ՀԱՐ­ՑԱԶ­ՐՈՅՑ.- “ՓՈ­ԽԱ­ՆԱԿ ՀԱ­ՅԵ­ՐԷՆ ՍՈՐ­ՎԵ­ԼՈՒ … ԿԵԱՆ­ՔԸ ՀԱ­ՅԵ­ՐԷ­ՆՈՎ ԸՍԵԼ ՈՒ ԱՊ­ՐԻԼ“ ԿԸ ՅԱՅՏ­ՆԷ ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃ­ԵԱՆ

0 0
Read Time:16 Minute, 7 Second

P6-7  hk 1  Վեր­ջերս, հայ­կա­կան կրթօ­ճախ­նե­րէ ներս կա­տար­ուած դա­սա­ւան­դում­նե­րէն, կը տե­ղե­կաց­ուէր թէ  աշ­խա­տան­քի նոր գոր­ծիք մը` հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւանդ­ման ու­ղե­ցոյց­նե­րու մա­սին, տրա­մադր­ուած է դա­սա­գիր­քե­րու հե­ղի­նակ եւ ման­կա­վարժ Յա­րու­թիւն Քիւրքճ­եա­նի կող­մէ: Ու­ղե­ցոյց­նե­րը կը վե­րա­բե­րին սփիւռ­քի տա­րած­քին զա­նա­զան շրջան­նե­րու մէջ գոր­ծա­ծուող “Հայ­րե­նի աղ­բիւր“ եւ “Հայ կեանք եւ գրա­կա­նու­թիւն“ դա­սա­գիր­քե­րու զոյգ շար­քե­րուն: Օրին, հե­ղի­նա­կը մե­զի եւս տրա­մադ­րեց օրի­նակ մը ու­ղե­ցոյց­նե­րու շար­քէն` խտա­սա­լի­կի վրայ թուայ­նաց­ուած:

Ստո­րեւ, յա­պա­ւու­մով, լոյս կ՛ըն­ծա­յենք հար­ցազ­րոյց մը, կա­տար­ուած Յ. Քիւրքճ­եա­նի հետ, “Ազ­դակ“ի (Լի­բա­նան) կող­մէ:

 

Հ.-Կրնա՞ք տե­ղե­կու­թիւն­ներ տալ դա­սա­ւանդ­ման ձեր ու­ղե­ցոյց­նե­րուն մա­սին…: Նա­եւ` ոմանց թե­րեւս տա­կա­ւին ան­ծա­նօթ դա­սա­գիր­քե­րու ձեր շար­քե­րուն մա­սին:

Պ.- Ու­ղե­ցոյց­նե­րը տրա­մադր­ուե­ցան սփիւռ­քի շրջան­նե­րու բո­լոր այն դպրոց­նե­րուն, որոնք կը գոր­ծա­ծեն “Հայ­րե­նի Աղ­բիւր“ շար­քի չորս եւ “Հայ կեանք եւ գրա­կա­նու­թիւն“ շար­քի եր­կու դա­սա­գիր­քե­րը, առա­ջին­նե­րը` միջ­նա­կար­գի, 6-րդէն 9-րդ կար­գեր, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ իրենց “Աշ­խա­տան­քի տետ­րակ“-նե­րուն (զուտ կի­րա­ռա­կան քե­րա­կա­նու­թիւն), իսկ միւս­նե­րը` երկ­րոր­դա­կա­նի, 10-րդ կար­գէն` աւար­տա­կան: Ինչ­պէս եւ այն ան­հատ ու­սու­ցիչ­նե­րու, որոնք հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րած են եւ դի­մած:

 

Հ.- Դա­սա­գիր­քե­րը սկզբնա­պէս չու­նէ­ի՞ն իրենց ու­ղե­ցոյց­նե­րը:

P6-7  hkurkjian1  Պ.- Դա­սա­գիր­քե­րու կա­ռոյ­ցը, յա­տուկ սերտ­ուած, այն­պի­սին է, որ ու­սու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ ըն­տե­լաց­ման սկզբնա­կան ճիգ մը կը բա­ւէ` ձեռն­հա­սօ­րէն գոր­ծա­ծե­լու զա­նոնք: Կ՛օգ­նեն նա­եւ հոն նե­րառ­ուած օժան­դակ գոր­ծիք­ներ` յա­տուկ մշակ­ուած գրա­կան էջեր, քայլ առ քայլ ըն­կե­րա­ցող հար­ցա­րան­ներ եւ այլ լրա­ցում­ներ (ար­տա­սա­նու­թեան թէ ար­տա­դա­սագր­քա­յին զբա­ղում­նե­րու թե­լադ­րանք­ներ, լեզ­ուա­կան “առար­կա­յա­կան“ վար­ժու­թիւն­նե­րու` ու­սու­ցի­չին տրա­մադ­րուող պա­տաս­խան­ներ եւ այլն): Դա­սա­գիր­քե­րը հրա­տա­րակ­ուեր են սկզբնա­կան լուրջ փոր­ձար­կու­մէ ետք, յե­նած թէ՛ իմ ու­սուց­չա­կան եր­կա­րամ­եայ փոր­ձիս վրայ, թէ՛ Պէյ­րութ, Մար­սէյ եւ Աթէնք` ընտր­ուած ման­կա­վարժ­նե­րու փոր­ձար­կու­մին – Շա­ղիկ Փա­փազ­եան-Մկրտիչ­եա­նի, Լու­սին Մա­լիք­եա­նի եւ Մա­րօ Գա­լայճ­եան-Քիւրքճ­եա­նի (որ նա­եւ հե­ղի­նա­կա­կիցս է եղած): Առանց մոռ­նա­լու խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ` երէց սե­րուն­դի վաս­տա­կա­ւոր մշակ­նե­րու հետ: Ապա, յա­ջոր­դա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու մէջ, անոնք են­թարկ­ուեր են մնա­յուն յղկու­մի…: Ինչ­պէս` ահա այ­սօր, մեկ­նա­կէ­տէն քսան տա­րի ետք, կը վերհ­րա­տա­րակ­ուի “Հայ­րե­նի Աղ­բիւր“-ի վեր­ջի­նը` գիրք 3-ը, նո­րոգ­ուած բո­վան­դա­կու­թեամբ եւ հա­մա­կարգ­չա­յին լրիւ նոր ձե­ւա­ւո­րու­մով: Միւս գիր­քե­րը` պի­տի հե­տե­ւին` տար­ուէ տա­րի, ասոնք` մա­նա­ւանդ ձե­ւա­ւոր­ման նո­րո­գու­մով:P6-7  hk 2

Փաս­տօ­րէն, եր­կար ատեն, չէ­ինք մտա­ծեր ու­ղե­ցոյց­ներ ստեղ­ծե­լու մա­սին:

 

Հ.- Ի վեր­ջոյ, ինչ­պէ՞ս ներ­կա­յա­ցաւ անոնց կա­րի­քը:

Պ.- Գի­տէ՛ք, ու­սու­ցիչ­նե­րու օժան­դակ ու­ղե­ցոյց­նե­րը ըն­թա­ցիկ են` յատ­կա­պէս զար­գա­ցած կրթամ­շա­կու­թա­յին ոլոր­տի տէր եր­կիր­նե­րու մէջ, բո­լոր վայ­րե­րու` ուր ­ման­կա­վար­ժա­կան որո­նում եւ դա­սա­ւանդ­ման մե­թոտ կը գի­տակց­ուին իբ­րեւ կրթա­կան գոր­ծի բա­նա­լի­ներ: Կա­մաց-կա­մաց նկատ­ուե­ցաւ, որ այդ­պի­սի ման­րա­մասն ու­ղե­ցոյց­ներ, դա­սա­գիր­քէն դուրս` ու­սու­ցի­չին տրա­մադր­ուած, երե­ւի անհ­րա­ժեշտ են նա­եւ մեզ մօտ…: Եւ երբ Հա­մազ­գա­յի­նի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւնը ըն­դա­ռա­ջեց գա­ղա­փա­րին` հո­վա­նա­ւո­րե­լու անոնց իրա­գոր­ծու­մը, քա­ջա­լեր­ուե­ցանք լծուե­լու պատ­րաս­տու­թեան եր­կա­րա­շունչ գոր­ծին:

 

Հ.- Բայց ինչ­պէ՞ս կը հաշ­տեց­նէք ու­ղե­ցոյց­նե­րը` ձեր պատ­կե­րա­ցու­մին հետ: Եւ ինչ­պէ՞ս կը ներ­կա­յա­նան անոնք:

Պ.- Ու­ղե­ցոյց­նե­րը թիւով չորս են, խտա­սա­լի­կի վրայ թուայ­նա­ցած պատ­կեր-էջեր, ըստ փա­փա­քի “գիրք“-ի վե­րա­ծե­լի` պարզ տպի­չով մը – եր­կու` “Հայ­րե­նի Աղ­բիւր“-նե­րու (ասոնք` եր­կու-եր­կու խմբուած), եւ մէ­կա­կան` գրա­կա­նու­թեան զոյգ հա­տոր­նե­րուն հա­մար: Չորս հա­տո­րի ընդ­հա­նուր ծա­ւալ` շուրջ 450 էջ: Կը տրա­մադր­ուին բո­լոր փա­փա­քող­նե­րուն, առանց հա­տու­ցու­մի կամ որե­ւէ փո­խա­դարձ յանձ­նա­ռու­թեան:

Իւ­րա­քան­չիւր ու­ղե­ցոյց ու­նի ընդ­հա­նուր թե­լադ­րանք­նե­րու բա­ժին մը, ապա` դաս առ դաս աւանդ­ման առա­ջարկ-յանձ­նա­րա­րու­թիւն­ներ: Ամէն առի­թով ու տե­ւա­բար` կի­րարկ­ուած է ա­ռա­ջար­կի ­ձե­ւը: Շեշտ­ուած է թե­լադ­րանք­նե­րու­ն ոչ-հրա­մա­յա­կան, ոչ-վերջ­նա­կան բնոյ­թը, կա­րե­լիու­թիւնն ու կա­րե­ւո­րու­թիւնը‘ ըստ կա­րի­քի որո­նե­լու, մշա­կե­լու դա­սա­ւանդ­ման ու­րիշ, սե­փա­կա՛ն ձե­ւեր: Ջանք թափ­ուած է ու­սու­ցի­չին տա­լու մղու­մը‘ իր աշ­խա­տա­ձե­ւը քննա­կա­նօ­րէն գնա­հա­տե­լու, ինք­զինք նո­րո­գե­լու սե­փա­կան ճի­գով…: Որ­քան ալ ճոխ ըլ­լան ու­ղե­ցոյց­նե­րու թե­լադ­րանք­նե­րը, կը հա­ւա­տանք, որ դա­սը հե­տաքրք­րա­կան ու սի­րե­լի դարձ­նե­լու ձե­ւե­րը, ըստ ան­ձի ու վայ­րի, կը մնան անս­պա­ռե­լի:

 

Հ.- Ու­ղե­ցոյց­նե­րու թեր­թա­տու­մը կը բա­ւէ նկա­տե­լու, որ կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տաք այս “հե­տաքրք­րա­կան“ եւ “սի­րե­լի“ բա­ռե­րով ար­տա­յայ­տուող մտա­հո­գու­թեան մը: Պի­տի ար­ժէր անոնց պար­փա­կած ու­սուց­ման սկզբունք­նե­րը աւե­լի հիմ­նա­ւոր ներ­կա­յաց­նել:

Պ.- Ու­ղե­ցոյց­նե­րը, ինչ­պէս ան­շուշտ նա­եւ դա­սա­գիր­քե­րը, կը մեկ­նին սա՛ հիմ­նա­կան սկզբուն­քէն.- Լեզ­ուի, եւ յատ­կա­պէ՛ս մայ­րե­նի լեզ­ուի ու­սու­ցու­մը ­գի­տե­լի­քի պարզ փո­խան­ցում մը չէ (ինչ­պէս է մեծ մա­սամբ, օրի­նակ, գի­տա­կան նիւ­թե­րու ու­սու­ցու­մը): Անի­կա առաջ­նա­հեր­թա­բար ­սոր­վեց­նել է սե­փա­կան լե­զուով եւ ու­ղի՛ղ ձե­ւով ար­տա­յայ­տել ԿԵԱՆ­ՔԸ` իր բո­լոր երես­նե­րով, ար­տա­քին աշ­խար­հի թէ նե­րաշ­խար­հի մար­զե­րով: Ու­սու­ցում մըն է, որ պի­տի ըն­թա­նայ բ­նա­կան ճա­նա­պար­հով, նախ` կեան­քի այդ մար­զե­րուն շուրջ շա­րադր­ուած նիւ­թեր տես­նե­լով, զա­նոնք քննե­լով, ապա` նուա­ճե­լով այդ լեզ­ուի կի­րար­կու­մը` մե­թո­տիկ վե­րար­տադ­րու­մի վար­ժու­թիւն­նե­րով, միշտ` բնա­կա­նօ­րէն, ըլ­լա՛յ առօր­եայ գոր­ծա­ծու­թեան հա­մար, ըլ­լա՛յ -գո­նէ մա­սամբ- անով գրուած “գե­ղե­ցիկ“ գոր­ծե­րու գնա­հա­տու­մին հա­մար…:

P6-7  hk 3Եթէ հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման մէջ` բնա­կան իւ­րաց­ման այս սկզբուն­քը չբա­ւա­րա­րենք եւ գե­րակ­շիռ տեղ տանք գի­տե­լի­քի աւանդ­ման, շատ արագ կը ծնին­ խոր­թու­թիւն, տաղ­տուկ, դա­սա­նիւ­թին հան­դէպ հա­կակ­րանք: Մինչ, քե­րա­կա­նա­կան գի­տե­լի­քի կամ “գրա­կա­նա­գի­տա­կան“ տու­եալ­նե­րու բա­ժին­նե­րը սահ­մա­նա­փա­կե­լով, ժա­մա­նակն ու ճի­գը ուղ­ղե­լով դէ­պի կեն­դա­նի դա­սա­ւան­դում, կեան­քի` աւան­դում, դէ­պի որո­նում ու հար­ցադ­րում` գրգիռ կու տանք պա­տա­նի հե­տաքր­քիր միտ­քե­րու, կը կա­պենք դա­սա­նիւ­թին, վեր­ջին հա­շուով նա­եւ ամ­րօ­րէն ապա­հո­վե­լով գի­տե­լի­քի որոշ ամ­բա­րում – անհ­րա­ժեշտ նուա­զա­գոյ­նի հա­մե­մա­տու­թեամբ:

 

Հ.- Իսկ ինչ­պէ՞ս ապա­հո­վել հա­ւա­քա­կան ար­ժէք­նե­րու մա­սին պատ­գամ­նե­րու փո­խան­ցու­մը…

Պ.- Հա­ւա­քա­կան ար­ժէք­նե­րու, ազ­գա­յին կամ մարդ­կա­յին-բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու մա­սին պատ­գա­մը եւս, դա­սա­գիր­քի մէջ, պար­տի աշա­կեր­տին հաս­նիլ նոյն­քան բնա­կան ձե­ւով ու ճամ­բով: Այ­սինքն` նա­եւ այդ ար­ժէք­նե­րուն առնչ­ուա­ծ ի­րա­կան ­նիւ­թեր տես­նե­լով, քննե­լով – եթէ չենք ու­զեր, որ անոնք դառ­նան կարծ­րա­տիպ (stereotype), դառ­նան քա­րո՛զ, եւ տան ճիշդ հա­կա­ռակ ար­դիւն­քը: Պա­տա­նի աշա­կեր­տը ան­մի­ջա­պէս, բնազ­դով, կը զգայ` ո՛ւր հա­րա­զատ ենք ու բնա­կան, եւ ո՛ւր` չենք…:

Ատոր հա­մար, նման նիւ­թեր պէտք է ընտր­ուին-մշակ­ուին յա­տուկ խնամ­քով: Մեր դա­սա­գիր­քե­րուն մէջ տեղ տուած ենք ­հե­տաքրք­րա­կան պա­տա­ռիկ­նե­րու` մա­մու­լէն, ապա եւ մշա­կած-պատ­շա­ճե­ցու­ցած` յա­տուկ ընտր­ուած գրա­կան հատ­ուած­ներ: Ասի­կա անհ­րա­ժեշտ է, որ­պէս­զի ազ­գա­յին թէ այլ ար­ժէք­նե­րու առն­չուող պատ­գամ­նե­րը հնչեն բնա­կան եւ հա­րա­զատ: Նա­եւ` յա­ճախ` նե­րարկ­ուին ­ճա­շա­կի խօ­սող նիւ­թե­րու ­ճամ­բով, մի­ան­գա­մայն զար­գաց­նե­լով գե­ղե­ցի­կի ճա­շա­կը:

 

Հ.- Ու­ղե­ցոյց­նե­րը, կը հա­ւա­տաք, այս­պէս առա­ւե­լա­գոյնս օգ­տա­կար կ՛ըլ­լան…

Պ.- Ան­պայ­մա՛ն…: Մեր ընտ­րանք­նե­րը առ­հա­սա­րակ` լաւ ըն­կալ­ուած են: Միշտ լսե­լու պատ­րաստ ենք եղած` մեր հետ շփուող ու­սու­ցիչ­նե­րու յանձ­նա­րա­րու­թիւն­նե­րը: Եւ ար­դիւն­քը ան­շուշտ օգ­տա­կար կը դառ­նայ: Կը բա­ւէ, որ գոր­ծա­ծող­նե­րուն մօտ եւս առ­կայ ըլ­լայ նոյն կա­մե­ցո­ղու­թիւնը` բաց­ուե­լու, հասկ­նա­լու, օգտ­ուե­լու…:

Եթէ եր­բեմն մեր­ժած ենք տե­սա­կէտ­ներ, որոնք կ՛ուղղ­ուին ընդ­հա­նու­րին ըն­դու­նե­լի ու սի­րե­լի հե­ղի­նա­կի մը դէմ, էջի մը դէմ, հիմ­նա­ւոր ու նպա­տա­կա­յար­մար աշ­խա­տա­ձե­ւի մը դէմ,- այդ ալ ըրած ենք` ման­կա­վար­ժա­կան հան­րա­յայտ սկզբունք­նե­րու հի­ման վրայ: Զար­մա­նա­լով եւ ափ­սո­սա­լով` կարծ­րա­տի­պե­րու գոր­ծած այս աւե­րին, եր­բեմն նոյ­նի՛սկ երի­տա­սարդ ու­սու­ցիչ­նե­րու մօտ…: Այ­լա­պէս, միշտ խորհր­դակ­ցած ենք, ըն­թացք տուած ենք գոր­ծա­կից­նե­րու թե­լադ­րանք­նե­րուն, հրա­տա­րա­կու­թե­նէ հրա­տա­րա­կու­թիւն` փո­փո­խու­թիւն­ներ բե­րե­լով, ինչ­պէս սկիզ­բը նշե­ցի:

 

Հ.- Ու­ղիղ հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման ճամ­բան այս­պէ՞ս կը սահ­մա­նէք ու­րեմն…

Պ.- Դա­սա­նիւ­թը “բնա­կան“ ու ի վեր­ջոյ սի­րե­լի դարձ­նե­լը էա­կան թի­րախ է, նա­խա­պայ­ման է: Իսկ անոր նոյն­քա՛­ն է­ա­կան լրա­ցումն է` տա­լու, աւան­դե­լու ձե­ւը: Այ­սինքն` ի՞նչ դա­սա­ւան­դե­լու կող­քին, եթէ ոչ ան­կէ առաջ, ինչ­պէ՞ս ­դա­սա­ւան­դե­լը: Մե­թո­տի՛ հար­ցը` որ­մէ կախ­եալ է ամէն բան, եւ որ պէտք չէ շրջանց­ուի ոչ մէկ գնով: “Բնա­կան“ կամ “հե­տաքրք­րա­կան“ ու­սու­ցու­մը միայն “տե­սա­կան“-ին, կարծ­րա­տի­պին չէ՛ որ կը հա­կադր­ուի. նա­եւ կը հա­կադր­ուի ան­կողմ­նա­ցոյց, “ամ­բո­խա­վար“ պա­րապ­մուն­քի ոճին: Մե­թո­տով է, որ նիւթ մը, անոր աւան­դու­մը կը դառ­նան իս­կա­պէս “հե­տաքրք­րա­կան“, կը սիր­ուին:

Գի­տէ՛ք, պա­րապ տեղ չէ, որ ման­կա­վար­ժու­թիւնը, մա­նու­կի-պա­տանիի հո­գե­բա­նու­թեան կող­քին, անոր առնչ­ուած, գի­տու­թիւն­նե­րու կար­գը դաս­ուած է` իր տե­սա­կան եւ կի­րա­ռա­կան ոլորտ­նե­րով: Դժբախ­տա­բար, մեր կրթա­կան մտա­ծո­ղու­թիւնը միշտ չէ որ կը նե­րա­ռէ մե­թո­տի այս կա­րե­ւո­րու­թիւնը: Խօսքս հոս` հա­ւա­քա­կան մ­տա­ծո­ղու­թեան ­մա­սին է, հայ­րե­նի թէ աւան­դա­կան-սփիւռ­քա­հայ. մինչ չեն պակ­սի­ր ան­հատ ու­սու­ցիչ­ներ, աւե­լի` սփիւռ­քի տա­րած­քին, որոնք գի­տեն ե՛ւ մթնո­լորտ ստեղ­ծել` խու­սա­փե­լով չոր գի­տե­լի­քի կու­տա­կու­մէն, ե՛ւ ընել ատի­կա` քայլ առ քայլ նա­խա­տե­սե­լով-մշա­կե­լով իրենց դա­սա­րա­նա­յին աշ­խա­տան­քը: Այս ընդ­հա­նուր եզ­րա­կա­ցու­թեան հա­սած եմ` մօ­տէն դի­տե­լով ու քննե­լով հա­յաշ­խար­հի կրթա­կան ընդ­հա­նուր ոլոր­տը:

Մէկ օրի­նակ, որուն մա­սին կ՛ար­ժէ խորհր­դա­ծել.- Եւ­րո­պա­յի թէ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու շարք մը դպրոց­ներ յա­ջո­ղա­պէս կը գոր­ծա­ծեն մեր թէ՛ “Հայ­րե­նի աղ­բիւր“, եւ թէ՛ “Հայ կեանք եւ գրա­կա­նու­թիւն“ դա­սա­գիր­քե­րը: Ինչ­պէ՞ս: Պար­զա­պէս` այդ եր­կիր­նե­րու մշա­կու­թա­յին մի­ջա­վայ­րե­րու թե­լադ­րան­քով` մեր ու­սու­ցիչ­նե­րէն շա­տեր, գի­տակ­ցե­լով մե­թո­տի կա­րե­ւո­րու­թեան, կը կի­րար­կեն տու­եալ շրջա­նի կա­ցու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան մե­թոտ­ներ: Եւ կը քա­ղեն այս հմտու­թեան բա­րիք­նե­րը, նոյ­նիսկ… իրենց կէս կամ քա­ռորդ հա­յա­խօս աշա­կերտ­նե­րուն հետ:

Պէտք է, իբ­րեւ ու­սու­ցիչ­ներ, գիտ­նանք խնդ­րար­կել դա­սա­ւանդ­ման մեր սե­փա­կան ձե­ւե­րը, որո­նել-մշա­կել ման­կա­վար­ժա­կան մե­թոտ: Առիթ ստեղ­ծել ման­կա­վար­ժա­կան փոր­ձի հա­ղոր­դում­նե­րու, փո­խա­նա­կու­մի` իրար մի­ջեւ: Կազ­մա­կեր­պել ու­սու­ցո­ղա­կան կլոր-սե­ղան­ներ եւ վար­ժոց­ներ (stage), ուր զա­նա­զան փոր­ձեր կը հար­ցադր­ուին, կը քննուին…

Ու­րեմն, մայ­րե­նի լեզ­ուի ու­սու­ցու­մը մէկ կող­մէ պի­տի երաշ­խա­ւոր­ուի բ­նա­կա­նու­թեամբ, կեն­դա­նու­թեամբ, եւ միւս կող­մէ` կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ման­կա­վար­ժա­կան մե­թո­տով:

 

Հ.-Հա­կա­սու­թիւն չէ՞ք տես­ներ եր­կու­քին մի­ջեւ…

Պ.- Բնա­կա­նու­թեան եւ կազ­մա­կեր­պու­մի՞ն մի­ջեւ` ըսել կ՛ու­զէք…: Ան­շո՛ւշտ որ` ո՛չ: Եթէ մե­թո­տը հիմն­ուած է մա­նուկ-պա­տանիի հո­գե­բա­նու­թեան ճա­նա­չու­մին վրայ, իր­մէ միայն բնա­կա­նու­թեան ու կեն­դա­նու­թեան մթնո­լորտ կրնայ ծնիլ…

Փո­խա­նակ “հա­յե­րէն սոր­վե­լու“, աշա­կեր­տը պի­տի սոր­վի “կեան­քը հա­յե­րէ­նով ըսել ու ապ­րիլ“… Ասի­կա կ՛ի­րա­գործ­ուի միայն կեան­քի մէջ թա­թա­խու­մով, ման­կա­վար­ժօ­րէն ղե­կա­վար­ուած, փորձ­ուած մե­թո­տի կի­րար­կու­մով: Եւ ո՛չ` քե­րա­կա­նա­կան կամ հան­րա­գի­տա­րա­նա­յին  ման­րուք կու­տա­կե­լով մտքե­րուն մէջ, կամ ջա­նա­լով գոց ընել տալ “գրա­կա­նա­գի­տա­կան“ գի­տե­լիք` հե­ղի­նա­կի “կեան­քը-գոր­ծը-ար­ուես­տը“…:

Ամ­փոփ­ուե­լու հա­մար` աւելց­նեմ միայն, որ ­սեր­տօ­րէն լրա­ցու­ցիչ այս եր­կու հի­մունք­նե­րը` ոգի եւ մե­թոտ, իրենց կար­գին, ու­սու­ցի­չին մէջ են­թա­հող պի­տի ու­նե­նան կո­չու­մը: Այս բա­ռը կրնայ չար­չար­ուած ըլ­լալ, հին­ցած հնչել, բայց կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ` ամէն վի­պա­կա­նու­թե­նէ հե­ռու` շատ առար­կա­յա­կան, իրա­կա՛ն պա­հան­ջի մը, պայ­մա­նի մը: Չը­սենք կո­չում, ըսե՛նք` նկա­րագ­րա­յին հա­կում ու ճա­շակ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան, ըսե՛նք­ բազ­մա­կի յար­գանք` մարդ­կա­յի­նի հան­դէպ: Որ կը նե­րա­ռէ մա­նա­ւանդ յար­գան­քը` հան­դէպ սե­փա­կան աս­պա­րէ­զին ու սե­փա­կան ան­ձին, եւ յար­գան­քը` հան­դէպ կեան­քին նոր բա­ցուող սե­րուն­դի մը: Այ­սինքն կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը` հան­դէպ մեր Ապա­գա­յին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles