Լրահոս

ՀԱՈՒԱՅԻ ՃԱՆՉՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

p3 hawai

 

 

Advertisement Subscribe Today

ՀՈՆՈԼՈՒԼՈՒ.-  Միացեալ Նահանգներու Հաուայի նահանգի Ծերակոյտը անցեալ շաբաթ միաձայնութեամբ որդեգրած է բանաձեւ մը` ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Ապրիլ 24ը հռչակելով Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օր:

Բանաձեւի որդեգրումին ներկայ էր հայ համայնքի ներկայացուցիչ Արթուր Արթենեան: Բանաձեւը ներկայացուցած են ծերակուտականներ Սիւզըն Չան Օքլընտ, Տանըվըն Տելա Քրուզ, Ուիլ Էսփերօ, Պրին Հարիմոթօ, Լես Իհարա կրտսերը եւ ուրիշներ: Որդեգրուած բանաձեւին մէջ կը նշուի.- “Ծերակոյտը կը միանայ Հաուայի Ներկայացուցիչներու Տան, ամերիկահայ համայնքին եւ ամբողջ աշխարհով սփռուած հայերուն` ճանչնալով եւ յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, կոչ ուղղելով աշխարհի բոլոր մարդոց երբեք չմոռնալու մարդկութեան դէմ այդ սարսափելի յանցագործութիւնը“:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button