
ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց)․- Երեքշաբթի, Յուլիս 31 յետմիջօրէին, Արեւելեան Մասաչուսէցի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ, տեսակցութիւն ունեցան շրջանի քոնկրէսական Քաթըրին Քլարքի հետ։ ՝՝Հայրենիք՝՝-ի խմբագրատուն այցելելէ եւ կարճ տեսակցութիւն մը ունենալէ ետք, Քլարք հանդիպում ունեցաւ շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն (Հայ Դատի Արեւելեան շրջանի ատենապետ՝ Սթիւ Մեսրոպեան, Թամար Քանարեան, Ժան Աւետիսեան, Մարալ Չօլոյեան եւ Ճորճ Աղճայեան) հետ եւ արծարծեց շրջանի հայութիւնը շահագրգռող զանազան հարցեր։ ՝՝Ինծի համար բարձր պատիւ է ներկայացնել Ուաթըրթաունի գործօն հայ գաղութը, նաեւ գործակցիլ զանազան բնագաւառներէ ներս՝՝, ըսաւ Քլարք, իր տեսակցութեան աւարտին։
Նշենք թէ, քոնկրէսական Քլարք առիթ ունեցած էր այցելելու նաեւ Հ․Յ․Դ․-ի եւ Հայաստանի Ա․ հանրապետութեան արխիւները։