզբնա­կան, սա­կայն տու­եալ պա­հուն առար­կա­յա­կան եւ մա­կե­րե­սա­յին խնդի­րի մը մէջ, որն է` Արեւմ­տա­հա­յաս­տան այ­ցե­լե՞լ, թէ՞ եր­թալ եւ հոն ներդ­րում մը ու­նե­նալ կամ աշ­խա­տանք տա­նիլ. պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան այդ ոգին լրջօ­րէն պա­կաս է դժբախ­տա­բար եւ այ­ցե­լե­լու պա­րա­գա­յին, կը բա­ւա­րար­ուինք միայն նկար­ուե­լով: Սա մեր ձա­խո­ղու­թիւնն է, ափ­սոս: Ըսե­լիքս այն չէ, թէ Արեւմ­տա­հա­յաս­տան ացե­լել կամ չայ­ցե­լե­լու խնդի­րը առար­կա­յա­կան եւ մա­կե­րե­սա­յին է, այլ մենք կը դարձ­նենք զայն այդ­պի­սին, եթէ մեր այս հե­տաքրք­րու­թեան ետին չկանգ­նի աշ­խա­տե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան ոգին եւ բա­ւա­րար­ուինք միայն ըսե­լով` “այո՛, եր­թանք“:

Քննենք:

Կան այս նիւ­թին վե­րա­բեր­եալ երեք տար­բեր կար­ծիք ու­նե­ցող խում­բեր կամ ան­հատ­նե­րու տե­սակ­ներ: Պի­տի փոր­ձեմ կարճ ներ­կա­յաց­նել երե­քը եւ մի­ա­ժա­մա­նակ թուել այն թե­րու­թիւն­նե­րը, որոնք կ՛առնչ­ուին այս կար­ծիք­նե­րուն հետ:

Առա­ջին խում­բը, որուն թիւը դժբախ­տա­բար օրէ օր կը մեծ­նայ, այն ան­հատ­ներն են , որոնք կամ չեն հա­ւա­տար Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նին, որոնք ան­տար­բեր են եւ իրենց ժա­մա­նա­կէն նուա­զա­գոյ­նը չեն յատ­կաց­ներ նուա­զա­գոյն չա­փով գո­նէ մտա­ծե­լու Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի մա­սին: Այս ան­ձե­րը դժբախ­տա­բար ինչ-ինչ պատ­ճառ­նե­րով կ՛ըլ­լան հա­յու­թե­նէ հե­ռու եւ անոր հա­մար յօդ­ուածս չի մի­տիր տու­եալ ան­ձե­րուն խնդի­րը հոս քննար­կել: Ցա­ւօք սրտի կը յայտ­նեմ, թէ այս կար­ծի­քին մէջ թե­րու­թիւն չկայ, ինք­նին կար­ծի­քը էա­պէս եւ ամ­բող­ջո­վին թե­րի է եւ վտան­գա­ւոր: Անց­նինք:

Կայ երկ­րորդ խում­բը, որ կը հա­ւա­տայ թէ իւ­րա­քան­չիւր հա­յու ար­դար իրա­ւունքն է տես­նել Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը իբ­րեւ պա­պե­նա­կան հող կամ հայ­րե­նի­քի ան­բա­ժան մաս: Վստահ եմ որ իւ­րա­քան­չիւրս կ՛ապ­րի այն պա­հե­րը, երբ հոգ­ւով ու մտքով կը փո­խադր­ուինք Արեւմ­տա­հա­յաս­տան, կար­դա­լէ ետք Հա­յոց Պատ­մու­թեան փա­ռա­ւոր էջե­րը եւ հայ կտրիճ­նե­րու սխրա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, մա­նա­ւանդ մին­չեւ 1915: Սա այն պահն է երբ կանգ կ՛առ­նեն բա­նար­կու­թիւնը եւ բա­նա­կան մտա­ծում­նե­րը եւ իր լայն թե­ւե­րը բա­նա­լով թափ կ՛առ­նէ զգա­ցա­կան եւ հո­գե­կան նե­րաշ­խար­հը: Սա բնա­կան է եւ վա­տա­ռողջ պի­տի ըլ­լար այն հա­յը, որ նման զգա­ցում­ներ պի­տի չբաժ­նէր: Հե­տե­ւա­բար բնա­կան է որ մար­դիկ ներ­կա­յիս կ՛այ­ցե­լեն Արեւմ­տա­հա­յաս­տան  ուխ­տագ­նա­ցու­թեամբ կամ հայ­րե­նա­սի­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւն կը նկա­տեն այդ այ­ցը: Այս պի­տի շա­րու­նակ­ուի, որ­քան ալ ու­զենք ընդ­դի­մա­նալ: Սա­կայն զար­մա­նա­լի չէ որ այս խում­բին մէջ կը գտնենք ան­հատ­ներ, որոնք ուխ­տագ­նա­ցու­թեան քո­ղին տակ կ՛եր­թան Արեւմ­տա­հա­յաս­տան կամ այս պա­րա­գա­յին աւե­լի ճիշդ պի­տի ըլ­լար ըսել Թուրք­իա, իրա­կա­նաց­նե­լու անձ­նա­կան շա­հեր, ինչ­պէս` առեւ­տուր: Հոս է որ մենք կ՛ընդ­դի­մա­նանք այս շա­հախն­դիր մար­դոց, որոնք նե­րե­ցէք եթէ ըսեմ` ոտ­նա­կոխ կ՛ընեն թէ ազ­գա­յին-բա­րո­յա­կան սկզբունք­նե­րը եւ թէ Ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ոգին, ով որ ալ ըլ­լան անոնք: Հե­տե­ւա­բար այն մար­դի­կը, որոնք իս­կա­պէս կ՛եր­թան ուխ­տագ­նա­ցու­թեան, ինչ­պէս էր պա­րա­գան այն լի­բա­նա­նա­հայ Տիգ­րա­նա­կերտ­ցի­նե­րու խմբա­կին, որ ներ­կայ գտնուե­ցաւ Տիգ­րա­նա­կեր­տի վե­րա­նո­րոգ­ուած Սուրբ Կի­րա­կոս եկե­ղեց­ւոյ բա­ցու­մին, մաս չեն կազ­մեր այս “շա­հախն­դիր“ մար­դոց խմբա­կին: Կը հա­ւա­տամ թէ այս մար­դի­կը իս­կա­պէս հա­մոզ­ուած են որ գա­ցած են եւ չեն շա­հա­գոր­ծեր “Ուխ­տագ­նա­ցու­թեան քո­ղը“: Այ­լեւս ինչ­քա­նով այս ուխ­տագ­նա­ցու­թեան խոս­տում­նե­րը իրա­ւա­ցի են` կը ձգեմ ըն­թեր­ցո­ղին դա­տո­ղու­թեան եւ հա­մո­զու­մին: Կ՛ու­զեմ փա­կել այս բա­ժի­նը հարց­նե­լով թէ սոյն իրո­ղու­թիւն­նե­րը – Եկե­ղեց­ւոյ բա­ցում եւ պա­տա­րա­գի ար­տօ­նու­թիւն – որո՞ւ հա­մար են, եթէ մենք պի­տի չկա­րե­նանք օգտ­ուիլ…Այդ­տե­ղի աւե­րակ­նե­րը միայն հա­յու՛ հա­մար իմաստ ու­նին:

Կայ եր­րորդ Խում­բը, որ կը կազ­մէ “ընդ­դի­մա­դիր“ ճա­կա­տը եւ որ կը հա­ւա­տայ թէ Արեւմ­տա­հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւնը ան­կախ այս­պէս ասած “բա­րո­յա­կան պարտ­քէ“, կը ծա­ռա­յէ թշնամի­ին ինչ-ինչ շա­հե­րուն, անոր լայ­նա­ծա­ւալ հա­կա­հայ քա­րո­զար­շա­ւին: Թէ ինչ­քա­նո՞վ այս վեր­ջին կէ­տը ճիշդ է` կը մնայ մեր նիւ­թէն դուրս, որով­հե­տեւ կը վե­րա­բե­րի եւ կ՛առընչ­ուի հա­մաշ­խար­հա­յին իրա­ւա-քա­ղա­քա­կան խնդիր­նե­րու հետ, սա­կայն մեր նիւ­թին մաս կը կազ­մէ այս տե­սա­կէ­տին այն ժխտա­կան բայց մի­եւ­նոյն ատեն նուրբ բա­ժի­նը, որ կ՛ըսէ` “Պէտք չէ բա­ցար­ձա­կա­պէս եր­թալ Արեւմ­տա­հա­յաս­տան“ եւ որ մի­ա­ժա­մա­նակ կա­րե­լի է հա­մա­րել այս խմբա­կին թե­րու­թիւնը:

Այս վեր­ջի­նին թե­րու­թե­նէն մեկ­նե­լով պի­տի փոր­ձեմ վե­րո­յիշ­եալ կար­ծիք­նե­րը, բա­ցի առա­ջի­նէն, որոշ չա­փով մի­ա­ձու­լել, առա­ջար­կե­լով որ ի՛նչ կա­րե­լի եւ մի­եւ­նոյն ատեն անհ­րա­ժեշտ է կա­տա­րել:

Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է, այո, պէտք է այ­ցե­լել, այո, սա­կայն էա­կան կէ­տը հոն է, երբ հաշ­ուի կ՛առ­նենք` որո՞նք են այ­ցե­լող­նե­րը եւ ին­չո՞ւ կ՛այ­ցե­լեն: Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը իրենց հա­յե­ցա­կէ­տը կամ սե­ւե­ռա­կէ­տը պէտք է դարձ­նեն ոչ հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րը, այլ ՀԱՅ պատ­մա­բան­նե­րը, ըն­կե­րա­բան­նե­րը, հնա­գէտ­նե­րը, հո­գե­բան­նե­րը, որոնք պէտք է մի­տին այս “թա­քուն“ հա­յե­րուն ճեղ­քե­րը բա­ցա­յայ­տել, որոնց­մով է միայն որ կրնանք այս բո­լոր իրա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն ազ­գօ­գուտ վի­ճակ մը ստեղ­ծել: Այս է հիմ­նա­կան խնդի­րը եւ հոս է որ իբ­րեւ ազգ ձա­խո­ղած ենք: Ան­շուշտ կան ափ մը հայ մաս­նա­գէտ­ներ, որոնք կ՛այ­ցե­լեն Արեւմ­տա­հա­յաս­տան գի­տա­կան եւ ու­սում­նա­սի­րա­կան նպա­տակ­նե­րով, սա­կայն երբ կ՛ըսեմ թէ իբ­րեւ ազգ ձա­խո­ղած ենք, ըսել կ՛ու­զեմ, թէ չենք կրցած այս հիմ­նա­կան եւ առաջ­նա­հերթ խնդի­րը պե­տա­կան մա­կար­դա­կի եւ պե­տա­կա­նօ­րէն մտա­ծել եւ առաջ բե­րել: Այո, քա­ջա­լե­րե­լի է, սա­կայն չի բա­ւեր փոքր գրա­սեն­եակ մը ու­նե­նալ Երե­ւան, զայն ան­ուա­նե­լով “Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի եւ Արեւմ­տա­հա­յոց ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րոն“: Աշ­խա­տան­քը պէտք է տար­ուի պե­տա­կան մա­կար­դա­կով: Փո­խան այդ հա­զա­րա­ւոր տո­լար­նե­րուն, որոնք մեջ­տեղ կ՛ել­լեն չորս տա­րին ան­գամ մը, եթէ քիչ մը յատ­կաց­ուէր նմա­նօ­րի­նակ ծրա­գիր­նե­րու` շատ աւե­լի շա­հե­կան պի­տի ըլ­լար: Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ու­սում­նա­սի­րու­թեան յանձ­նա­խում­բի ստեղ­ծու­մի մը դրու­թիւնը ամե­նա­հիմ­նա­կան եւ ամե­նա­պարզ նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն է, որ­մով կա­րե­լի է սկսիլ: Դա է շա­հե­կա­նը եւ ոչ թէ Թուրք­իոյ առեւ­տու­րը շէնց­նող հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րու կամ ծպտեալ ուխ­տա­ւոր­նե­րու յա­ճա­խա­կի երե­ւոյ­թը: Շա­հե­կան է, որով­հե­տեւ նման այ­ցե­լու­թիւն­ներ իրենց հա­յանպաստ պրպրտում­նե­րով, թա­քու­նը բա­ցա­յայ­տող հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րով իս­կա­պէս կը հար­թեն “ետ­դար­ձի“ ճա­նա­պար­հը: Չու­նի՞նք այս մար­զե­րուն մէջ մաս­նա­գէտ­ներ, ահա ու­րեմն ու­րիշ “ազ­գա­յին պար­տադ­րանք“ մը, որ կը մղէ մե­զի քա­ջա­լե­րե­լու մեր հայ ու­սա­նող­նե­րը` մաս­նա­գի­տա­նա­լու այս ճիւ­ղե­րուն մէջ: Այս չի նշա­նա­կեր սա­կայն թէ միւս ճիւ­ղե­րը կամ երի­տա­սարդ­նե­րը ան­պէտք են, սա­կայն ներ­կայ հանգր­ուա­նին, երբ Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թիւնը կ՛ար­տօ­նէ որ որոշ ար­խիւ­ներ ու­սում­նա­սիր­ուին, իսկ միւս կող­մէ, ինչ­պէս վե­րը յի­շե­ցինք, երբ բազ­մա­թիւ մար­դիկ կը սկսին “վե­րա­դառ­նալ“ իրենց հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րուն, նպա­տա­կա­յար­մար պի­տի ըլ­լար այս գոր­ծը սոյն մաս­նա­գէտ­նե­րուն տրա­մադ­րու­թեան տակ դնել: Ուս­տի միայն Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ Ազ­գա­յին պատ­կան մար­մին­նե­րու քա­ջա­լե­րան­քով է (օրի­նակ դրա­մա­կան կրթան­պաստ­ներ) որ այս բաղ­դա­տա­բար նոր ռազ­մա­վա­րու­թիւնը, որ կը կա­յա­նայ մաս­նա­գէտ­նե­րու պատ­րաստ խում­բի մը մշակ­ման մէջ, կրնայ միայն յա­ջո­ղիլ: Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը մտա­ծել պե­տա­կա­նօ­րէն` կը մղէ որ հայ երի­տա­սարդ ու­սա­նող­նե­րը հե­տե­ւին Օս­մա­նա­գի­տու­թեան, Պատ­մա­գի­տու­թեան եւ նմա­նօ­րի­նակ մար­զե­րու: Քիչ է այն  հա­յե­րուն թիւը, որոնք գի­տեն օս­մա­նե­րէն եւ կրնան լրջօ­րէն ու­սում­նա­սի­րել Օս­ման­եան ար­խիւ­նե­րը: Վստահ ենք որ մեր շար­քե­րուն մէջ կը գտնենք նման եռան­դով երի­տա­սարդ­ներ, սա­կայն առանց մղու­մի եւ քա­ջա­լե­րան­քի այս եռան­դը հետզ­հե­տէ կը մա­րի:

Այս ծի­րէն ներս քա­ջա­լե­րե­լի է նա­եւ գի­տա­կան գետ­նի վրայ գոր­ծակ­ցու­թիւնը հայ եւ թուրք պատ­մա­բան­նե­րու, օս­մա­նա­գէտ­նե­րու եւ ըն­կե­րա­բան­նե­րու, որոնք կ՛ընդ­դի­մա­նան թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ու­րաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ քա­նի մը տարիէ ի վեր աշ­խա­տանք կը տա­նին հե­տաքրք­րա­կան նո­րու­թիւն­ներ յայտ­նա­բե­րե­լով: Ցա­ւա­լի է մէկ կող­մէն, իսկ միւս կող­մէն գնա­հա­տե­լի է ըսել, որ այ­սօր թուր­քեր կան, որոնք հա­յե­րէ աւե­լի նա­խան­ձախն­դիր են այս հար­ցե­րով եւ աւե­լի աշ­խա­տանք կը տա­նին, քան շատ մը հա­յեր: Ան­շուշտ Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի եւ այս պա­րա­գա­յին` ցե­ղաս­պա­նու­թեան խնդի­րը նախ ճիշդ է որ պէտք է խնդի­րը ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան, սա­կայն երբ պե­տա­կան մա­կար­դա­կով կը կազմ­ուի տու­եալ մաս­նա­գէտ­նե­րու յանձ­նա­խումբ մը, ճիշդ պի­տի ըլ­լար նե­րառ­նել այս “բաց­ուած“ թուր­քե­րը մեր աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ, որով­հե­տեւ “միայն մենք“  եթէ զբա­ղինք` շատ սխալ բան մը ըրած կ՛ըլ­լանք: Նիւ­թը կը “հայ­կա­կա­նաց­նենք“: Մենք պի­տի “քաշ­ուինք“ քիչ մը, եւ պի­տի ձգենք որ ու­րիշ­ներ (ալ) խօ­սին մեր դա­տին մա­սին, ու­րիշ­ներ պայ­քա­րին: Հրեա­նե­րուն օրի­նա­կը ամե­նա­լաւ պատ­կե­րա­ցու­մը կու տայ այս երե­ւոյ­թին.- Ամ­բողջ աշ­խար­հը կը խօ­սի իրենց Ող­ջա­կիզ­ման մա­սին…:

Հե­տե­ւա­բար, այս տո­ղե­րէն մեկ­նե­լով կա­րե­լի է եզ­րա­փա­կել, ըսե­լով թէ Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը լոկ եր­թալ-չեր­թա­լու խնդիր չէ, այլ կը կա­րօ­տի Պե­տա­կան (Հա­յաս­տա­նի) մա­կար­դա­կով աշ­խա­տան­քի եւ լուրջ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու, որոնք շատ աւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ պի­տի ըլ­լան օտար­նե­րուն ներդ­րու­մով, իսկ Հ.Յ.Դ.-ն իր կար­գին այս աշ­խա­տան­քի նոր փու­լին մէջ պէտք է գրա­ւէ առաջ­նա­կարգ տե­ղը, տրուած ըլ­լա­լով որ ան նախ ծնաւ ու գոր­ծեց Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի հա­մար, ատոր հա­մար այս հար­ցին լու­սանց­քայ­նա­ցու­մը ան­կա­րե­լի ու վտան­գա­ւոր է եւ Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ոգին վառ պա­հե­լը էա­կան, այ­լա­պէս ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը դադ­րինք ըլ­լա­լէ իս­կա­պէս  Հայ Յե­ղա­փոխա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւն եւ կը դառ­նանք հայ ­յե­ղա­փո­փո­­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թիւն…

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles