Հայ Օգնութեան Միութեան Ներկայացուցիչներ Այցելեցին Նահատակուած Հերոս Գալստեանի Նորածինին

0 0
Read Time:1 Minute, 10 Second

kalesdyan

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Մայիս 12, 2016ին, Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ Նարինէ Գալստեանի գլխաւորութեամբ, Հ.Օ.Մ.-ի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» Կեդրոնի ներկայացուցիչ՝ Սուզաննա Հովհաննիսեանը, այցելեցին Գիւմրի՝ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ժամանակ, Թալիշի մէջ զոհուած ազատամարտիկ` Հրաչ Գալստեանի ընտանիքին: Այցելութեան նպատակն էր Հ.Օ.Մ.-ի աշխարհասփիւռ անդամներուն կողմէ շնորհաւորել փոքրիկն Անահիտի ծնունդը, ինչպէս նաեւ բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել Գալստեանի այրիին՝ Անուշ Օհանեանին եւ համայն ընտանիքին:
Այս առթիւ, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի՝ Գարոլին Շմաւոնեանը, նշեց՝ «Հ.Օ.Մ.-ը անմիջապէս արձագանգելով Ապրիլեան իրադարձութիւններուն, կոչ ուղղեց Միաւորներուն եւ համայն հանրութեան՝ Արցախահայութեան անմիջական օժանդակութիւն յատկացնելու նպատակով: Այս պահուս, մեզի համար առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ Արցախն ու Արցախահայութիւնը: Աշխուժացնելով մեր բոլոր կառոյցները, «Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար» նախաբանով պիտի շարունակե՛նք հոգալ զոհուած եւ վիրաւոր ազատամարտիկներու ընտանիքներուն եւ բոլո՛ր անոնց, որոնք այս դժուարին պայմաններուն մէջ մեր աջակցութեան կը կարօտին»:
Հ.Օ.Մ.-ի «Մօր ու Մանկան» Ծննդատան առաջին երեխայի՝ Վրէժին ծնունդը արձանագրուած է Ապրիլ 24, 2005-ին, եւ այսօր, տասնըմէկ տարիներ ետք, Անահիտին ծնունդը կու գայ անգամ մը եւս մեզ յիշեցնելու, թէ հայ ազգը օժտուած է ապրելու եւ ապրեցնելու կամքով:
Յիշեցնենք, թէ Անահիտ Գալստեանը ծնաւ Մայիս 6, 2016-ին՝ Հայ Օգնութեան Միութեան «Մօր ու Մանկան» Առողջութեան Կեդրոն եւ Ծննդատունէն ներս: Կեդրոնը, հիմնուած 1997-ին, կը սպասարկէ Ախուրեանի եւ շրջակայ գիւղերու բնակիչներուն, անոնց տրամադրելով բարձրորակ առողջապահական բազմազան ծառայութիւններ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles