
Զարմինէ Պօղոսեան
Ամառնային այս տաք օրերուն հետ աւելի եւս կը տաքնամ: Կարծես արեան ճնշումս կը կրկնապատկուի մեր հայրենի լուրերը կարդալով: Գաղթականութենէն վերապրած մեր խեղճ մեծ մայրերն ու մայրերը ի՜նչպէս կը դաստիարակէին մեզ որ մեր ընտանիքին ու ազգին պատիւը բարձր պահենք:
Արթուն պահակի պէս մեր գլխուն էին: Չըլլայ թէ վատ արարքի մէջ գտնուինք, կամ՝ նոյնիսկ մեր միտքէն իսկ չանցնէինք…
«Ձուի գող՝ Ձիու գող»-ի պատմութիւնը որքան յ
աճախ լսուած է մեր մեծերէն: Հապա կախաղանի պարանը վզին օրօրուող որդի՞ն… որ իր վերջին փափաքը կը խնդրէ.. եւ երբ իր մայրը կու գայ «լեզուդ դուրս հանէ որ համբուրեմ» կ՛ըսէ եւ այնպէս մը կը խածնէ որ… մօրը լեզուին կտորը գետին կ՛իյնայ, արիւնլուայ ձգելով կինը: Այն լեզուն որ իր զաւկին չէր կրկնած մեր հին հայկական բարոյագիտութիւն ուսուցանող՝ «Ձուի գող՝ Ձիու գող» առածը երբ տղեկը դրացիին պարտէզէն ձու կը գողնար:
Եթէ մանկութեանս շրջանին այդ արիւնլուայ մօր եւ կախաղանէն կախուող կապտացած երիտասարդին տեսքը մղցաւանջի պէս աչքիս առջեւ կը պատկերանար,
այս օրերուն լսածներուս համաձայն քանի-քանի մայրերու լեզուն պէտք էր կտրուէր այդ չխօսող ու չդաստիարակող ծնողներուն զաւակները կախաղան չբարձրացած:
Այսօր – ոչ միայն անհաւատալիին սահմանները անցած են լուրերը, այլ եւ զարհուրելիօրէն ամօթալի է, նոյնի՛սկ լոկ անդրադառնալ թէ անոնք նոյն ժողովուրդին կը պատկանին… հայրենակից են ….. անասնային ախորժակով ոչ մէկ անասունի ցեղին պատկանողներ են պարզապէս:
Կը յիշեմ ինչպէ՞ս Հայ դպրոցի տնօրէնութեանս օրերուն մեր 10-11 տարեկան վեցերորդ դասարանի աշակերտները իրենց տարեվերջի աւարտական պտոյտին համար սէնթ առ սէնթ, տոլար առ տոլար հաւաքած դրամը –որ հարիւրի իսկ չէր հասած- առանց իմ թելադրութեանս իսկ եկան եւ ուզեցին նուիրել Հայաստանի Ֆոնտին:
Այսպէս ամէն տարի համահայկական նուիրահաւաքը կը կատարուէր ինչ-ինչ զոհաբերութիւններով հայ համայնքնէրէն քիչ մը ամէն տեղ իրենց լումաներով, Հայրենիքի համար դրամահաւաքի զորակոչի կ՛ենթարկուէինք բոլորս:
Երբ այս օրերու լուրերը կը կարդամ, քիչ մըն ալ յանցաւոր կը զգամ կարծես, որ օրին լուսարձակի տակ չէի առած գոնէ տասնամեակ մը առաջ պատահած- ապրուած դէպք մը:
Հեքիաթային զուգադիպութեան մը պատմութիւնն է որ պիտի պատմեմ:
Ամուսնոյս եւ իմ դպրոցական արձակուրդիս ամէնէն յարմար ժամանակը Յուլիսի առաջին երկու շաբաթը յատկացնել էր շրջապտոյտի մը: Այսինքն՝ երկրէն դուրս անպայման նոր տեղ մը երթալու, մեր առօրեայէն լրիւ անջատուելու համար:
Այդ տարին մեր որոշումը Ալասքա երթալ էր:
Ալասքայի մշակոյթին, հսկայական ծառերու բունին վրայ արուստի հրաշալի տարբերակները, ազգային-ընտանեկան պատմութիւն պատկերող սիւները տեսնելու, սառցակոյտերուն իւրայատուկ կապոյտով հիանալու եւ մանաւանդ՝ ամէնէն թարմ «սալմըն» ձուկի խորովածը ճաշակելու:
Նաւուն վրայ խանդավառութեամբ կը մասնակցէինք տարբեր խաղերու եւ մանաւանդ՝ ելոյթներու տեսակաւորումներով: Կը փորձէինք մեր կարելին ընել օգտուելու տրամադրելի խաղերէն: Ամուսինս կը սիրէր մասնակցիլ նաեւ գիշերները միայն տրամադրելի թղթախաղին: Ցերեկին ալ «պինկօ»-ի միասնաբար կը մասնակցէինք: Օր մը շարքի անցած կը սպասէինք մեր մուտքի տոմսը առնելու, սեղանին ետին կեցած սպիտակամորթ եւ խարտեաշ, գրաւիչ եւրոպացի երիտասարդուհին ականջ դնելով մեր իրարու հետ խօսակցութեան հարցուց անգլերէնովռ
- Are you speking Armenian?… Հայերէ՞ն կը խօսիք..
- Այո.. ըսաւ ամուսինս զարմացած..
- Ես ալ մէջ մտնելով ըսի – ինչպէ՞ս գիտես որ այս լեզուն Հայերէն է..
- Ես Երեւան աշխատած եմ ժամանակի մը համար.. պատասխանեց անգլերէն..
չեմ կրնար խօսիլ, բայց քիչ մը կը հասկնամ..
Մեր խօսկցութիւնը ընդահատուեցաւ: Շարքը չէինք կրնար աւելի երկար պահել
մեր ետեւը շարքի կեցած անհամբերներ կային:
Մեր առօրեան շարունակուեցաւ: Հանելուկ էր մեզի համար թէ այս աղջիկը ուրկէ՞ ո՜ւր Հայաստան գտնուած էր աշխատելու, երբ տեղացիները կը գանգատին թէ – «գործ չկայ, հարկայիններէն ազատում չկայ, տզրուկի պէս մեր արիւնը ծծում են…. եւլն» եւ նման պատճառներով երկրէն հեռանալու…
Կը կարծէինք որ …արդեօ՞ք ծուլութիւնն է որ կը խօսեցնէր մեր
հայրենակիցները անգործութեան մասին եւ «մահանաներ», պատճառաբանութեան ձեւեր էին որ արտասահմանցիներէն աւելի շատ եւ շուտ-շուտ նպաստ ստանան:
Ամուսինս ըսաւ այդ աղջիկը մէյ մըն ալ տեսնէինք թէ ինչ պայմաններով Հայաստան աշխատելու գացեր է: Որպէս նաւու վրայ աշխատողներ միշտ իրենց հերթապահութիւնը կը փոխուէր. . ցերեկային խաղերէն գազինօ, կամ այլեւայլ յայտագիրներու կ՛երթային:
Մի քանի օր ետք երբ նաւահանգիստ մը հասանք, արտօնութիւն ունէինք մեր ուզած տեղերը երթալու: Երբ գեղեցիկ խնամուած պարտէզներուն մէջ քալելէն յոգնեցանք, տաքն ալ նեղացուցիչ դառնալ սկսաւ.. մօտակայ շուկայ մը մտանք – ամերիկեան կեանքի յատուկ «Mall» մը, զովանալու եւ քաղաքի բնիկներուն ծանօթանալու: Խանութ մը մտանք, ի՜նչ տեսնենք, նախկին Երեւանաբնակ մեր գեղեցկուհի Եւրոպացին հոն էր:
Այս անգամ հետաքրքրութիւնս չէի կրնար զսպել: Ինք ալ կարծես խօսակից կը փնտռէր… սովորական բարեւի փոխանակութենէն ետք ըսի-
– Do you mind to tell us what was your experience like in Armenia – was it your choice to go there? – Կ՛ուզէիր մեզի պատմել թէ ինչ էր Երեւանի մէջ աշխատանքի երթալու տպաւորութիւնդ – փորձառութիւնդ… դուք ուզեցիք հո՛ն երթալ…
Կարծես թէ առիթի կը սպասէր գաղտնիքի պէս իր Երեւանեան ապրած օրերու փորձառութիւնը մէկու մը պատմելու … իր մէջ կուտակուած զարմանքը ուրիշին փոխանցելու:
Եւ սկսաւ պատմութիւնը………
«Մեզի՝ արեւելեան Եւրոպայի երիտասարդներուս գործի ընտրութիւններէն գլխաւորը, եւ լաւ վճառուողը քազինոներու մէջ աշխատանքն է: Հայաստանը փոքրիկ երկիր ըլլալուն ես ըսի որ հոն կ՛երթամ: Յատուկ դասընթացքի մը հետեւելէն եւ պայմաններուն ծանօթանալէն ետք գացի:
Չէի գիտեր որ հոն այսքան մեծահարուստներ կան… մինչեւ հիմա ուր որ աշխատած եմ չեմ հանդիպած այնպիսի տղամարդոց որ այսքան մեծ գումարներով «պէթ» ընեն, այն ալ տեղական դրամով չէր.. Եուրրյով էր… այս մարդիկը ինչքան հարուստ են.. կ՛ըսէինք մենք մեզի մի քանի աղջիկներով: Չէինք գիտեր ովքեր էին, հեռատեսիլ դիտել արգիլուած էր մեզի- եւ մի քանի ամիսը անգամ մը մեզի կը փոխէին որ նոյն դէմքերը չտեսնենք: Տուն վերադառնալէս ետք երբ մեր երկրին մէջ լուրերը կը դիտէի, այդ դէմքերէն շատեր աչքիս առջեւէն տողանցել սկսան։ Հայաստանի կառավարութեան մեծ-մեծ պաշտօնեաներու դէմքեր էին…»:
Խեղճ աղջիկը ուրախ էր որ լաւ վճառուած էր, Հայաստանի մէջ հարուստ մարդիկ կան, որոնք ոչ միայն կրնան մեծ գումարներով «պեթ» ընել այլ բաւական առատաձեռն «թիփ»-եր ալ տալ…
Է՜՜՜հ..
Աղջիկը պատմութիւնը վերջացնելէ ետք «ժամանակս եկաւ, ես ձեզմէ առաջ պէտք է նաւուն վրայ ըլլամ» – ըսաւ… ու անհետացաւ:
Մենք երկուքով իր պատմութեան ազդեցութեան տակ քարացած մնացած՝ իրարու երես նայեցանք …
Աչքիս առաջ կրկին տողանցել սկսան մեր աշակերտներուն խմորեղէն ծախելով իրար քով դրուած աղքատիկ գումարը. ո՜վ գիտէ այդ աղջկան թիփը աւելի մեծ թիւ էր քան մեր աշակերտներուն նուէրները..
Հապա մեր ոչ հայ բարեկամներուն առատաձեռն նուէրնե՞րը, այրի կիներուն լումաները, աշակերտներուն սրտէն բխող բանակի զինուորներուն գրուած նամակները, դպրոցականներուն համար դպրոցի պայուսակները լեցնող գրենական պիտոյքները, սահմանի զինուորներուն համար հիւսուած տաքուկ գուլպանե՞րը. . .
Այդ բոլորը թղթախաղի սեղանին մէկ նիստով մսխուող գումարներ ըլլալէն տեղեակ չէինք .. լսելէն ետք ալ.. չհաւատացինք անգամ.. երիտասարդ աղջկան խանդավառ օրերու երեւակայութեան վերագրեցինք.. չուզեցինք ալ տարածել .. ամօթ էր մեր հայրենի աւագանիին մասին նման լուրեր տարածելը……..
Ասկէ ետք մեր աշակերտները ի՜նչ հապարտութեամբ շարել պիտի տանք ողջունելու մեր հայրենի անխնայ կողոպտող կարգ մը «Աւագանիներ»-ը, երբ անոնք որոշեն ժամանել Նիւ Եորքի կամ Նիւ Ճըրզիի օդակայանը:
Տասնամեակ մը առաջ հեքիաթ թուացող երիտասարդուհիին պատմածը այսօր ապտակի հարուածներով կը ցնցէ ողջ աշխարհի հայութեան ողջ էութիւնը:
Խաղաղ յեղափոխութեան շնորհիւ ահաւասիկ այսօր լուսարձակի տակ կը բացայայտուէր այն փտածութիւնը, որ քանի մը տասնամեակէ կը կրծէր մեր ժողովուրդին կեանքը:
Ալասքայի «Totem Pole» ընտանիքներու եւ ազգային ժառանգութեան պատմութիւնը կը պատկերեն: Ալասքայի արուեստագէտները կը զատեն այնպիսի ծառերու բուները, որոնք կրնան դիմանալ ժամանակի մաշումին եւ որդերու կրծած փայտէն:
Հայաստանի կարգ մը աւագանիին հոգիները ի՜՜նչ նիւթէ շինուած են, որ այսքան կարճ ժամանակի մէջ փտտութիւնը ոչնչացուցած է ամէն տեսակի զգացում իրենց մէջ:
Ո՞ւր կրնանք թաղել այս աստիճանի փտածութիւնը: