
Սիրոյ ամիսը նշելու համար Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանը փետրուարին, սիրոյ ամսուան ընթացքին, կը ձեռնադրէ դրամահաւաք աջակցելու Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ համայնքի «Տաք Ճաշ» ծրագրին։
«Տաք Ճաշ» ծրագրի միջոցաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ Հայ Օգնութեան Միութեան կամաւոր ընկերուհիները տաք ճաշ կը պատրաստեն համայնքի այն ընտանիքներուն համար, որոնք դժուարութեամբ սնունդ կրնան ապահովել իրենց ընտանիքի անդամներուն: Լիբանանի Հ․Օ․Մ․-ը շաբաթը մէկ անգամ ճաշ կը մատուցէ 800 համայնքի անդամներուն, իսկ Սուրիոյ Հ․Օ․Մ․-ը շաբաթական երկու անգամ 350 ճաշ:
«Մենք կոչ կ’ուղղենք մեր գաղութի բարերարներուն կիսեն իրենց սէրը փետրուար ամսուան ընթացքին՝ առատաձեռնօրէն նուիրելով պնակ մը կերակուր նախաձեռնութեան, ուրախացնելու եւ ոգեւորելու Լիբանանի եւ Սուրիոյ համայնքի մեր քոյրերն ու եղբայրները այս դժուար եւ անորոշ ժամանակներուն», – նշեց Հ․Օ․Մ․-ի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի ատենապետուհի՝ Գարոլին Շմաւոնեանը: «Միացէք մեր դրամահաւաքին եւ նիւթապէս օժանդակեցէք, որպէսզի մենք կարենանք շարունակել մեր շատ կարեւոր մարդասիրական առաքելութիւնը եւ օգնել բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին անօթութեան դէմ այս ճգնաժամի պայմաններուն», – շարունակեց ան:
«Տաք ճաշի ծրագիրը» (Պնակ Մը Կերակուր) առաջին անգամ իրականացուած է 1942 թուականին, Ջաւօ Շանթի նախաձեռնութեամբ, Հայ Օգնութեան Միութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի: Ջաւօ Շանթ կինն է հայ մեծ գրող, պետական եւ հասարակական գործիչ, հիմնադիր Համազգայինի Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութեան, Լեւոն Շանթին։
Պնակ Մը Կերակուր ծրագիրը հետզհետէ ստացաւ մեծ ժողովրդականութիւն եւ որուն շնորհիւ տարիներէ ի վեր վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտ-աշակերտուհիներ կը ստանան կանոնաւոր սնունդ: Տասնամեակներ շարունակ Հ․Օ․Մ․-ի անդամները աշխարհացրիւ ուխտեցին օգնել կարիքաւոր ընտանիքներուն աշխարհի չորս ծագերուն:
Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին ու անկէ ետք Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանի Հ․Օ․Մ․-ը իր նիւթական աջակցութիւնը բերաւ այս ծրագրին ինչպէս նաեւ Լիբանանի կարիքաւորներուն որոնք տակաւին կը դիմակալեն տնտեսական եւ քաղաքական անկայունութիւն:
Յիշեալ ծրագիրին համար անհատներ նուիրատուութիւններ կրնան կատարել, այցելելով Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հ․Օ․Մ․-ի կայքէջ կամ գումարը ղրկելով հետեւեալ հասցէին․-
“Share the Love” – The Hot Meal Program
Armenian Relief Society of Eastern USA, Inc.
80 Bigelow Ave. Suite 200, Watertown, MA 02472