ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ՝ ՌՈՒՍԵՒԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՐԱՆԱՁԳՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 34 Second

Ա.Ա.
Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան, ապահովութեան եւ կայունութեան գլխաւոր երաշխաւորը ըլլալու Թուրքիոյ հաւակնութիւնը վստահաբար բնաւ ողջունելի չէ Ռուսիոյ քաղաքական ղեկավարութեան եւ յատկապէս նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներքին շրջանակին ազդեցիկ գործիչներուն կողմէ։Սակայն ներկայիս Մոսկուա թէեւ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի Անգարայի դիրքորոշումներուն եւ նախագահ Ռեճէփ Էրտողանի հարաւային կովկասեան քաղաքական ուղեգիծին, ռուսական հակազդեցութիւնը շատ մեղմ եւ յաճախ ալ պէտք եղածէն աւելի կրաւորական է, ինչ որ քաղաքական փորձագէտները կը մղէ կատարելու հարցադրումներ եւ կանխատեսութիւններ, թէ ի վերջոյ երբ եւ ինչպիսի պարագաներու մէջ Ռուսիա պիտի վերադառնայ եւ յայտարարէ հարաւային կովկասեան մրցադաշտին մէջ իր անմրցելիութիւնը՝ բացայայտ ասպարէզ կարդալով եւ նոյնիսկ ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններէն Թուրքիան դուրս մղելով։Հիմա այդ հանգրուանը չէ եւ ոչ ալ կան նշաններ, թէ մօտիկ ապագային Մոսկուա նման քայլի կրնայ դիմել։

Էրտողանեան պատգամներ՝ Շուշիէն

Էրտողան, բարձրաստիճան բազմանդամ պատուիրակութեան եւ Թուրքիոյ առաջին տիկնոջ ընկերակցութեամբ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքու, ուրկէ թրքական մեծ պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Ֆիզուլի։Աւելի քան հինգ ժամ ինքնաշարժներու շարասիւնը ճամբայ կտրեց եւ ի վերջոյ հասաւ Ֆիզուլի, ուր Թուրքիոյ նախագահը դիմաւորուեցաւ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։Ֆիզուլիէն Ալիեւ եւ Էրտողան ուղղուեցան Շուշի, զոր թուրքերը Շուշա կը կոչեն։

Գրաւեալ Շուշիի մէջ ատրպէյճանական կողմը զինուորական պատիւներով եւ պետական յատուկ արարողակարգով դիմաւորեց Էրտողանը, էմինէ Էրտողանը, նախարարական բազմանդամ պատուիրակութեան անդամները։Դիմաւորման տողանցէն ետք պատուոյ պահակախումբը կատարեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի քայլերգները։
Շուշիի վարչակազմի շէնքին մէջ Ալիեւ եւ Էրտողան նախ զրոյց մը ունեցան, ապա քննարկումներուն միացան ատրպէյճանցի եւ թուրք նախարարներ։Բանակցութիւններուն աւարտին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները դուրս եկան շէնքէն եւ մօտեցան բացօթեայ հարթակին,ուր ստորագրեցին այսպէս կոչուած «Շուշայի հռչակագիրը», որ ըստ Ալիեւի, թուրքեւատրպէյճանական համագործակցութիւնը բարձրագոյն մակարդակի վրայ կը դնէ։Համաձայնագրին հիմամբ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ պիտի կատարուի զինուորական օժանդակութիւն եւ սերտ համագործակցութիւն՝ ռազմարդիւնաբերական մարզին մէջ։«Մեր ստորագրած դաշնակցային համաձայնագիրը ցոյց կու տայ մեր համագործակցութեան հետագայ ուղիները։Հռչակագրին մէջ կը կարեւորուի փոխադարձ գործակցութիւնը միջազգային գետնի վրայ, ինչպէս նաեւ՝ ուժանիւթի, Հարաւային Կազային Միջանցքին, տնտեսութեան, առեւտուրի, մշակոյթի եւ այլ մարզերու մէջ», յայտարարեց ան։
Ալիեւ «պատմական մեծ նուաճում» կոչեց հռչակագիրը եւ խօսեցաւ նաեւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրեան միջանցք»ին մասին՝ ըսելով,որ անիկա հնարաւոր դարձած է ղարաբաղեան պատերազմէն ետք ստեղծուած աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակին շնորհիւ։
Իր կարգին, Էրտողան գովաբանեց Ալիեւը եւ գոհունակութեամբ խօսեցաւ թուրքեւատրպէյճանական եղբայրական յարաբերութիւններուն մասին։Էրտողան նաեւ յայտարարեց, որ ձեռնտու պայմաններ ստեղծուած են, որպէսզի Թուրքիա- Ատրպէյճան- Հայաստան- Վրաստան- Ռուսիա- Իրան համագործակցութիւնը կեանքի կոչուի։«Կ՛ուզենք, որ Հարաւային Կովկասը խաղաղութեան շրջանը դառնայ», շեշտեց ան՝ աւելցնելով,որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նոյն նպատակը կը հետապնդէ։
Էրտողան նաեւ յայտարարեց, որ թրքական հիւպատոսարան մը պիտի բացուի Շուշիի մէջ։Իսկ Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ արտասանած իր խօսքին ընթացքին Էրտողան առաջին անգամ ըլլալով արծարծեց Ալիեւի այնքան սիրած եւ փայփայած՝ «Զանգեզուրեան միջանցք»ին խնդիրը, յայտարարելով, որ այդ միջանցքին երկաթուղին մեկուսացումէն դուրս պիտի բերէ հայերը, որոնք պիտի կարենան մինչեւ Ռուսիա եւ այլ երկիրներ ճամբորդել։Թուրքիոյ նախագահը նաեւ պահը յարմար համարեց,որ Հայաստան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները կարգաւորէ, որպէսզի օգուտներ քաղէ ռազմաքաղաքական ստեղծուած նոր իրավիճակէն։
Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք ասիկա էրտողանի Ատրպէյճան երկրորդ այցելութիւնն է։Առաջինը կատարաուած էր Դեկտեմբեր 2020ին՝ յաղթանակի փառատօնին առիթով։
Պաքու իր այցելութեան նախօրեակին՝ էրտողան Պրիւքսէլի մէջ յայտարարեց,որ թուրքեւատրպէյճանական եղբայրութիւնը շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան հիմք կը հանդիսանայ՝ աւելցնելով, թէ ցանկալի չէ, որ Հայաստանի մէջ խոչընդոտեն այս խաղաղութիւնը, ներքին քաղաքական շահերու պատճառով։
Նախապէս ռուս քաղաքական գործիչներ առիթ չէին փախցներ յայտարարելու եւ յիշեցնելու, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան երաշխաւորը Ռուսիան է։ Սակայն ներկայիս Էրտողան չի վարանիր յայտարարելու, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հիմքը թուրքեւատրպէյճանական եղբայրութիւնն է։
Մինչ այդ ռուսական մամուլը, որ յաճախ լուսարձակի տակ սկսած է բերել ռուսեւթրքական եւ ռուսեւատրպէյճանական տարակարծութիւնները, խոր ուշադրութեամբ կը հետեւի Թուրքիա- Ատրպէյճան յարաբերութիւններու զարգացման հոլովոյթին։Իսկ ատրպէյճանական մամուլը՝ յղում կատարելով թելեկրամեան ռուսական ալիքներուն, կը գրէր, որ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անմիջական շրջապատին մէջ կը գտնուին մարդիկ, որոնք կը ջանան զայն համոզել, որ ատրպէյճանական հարցը լուծէ վրացական բեմագրութեամբ։2006ին Ռուսիայէն վտարուած էին աւելի քան երեք հազար վրացիներ, իսկ Մոսկուայի վարժարաններուն մէջ ստեղծուած էին վրացի աշակերտներուն ցանկերը։Փութինի անմիջական շրջանակին մէջ գտնուող բաւական ազդեցիկ անձնաւորութիւններ խորհուրդ կու տան, որ ան նոյն ձեւով վարուի նաեւ ատրպէյճանցիներուն հետ, որոնք Ռուսիոյ տարածքին սկսած են գլխացաւի վերածուիլ՝ յատկապէս արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք։Նման տեսակէտ ունին Փութինի մտերիմ գործակիցներէն՝ Կենատի Թիմչենքօ, Իկոր Սեչին, նախագահի աշխատակազմի առաջին տեղակալներ՝ Ալեքսէլ Կրոմով եւ Սերկէյ Քիրիենքօ։Նոյնիսկ Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով։Սակայն բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ Փութին ատրպէյճանցիները վշտացնելու ոչ մէկ քայլ պիտի առնէ, այնքան ատեն որ Ատրպէյճանի խորհրդարանը ռուս խաղաղապահներու հեռացման որոշում չի կայացներ։Եթէ նման որոշում տրուի, այդ ժամանակ Մոսկուա Հարաւային Կովկասեան իր քաղաքականութեան թիւ երկու ծրագիրը գործադրութեան պիտի դնէ։Հիմա այդ ծրագիրը դարակներու մէջ է։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles