Լրահոս

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ – Գանատայի Վարչապետ Մարք Քարնի

ՕԹԱՈՒԱ․- 21 Հոկտեմբերին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ, Օթթաուա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ Գանատայի Վարչապետ Ն.Վ. Մարք Քարնիի հետ։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ պատուիրակութեան անդամները երախտագիտութիւն յայտնեցին Վարչապետին՝ իր ծառայութեան եւ գանատահայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար։ Քննարկուեցան բազմազան հարցեր՝ ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը, Արցախահայութեան անվտանգութեան եւ վերադարձի իրաւունքի ապահովման գերխնդիրը, Ազրպէյճանի մէջ կամայականօրէն կալանաւորուած հայ գերիներու ազատ արձակման հրամայականը, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման հրատապ անհրաժեշտութիւնը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ին կ՚ընկերակցէին՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի անդամ եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի պատգամաւոր՝ Րաֆֆի Տօնապետեան, եւ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Խորէն Տիմիթեան։

Վարչապետ Քարնին եւ Վեհափառ Հայրապետը փոխանակեցին մտքեր հրատապ նիւթերու շուրջ՝ վերահաստատելով Գանատայի եւ հայ ժողովուրդի համատեղ յանձնառութիւնը՝ մարդկային իրաւանց, արդարութեան եւ խաղաղութեան արժէքներուն։ Հանդիպումը նշանաւորեց կարեւոր փուլ մը Գանատայի եւ գանատահայ համայնքին միջեւ շարունակուող երկխօսութեան մէջ՝ ընդգծելով այն ամուր յարաբերութիւնը, որ հիմնուած է համատեղ արժէքներու ու փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ։

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button