
Արմենակ եւ Էլպիս Երեւան են: Արմենակ Թովմաս առաքեալին պէս է. հաւատալու համար պէտք է տեսնէ: Հայաստան ցոյցեր կային: Ժամադրուեցանք: Պերճ Հիւսիսային Պողոտայի պերճ սրճարանի մը մայթին վրայ տեղ գտանք եւ բաժակ մը սուրճի շուրջ սրտցաւութեան մեր անաւարտ զրոյցները շարունակեցինք:
– Մակա՛ր, նայի՛ր շուրջդ, դիտէ՛ փողոցի ամբողջ երկայնքով վեր-վար քալող բազմութիւնը, կարծես կը գտնուիս Ֆրանսայի, Իտալիոյ կամ Սպանիոյ զբօսաշրջային ծովափը: Ըսին որ ցոյցեր կային, դժգոհութիւններ: Հոս, վերջին նորաձեւութիւններով եւ արտառոցութիւններով պճնուած երջանիկներ ման կու գան:
– Ճիշդ ես:
– Կը հաւատա՞ս, որ Հանրապետութեան հրապարակի կառավարութեան շէնքին առջեւ կամ Օփերայի Ազատութեան հրապարակի բարձրախօսներով գոռացողներու բազմութիւնը եւ մեր առջեւէն տողանցողները նո՞յն երկրի քաղաքացիներ են:
Էլպիս առանց հայեացքը անցորդներէն հեռացնելու, ըսաւ.
– Կը թուի թէ այս պողոտան վարձած են եւրոպական եւ ամերիկեան նորաձեւութեան տուները: Շորերու այլազանութեան տողանցք կայ: Ի զուր չէ, որ մեր դրացի տնտեսագէտ Ապրամը ըսաւ, որ Հայաստան շատ դրամ կայ: Եւ աւելցուց, թէ ինք չէ հասկցած, թէ ինչպէ՞ս:
Արմենակ շարունակեց.
– Իմացած ես, որ Մայիս 1-ին մեծ ցոյց տեղի պիտի ունենայ կառավարական շէնքին առջեւ, որ միշտ պաշտպանուած է բանակ մը ոստիկաններով: Երթի ցոյցերն ալ միշտ պաշտպանուած-օղակուած էին ոստիկանական բազմամարդ ջոկատներով:
– Արմենա՛կ, հակառակ շռայլութիւններու, զանգուածը դժուար կ’ապրի, յաճախ թշուառութեան մէջ, երէցներու թոշակները չնչին են, հեռու իշխանութիւններու պերճանքներէն: Կը գումարուին պարտութիւնը եւ անոր հետեւանքները: Կացութիւնը այնպէս է, որ կարծես Հայաստան ամէն օր կը պարտուի, անոր կը պարտադրուին զիջումներ:
– Ճիշդ ես, պարտութեան հետեւող բնական իշխանափոխութիւնը կը պահանջեն: Հանրութեան մէկ մասը կրաւորական է, ընդարմացած է այն քարոզչութեամբ, որ ասոնք ղրկե՞նք որ թալանչիները գան: Կարծես մարդիկ չեն տեսներ, որ հայրենիք կը կորսնցնեն, հող կը կորսնցնեն: Ոմանք նոյնիսկ համոզուած են, որ զիջուող հողերը մեզի չէին պատկաներ, մենք գրաւած ենք:
Լուռ հետեւող մտահոգ Մակարուհին մենախօսելու պէս ըսաւ:
– Եթէ Մայիս 1-ին բողոքող բազմամբոխ զանգուածը յարձակի Կառավարական Շէնքին վրայ, եթէ բախում տեղի ունենայ զինուած ոստիկանական ջոկատներուն հետ, ի՞նչ պիտի ըլլան հետեւանքները:
– Գիտէք ի՞նչ, նախկին խորհրդային բոլոր հանրապետութիւններուն մէջ եղան քաղաքացիական կռիւներ: Հայաստան զերծ մնաց նման աղէտէ: Կը խորհիմ, որ այնտեղէն մենք ալ պէտք է անցնէինք խաղաղելու համար,- ըսաւ քաղաքական կուրու Կեդրոնականցին:
Ժամանակը կը յառաջանար: Բարձրացանք Հիւսիսային պողոտայով, գացինք Օփերայի շէնք, որուն շուրջ բաձրախօսներու աղմուկով երկու հանրաժողովներ կային:
Փորձութիւններու նախօրեակներ են:
– Երկիրը պարտութեան առթած երկփեղկումով եթէ մնայ, կը դատապարտուի անվերականգնելի փլուզման,- եզրակացուց Կեդրոնականցի իմաստունը, երբ բողոքողներու մէջ էինք:
Մակար ի Գաղիա, 28 Ապրիլ 2022