ՀՆԳՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄ(ՆԵՐԸ) ԵՒ ԶԷՆՔԻ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 45 Second

1037654173

Խ. Տէր Ղուկասեան

Պարզ զուգադիպութեամբ Կովկասի մէջ ռազմական լայնածաւալ բախումներու երկու իրադարձութիւնները, Վրաստան-Ռուսաստան 2008 եւ Ապրիլի առաջին շաբաթին Արցախի արեւելեան ճակատի երկայնքին, որոնք իրաւմամբ յատկանշուեցան որպէս «պատերազմ» տեւեցին հինգ օր եւ արդէն ծանօթ են որպէս հնգօրեայ պատերազմներ: Առաջին պարագային, սակայն, կովկասեան տարածաշրջան ռազմաքաղաքական կացութիւնը փոխուեցաւ: Վրաստանի այն ժամանակուայ նախագահ Սահաշկավիլիի արկածախնդրութիւնը, որուն դրդապատճառներու յետին ծալքերը այնպէս ալ դեռեւս յստակ չեն, սուղ նստեցաւ երկրին վրայ. Հարաւային Օսեթիոյ ուղղութեամբ սկսած վրացական յարձակողանը շատ շուտ կերպով կասեցուեցաւ ռուսական ուժերուն կողմէ որոնք հակայարձակողականի անցնելով մտան վրացական հողատարածք եւ առաջացան Թպիլիսիի ուղղութեամբ: Թէ ի՞նչ ուժեր Սահաշկավիլիի այն ատեն վստահեցուցած էին թէ Մոսկուայի մադտահրաւէր ուղղելու պարագային պիտի ունենար Արեւմուտքի նեցուկը ծանօթ չէ, յաջորդ օրերու իրադարձութիւնները եկան ցոյց տալու որ օրին Ճորճ Պուշի վարչակարգին մէջ ջղագրգռութիւն կար ինչ որ նշան էր շատ աւելի անզօրութեան եւ հակազդեցութեան այլընտրանքներու անորոշութեան: Եւրոպական Միութիւնը, սակայն, օրուայ նախագահ Սարքոզիի գործօն միջամտութեամբ յստակ դարձուց որ կը բացառէ Ռուսասատանի հետ առճակատման երթալու որեւէ ռիսկ: Մոսկուա, իր կարգին, հնգօրեայ պատերազմին իր կայծակնային յաղթանակը շատ շուտով քաղաքական ձեռքբերումի վերածեց. Մետվետեւ-Փութին կառավարութիւնը ի լուր աշխարհի ցոյց տուաւ տարածաշրջանի մէջ իր տիրակալութիւնը, յստակացուց ՆԱԹՕ-ի յառաջընթացի «կարմիր գիծեր»ը եւ առիթ չկորսնցուց Միացեալ Նահանգներու եւ իր եւրոպացի կարգ մը դաշնակիցներու միակողմանի կերպով նոյն տարուայ Փետրուարին Քոսովոյի անկախութեան ճանաչման պատասխանը տալու՝ իր կողմէ միակողմանիօրէն ճանչնալով Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնները: Թէ որքանո՞վ Մոսկուա անուղղակիօրէն կը փափաքէր այս անհրաժեշտ եւ հաշուարկուած ռիսկով կարճ պատերազմը եւ հետեւաբար անոր մղիչ ուժն էր, ինչպէս սադրանքային տրամաբանութեան ամաթէօրները պիտի պնդեն, քննարկելի հարց է: Յստակ է, որ Մոսկուա պատրաստ էր արագօրէն դիմագրաւելու վրացական յարձակում մը որովհետեւ իր ուժերը արդէն կուտակած էր ճակատին վրայ եւ ձախողեցուց այն ինչ կը թուէր ըլլալ վրացական ռազմավարութիւնը՝ զինուորական յառաջխաղացքը շարունակել առնուազն քառասունութ ժամ որոնց ընթացքին կացութիւն կը փոխուէր տարածաշրջանին մէջ եւ Թիֆլիսի տարբեր դիրքերէ կրնար բանակցիլ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիայի հարցերով: Մէկ խօսքով, Կովկասի առաջին հնգօրեայ պատերազմին Ռուսաստան դերակատար էր:
Արցախի արեւելեան ճակատի երկայնքին ազրպէյճանական լայնածաւալ յարձակումը տարբեր գնահատանքի արժանացաւ Մոսկուայի կողմէ եթէ հետեւինք Մետվետեւի հրապարակային յայտարարութիւններուն: Կացութեան փոփոխութեան հարց չկայ հոս որովհետեւ որքան ալ որ ծանրակշիռ եւ ահազանգային եղաւ զինադադարէն ի վեր աննախընթաց այս ռազմական բախումը, Կովկասի երկրորդ հնգօրեայ պատերազմը, ի վերջոյ նոյն ստատուս քուօ-ն է: Յառաջապահ դիրքերու իրավիճակին մանրամասնութիւնները, որքան ալ որ զինուորական իմաստով կարեւորուին, թէ երկուստեք զոհերու քանակը վերջին հաշուով քաղաքական գնահատանք պիտի ստանան ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ երկու կողմերու առաջ տարած յարաբերական եւ քարոզչական աշխատանքներու արդիւնքով: Այլ խօսքով՝ հնգօրեայ պատերազմին շարունակութիւնը պիտի ըլլայ արդէն սկսած քաղաքական պայքարը: Պատերազմի մասին իր հանրածանօթ ուսումնասիրութեան մէջ բրուսիացի զինուորական Գլաուսեվից պատերազմը բանաձեւած է որպէս քաղաքականութեան շարունակութիւն: Արցախեան պատերազմը այն պարագաներէն է որ Գլաուսեվիցի բանաձեւումը պէտք է ընկալուի հակառակ իմաստով. քաղաքականութիւնը դեռ չաւարտած պատերազմի շարունակութիւնն է: Կացութիւնը այդպէս ընկալած է Ատրպէյճան որ շահագրգռուած է գոյավիճակի խախտումով եւ եթէ նման մօտեցում չունենայ նաեւ Հայաստանը ապա եւ քաղաքական գետնի վրայ տեղի պիտի տայ եւ, յոռեգոյն պարագային, կրնայ եւ օր մը պատերազմը կորսնցնել թէկուզ եւ առանց ոչ մէկ փամփուշտ կրակելու… Այս կը նշանակէ որ եթէ մէկ կողմէ հայ ժողովուրդը ցոյց տուաւ որ ի հեճուկս սուլթան Ալիեւի այն համոզումին որ նման կացութիւններ յուսալքութեան կը տանին վերապրումի առողջ բնազդով պատրաստ է հայրենիքը պաշտպանելու: Արցախը պահելու կենսական անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը հարցականի տակ չի դրուիր: Բայց նաեւ պետական-քաղաքական շրջանակներու մէջ ալ ստատուս քուօ-ի առաւելութիւնը պէտք է այլեւս հարցականի տակ դրուի: Որքան ալ որ Մոսկուայի դիրքը արցախեան հարցով հարիւր տոկոսով տարբեր է Աբխազիոյ եւ Հարաւաձին Օսեթիոյ պարագաներէն եւ այդ մասին հրապարակային իր յայտարարութիւնները բարացուցական են: Մոսկուա գիտակի՞ց է ստատուս քուօ-ի ռիսկէն: Եթէ Մետվետեւի ափ-աշկարա խոստովանութեան հետեւինք ապա եւ յստակ կը դառնայ որ Մոսկուա ոչ միայն գիտակից է այդ ռիսկին, պարզ եւ մէկին՝ պատերազմական գործողութիւններու վերսկսումին, այլեւ շահագրգռուած է անով որպէսզի շարունակէ երկու կողմերուն զէնք վաճառել: Այլապէս, ըստ Ռէօթըրզի ըսած է Ռուսաստանի Վարչապետը, Մոսկուա շուկայ կը կիրսնցնէ քանի Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պիտի շարունակեն զէնք գնել ուրիշներէ: Նման պատերազմներն ալ առիթ կ՚ընծայեն որպէսզի իր նոր զէնքերու որակը փորձարկուի գործնական գետնի վրայ…
Մեքսիքացիները յաճախ գանգատած են որ իրենց երկրի դժբախտութիւնը Աստուծմէ այնքան հեռու եւ Միացեալ Նահանգներու այնքան մօտ ըլլալն է: Պահ մը մէկ կողմ դնելով Աստծոյ մօտ ըլլալու կամ չըլլալու հարցը, կարծես թէ Հայաստանի համար Ռուսաստանի այսքան մօտ ըլլալը, կամ տասնըիներորդ դարէն ի վեր Ռուսաստանի այսքան մօտենալը Հայաստանին նմանօրինակ գնակատանքի պէտք է արժանացնել… Կը մնայ որ, ի տարբերութիւն Մեքսիքոյի որ թերեւս կրնար Միացեալ Նահանգներէն «հեռանալու» համար աւելի համարկուիլ իր լատինամերիկեան շրջապատին հետ, ինչ որ, ի դէպ, ի վերջոյ չըրաւ եւ 1995ին մաս կազմեց Հիւսիսամերիկեան Ազատ Առեւտուրի Համաձայնագրին, Հայաստանը չունի այն շրջապատը ուր կրնայ այլընտրանքային ելք տեսնել: Հետեւաբար, թէկուզ եւ լաւ իմանանք որ Ձարերը խորքին մէջ ուզած են Հայաստան մը առանց հայու, որ Կոմիսարները չեն վարանած «համաշխարհային յեղափոխութեան» սեղանին զոհաբերել Արցախն ու Նախիջեւանը առանց դեռ խօսելու Սեւրի Դաշնագրին եւ Արեւմտահայաստանին մասին, եւ այսօր զէնքի վաճառական Օլիկարգները թքած ունին Ազրպէձճանին իրենց վաճառած զէնքով սպաննուած հայ մանուկին վրայ, լափալիսեան ճշմարտութիւն է որ դեռեւս պիտի նայինք դէպի հիւսիս՝ ձարական, համայնավարական թէ դաշնային հանրապետութեան դիմակով հանդէս եկող կայսրութեան:
Կը մնայ որ այս ճշմարտութիւնը, գոնէ անկախութենէն յետոյ, ոչ ճակատագրապաշտութիւն կը նշանակէ, ոչ ալ Ռուսաստանէն մեր փրկութիւնը սպասելու խաբկանք: Տասնըիներորդ դարու հայ քաղաքական մտածողութիւնը, որ կազմաւորուեցաւ հայութեան երկու կայսրութիւններուն միջեւ բաժնուած պատմական իրավիճակի պայմաններուն մէջ, նման խաբկանք չէ ունեցած: Ստեփան Ոսկանէն մինչեւ Քրիստափոր Միքայէլեան ռուսական նպատակներու նկատմամբ վերապահութիւնը բացայայտ եղած է որովհետեւ անոր կայսերական բնոյթը վստահութիւն չէ ներշնչած երբեք: Բայց այլընտրանքը չէ եղած «Միութիւն Թուրքերի Հետ» ինչպէս խորագրած է Քրիստափոր այս նիւթին մասին իր յօդուածներէն մէկը «Դրօշակ»ի մէջ: Այսօր նման այլընտրանք չկայ, ոչ ալ, ինչպէս որոշ շրջանակներ կը հաւատան, Ռուսիա կամ Արեւմուտք այլընտրանք: Հայաստանի աշխարհաքաղաքական պայմանաւորումները յստակ են: Ինչ որ պէտք է յստակացնել ազգային շահերն ու առաջնահերթութիւններն են: Երբ ատենին Հայաստան վերանորոգեց ռուսական զինուորական խարիսխներու պայմանագիրը քառասուն տարիներու վրայ հանգուցեալ Վահան Յովհաննիսեանն էր որ հարցականի տակ դրաւ առնուած քայլին իմաստութիւնը: Այսօր նախագահ Սարգիսեանն ու վարչապետ Աբրահամեանն են որ Մոսկուայի մեր «ռազմավարական» դաշնակիցին հարց կու տան թէ ինչո՛ւ Ատրպէյճանին զէնք կը վաճառէ եւ կը ստանան Մետվետեւի անբարտաւան պատասխանը որուն մասին շատ հաւանաբար արդէն իսկ կասկած չունէին:
Աշխարհաքաղաքական իր կացութեան բերումով Երեւան այսօր քիչ հաւանականութիւն ունի իր դաշնակիցին համոզելու որ մէկ կողմ դնէ զէնքի վաճառականի իր տրամաբանութիւնը երբ խնդիրը Կովկասի նման տարածաշրջանի մը պայթունավտանգութիւնն է: Անիրապաշտութիւն է Հայաստանի Ռուսաստանէն կախուածութեան իրավիճակին ժխտումը: Բայց այս մէկը խնդիր է որուն լուծումի փնտռտուքը առաջնահերթային է: Ինքզինք պէտք չէ խաբել որ Եւրոպական Միութիւնը կամ Միացեալ Նահանգները կրնան Ռուսաստանի փոխարինել որպէս դաշնակից, վտանգաւոր ցնորք է միայն: Բայց պէտք է մտահոգուիլ որ հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ իրենց կենսական գոյութեան թէ կենսամակարդակի բարելաւման համար Ռուսաստանի կը նային որպէս փրկութեան լաստ երբ կարելի է օլիկարգներուն ընչաքաղցութեան բանական սահմաններ ճշդել եւ ձգտիլ ընկերային աւելի արդար կարգերու: Հնգօրեայ պատերազմը երեւան հանեց հայ ժողովուրդի հայրենասիրութիւնը եւ ազգային յանձնառութեան մակարդակը: Պատմական առիթ ստեղծուած է որ այս մոմենթը հաստատագրուի եւ հայրենիքի համար զոհուելու պատրաստ քաղաքացին, հա՛յը ընդհանրապէս, հոն նաե՛ւ տեսնէ արժանապատիւ կեանքի եւ իրերայաջորդ սերունդներու ապագայի կարողականութիւն: Այլապէս, եթէ այս մոմենթը անցնի եւ երկրի տնտեսական քաղաքականութիւնը նպաստէ մէկ տոկոսի յաւելեալ հարստացման, դէպի Ռուսաստան արտագաղթելու ստիպուած քաղաքացին շուտով պիտի մոռնայ Մետվետեւի յայտարարութիւնը: Ռուսաստանի Վարչապետին շատ ալ հոգը չէ այս մէկը, բայց Ալիեւի ուզածն է, այդ մասին հրապարակային կերպով յայտարարած է եւ այդ նպատակով ալ շղթայազերծած է այս վերջին հնգօրեայ պատերազմը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles