Յօդուածներ

Հաւատաւոր միաբան Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան 

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան հայրերը կոփեցին Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի մատղաշ սրտին եւ հոգիին մէջ կարգ մը նուիրական արժէքներու հանդէպ հաւատարմութիւնը, ինչպէս` հոգեւոր, ազգային եւ միաբանական։ Իսկ ինք, որպէս սոյն արժէքները կրող հաւատաւոր միաբան` այն պահին, երբ հայուն ազգային արժանապատուութիւնը ոտնահարուած էր եւ ազգը յուսալքման տիղմին մէջ հետզհետէ աւելի կը խորասուզուէր` եկաւ ըսելու, որ երկնային արդարութիւնը միշտ տուժուածներուն կողքին կը յայտնուի եւ ինք ամենավառ վկան է այս իրականութեան։ Քանզի հաւատաւոր միաբանը ոչ միայն իրեն կոփած Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան ջահը վառ պահեց, այլեւ դարձաւ այն փարոսը, որ դէպի ապահով ափերը կ’առաջնորդէ ուղեկորոյս ազգը։
Ան հայոց ցեղասպանութենէն 110 տարիներ ետք եւ ճիշտ այն պահուն` երբ ազգը խարխափած իր ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնելու ճանապարհները կը որոնէր, Ս.Իգնատիոս Մալոյեան եղաւ ազգին այն փրկարարը, որ ստիպեց օտարներուն, որ իրենք իրենց բերնով վկայեն եւ խոստովանին` թէ ուղիղ 110 տարիներ առաջ, աշխարհի մէկ հաղակտորի վրայ, որ Հայաստան կը կոչուի, ազգը մը ամբողջ ցեղասպանուեցաւ, որու թուին ինք` Զմմառու հաւատաւոր միաբան Ս.Իգնատիոս Մալոյեանը նահատակուեցաւ եւ այդ իսկ պատճառաւ խոյացաւ եւ իր հետ սլացնելով զինք Սրբութեան հասցնող Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան վարկն ու վաստակը։
Սուրբին Միաբանութեան եւ անոր մեծաւորին հանդէպ կառչածութիւնը, նուիրուածութիւնը եւ մնայուն հաւատարմութիւնը մենք կը բացայայտենք իր յղած իւրաքանչիւր նամակին մէջ, որոնցմէ մէկը կը տրամադրենք մամուլին`
Ամենասիրելի գերապայծառ հայր իմ 
Շատ քաղցր է ինձ այս ներկայ Սուրբ հանդիսութեանց օրերը հրամանքնուդ հետ կարճ եւ համառօտ խօսակցութիւն մ’ընել, կամ յաւէտ որդիական հարազատութեան փոքրիկ ուղերձ մի մատուցանել, որոյ բովանդակութիւնն եւ համայնն այս ըլլայ “Աղեքսանդրեան ամենասիրելի գերապայծառ հօր երկար կեանք, առողջութիւն կատարեալ եւ յաջողութիւն գործոց ի յառաջադիմութիւն եւ ի պարծանս Զմմառեան սիրելի միաբանութեան”։
    Զայս պիտի կրկնեմ եւ յեղեղեմ որքան որ հրեշտակաց փողերը Աստուածածնայ փողոյն (Զմմառու) գագաթը հնչեն եւ աւետարանեն Սուրբ փեսային յարութիւնը, խնդրելով եռանդագին այս Սուրբ մօրմէն, որ իւր փողոյն փողարհարներու շունչը
սաստկացնէ, կուրծքերնին զօրացնէ, եւ իմաստուն եւ Աստուածընտրեալ հանդիսապետիդ ոյժ, զօրութիւն, կարողութիւն պարգեւէ, որպէսզի սա փոքրիկ փողահար գնդին վրայ ստուգուի այդ մարգարէութիւնը “Ընդ ամենայն երկիր ել բարբառ նոցա եւ մինչեւ ի ծագս աշխարհի են խօսք նոցա, երկինք պատմեն զփառս Այս եւ զգործս ձեռաց նորա պատմէ ( Զմմառեան Միաբանութիւն ) ։
  Այսու եռանդիս եւ խանդիս մնամ բազում յարգանօք եւ հարազատութեամբ գերապայծառ հայրութեանդ
                                  Ն.Ո.
                 Իգնատիոս. Քհնյ.Մալոյեան 
           Աղեքսանդրիա 
1900 Ապրիլ 8
Սոյն փաստագրական հրապարակումները կը միտին Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի վարքը վաւերագրականօրէն ներկայացնել` առանց ուռճացնելու։
Սօսէ Փիլաւճեան
Զմմառու մայրավանքի տեղեկատուական գրասենեակի խմբագիր
Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button