Հանդիպում` Ասորի Եւ Եզիտի Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

0 0
Read Time:40 Second

 

ԵՐԵՒԱՆ.- Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, Հ.Յ.Դ. Մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ, թէ Ապրիլ 20-ին» «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան հանդիպում ունեցած են Եւրոպայի Ասորիներու միութեան նախագահ Լահտօ Հոպիլի, Եզիտի «ՍինՃար» խորհուրդի նախագահ Ֆիքրեթ Իկրեքի, Ֆրանսայի եզիտի կազմակերպութիւններու դաշնութեան նախագահ Թամազ Տասենի, «Մետիա Շանկալ» եզիտիներու ազգային միաւորում հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ամօ Շարոյեանի եւ Ռուսիոյ Քամչաթքայի երկրամասի պատգամաւոր Ռաշիտ Շամոյեանի հետ:
Հիւրերը նշած են, որ իրենց ժողովուրդները Հայաստանի մէջ գտած են իրենց երկրորդ հայրենիքը: Ոչ մէկ տեղ անոնք իրենց սեփական իրաւունքներուն չեն արժանացած այնպէս, ինչպէս է պարագան Հայաստանի մէջ:
Ներկաները անդրադարձած են անհանգիստ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ եղբայր ժողովուրդներուն բաժին ինկած փորձութիւններուն: Քննարկուած են տարբեր երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւներու մէջ համագործակցելու եւ ընդհանուր աշխատանքները համադրելու խնդիրը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles