
Read Time:16 Second
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 10-ին, Տիգրանակերտի հնագիտական թանգարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդին, տարածաշրջանային յանձնախումբերուն ու գրասենեակներուն ներկայացուցիչներուն հետ: Լայնօրէն քննարկուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերուն, Ապրիլ 2-5 Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմական գործողություններուն եւ անոնց հետեւանքներուն, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերող հարցեր: