
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 12-ին, Հայաստանի հասարակութեան հրամցուեցաւ անօրինական, գայթակղալի հրապարակում մը, որ մեծ աղմուկ ստեղծեց հանրապետութեան մէջ:
Արդարեւ, «Եութուպ»ի վրայ հրապարակուած է ձայնագրութիւնը ազգային անվտանգութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային քանի մը զրոյցներու:
Ըստ ձայնագրութեան՝ խօսակցութիւնը Հայաստանի նախկին պաշտօնեաներու, Մարտ 1-ի գործին, Ռոպերթ Քոչարեանը կալանաւորելու, Եուրի Խաչատուրովը կալանաւորելու վտանգին, փաստաբան Վահէ Գրիգորեանի կողմէ սպասուող գրառման, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ այլոց մասին է:
Ձայնագրութեան մէջ Սասուն Խաչատրեան Վանեցեանին կը պատմէ, թէ ինչպէս արձագանգած է Քոչարեան, երբ տեսած է Միքայէլ Յարութիւնեանի հրամանը: