Հանդիպում՝ «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիք» Թեմայով

Հոկտեմբեր 17-ին, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի հայրենադարձներու յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ «Հայկական Սփիւռքի մարտահրաւէրները եւ Հայրենիք» թեմայով հանդիպում, որուն մասնակցեցան հայրենիք հաստատուած տարբեր սփիւռքահայ համայնքներու ներկայացուցիչներ։
Տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ հայկական համայնքներու առջեւ կանգնած մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ զեկուցումներով ելոյթ ունեցան Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամներ Յակոբ Բագրատունի, Մուրատ Փափազեան եւ Սեւան Դանիէլեան։ Հայրենիք–Սփիւռք յարաբերութիւններու առկայ խնդիրներուն եւ զանոնք յաղթահարելու անհրաժեշտ քայլերուն մասին զեկուցումով հանդէս եկաւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան։
Քննարկման ընթացքին շեշտուեցաւ Հայաստան–Սփիւռք կապերու վերականգնման եւ համագործակցութեան նոր մակարդակի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը։

