
Read Time:1 Minute, 24 Second
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Այս տարուան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Նաւասարդեան խաղերը շատ աւելի յիշատակելի էին, նկատի ունենալով որ այս տարի նաեւ կը նշուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հարիւրամեակը:
Միութիւն մը, որ արժանի է իւրայատուկ շքանշանի:
Այո՛… Հ.Մ.Ը.Մ.-ի այս հարիւրամեայ շքանշանը անհատի մը տրուած չէ: Ընդհակառակը, անկէ շատ աւելի է, որ կ՚արժեւորէ շրջաններ, հունձքեր եւ սերունդներ:
Այդ հարիւրամեայ շքանշանին մէջ կայ համեստութիւն, հաւատք, ծառայութիւն եւ մարզավայել հայորդիի տիպար:
Բնականաբար, այս պատճառով է, որ մենք մեր զաւակները կը յանձնենք այս միութեան, պատրաստելու համար արի եւ վեհանձն հայորդիներ, բարձրանալու եւ անոնց հետ ալ բարձրացնելով սերունդ մը:
Այսպէս է որ կը գործէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը:
Այս տեսլականով է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիրները ստեղծեցին այս միութիւնը:
Յիշատակելի է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին համար, անձին օրինակով գործելու հասկացողութիւնը իր ներշնչման աղբիւրը ունի՝ միութեան ծրագիր-կանոնագիրը, որ իր էութեամբ եւ ձգտումով կատարեալ եւ օրինակելի ամբողջութիւն մըն է:
Հետեւողականօրէն պատրաստուած, լաւապէս թրծուած եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուած ջահը կը բոցավառի:
Իւրայատուկ նկարագիր կազմելու, բարոյական անաղարտ դիմագիծ կերտելու զանազան եւ զարմանազան ձեւերէն ու միջոցներէն ամենէն աւելի հիմնականը, նոյնինքն Հ.Մ.Ը.Մ.-ական տիպարն է: Եւ այդ տիպարն է որ կը մնայ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան յաջողութեան մեծագոյն գաղտնիքը:
Այս Նաւասարդեան խաղերը, որոնք տեղի ունեցան Ուաշինկթընի մէջ, նոր խանդ եւ հաւատք ներշնչեցին այս հարիւրամեայ միութեան:
Դեռ այս խաղերէն ետք, Յուլիս 19-էն 29, Հայաստանի մէջ պատշաճօրէն պիտի կատարուին այլ բազմաթիւ հանդիսութիւններ, բանակումներ, տողանցքներ, հաւաքներ եւ ձեռնարկներ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հարիւրամեակը նշելու համար:
Ի վերջոյ, յաղթականը հայութիւնն է եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը:
Հովին դիմաց մերթ ինքն իր մէջ ծալուելով ու մերթ հպարտօրէն ցցուելով կը ծածանի անոր դրօշը։