ՀԻՆ ԲԱՅՑ ՉՀԻՆՑԱԾ ԽՕՍՔԵՐ ԵՒ ԹՈՒՂԹԵՐ՝ ՄՈՌԱՑՄԱՆ ԴԷՄ

0 0
Read Time:6 Minute, 34 Second

 Յ. Պալեան

            Ցերեկները երկար չեն տեւեր, արեւ չկայ եւ միօրինակ գորշ լոյսը կը մղէ հեռու եւ մօտ անցեալը տնտղելու: Իսկ տօնական օրերուն հեռատեսիլն անգամ անցեալ տարուան նմանող իր աղմկարարութեամբ մածուցիկ ձանձրոյթը կը տարածէ չորս դին:

            Հայ կեանքին մէջ այնքա՜ն բազմաթիւ են ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն ստեղծելու միտող ձեռնարկները: Առիթ եթէ չկայ, կը բանանք պատմութեան ժամանակագրութիւնը եւ անպայման բան մը կը գտնենք: Ջարդ կամ կռիւ, յաղթանակ եւ պարտութիւն, ազգի փառքերէն մէկուն կամ միւսին ամեակը, եւ բեմադրութիւն կը կազմակերպենք. սրահ մը, տեսաներիզ մը, պատգամ փոխանցող մը, որպէս յաջողութեան գրաւական երգիչ մը կամ երգչուհի մը, որ կոչուած է աւելի տպաւորիչ ըլլալու, եթէ յատուկ կերպով Հայաստանէն, Լիբանանէն, Լոսէն կամ Արցախէն եկած ըլլայ:

            Եւ հայրենասէրի մեր պարատականութիւնը կատարած կ’ըլլանք: Այդ պարտականութիւնն ալ քաղաքական, հայրենասիրական, երբեմն ալ՝ յեղափոխական: Մեր երփներանգ դրօշակի գոյներով բեմ կը զարդարենք, կրծքանշան կը դնենք լամբակներու վրայ: Աղմուկ: Երբեմն կը հարցնե՞նք մենք մեզի, թէ ինչո՞ւ գացինք, ի՞նչ կը սպասէինք, ի՞նչ լսեցինք, մանաւանդ ի՞նչ եղած է մէկ ամեակէ միւսը: Նախորդ ամեակներու ըսուածին եւ գործին անշպար հաշուետուութիւնը ի՞նչ կ’ըսէ ազգի իրաւունքի պաշտպանութեան արդիւնքի մասին:

            Երբեմն նայուածքս մեր նեղ եւ հետզհետէ աւելի նեղցող շրջանակ-շրջապատէն դուրս կ’ուզեմ պտտցնել, որպէսզի թրթուռի պէս խոզակի մէջ չմնամ, կամ մեծ առակագիր բանաստեղծ Լա Ֆոնթէնի նկարագրած վանականին պէս չըլլամ:

            Ի՞նչ կ’ըսէ առակը.

Արեւելքցիները իրենց առասպելներուն մէջ կ’ըսեն

Որ մի ոմն Առնէտ խոնջած այս աշխարհի հոգսէն

Հոլլանտական պանիրի մը մէջ

Հեռացաւ այս աշխարհի տաղտուկներէն:

Առանձնութիւնը խորն էր,

Շուրջ բոլորը տարածուող:

Մեր նոր մենակեացը հոն կ’ապրուէր:

Այնքան ճգնեցաւ ոտքով եւ ատամով,

Որ քիչ ժամանակէն ճգնարանի խորը ունեցաւ

Ուտեստ եւ սպաս. ինչ պէտք կայ աւելիին:

Մեծցաւ եւ գիրցաւ: Տէրը իր բարիքները կը շնորհէ

Անոնց որոնք կ’ուխտեն իրեն հետ ըլլալ:

            Այդ առնէտին պէս, աստ եւ անդ, կ’ապրինք մեր ամեակներով, զբօսաշրջութեամբ, ժողովներով եւ յայտարարութիւններով, Հրազդանի ափէն եւ սունկի պէս բուսնող մանհաթանեան շէնքերէն մինչեւ Պէվըրլի Հիլզ, անցնելով Էյֆէլի աշտարակի մօտէն, մինչեւ ագեվազներու աշխարհը, Հոնոլուլիւ, Ֆլորիտա, Աքաբուլքօ, Փունթա տէլ Էսթէ:

            Ո՞վ կը յիշէ, որ քառորդ դար առաջ ահաւոր ոճիրներ գործուեցան մեր ժողովուրդին դէմ: Այդ ոճիրներու չափ ահաւոր է այն զգացումը որ կը պարտադրուի մեզի, երբ կը տեսնենք, կը լսենք որ նոյնատեսակ ոճիրներու ամբաստանութեամբ ուրիշներ Միջազգային Պատժական ատեան կը տարուին, կը դատուին եւ կը դատապարտուին: Ոչ երէկի պատմութիւն դարձած մեր անցեալի ոճրագործները եւ ոչ ալ մեր ներկայի ոճրագործները դատարան տարուեցան: Սերպ նախագահ մը, զօրավար մը, Միջազգային Պատժական Ատեանին կողմէ դատուեցան եւ դատապարտուեցան: Ի՞նչ ըրած էին: Ազգաբնակչութիւն ջարդած էին, ցեղային մաքրագործում ըրած էին (purification ethnique):

            Ո՞վ այսօր կ’ըսէ, որ Արեւմտահայաստանի տարածքին տեղի ունեցած էր ցեղային մաքրագործում, որուն հետեւանքները կը շարունակուին հարիւր տարիէ ի վեր, մեռածներէն ետք հայրենահանուածներու սերունդներով, առանց Նիւրեմպերկի մը կամ Միջազգային Պատժական ատեանի մը վճիռին արժանի ըլլալու: Ինչո՞ւ այս դաւադիր-մեղսակցութիւնը կը շարունակուի:

Մենք ծէսերով կը յիշենք հեռաւոր համարուող եւ մօտաւոր անցեալի եղեռնագործութիւնները: Տպաւորիչ են ծէսերը, Ծիծեռնակաբերդի քարային մերկութիւնը գորգի պէս ծածկող ծաղիկները: Յետո՞յ: Անոնք կը տեւեն հանդիսութեան մը կեանքով: Ոչ ոճիրը կը դատապարտուի, ոչ արդարութիւնը կը վճռէ: Ներկայ կ’ըլլան մեր նորագոյն պամութեան ծանօթ դէմքերը: Չեն մոռնար: Յետո՞յ: Այդ ներկայութիւնը յիշեցում է, որ դեռ չյաջողեցանք միջազգային ճանաչման արժանացնել մեր ժողովուրդին դէմ գործուած չարիքները: Ինչպէ՞ս Միջազգային Պատժական Ատեանը կը դատէ Սերպիոյ նախկին նախագահը եւ զօրավար Մլատիչը, եւ մոմիայի լռութիւն կը պահէ Ատրպէյճանի մէջ գործուած ոճիրներուն համար:

            Ինչո՞ւ մեր զանազան ներկայացուցիչները, որոնք արդէն վարժուած են միջազգային բեմերէն խօսելու, հարց չեն տար, թէ ինչո՞ւ Միջազգային Պատժական Ատեանը, ինչպէս կ’ըսեն ֆրանսացիները, երկո՞ւ արագութեամբ կը գործէ (une justice à deux vitesses):

            Այս ակնյայտ անիրաւութիւնը կարծէք չ’անհանգստացներ մեզ, չ’անհանգստացներ նաեւ միջազգային արդարութեան եւ այդ կարգի խօսքերու պճնամոլութեամբ (snobisme)ով բարբառողները:

            Բացի հարազատներէն եւ զինուորականներէն, ո՞վ կը յիշէ հայ սպայ Մարգարեանի սպանութիւնը:

            Յիշեցնենք: 2004ին ձերբակալուած ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարով դատապարտուած էր ցկեանս բանտարկութեան, հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած եւ սպաննած ըլլալու յանցանքով: Վճիռը կ’ըսէր, որ մինչեւ երեսուն տարի ներման թոյլտուութիւն կարելի պիտի չըլլար: Բայց վեց տարի ետք, Սաֆարով ղրկուած էր Ատրպէյճան, պատիւներով ընդունուած էր, Իլհամ Ալիեւ անոր ներում շնորհած էր եւ տուած աստիճանի բարձրացում:

            Ո՞վ պիտի յիշեցնէ Հունգարիոյ, որ մեղսակից դարձած է հայ սպայի սպանութեան,  թոյլ տալով որ Իլհամ Ալիեւ Հունգարիոյ դատարանի վճիռը խայտառակելով: Ոչ Ատլանտեան Ուխտը (ՕԹԱՆը), ոչ ալ Եւրոպական Միութիւնը ձայն-ծպտուն չհանեցին, լուռ կը մնան մինչեւ այսօր: Այս վերաբերումը քաջալերանք է անտառի օրէնքին հետեւելու ատրպէյճանական քաղաքականութեան:

            Ինչո՞ւ գրականութեան նոպէլեան դափնեկիր Սվետլանա Ալեքսիեւիչի վերականգնուած յիղողութիւններուն մէջ տեղ գտած մարդկութեան դէմ գործուած ատչպէյճանական ոճիրները չեն յիշեցուիր Օսլոյէն մինչեւ Նիւ Եորք: Ինչո՞ւ այս բոլոր ոճիրներու ամբաստանագրով Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռքներ, դատարան չեն տանիր Ատրպէյճանը: Այս նախաձեռնութիւնը ազգային արժանապատուութիւն է, ոչ տուրիզմ եւ ոչ ալ բիզնես: Օրին կազմուած թղթածրարներ կային, վկայութիւններ: Թերթերը լուսանկարներ հրատարակած էին:

            Սումգայիթ: Պաքու:

            Զորի Բալայեան լաւատեղեակ է: Ան չէ վարանած ըսելու, որ 1990ի Պաքուի ջարդը ազրպէյճանցիներու կազմակերպած եղեռնագործութեան ահաւոր շղթայի ամենահաւոր օղակներէն մէկն էր: Ինչո՞ւ այսօր Միջազգային Պատժական Ատեանին չի դիմուիր, մինչեւ այսօր չէ դիմուած:

            Քաջատեղեակ Զորի Բալայեան ինչո՞ւ չի դիմեր Հայաստանի կառավարութեան, կաթողիկոսներուն, կուսակցութիւններուն, Հայաստան եւ սփիւռքներ, որպէսզի ՈՃԻՐը չարձանագրուի պատմութեան մանրուքներուն էջ-յատակի ծանօթութիւններուն մէջ: Զորի Բալայեան եւ ուրիշներ յիշած եւ յիշեցուցած են  Փետրուար 1988ի Սումգայիթի եւ Մայիս 1988ի Շուշիի ջարդերը:

Զորի Բալայեան հանրութեան սեփականութիւնը դարձուցած էր 1988ի Մարտ ամսուան Պաքուի Արմենիքենդ շրջանի առաջին ջարդերը: Ըսի, որ Զորի Բալայեան քաջատեղեակ անձ է: Ինք յիշեցուցած է զօրավար Լըպէտի վկայութիւնը, որ իր գիրքին մէջ ըսած է, թէ 1988ին եւ 1989ին, Պաքուի մէջ անդադար տեղի ունեցած են ջարդ, սպանդ, ցեղասպանութիւն:

Երբեմն, յիշելու եւ չմոռնալու համար, պէտք է բանալ անմիջական պատմութեան էջերը: Միխայիլ Կորպաչեւ անտեղեակ չէր, եւ ուզած էր որ հարցերը քննուին դռնփակ  նիստի մը ընթացքին:

            Զորի Բալայեան կը յիշեցնէր, որ Խորհրդային Միութեան Գերագոյն Խորհուրդի մէջ, Կորպաչեւ համաձայնած է, որ հարցը քննուի…. դռնփակ: Օրին հարց տուած էի թէ ի՞նչ ունէր թաքցնելիք, ինչո՞ւ, որմէ… Եւ Կորպաչեւի օրինակով, միջազգային հանրային կարծիքը եւ արդարադատութիւնը նստած են հարցին վրայ:

            Այսօր պէտք է անձանձրոյթ կրկնել, բարձրաձայնել ինչ որ ըսուած է այդ օրերուն:

            Զորի Բալայեան կոչ ըրած էր շարունակելու դատական հետապնդումի պահան-ջը: Վկայութեան կը կանչէ Անատոլի Սոբչակը, խորհրդային եւ ռուս քաղաքական գոր-ծիչՍէն Փեթըրզպուրկի առաջին քաղաքապետը, որ ըսած է. Պաքուի հայերը, իրենց տուներուն մէջ կը մորթէին դռները բաց, մարդիկ վար կը նետուէին բարձր յարկերու պատուահաններէն, իսկ մենք գաղտնաբար եւ վախվխելով հարցը կը քննենք դռնփակ: Այսօր հարցը ոչ դռնփակ է ոչ դռնբաց: Ո՞վ է մեղաւոր:  

            Զորի Բալայեան կը վկայակոչէ ուրիշներ ալ: 2003ին գրած էի այդ վկայութիւններու մասին, ինչպէս պաշտպանութեան նախարար Եազովի եւ ներքին գործոց նախարար Բակատինի:

            Եազով ըսած էր. Ատրպէյճանցիները կը կրակէին ոչ միայն հայ երեխաներու եւ ծերերու, այլ նաեւ անոնց օգնել փորձող խորհրդային զինուորներու վրայ:

Իր կարգին Բակատին խօսած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան նախօրօք կազմակերպած ու ծրագրած ցեղասպանութեան գործողութիւններու ամբողջ ծրագիրի մասին:

Քա.Ժէ.Պէ.ի նախագահ Կրիուչկով վկայած է, թէ ինչպէս ողջ-ողջ կ’այրէին հայերը եւ իններորդ յարկէն վար կը նետէին:

Միամիտ պէտք է ըլլալ խորհելու համար, որ այդ եղեռնագործութիւնները յանկարծ յայտնուած յուզումի արդիւնք էին: Ինչպէս կ’ըսէր տխրադէմ նախագահ մը, պանտուրքիզմը մեր կողմէ հնարուած մեզ վախցնելու կոչուած խրտուիլակ մըն էր: Կրկին Զորի Բալայեանն է, որ կ’ըսէ, թէ «պանթուրքական այդ հրէշաւոր ծրագիրը մշակուել էր Անկարայում եւ Բագուում»:

Ինչպէս քասաներորդ դարու սկիզբը:

            Մանկավարժութեան մէջ ընդունուած սկզբունք է, որ կրկնութիւնը մայրն է ուսուցման: Այդպէս ալ քաղաքականութեան մէջ, ան ըլլայ արդարութեան հետապնդում թէ ազատագրական պայքար: Այս հարցերուն մասին պէտք է խօսիլ այսօր, քանի ուշ չէ, պէտք է խօսիլ վաղը, որպէսզի նորերը գիտնան:

            Հետեւեցէ՛ք ճառերուն, որոնք կը խօսին չարիք եւ ոճիր կանխելու մասին: Բայց կանխելու համար պէտք է սրբագրել, արդարահատոյց ըլլալ:

            Արդարութիւնը սունկի պէս չի բուսնիր, պահանջող պէտք է, պահանջի ետին կանգնող:

            Անդրանիկ Ծառուկեանի այնքա՜ն պատկերալից թղթէ կապարճը, զոր խաղաղութեան համար երթեւեկողներ  կը պտտցնեն մէկ ժողովէ միւսը, մէկ մայրաքաղաքէ միւսը:

            Երբեմն պէտք է հարցնել, թէ ո՞ւր հասանք, ո՞ւր կ’ուզեն հասցնել:

            Միջազգային Պատժական Ատեանը նախագահ եւ զօրավար դատապարտեց:

            Արդարութեան խո՞րթ զաւակներն են Արցախի ցեղասպանական արարքներու զոհերը:

            Միջազգային շահախնդրուած ընտանիքը մոռցաւ հայոց առաջին ցեղասպանութիւնը: Մենք ալ շարունակեցինք եւ կը շարունակենք շրթներու ծառայութեամբ բաւարարուիլ, նաեւ մեր անմիջական ժամանակին մէջ գործուած ցեղասպանութեան պարագային:

            Մեր աւանդական բարոյական յաղթանակները եւ ճանաչումները… փոխան յանձնառութեամբ ստացուելիք իրաւունքի եւ վերականգնումի, եթէ պատսպարուած մնանք հոլանտական պանիրին մէջ:

            Կը մտածե՞նք, թէ պատմութիւնը ինչպէս պիտի դատէ մեր սերունդը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles