Լրահոս

ՀԻՆԳ ՀԱՅԵՐ ՄԱՍ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԵՆ ՔՐՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ

kurd parliament  Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութենէն ներս, Սեպտեմբեր 21-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն, նկատի պիտի առնուին նաեւ, ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւնները:

111 անդամ ունեցող խորհրդարանէն ներս, հայերուն եւ քրիստոնեայ միւս ժողովուրդներուն պիտի տրամադրուի հինգական աթոռ: Նախապէս քրտական խորհրդարանէն ներս, հայերուն կը յատկացուէր միայն մէկ աթոռ: 2009-ին Քրտստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն պատգամաւոր ընտրուած էր Արմէն Շահին Տաւուտ Բակոյեանը, որ Քրտստանի նախագահ Մասուուտ Պարզանիի ժողովրդական կուսակցութեան անդամ է: Նշենք թէ, Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան տարածքին մէջ, կ’ ապրի մօտ երկու հազար հայորդիներ, որոնց մէկ մասը քրտախօս է: Այս տարածքի մէջ կան նաեւ հայկական եկեղեցիներ:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button