Հայ Օգնութեան Միութեան Երկնակամարին Վրայ Նոր Աստղ մը Ծնունդ Առաւ

0 0
Read Time:1 Minute, 28 Second

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը ընդառաջելով Սոտէրթէլի (Շուէտ) մէջ բնակութիւն հաստատած անձերու դիմումին, Հինգշաբթի 20 Սեպտեմբեր 2018-ին, տեղւոյն Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ սրահին մէջ հիմը դրաւ Հ.Օ.Մ.-ի «Աղթամար» Մեկուսի Մասնաճիւղին:
Հիմնադրութեան արարողութեան ներկայ էին Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Լիզա Աւագեան, Հ․Յ․Դ․ Շուէտի Կոմիտէի անդամներ, եւ 15 նորագիր ընկերուհիներ որոնք ուխտեցին հաւատարիմ մնալ Հ.Օ.Մ.-ի առաքելութեան: Լիզա Աւագեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ թէ Հ.Օ.Մ.ը ունի հսկայ աշխատանքի դաշտ եւ իր նպատակին ծառայելու համար կը գործէ ժողովրդային բոլոր խաւերուն հետ, ներկայութիւն է բոլոր հայ կռուաններուն մէջ, եւ կը հասնի բոլոր այն հայրենակիցներուն որոնք պէտք ունին օժանդակութեան: Ընկերուհին ներշնչեց թէ հպարտանք եւ թէ՛ պատասխանատուութեան զգացում՝ շեշտելով կարեւորութիւնը իրենց աշխատանքին որպէս «Հ.Օ.Մ.-ի Սուրբ գործի» առաքելութեան ջատագովները: Արարողութենէն ետք, մասնաճիւղին յանձնուեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի ձեռագործուած դրօշը, որպէսզի հպարտութեամբ ծածանուի նորաստեղծ մասնաճիւղի աշխատանքներու ընթացքին: Հարկ է նշել թէ Շուէտէն ներս, արդէն իսկ Հ.Օ.Մ.-ի Սթոքհոլմին մասնաճիւղը կը գործէ 1993 թուականէն ի վեր:
Յաջորդ օրը, Սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախութեան 27-րդ Ամեակին եւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան յոբելանական առիթը տօնելու համար, ընկերուհիները կազմակերպած էին «Տիգրանակերտի Տոհմիկ Օր» խորագրով ձեռնարկ մը, ուր շուրջ 170 հայրենակիցներ միասնաբար տօնեցին իրենց հայրենիքի անկախութեան տօնը եւ իրենց գաղութի Հ.Օ.Մ.-ի նոր մասնաճիւղի ծնունդը:
Ձեռնարկին ընթացքին յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին Վաղարշ քհնյ. Իսախանեան, եւ  Լիզա Աւագեան: Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցաւ Տիգրանակերտի հայութեան մօտ անցեալի բարքերը եւ սովորութիւնները: Ձեռնարկի ընթացքին, Հ.Օ.Մ.-ի կեդրոնական Վարչութեան եւ յայտագիրը ճոխացնող արուեստագէտներուն ներկայացուեցաւ յատուկ յուշանուէրներ:
Սոյն առթիւ, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը շնորհաւորէ Հ.Օ.Մ.-ի Սոտէրթէլիոյ «Աղթամար» մասնաճիւղը, այն ակնկալութեամբ, որ ան իր բեղուն եւ ազգօգուտ գործունէութեամբ պիտի արդարացնէ «Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար» նշանաբանը եւ իր ծառայութեամբ բարի օրինակ պիտի դառնայ իր շրջապատին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles