
Գէորգ Պետիկեան
Անմեղ հարցում մը: Արդեօ՞ք կը ճանչնաք այս մարդը: Պարոն Պաղտասարը։
Հարկաւ՝ ոչ: Ուրկէ~ ո՞ւր: Ես ալ չէի ճանչնար: Պարզեմ: Մեր թաղի, հայ դրացի-ներէս մէկուն խնամին է։ Զինք «պէ-պէ» կ՚անուանեն։ Այսպէս է ծածկանունը: Ժամանակին ֆրանսացի հանրայայտ դերասանուհիներէն՝ Պրիճիտ Պարտոյին՝ մենք «պէ-պէ»ով կը ճանչնայինք։ Բայց այս մէկը բոլորովին տարբեր էր։ Հիմա կը պարզեմ։ Բարձրահասակ, լեցուն ստամոքսով, հաստ պեխերով ու յօնքերով, մեծ քիթով եւ ականջներով պոռոտախօս հայ մը, որուն տարիներ առաջ, թաղի դրացիիս աղջկան խնամախօսութեան հաւաքոյթին դժբախտաբար հանդիպած էի: Երանի չհանդիպէի։
Առաջին իսկ հերթին, ան ինծի «տեսակ» մը երեւցաւ: Անհամակրելի մը:
Վաթսունի շատ մօտ մէկն էր մեր այս «պէ-պէ»ն, որ ամէն առիթով եւ ամէն կերպով կը փորձէր այս ափերուն մեր կեանքի պայքարը իր հասկցած ձեւով եւ կերպով նաեւ միացնել մեր ազգային գոյատեւման: Անոր համար ամէն հաւաքի, հասնողին առատօրէն խելք կը բաժնէր եւ այսպէս իր ձրի խրատականներով՝ «կ՚արդուկէր» մարդոց արդէն յոգնած գլուխները: Թէեւ տարիներէ ի վեր անգործ էր, բայց հարուստի նման կը խօսէր, կարծես ճարպիկ ամերիկացի մը ըլլար։
Օտարներու շատ մը թերութիւնները շալկելով հանդերձ ինքզինք զտարիւն հայ կը ներկայացնէր:
Հայկական պար եւ կամ պարել չէր գիտեր: Իրեն համար պարը, ամօթ կը նկատէր: Թէեւ շատախօս էր, բայց մէյ մը, որ օղին առանց ջուրի խմել սկսէր, կարծես լեզուին կապերը աւելի կը քակուէին: Իր կնոջ համաձայն, «մեղայ, տան մէջ միշտ սուսիկ-փուսիկ է մարդս», անձայն, անաղմուկ ու հնազանդ»: Հետաքրքրականը այն էր, թէ ինք այս մէկը կ՝արդարացնէր, ըսելով, թէ իրենց տան մէջ, իր կինը իրեն խօսելու առիթ երբեք չէր տար։
Մանուկ հասակին, հայրը իրեն սորվեցուցած էր կեանքի քանի մը էական օրէնքները: Ու հօրը հնազանդ զաւակ՝ իր մտքին մէջ ամրօրէն պահած էր այդ խրատները: Հայրը նաեւ իրեն խստօրէն թելադրած էր, որ «եթէ դրամ շահիլ կը սիրէր, պէտք էր, որ բժիշկ կամ երկրաչափ ըլլար», կամ «եթէ կ՝ուզէր ազգին ծառայել՝ պէտք էր, որ միայն ազգին ղեկավարը դառնար»։ Ապա «եթէ անպայման կ՝ուզէր օրուան հացի կարօտ մնալ՝ հայ գրող պէտք էր որ ըլլար…»:
Բայց «ինքը ո~ւր, գրողը ուր», յաճախ արտայայտուած էր հայրը, ցաւալիօրէն։
Ասոնք խրատականներ էին, որոնք իր ականջին օղ ըրած, ոչ միայն իր հետը կը պտտցնէր այլ՝ բոլորին ե՛ւ ձրիօրէն բարձրաձայն ու առատ՝ կը բաշխէր:
Ասով հանդերձ սակայն, ինքզինք մեծ հաւատացեալ կը նկատէր: Թունդ քրիստոնեայ: Իր խօսակցութենէն եւ ձայնի ելեւէջներէն այդ մէկը կարելի էր նկատել: Կիրակի օր եկեղեցի երթալու համար, քանի մը օրեր առաջ կը պատ–րաստուէր: Շաբաթ օր երկար կը լոգնար եւ տաղաւար օրերուն ալ՝ իր կնոջ կ՚արգիլէր լուացք ընել:
Օտար սովորութիւններ «ներս» չբերելու համար, ամուսնացած էր իր հայրենակիցի աղջկան էր: Բայց այս մէկը, իր հետ ուրիշ հարցեր ալ բերած էր: Ու հակառակ այս բոլորին, ինքզինք կնամեծար ցոյց կու տար:
Անկեղծ ըսելով, ինծի համար ի՛նք միտքով յեղափոխական էր, բայց իրականութեան մէջ՝ տեղափոխական: Այսպէս, մինչեւ Ամերիկա իր հաստատուիլը, քանի՜ քանի՜ երկիրներէ անցած էր: Բացի ասկէ, մեր առաջին իսկ հանդիպման ընթացքին, նոյնիսկ առաջին կէս ժամուան մէջ, չես գիտեր ինչո՞ւ, երեք անգամ իր նստած տեղը փոխած էր:
Մեսրոպ Մաշտոցով շատ կը հպարտանար: Նոյնպէս՝ Խրիմեան Հայրիկով, Հրազդան գետով եւ Երեւանով: Ու հակառակ անոր, որ Վանեցի մը չէր, կը կարծէր, որ Վան քաղաքը Վանայ լիճին վրայ գտնուող միակ նաւահանգիստն էր։ Ըստ իրեն, եթէ իր ծնած երկիրը ապրած մնար, վաճառականութեամբ պիտի զբաղուէր, բայց հո՛ս, անգործութիւնը զինք աւելի հեզասահ կեանքի վարժեցուցած էր: Գաղութի հայութեան թիւին վրայ մեծ հիացումունք ունէր, անոր հա-մար «այս Ամերիկան, Միջին Արեւելքէն ետք՝ իր երկրորդ հայրենիքը» կը նկատէր:
Մէկ խօսքով տիպար, շատախօս արեւելքցի մըն էր: Մոլի եւ ծայրայեղ հայ ըլլալով հանդերձ, ստամոքսը շատ կը սիրէր: Իրեն համար առաջնակարգ տեղ կը գրաւէին խորովածն ու «պանճանով» սմբուկով քէպապը, «պէքմէզ»ով հացն ու միջիկով քիւֆթէն: Իսկ «լահանայի» կաղամբի թուրշիի ջուրը միայն կը խմէր՝ երբ փորը ցաւեր: Ասոնց վրայ աւելցուցէք նաեւ «պասթրման» ու «սուճուխ»ը…,
Մէկ խօսքով, ի ծնէ շատակեր եւ նոյնքան ալ «բանգէտ» մըն էր: Ինքզինք թէ՛ հայասէր եւ թէ՛ հայագէտ կը ներկայացնէր։ Այս մէկը, մեր բոլոր հանդիպումներուն ամէն անգամ շեշտած եւ յիշեցուցած էր:
Ապա իրեն համար մեծ ցաւ էր, որ «մեր մայրենի լեզուի բառապաշարի աղքա-տութիւնը», ու կ՚աւելցնէր՝ «հայերէնը՝ երթալէն կը կորսնցնէ կոր իր մեծ հարս–տութիւնը». Թութակի պէս այս բոլորը կը կրկնէր շարունակ եւ ինքզինք արդարացնելու համար կ’ըսէր.-
-Օրինակ մենք թրքերէն «պօշկէզէն» բառին հայերէնը չունինք, տեսա՛ք…:
Միտքէս կ՝ըսէի, որ եթէ այս բառին հայերէնը ունենայինք, ինք ինծի համար ամէնէն յարմար թեկնածուն պիտի ըլլար: Եւ տակաւին շարունակելով կ՚աւելցնէր.- «ըսէ՛ք տեսնեմ, երբ կ’ըսենք «Ճիհաննէմ» արդեօ՞ք դժոխք բառին ճշգրիտ իմաստը տուած կ՚ըլլանք»։ Եւ օրինակներ ու օրինակներ…։
Էականը այն էր, թէ ի՛նք կը հարցնէր եւ թէ՛ ալ իր հարցումին ի՛նք կը պատասխանէր ու մեզի առիթ չէր տար, որ մենք ալ մեր կարծիքը տայինք։
Անկախ այս բոլորէն, գրաբարը սորված էր եկեղեցի երթալով, աշխարհաբարը՝ դպրոցէն ներս, իսկ թրքերէնը՝ կօշկակարներու շուկայէն: Նախակրթարանի աշակերտ եղած ժամանակ, քերականութեան դասը չէր սիրած, որովհետեւ օր մը, երբ ուսուցիչը ժխտականը բացատրելէ ետք աշակերտներէն օրինակ մը ուզած էր, ինք իբրեւ ուշիմ եւ խելացի աշակերտ, շուտով օրինակ մը տուած էր.-
– «Քիւֆթէ – չիւքիւֆթէ»:
Իր կարգին ուսուցիչը պատասխանած էր.-
– Ապրի՛ս, հիմա ըսէ՛ տեսնեմ, խելացի տղա՛ս, դուն «ախմախ ե՞ս, թէ ո՛չ չախմախ» -ու զինք իբրեւ դասապահը խանգարող աշակերտ՝ տնօրէնին մօտ ղրկած էր:
«Մարդ բախտաւոր ծնած պէտք է որ ըլլայ» կը կրկնէր միշտ: Բայց հակառակ այս բոլորին, երբեք յուսահատող մը չէր եղած: Այլ՝ միշտ խնդումերես: Իրեն համար «վրան բաց», կամ «տակը գոց» կատակ չկար, բոլորն ալ նոյնն էին:
Անկախ հայերէնէն, նաեւ շատ մը ուրիշ լեզուներ ալ գիտեր: Միայն «խէրն անիծածը» պարսկահայերէն չէր ըմբռներ, իսկ արեւելահայերէնն ալ՝ «եթէ ռուսերէն բառեր չխառնէին, սանկ-նանկ քիչ մը կը հասկնար», իսկ, «մեր հայերէնը՝ իրեն համար գաւաթ մը ջուրի պէս էր»։ Տակաւին գիտեր քիչ մըն ալ ֆրանսէրէն, բայց թրքերէնը «մի՛ հարցնէ՛ք, պիւլպիւլի» պէս: Թէեւ «իր անգլերէնը այդքան ալ զօրաւոր չէր, բայց իր խնամիներէն աւելի լաւ գիտեր»:
Ամերիկա հաստատուած առաջին իսկ օրէն իր հայ եւ օտար դրկիցներէն սորված էր այս երկրի ընկերային ծառայութեան բոլոր օրէնքներն ու կանոն–ները եւ յատկապէս օգտուելու կերպերը: «Ֆուտ ըսդամբ», «ուալֆէր», «ինվալիտ» ասոնք անծանօթ բաներ եւ բառեր չէին իրեն համար: Անոր համար էր, որ «անգործ մնալը» կը նախընտրէր:
Բայց, այս նախաբանս անոր համար, որ բարեկամս՝ մեր «պէ-պէ»ն, այս օրե–րուն յանկարծ որոշած էր գործ փնտռել. «ինչ կ՝ըլլայ, որ աւելորդ դրամը աչք կը հանէր» պատճառաբանելով, միայն՝ «քէաշ» կանխիկ պէտք է վճարուէր:
Արդ, եթէ իրեն յարմար թելադրելիք գործ մը ունիք, կը խնդրեմ զինք տեղեակ պահեցէ՛ք: Ինք, ամէն օր, մինչեւ կէսօր, քաղաքի յայտնի «մեծերու» մանկա–պարտէզը կ՝ըլլայ, երեկոները՝ հանրային գրադարան անգլերէն եւ օտար «մակազիններուն» նկարները դիտելով կը զբաղուի, իսկ Շաբաթ օրերն ալ՝ իրենց տան դիմացի «փարքը», իր տարեկիցներուն հետ նարտի կը խաղայ։
Չմոռնաք…:
ՇԱՏ ՀԱՃԵԼԻ ԳՌՈՒԹԻՒՆ Է; ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ ՄԵԿԵՆ ԻՎԵՐ, ԿՈԿՈՐԴՍ ՍԵՂՄՈՒԱԾ, ԱՉՔԵՐՍ ԱՐՁՈՒՆՔՈՏ ՇԱՐԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏԻ ՊԱՏՃԱՐՈՎ, ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ԿՈՒՇՏ ՈՒ ԿՈՒՐ ԽՆԴԱՑԻ:
– «Քիւֆթէ – չիւքիւֆթէ»
«ախմախ ե՞ս, թէ ո՛չ չախմախ» –