Լրահոս

Հարիւր Քոնկրէսականներ Դատապարտեցին Արցախի Եւ Հայաստանի Վրայ Յարձակումները

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ցարդ առաւել քան հարիւր քոնկրէսականներ միացած են Արցախի եւ Հայաստանի վրայ յարձակումները դատապարտողներու շարքին։

Քոնկրէսական յայտարարութիւններուն ամբողջական ցանկը տեսնելու համար այցելել․- https://anca.org/press-release/over-100-us-senate-and-representatives-speak-out-on-attacks-against-artsakh-and-armenia/ կայքը։ «Վարչակազմը պէտք է լսէ իր իսկ գաղտի սպասարկութիւններուն այն տեղեկութիւններուն, որ Ատրպէյճանը սկսած է յարձակումները եւ հետեւելով քոնկրէսականներու դիմումներուն՝ պատժամիջոցներ հաստատէ Էրտողանի եւ Ալիեւի վարչախումբերուն դէմ», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

Քոնկրէսականներ կը պահանջեն կասեցնել բռնարարքները եւ Անգարայի ու Պաքուի դէմ պատժամիջոցներու որդեգրումը կենսական կը նկատեն, նման դէպքերու առաջքը առնելու համար։

 

 

Advertisement Donate Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button