
«Ժամանակ»
Հայկական ծագումով պետական եւ ռազմական գործիչ Փոլ Իկնէյշըս այս տարի կը դառնայ 100 տարեկան: Ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենաբարձր պետական պաշտօնը երբեւէ զբաղեցուցած հայն է: Ութ տարի աշխատած է ԱՄՆ-ի նախագահներ Ճ. Քենետիի եւ Լ. Ճոնսընի կառավարութիւններուն մէջ որպէս պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, 1967 թուականին՝ նաւատորմի նախարար: Ի պատիւ անոր ունեցած ձեռքբերումներուն, Ամերիկեան նաւատորմը 2019 թուականին անոր անունով կոչած է իր հրթիռային յածանաւերէն մէկը՝ USS Paul Ignatius:
Փոլ Իկնէյշըս ծնած է 1920 թուականին՝ Կլենտէյլ, բայց անոր արմատները Խարբերդէն են: Հայաստանի «Newmag» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է այս նշանաւոր մարդուն ինքնակենսագրական գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը՝ «Հիմա մասամբ գիտեմ» խորագրով:
Գիրքին մէջ Փոլ Իկնէյշըս կը պատմէ իր ընտանիքին պատմութիւնը, թէ ինչպէս ընտանիքը փրկուած է անցեալ դարու համիտեան դէպքերէն, հաստատուած Անգլիա, ապա փոխադրուած Միացեալ Նահանգներ։ Այս գիրքը Փոլ Իկնէյշըս գրած է 2000 թուականին եւ օրին անգլերէնով բնօրինակը մեծ տարածում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Հայերէնի թարգմանուած հրատարակութիւնը կ՚աւելցնէ գիրքին արժանիքները, քանի որ հայութիւնը, հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը մեծ տեղ կը գրաւեն գիրքին մէջ: Փոլ Իկնէյշըս առանձնակի ջերմութեամբ կը յիշէ իր մանկութեան եւ պատանութեան տարիները, երբ Կլենտէյլի իրենց տունը կ՚այցելէին Ուիլիըմ Սարոյեանը, Ռուբէն Մամուլեանը։ Հայութեան վերաբերող նկարագրութիւն է նաեւ պատմական ուղեւորութիւնը, որուն ընթացքին Փոլ Իկնէյշըս այցելած է Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ պատմական Հայաստան:
Գիրքին մէջ քաղաքական եւ ռազմական գործիչը կը պատմէ նաեւ Հարուըրտի մէջ ուսանելու, Երկրորդ աշխարհամարտին իր մասնակցութեան եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան մէջ աշխատելուն մասին:
Գիրքին հայերէն թարգմանութեան համար նախաբան գրած են Փոլ Իկնէյշըսի զաւակները՝ Տէյվիտ, Սառա, Էմի եւ Ատի Իկնէյշըսները:
Զաւակներուն գրած նախաբանէն կը տեղեկանանք, որ Փոլ Իկնէյշըսին մեծ հայրը՝ Աւետիս Մատթէոս Ժամկոչեանը, Կլենտէյլի առաջին հայ բնակիչներէն էր այն ժամանակ, երբ Կլենտէյլը տակաւին չէր դարձած այն քաղաքը, ուր հիմա Հայաստանէն դուրս ամենամեծ թիւով հայերը կը բնակին: Թրոփիքոյի մէջ Աւետիս Մատթէոս Ժամկոչեանի գնած հողատարածքը յետագային դարձաւ Կլենտէյլի մաս, ան հոն կառուցեց մեծ տուն մը, որ թենիսի դաշտ ունէր: Աւետիսը բարեկեցիկ կեանքով ապրեցաւ իր կնոջ եւ երեխաներուն հետ, որոնցմէ Էլիզա Ժամկոչեանը յետագային դարձաւ Փոլ Իկնէյշըսին մայրը: Աւետիս Ժամկոչեան աւարտած է Խարբերդի քոլէճը, ուր աւարտելէ ետք մնացած եւ դասաւանդած է. ան բանաստեղծութիւններ կը գրէր, անգլերէնէ հայերէնի թարգմանութիւններ կը կատարէր: Ժամկոչեաններուն հայրենի քաղաքը Ակն (ներկայ Քեմալիէ) քաղաքն է, ուր Ժամկոչեան, ընտանիքէն ժառանգած մանուածեղէնի ձեռնարկատիրութեամբ կը զբաղէր: Ձերբակալուած է իր բանաստեղծութիւններուն համար, որոնց մէջ իշխանութիւնները նկատած էին «ազատութիւն» եւ «ազատագրում» բառերը: Հօրեղբօր միջամտութեամբ Աւետիս Ժամկոչեան ազատ արձակուած եւ Անգլիա՝ Մանչեսթըր փոխադրուած է, ուր հիմնած է ընկերութիւն մը, որ անգլիական գործարաններուն արտադրանքը կ՚արտահանէր Մերձաւոր Արեւելք: Ժամկոչեանները տակաւին Ակնէն կապեր հաստատած էին Անգլիոյ հետ: Մանչեսթըրի մէջ տարի մը ետք ընտանիքը վերամիաւորուած է… Անոնք խաղաղ կեանք կը վարէին՝ մշակութային անցուդարձին կը հետեւէին եւ այդ կեանքի մասնակիցն էին, գործօն էին հայ համայնքին մէջ:
Երբ Եգիպտոսի մէջ հիմնուեցաւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Աւետիս Ժամկոչեան քանի մը հայերու հետ Մանչեսթըրի մէջ հիմնեց Հ․Բ․Ը․Մ․-ի առաջին եւրոպական մասնաճիւղը: Անգլիոյ խոնաւ եղանակին պատճառով Աւետիս Ժամկոչեան 1911 թուականին ընտանիքով կը փոխադրուի Հարաւային Քալիֆորնիա:
Ասիկա Փոլ Իկնէյշըսի մօր կողմի պատմութիւնն է, իսկ հայրը՝ Յովսէփ Իգնատոսեան կամ Իգնացեան Միացեալ Նահանգներ գացած է իր աւագ եղբօր ընտանիքին հետ, 19 տարեկանին՝ 1904 թուականին: Բնակութիւն հաստատելով Լոս Անճելըս, Յովսէփ Իգնատոսեան դարձած է տեղւոյն հայ համայնքի ազդեցիկ դէմքերէն մին: Իր կնոջ՝ Էլիզային հետ հաւաքոյթներ կը կազմակերպէր, կը հրաւիրէր ազդեցիկ գրողներ եւ օփերայի երգիչներ: Յովսէփն ու Էլիզան, նուիրուելով մշակութային կեանքին, ընտանիքին միւս անդամներուն եւ ընկերներուն հետ օժանդակած են Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայկական միացեալ արուեստներու միութեան հիմնադրման: Փոլ Իկնէյշըսի հայրը նաեւ կ՚աջակցէր Հայագիտական ուսմանց եւ հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութեան: 1950-ականներուն ան օգնեց դրամահաւաք կազմակերպելու Հարուըրտ համալսարանին մէջ Հայագիտութեան ամպիոն ստեղծելու համար: Աւելի ուշ այս ընկերակցութեան միջոցով էր, որ Փոլ Իկնէյշըս իր երկու զաւակներուն հետ 2006 թուականին շրջագայութիւն կատարեց դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ պատմական Հայաստանի քաղաքներ:
Բոլոր այս պատմութիւնները նկարագրուած են Փոլ Իկնէյշըսի ինքնակենսագրական գիրքին մէջ: Պատումներ կան նաեւ իր պետական դիրքերու վրայ պաշտօնավարման մասին: Իկնէյշըս Միացեալ Նահանգներու նաւատորմի նախարարը եղած է 1967-1969 թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու 36-րդ նախագահ Լինտըն Ճոնսընի կառավարման տարիներուն (1963-1969թթ.) եղած է ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարի օգնական եւ ամերիկեան ուժեղագոյն զանգուածային լրատուամիջոցներէն մէկուն՝ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի նախագահը։ Յետագային, «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի սիւնակագիր դարձաւ անոր որդին՝ վէպերու հեղինակ Տէյվիտ Իկնէյշըս, որ 2019 թուականին Հայաստան եկած էր իր հօր հայերէնի թարգմանուած գիրքի շնորհանդէսին:
Փոլ Իկնէյշըս իր ինքնակենսագրական գիրքը նուիրած է իր չորս զաւակներուն:
*
«Այս գիրքին մէջ մեր հայրը շատ չի խօսիր այն մասին, որ ութ տարի աշխատած է Փենթակոնի մէջ՝ նախագահներ Ճոն Քենետիի եւ Լինտըն Ճոնսընի կառավարման ընթացքին: Այդ տարիները անոր կեանքի ամենանշանաւոր ու ամենածանր շրջանն էին։ Ան ու իր սերունդի առաջնորդները յաջողութիւններու հասան միայն Երկրորդ համաշխարհայինի յաղթանակէն ետք: Բայց Վիեթնամը անոնցմէ խլեց բոլոր պաշարները եւ, ի վերջոյ, Ամերիկայի համբերութիւնը: Փոլը շատ մեծ դեր ունեցած է պատերազմի ժամանակ: Որպէս նախարարի օգնական, ապահոված է աւելի քան 500 հազար զինուորի կարիքները: Ան մշակած է թիկունքային ծառայութեան հիմունքներն ու մեթոտները, զանոնք կեանքի կոչած է՝ ապահովելով աշխարհի միւս կէսին վրայ գտնուող զօրքին թիկունքը։
Փոլը հաւատարիմ մնաց իր արժէքներուն՝ ազնուութեան եւ պարկեշտութեան: Աւելի՛ն, կառավարութենէն ներս Փոլը հանրային ծառայութեան կատարեալ օրինակ էր: Նոյն այդ յատկանիշերուն շնորհիւ ան դարձաւ ԱՄՆ-ի նաւատորմի նախարար եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց 1967-ի սեպտեմբերէն մինչեւ 1969-ի յունուարը:
Ի պատիւ Փոլի ձեռքբերումներուն, ամերիկեան նաւատորմը վերջերս անոր անունով կոչեց հրթիռային յածանաւ մը: USS Paul Ignatius-ը, յածանաւի հրամանատարին խօսքով, ամերիկեան նաւատորմի ամենաարդիական եւ հզօր նաւն է:
Փոլի հարուստ կենսագրութեան մասին շատերը գիտեն: Սակայն իր այս յուշագրութենէն ակնյայտ է, որ ան ընտանիքին նուիրեալ էր: Այդ նուիրուածութիւնը շարունակեց ամբողջ կեանքին ընթացքին եւ նպաստեց մեր՝ իր երեխաներու դաստիարակութեան:
Մեր ծնողքը գերզբաղած էր, բայց նաեւ մեզի նուիրուած: Անոնք կ՚օգնէին, որ իւրաքանչիւրս գտնէ իր կեանքի ուղին (նոյնիսկ եթէ համաձայն չէին մեր ընտրութեան): Անոնց սատարումին եւ շնորհած ազատութեան շնորհիւ մենք գտանք մեր կոչումը: Տէյվիտն ու Ատին լրագրողներ են: Տէյվիտը սիւնակագիր է «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի մէջ եւ տասը վէպի հեղինակ: Ատին «Հարուըրտ Պիզնըս Ռեւիւ»ի գլխաւոր խմբագիրն է: Սառան ու Էմին ընտրեցին իրաւաբանութեան ուղին: Սառան Հայագիտական ուսմանց եւ հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութեան գործադիր տնօրէնն է: Էմին Նիւ Հեմշըրի գերագոյն դատարանի դատաւորն է:
Չորսս ալ միշտ հպարտացած ենք մեր ծնողքի ձեռքբերումներով, անոնց սէրն ու աջակցութիւնը աւելի զգացած ենք այն ժամանակ, երբ տատանած ենք կամ սխալած: Մենք հպարտ ենք, որ մեծցած ենք մտաւորական միջավայրի մէջ՝ ազնիւօրէն ու եռանդագին նուիրուածութեամբ հանրային ծառայութեան եւ այս բոլորը համեմուած երաժշտութեան հանդէպ սիրով եւ սուր զուարթամտութեամբ: Յոյսով ենք, որ մեր հօր «Հիմա մասամբ գիտեմ» յուշագրութիւնը բոլորին կ՚օգնէ հասկնալ այն հրաշալի ժամանակները, որոնք մենք տեսած ենք»: