
Տարիներու թաւալումին հետ ճերմկած մազերով այս հայը տակաւին կը պահէ իր հոգեկան կորովն ու իր երիտասարդութեան յատուկ եռանդը, որովհետեւ գիտէ, որ անխախտ համոզումով ու տեսիլքով հմայուած անձը ամուր պէտք է պահէ իր հաւատքն ու համոզումը, որքան ալ իրեն ծանօթ կամ անծանօթ ուժեր դաւաճանել փորձեն: Իրեն համար յստակ է, թէ հոգին տարիք չի ճանչնար եւ կը մնայ նոյնը` երէկ, այսօր եւ միշտ: Շատերու նման ինքն ալ քաջածանօթ է, որ իր ժողովուրդը ներկայիս կ՛ապրի իր ազգային ու մշակութային դարաւոր ինքնութիւնը պահպանելու անխուսափելի հարցը: Անոր համար, այս խառն ժամանակներու դրական կամ բացասական անդրադարձներէն անմասն չէր կրնար մնալ նաեւ ինք:
Այս բոլորով հանդերձ, ինք ինչպէս ուրիշներէն, իրմէ ալ, իր անձէն կը սպասէր ու կ՛ակնկալէր կեցուածք, տեսակէտ եւ յանձնառութիւն` հաւատքով, ճշմարտութեամբ ու քաջութեամբ շաղախուած, որովհետեւ ինք մեծապէս համոզուած է, որ այսօր իր ժողովուրդն ու անոր անմիջական բաժինը դարձող իր շրջապատը որքա՜ն հրամայական կարիքը ունէր ազգին կեանքը բարոյական “հոգեւոր ու ազգային առողջ արժէքներով հունաւորող անձերու“
Եւ տակաւին…
Հիմա, նոյն իր այս ազգը որքան կարիքը ունի ճիշդ ճամբաներ առաջնորդող հաւատաւոր ու տեսլապաշտ առաջնորդներու, նոր մօտեցումներով, եղանակներով ու մեթոտներով:
Համոզուած էր, որ համակարգիչը, խտասալիկը, ինթըրնէթն ու արագ հաղորդակցութեան մնացեալ միջոցները օգտագործելի ազդակներ են, որոնցմով կարելի է բացուիլ նոր հորիզոններու: Այս հիման վրայ դասաւորած, իր բոլոր աշխատանքները:
Բայց ինչ օգուտ, երբ իր ապրած ու գործած անմիջական շրջապատէն ներս չկայ մարդկային ու հայկական գիտակցութիւն, երբ յաճախ զգալիօրէն ու երբեմն ալ դիտումնաւոր կերպով բացակայ են այս տուեալները:
Ու ահա այսօր…:
Հաւանաբար, իրեն համար այսօր իր խղճին դիմաց անկեղծ խոստովանանքի օրն է: Միութենական երկար եւ բեղումնաւոր տարիներու ընթացքին երբեմն ականատես եղած էր եւ իրեն հետ նաեւ իր գործընկերները, թէ մարդիկ խօսք առնելու կ՛ելլեն հոն, ուր ինք պէտք է ըլլար. զինք կը խանգարեն, երբ իր խօսքը պէտք է լսուէր. զինք ետեւ կը հրեն, երբ ինք պէտք է տեսնուէր:
Շատեր կը հաստատեն, որ անժխտելի ու մեծ է իր դերակատարութիւնը եւ իւրաքանչիւրը ի՛ր ձեւով կ՛ողջունէ զանոնք:
Սակայն շատերու համար այս մէկը ճիշդ հակապատկերն էր վերեւ նշուածին:
Անոր համար է, որ ինք հիմա, այս օրերուն, չաւարտած մարդու մը ներաշխարհ ունի: Մէջը, սրտին ու մտքին խորը, պարտութեան զգացում մը կայ, անհատոյց պարտքի եւ պէտք եղած ուրախութիւնը նուաճած չըլլալու տրտմութիւն մը:
Ու այսօր յանկարծ որոշեց ձգել իր այս ասպարէզը:
Հեռանալ:
Դիւրին գործ չէ. ջիղ կ՛ուզէ, սիրտ կ՛ուզէ: Կ՛ուզէ նաեւ հաստատ համոզում:
Տխուր է դէմքը, աչքերը, իր ասպարէզին յամառօրէն կառչած այս մարդուն:
Այդ մէկը հաստատօրէն նոր ճանապարհ հանելու աշխատանքին մասնակից չըլլալու իրողութիւնէն կը բխի:
Ասիկա չհինցող, չմաշող եւ ամէն անգամ կրկնուող ապրում մըն է: Կրնայ ըլլալ, որ այս բոլորը շատերուն համար լոկ գաղափարներ թուին, պարզապէս անձնական մտոռումներ: Սակայն հակառակ այս բոլորին ինք կը հաւատայ, որ որեւէ գործունէութիւն կը սկսի գաղափարով, որուն պէտք է յաջորդէ գործնական աշխատանքը: Ու յարատեւութիւնն է, որ պիտի պայմանաւորէ նպատակի յաջողութիւնը:
Կեանքը այսպէս է.
Տարիները կ՛անցնին եւ հիներու անուններն ալ կը մոռցուին ու հայ միտքը կը սկսի կամաց կամաց անցեալի դրամագլուխին տոկոսովը ապրիլ:
Եւ աւելին…
Յանկարծ հայ եւ հայերէն լեզու իր միտքը կը պաշարեն: Փոքր եւ մեծ բառեր, որոնց հանդէպ յարգանքէն աւելի մեծ պաշտամունքն ալ խառնած էր, զինք կը յուզեն:
Բառեր, որոնք իրենց մէջ կը պարփակեն անհամար խորհուրդներ, մանաւանդ` զոհողութիւն, եթէ կ՛ուզէք այս լեզուն սահուն խօսիլ եւ անսխալ գրել:
Իրեն համար հայ լեզուն կը պատկանի անոնց, որոնք զայն կը սիրեն, կը յարգեն եւ գիտեն գործածել:
Այսպէս սորվեցուցած էր իր տունը, իր ակումբն ու դպրոցը:
Իսկ մշակոյթի պարագային, ամէն առիթներով բացայայտած էր, որ մշակոյթը առարկայ մը չէ, չի փոխանցուիր, եթէ անոր ոգին մաս չի կազմէր մարդոց կեանքին մէջ:
Այսօր միութենական կամ սովորական ձեռնարկներու, խօսակցութեան կամ բեմերէն կամ յայտարարութիւններէն ու ազդերէն կը փասատուի ու կը հաստատուի, թէ որքան սխալներ եւ թերիներ կը վխտան:
Սակայն, որո՞ւ հոգը:
Այս բոլորը կը փաստեն թէ կը պակսին հայ լեզուին հանդէպ ճշգրիտ որդեգրումը:
Լեզուն չգիտնալը մեղք չէ, սակայն շիտակ գործածութեան հանդէպ անհոգ ըլլալը մեծ յանցանք ու մեղք է:
Կեանքի մէջ նման ճշմարտութիւններ երբեմն պէտք է լոյսին բերել որպէսզի չմոռցուին: Այլապէս հայութեան աղմուկէն շատեր կրնան հեռանալ:
Պէտք է ամէն առիթով անպայմանօրէն կշռել արտասանուած բառը եւ զայն ար-ժեւորել, որովհետեւ լեզուն յաճախ կը դառնայ թշնամի` քանի որ կ՛ըսէ աչքի տեսածը:
Հոս է մեծութիւնը ե՛ւ կամքին, ե՛ւ անոր կապուած կորովին:
Այս պարագային հարցական է, թէ ինչպէ՞ս դէպի նպատակ կ՛ընթանաս: Արդեօ՞ք , ազնիւ մօտեցումով, թէ ոչ ուրիշներու վնասելով:
Եթէ պատէն հաստատ քար մը հանես,ոչ միայն քարը կը տուժէ “այլեւ պատը“ ու եթէ այդ նոր դատարկուած տեղը լրացնես ուրիշ քարով մը, այն ժամանակ թերեւս պատին ներդաշնակութիւնը կը խախտուի:
Եւ տակաւին…
Ո՞րն է արդեօք գնահատելու չափանիշը, յաճախ հարց կը տրուի: Կամ աւելին, ո՞վ է ամէնէն լաւը: Պատասխանը պարզ է. բոլոր գործող ու ծառայող մարդիկ:
Հաստատապէս չկայ տարբերութիւն:
Պէտք է գիտնալ, որ անհեթեթ է եթէ մեզի հարց տրուի, թէ մեր ձեռքի ո՞ր մատը լաւ է կամ վատ է:
Շնորհակալ պէտք է, որ ըլլանք, որ գոնէ ձեռք մը ունինք:
Ահա վերջապէս նոյն այս հայ մարդը, դարձեալ երկարօրէն բարձրաձայն լռեց:
Փորձեց այս նորաստեղծ ու յանկարծական մթնոլորտին մէջ ինքզինք փնտռել:
Նոյնիսկ քնանալէ առաջ ինքզինքին հետ զրոյցի նստեցաւ, ուրիշի աչքէ, ականջէ եւ մանաւանդ լեզուէ հեռու:
Որովհետեւ կը հաւատար, որ այդ ժամանակ մարդն է ու իր խիղճը:
Կը հաւատար նաեւ, որ ինքնազրոյցը աշխարհի ամենամեծ գաղտնիքն էր:
Կեանքը շատ բարդ է, կը կրկնէր շարունակ:
Իսկ շատեր այս մէկուն հանդէպ կը վերաբերէին թեթեւամտօրէն: Անոր համար էր որ երբեմն չարն ու բարին իրար կը խառնուէին: Լաւագոյնն ու միջակութիւնը կամ նուազագոյնը երբեմն կը շփոթուէին:
Հակառակ այս իրականութեան, ինք մէկ բան հաստատ գիտցած էր, որ ամէն անգամ, որ լաւութիւն մը ըներ աստիճան մը աւելի մարդացած կ՛ըլլար:
Ու այս մէկը ըրած առանց փառքի ակնկալութեան, առանց շքանշաններու ներկայութեան:
Ու այսօր նոյն այս մարդը, տարիներու թաւալումին հետ ճերմկած մազերով նոյն այս հայը դուրս գալով իր համեստութենէն եւ երկար լռութենէն, որոշած է բոլորին երիսին պոռալ ու վերջապէս բարձրաձայն բացականչել…
Հէ՜յ բարեկամ, վերջապէս… ե՛ս ալ, ե՛ս եմ: