Լրահոս

Հիմնուեցաւ Նիսի Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Մասնաճիւղը

 


Շաբաթ, Մայիս 3-ի երեկոյեան, Նիսի «Պարսամեան» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի Ֆրանսայի չորրորդ մասնաճիւղին հիմնադիր ժողովը, ներկայութեամբ՝ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի, Կեդրոնական վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչներ Ֆատի-Խաժակ Գազանճեանի եւ Սեւակ Թորոսեանի։ Հիւրաբար ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի Փարիզի մասնաճիւղի վարչութենէն Պօղոս Մահպուպեան, Մարսէյի վարչութենէն Յովիկ Զարուպեան եւ Էրիք Սարաճեան, Մարսէյի սկաուտ խմբապետներ Նարեկ Հաննէեան եւ Նանոր Բանոյեան։

Ժողովին սկիզբը, մասնաճիւղի հիմնադրութիւնը կազմակերպող նշանակեալ կազմին կողմէ վեցամսեայ գործունէութեան բարոյական եւ նիւթական տեղեկագիրներ ներկայացուցին Սոնիա Գասապեան եւ Սօսի Շէխոյեան։ Սեւակ Թորոսեան գնահատանքի խօսք փոխանցեց կազմակերպիչ կազմին, որ բծախնդրութեամբ հետեւեցաւ Կեդրոնական վարչութեան ցուցմունքներուն եւ յաջողեցաւ այս ժողովը իրականացնել։

Ընտրութեան օրակարգին ընթացքին մասնաճիւղի անդրանիկ վարչութեան անդամ ընտրուեցան Մակի Ճորճեան, Սոնիա Գասապեան, Սօսի Շէխոյեան-Թաթարեան, Հռիփսիմէ Պոշնագեան եւ Ալիք Արսլանեան։ Հիմնադիր այս ժողովին ներկայ գտնուեցան 42 Հ․Մ․Ը․Մ․-ականներ։

Յակոբ Խաչերեան նորընտիր վարչութեան փոխանցեց միութեան դրօշը, Սեւակ Թորոսեան՝ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտութեան դրօշը, իսկ Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան՝ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի կանոնագիրը։

Այս առիթով, սրտի ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ-Ֆրանսի եւ Մարսէյի ներկայացուցիչները՝ Պօղոս Մահպուպեան եւ Էրիք Սարաճեան։ Փակման եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Յակոբ Խաչերեան։ Ան ներկայացուց Հ․Մ․Ը․Մ․-ի հայապահպանման մեծ դերակատարութիւնը՝ նշելով, որ 107-ամեայ այս միութիւնը աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդութիւնը կը համախմբէ սկաուտական, մարզական եւ դաստիարակչական ծրագիրներով, առիթ տալով, որ բոլորը իրարու ծանօթանան, հայերէն խօսին, հայերէն մտածեն եւ հայօրէն գործեն։ Հիմնադիր ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով եւ խմբանկարով մը։

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button