
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Յուլիս 12, 2016
«Հաստատակամ Աջակցութիւն» խորագրին տակ, վերջերս Լեհաստանի մայրաքաղաք՝ Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը, որուն կիզակէտն էր Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն հաստատելու նպատակով ՆԱԹՕ-ի անդամ եւ ոչ անդամ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու միջեւ կատարուող ներդրումն ու անոր անմիջական արդիւնքները:
Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերած ըլլալով այս ծրագրին, յանձին նախագահ Սերժ Սարգսեան շեշտեց թէ պիտի շարունակէ մաս կազմել այս ծրագրին, յատկապէս իր ներդրումը կատարելով պայթուցիկ սարքերու վնասազերծման եւ շտապ օգնութեան փոքր հիւանդանոցներ կառուցելու բնագաւառներէն ներս:
Հայաստանի աջակցութիւնը հաստատակամ էր: Այնքան մը հաստատակամ, որքան նոյնինքն ծրագիրը: Տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը, միեւնոյն օրերուն այլ հաստատակամութեան մը մութ եւ խոտոր ստուերները սկսած էր ստեղծուիլ Պաքուի մէջ, երբ Ռուսաստանն ու Ատրպէյճանը, ռազմամթերքի մատակարարման նոր պայմանագիր մը կնքած են, Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Սերգէյ Լավրովի այցելութեան նախօրեակին:
Թէ այս մէկ որոշումը նկատել իբրեւ հաստատակամ աջակցութիւն կամ աւելի ճիշտը…հաստատակամ սպառազինում, հաւանաբար շատ աւելի ամբողջական ըլլայ պատահած իրադարձութիւններուն հասկացողութիւնը:
Երբ Սարգսեան Վարշաւայի մէջ կատարուած ՆԱԹՕ-ի խորհրդաժողովին կը յայտնէր թէ Հայաստանը խաղաղութեան եւ անվտանգութեան աշխուժ ջատագով է, նաեւ տարածաշրջանէն ներս եւ մշտապէս հանդէս եկած է, շարունակ խաղաղութեան լուծումներ առաջարկելով, անդին մղոններ հեռու…Կասպից Ծովու ափին, ձկնկիթներով ճոխ սեղանի մը շուրջ, զինամթերքի վաճառման գաղտնի համաձայնութիւններ կը ստորագրուէին:
Իլհամ Ալիեւն ալ Վարշաւայի խորհրդաժողովին ներկայ եղած էր, եւ քուլիսներու ետին խօսակցութիւններու ժամանակ, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց նախարար Ճոն Քերիի վստահեցուցած էր, թէ երբեք մտադիր չէ պատերազմ մղելու Արցախի տարածաշրջանէն ներս:
Մինչդեռ հազիւ Պաքու վերադարձած, ան կրկին սկսած էր բարձրաձայն յարձակողական եւ պատերազմատենչ արտայայտութիւններ ունենալ:
Հաւանաբար, Ալիեւի այս երկխաղացութեան եւ անոր տածած «մութ» անորոշութեան եւ խորամանկութեան արդիւնք, Հ.Հ. նախագահ Սարգսեան, Վարշաւայի մէջ փոխանցած իր զեկուցումին մէջ, նշած էր թէ Արցախի հիմնահարցին առնչութեամբ, գոյավիճակը կրնայ բոլորովին տարբեր բնոյթ ստանալ, եթէ ճանչցուի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը:
Հայաստան պատրաստակամութիւն յայտնած է միշտ ալ ՆԱԹՕ-ի հովանաւորութեամբ,մասնակցելու Աֆղանիստանի մէջ կատարուող առաքելութիւններուն:
Աւելի քան հարիւր հայրենի զինուորներ…Արցախեան սահմաններէն մղոններ հեռու պիտի շարունակեն գործել «Հաստատակամ Աջակցութիւն»ը փոխարինող «Տեւական Գործընկերութիւն» առաքելութեամբ:
Իսկ հայրենիքի անմիջական սահմաններէն ներս, տեւականօրէ՛ն հաստատակամ է հայ զինուորն ու, առ հասարակ, հայորդին: