ՀԱՐԻՒՐՕՐԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄԱՍԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 40 Second

 

Photolure

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Խմբագրական

«Յիշեցէ՛ք, շարունակ յիշեցէ՛ք, որ բոլորս, ե՛ւ դուք ե՛ւ ես յատկապէս, գաղթականներէ եւ յեղափոխականներէ սերած ենք»
                                                                                                                                                                        Ֆրանքլին Ռուզվելթ

Հարիւր օրեր թաւալած են «թաւշեայ յեղափոխութեան» այն օրէն, երբ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ մը կատարուեցաւ: Փոփոխութիւն մը, որուն առաջին քայլը առնուած էր ամիսներ առաջ, երբ փոխան նախագահական կարգավիճակի, կանաչ լոյս տրուած էր ժողովրդավարական կանոններու վրայ հիմնուած խորհրդարանական կարգավիճակին:
Այսօր, ցոյցի ելած այդ աշխատաւորները, պաշտօնեաները, ուսուցիչներն ու աշակերտները վերադարձած են իրենց առօրեային: Օգոստոս 17-ին, անոնք վերստին պիտի հաւաքուին հրապարակ, իրենց իրագործած թաւշեայ յեղափոխութեան հարիւրերորդ օրը նշելու:
Ընդհանրապէս, սովորութիւն է քաղաքական դէպքի մը, իրողութեան մը հարիւրերորդ օրը նշել: Իսկ հայութեան համար, այսպիսի առիթներ միշտ աւելի մեծ հանդիսութիւններու դուռ կը բանան:
Ինչ որ բեմահարթակին վրայ պիտի կատարուի, այդ սովորական հանդիսութիւններու շարքին մէկ մասն է հաւանաբար:
Սակայն, բուն կարեւորը բեմահարթակէն հեռու կատարուած յեղափոխութեան շարունակութիւնն է:
Ցուցականը կատարուեցաւ: Ապացուցականն ու անոր շարունակութիւնն է կարեւորը, որ շատ աւելի դժուար է եւ հետեւողական աշխատանքի կը կարօտի:
Իւրայատուկ էր թաւշեայ յեղափոխութիւնը:
Կարիք չեղաւ հայորդիին համար հրասայլին դէմ առանձին կանգնելու կամ ինքզինք հրկիզելու:
Ճոն Քենետի ճառախօսութեան մը ընթացքին յայտնած է․ «Անոնք որոնք խաղաղ յեղափոխութեան դէմ պայքարած են, պատճառ դարձած են, որ անխուսափելի ըլլայ արիւնալի եւ սաստիկ յեղափոխութիւնը»։
Ատիկա չպատահեցաւ հարիւր օր առաջ, եւ բարեբախտաբար օրուան ղեկավարութիւնը տեղի տուաւ: Հոս, ժամանակը չէ փաղաքշական զգացումներով արտայայտուելու։ Ի վերջոյ, ուղղակի թէ անուղղակի վնասը կատարուած էր եւ դժգոհ ու միակամ ամբոխը կարելի չէր սիրաշահիլ։
Իսկ ներկայ ղեկավարութեան պարտականութիւնը շատ աւելի դժուար է բաղդատած նախորդին, որովհետեւ նախկին կողմը յիշեցնող որեւէ ընթացք կրնայ դուռ բանալ նոյնանման կողմի մը, յուսալքութեան եւ յուսախաբութեան:
Շատ աւելի խոր վերլուծումներու երթալով եւ մէջբերելով տարիներ շարունակ Միանմարի մարդկային իրաւունքներուն համար պայքարած եւ Նոպէլեան մրցանակի տիրացած տիկին Աունկ Սոն Սու Քիի գաղափարները, տեղին է նշել, թէ այն յեղափոխութիւնը, որուն միակ նպատակն է փոխել քաղաքական գործընթացն ու հիմնարկները՝ նիւթական պայմանները բարւոքելու հեռանկարով, ճշմարիտ յաջողութեան քիչ կարելիութիւն ունի։

Առանց խանդի եւ կորովի յեղափոխութիւնը անընդհատ սպառնալիք է բարեփոխումներու եւ վերածնունդի գործընթացին:
Կառուցման եւ վերակառուցման աշխատանքը երկար է, իսկ երկրի ազգային շահերն ու ապահովութիւնը՝ առաջնահերթ եւ անձեռնմխելի։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles