
ՀԱՅՐԵՆԻՔ – Պոսթըն
Խմբագրական
«Արտաքին քաղաքականութեան նպատակը՝ յոյսի կամ ցասումի մեր սեփական զգացումներու համար ելք ապահովելը չէ, այլ անիկա պէտք է ձեւաւորէ իրական իրադարձությունները՝ իրական աշխարհին մէջ»:
Ճոն Քենետի (1917-1963)
Կրկին յապաղած ենք: Ուշ ենք…մի՛շտ ուշ:
Շատոնց պէտք է, որ հայրենի ղեկավարութիւնը (այս պարագային դիւանագիտութիւնը) այս ուղին բռնէր:
Քաղաքականութիւն կոչեցեալ բնագաւառին մէջ, յարմար պահուն ճիշդ դիրքորոշում չորդեգրելը, այլ խօսքով, երբեմն նոյնիսկ քանի մը ժամուան կամ նոյնիսկ ակնթարթային ուշացումն ու թերացումը կրնայ պատճառ դառնալ «շատոնց»-ին, որ ժամանակագրական առումով կրնայ նոյնիսկ ներկայ նկատուիլ եւ դեռ, ապառնիին հետ ալ շփոթուիլ…:
Արագ զարգացող փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահելով, հայրենի դիւանագիտութիւնը, փոխանակ հեռաւոր արեւմտեան մայրաքաղաքներ դեգերելու, պէտք էր վաղուց ուղղուէր մօտակայ, չըսելու համար «իր քիթին տակ» գտնուող հարաւի սահմանակից դրացին՝ Իրան: Այդ քայլը պէտք էր առնել՝ մինչեւ իսկ նախքան Թեհրանէն հնչած ահազանգը, յատկապէս Գորիս-Կապան միջպետական ճամբու Որոտան բնակավայրին մօտ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Էյվազլի կոչեցեալ շրջանի հատուածին մէջ, երբ ազերիական ուժերը օրէ օր նոր դժուարութիւններ ստեղծեց, ստուգելով իրանեան բեռնատարներու վարորդներուն փաստաթուղթերը:
Տուրք գանձելու դէպքերը ըստ էութեան երկրորդական էին, համեմատած նոյն օրերուն տեղի ունեցած թուրք-ատրպէյճանական ռազմափորձերուն եւ հետզհետէ աւելի շեշտակիօրէն նշմարուող իսրայէլեան ներկայութեան. ասոր հետեւանքով, կովկասեան այս ահազանգային թնճուկին մէջ, մուտք գործեց Թեհրանը՝ իր կարգին կատարելով ռազմափորձեր, քանի մը շաբաթ առաջ թուրք-ազերիական ուժի ցուցադրութեան փորձին հակադարձելով, Բերձորի շրջանէն ոչ շատ հեռու:
Այս լայնածաւալ ռազմափորձերուն կողքին, Թեհրան պաշտօնապէս տեղեակ պահած է Պաքուն, որ ցնոր տնօրինութիւն, այս վերջինին դրօշը կրող պատերազմական օդանաւերու Իրանի օդային տարածքէն թռիչքները արգիլուած են:
Այս բոլորը յայտնապէս տեղ մը բան մը հասկցուցին եւ ահա, այս դէպքերուն լոյսին տակ, հայրենի դիւանագիտութիւնը, փոխանակ արեւմուտք նայելու, ուղղուեցաւ հարաւ. Թեհրանի մէջ, երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում եւ մամլոյ ասուլիս:
Յստակ էր, թէ Իրան մտահոգ էր Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող «Զանգեզուրի միջանցք»-ով, որ ամիսներէ ի վեր յանկերգի վերածուած էր երկու «եղբայրներ»-ուն կողմէ. բոլոր իրողութիւնները ցոյց տուին, որ Իրան շատ աւելի մտահոգ է, քան Երեւան, որ գտած է խաղաղութեան էջը բանալու ի՛ր յանկերգը: Արեւելքէն արեւմուտք ընթացող այս «միջանցք»-ին փոխարէն, Թեհրանի համար հարաւէն հիւսիս՝ Պարսից ծոցէն Սեւ ծով միջազգային երթեւեկի միջանցք ստեղծելն է կարեւորը: Վստահաբար այդ ուղղահայեաց անցքին մէկ մասնիկն է Գորիս-Կապան ճամբու այլընտրանք հանդիսացող ուղիին կառուցումը:
…Եւ այսպէս: Հեռաւոր արեւմտեան երազներէն հեռու, ինչեր կարելի էր իրագործել մօտակայ հմտութեամբ գործած ըլլար, թերեւս այս դժնդակ կացութիւնը ստեղծուած չէր ըլլար:
Հարցը այքանով չսահմանափակուեցաւ, սակայն: Իրանեան օդային տարածքին փակումէն ետք, յանկարծ լուր մը պայթեցաւ, թէ ազերիական օդանաւ մը Պաքուէն Նախիջեւան հասած է, կտրելով Հայաստանի օդային տարածքը, եւ ահա, ծայր տուին մտահոգութիւններու եւ անախորժ մեկնաբանութիւններու նոր շարքեր, որ անխուսափելի կը դարձնէ նոյնքան կտրուկ դարմանումի քայլեր, ի խնդիր նորանոր բարդութիւններու կանխարգիլման, որպէսզի վաղը չըսենք, թէ «ուշ մնացինք»…
Հուսկ, Քենետիին վերոյիշեալ հաստատումը պէտք է շարունակ ի մտի ունենալ, միշտ ալ գերադասելով իրական իրադարձությունները՝ զգացումներէն, մանաւանդ երբ որոշ զգացումներ ունին արտաքին ներշնչումներ: