Հանդիպում՝ Լաւրով – Միրզոյեան

0 0
Read Time:1 Minute, 12 Second

ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ապրիլ 8-ին, տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի միջեւ։

Լաւրով շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան պատրաստ չեն շարունակելու կապերը Ռուսիոյ հետ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ձեւաչափով, առ այդ, ըստ անոր, ինք պատկերացում չունի, թէ ԵԱՀԿի համանախագահութեան գործունէութեան եւ ապագայի ճակատագիրը ի՛նչ պիտի ըլլայ:

«Ասիկա իրենց իրաւունքն է, եթէ անոնք պատրաստ են զոհաբերել Ղարաբաղի եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի հարցերու կարգաւորման շահերը: Եթէ անոնք պատրաստ են զոհաբերել այս պարագային հայկական կողմի շահերը, ապա այդ մէկը իրենց ընտրութիւնն է», ըսաւ Լաւրով, աւելցնելով, որ առանցքային դաշնակիցի դիրքերէն Ռուսիա պիտի շարունակէ օգնել Հայաստանին պաշտպանունակութեան ամրապնդման եւ սահմաններու պահպանութեան: Ան շեշտեց, որ ռուսական կողմը պիտի շարունակէ ապահովել ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնը Արցախի մէջ՝ ըստ իր յանձնառութեան, նաեւ՝  Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու գործադրութիւնը։ Նախարարը հաստատեց, որ Ռուսիա պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններուն եւ անոնց միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման համար պայմաններու ստեղծման աշխատանքներուն։

Նախարար Միրզոյեան իր կարգին յայտնեց, որ Ռուսիա առանցքային դեր խաղցած է Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մէջ: «Վստահ եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղում ՌԴ խաղաղապահ ուժերի արդիւնաւէտ գործունէութիւնը, ովքեր ապահովում են Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը, կը նպաստի Լեռնային Ղարաբաղում կրակի դադարեցման դրութեան պահպանմանը եւ սադրանքներ թոյլ չտալուն, բնական կեանքի վերականգմանը եւ կայունութեանն եւ անվտանգութեանը մեր տարածաշրջանում», յայտնեց ան։

Միրզոյեան գնահատեց Ռուսիոյ միջնորդական դերը նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման նպատակ ունի:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles