
ԵՐԵՒԱՆ, “Եռագոյն“, “Երկիր“.- Յուլիս 14-ին, Պռոշեանի մէջ կայացած ընտրութիւններուն, գիւղապետ ընտրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Արթուր Մուրատեանը:
Պռոշեանի 3990 ընտրողներէն գիւղապետի ընտրութեան մասնակցեցան 2800ը: Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն ապահովեց 1317 ձայն: Առաջադրուած միւս երկու թեկնածուներէն` Հ.Յ.Դ.-ի անդամ Վովա Սահակեան հաւաքեց 1241 ձայն, իսկ երրորդ թեկնածուն, Ալեքսան Ալեքսանեան` 178 ձայն: Անվաւեր նկատուեցան վաթսունի շուրջ քուէաթերթիկ:
Հ.Յ.Դ.-ի թեկնածու Վովա Սահակեանը աւելցուց որ, բազմաթիւ միջոցներ օգտագործելէ ետք, տիրող իշխանութեան թեկնածուն ընդամէնը 64 ձայնի առաւելութիւն ունեցաւ: Ան վերահաշուարկի դիմում ներկայացուցած էր, որ դուրս եկած էր անփոփոխ:
Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահի տեղակալ Գրիգոր Արշակեան տեղեկացուց, որ յանձնախումբը ընտրական խախտումներու մասին որեւէ կարեւոր ահազանգ չէ ստացած:
Հ.Յ. Դաշնակցութեան թեկնածու Վովա Սահակեան, “Ազատութիւն“ ձայնասփիւռի կայանին հաղորդած է, որ խիստ վրդովուած է ընտրութեան արդիւնքներէն:
Վովա Սահակեան շեշտեց, որ պաշտպանութեան նախարարին հրամանով համակարգի բոլոր աշխատողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն ընտրակաշառք բաժնեցին, որպէսզի անոնք քուէարկեն Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուին օգտին:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին տեղեկացուց, որ Պռոշեանի նախկին գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի սպանութիւնը բացայայտելու համար Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ձեռնամուխ եղած է “Հրաչ Մուրատեան. արդարութեան պահանջ“ անուանումով հասարակական շարժման ստեղծման:
Ըստ Աղուան Վարդանեանի, իրենց պէտք չէ, որ անմեղ մարդիկ դատապարտուին իրենց չկատարած յանցանքին համար:
“Հրաչ Մուրատեան իսկական ազատամարտիկ էր, տեղական ինքնակառավարման մարմինի ղեկավար, հանրային ծառայող: Ան իր ապրելակերպով իր երկրին, իր պետութեան, իր գիւղի բնակչութեան նուիրուած անձնաւորութիւն էր: Այս սպանութեան բացայայտումը պէտք է ըլլայ իրաւապահ մարմիններու անմիջական գործը“, յայտարարեց ան: Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը կուսակցական չէ, այլ պիտի ընդգրկէ հասարակութեան լայն շրջանակներ, նաեւ` իրաւապաշտպաններ:
“Մենք նպատակ ունինք շարժման այս ձեւաչափով հետեւողականօրէն պահանջել, որ իսկապէս այս ոճիրը բացայայտուի: Մեր նպատակն է նաեւ ներկայացնել Հրաչ Մուրատեանի կերպարը“, յայտնեց Վարդանեան:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան ընդգծեց, որ իրաւական համակարգին նկատմամբ վստահութիւն պիտի ըլլայ միայն այն ժամանակ, երբ ոճիրը ամբողջովին բացայայտուի եւ բոլորը վստահ ըլլան, որ կատարողները պատժուած են: Վարդանեան շեշտեց, որ նկատի առնելով երկրին մէջ տիրող իրավիճակը եւ բարքերը, պէտք է հետեւողականօրէն պայքարիլ:
Մուրատեանի սպանութեան գործով տուժողի իրաւայաջորդի ներկայացուցիչ, փաստաբան Մելանիա Առուստամեան` սպանութեան գործի նիւթերուն ծանօթանալով, յայտարարեց, որ այդ սպանութիւնը Հրաչ Մուրատեանի գոյքի, անձի, անոր հարազատներուն դէմ ուղղուած դիտաւորեալ յանցագործութիւններուն վերջին օղակն էր:
Հրաչ Մուրատեանի եղբայրը` Յակոբ Մուրատեան յայտնեց.- “Ոնց ամբողջ երկրում է եղել, այնպէս էլ այստեղ է եղել: Նման ելքը, ի հարկէ, սպասելի չէր մեր համար, ի՞նչ պիտի անենք: Դէպքի առաջին օրուանից էլ չենք կասկածել, որ պարոն Մուրատեանի սպանութիւնը կապ ունի իր պաշտօնի, քաղաքական գործունէութեան հետ“: Ան աւելցուց թէ, այս հարցին մէջ վարչապետին, Կոտայքի մարզպետին, պաշտպանութեան նախարարին, Արման Սահակեանին եւ անոր հօր դերը կայ: “Ես միայն մի բան գիտեմ, որ ժողովրդին կաշառել են: Ապագան ցոյց կը տայ, թէ ինչպիսի գիւղապետ կը լինի Արթուր Մուրատեանը, բայց իր նման 500 հոգի էլ լինեն, Հրաչ Մուրատեանին չեն կարող հասնել, իր կողքով էլ չեն կարող քայլել“, շեշտեց Յակոբ Մուրատեան: