“ՀԱՅ ՈՐ­ԲԵ­ՐՈՒ ՀԵՏ­ՔԵ­ՐՈՎ“ ՑՈՒ­ՑԱԴ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ԱՌ­ԹԻՒ.- “ՆԿԱ­ՐԷՆ ՀՆՉՈՂ ՄԵ­ՂԵ­ԴԻՆ ՅՈՒ­ՇԵՑ, ՈՐ ՊԷՏՔ Է ԿԱԶ­ՄԱ­ԿԵՐ­ՊԵՆՔ ՁԵՌ­ՆԱՐԿ ՄԸ“, ԿԸ ՅԱՅՏ­ՆԷ ՆԱ­ՐԵԿ ՅԱ­ՐՈՒ­ԹԻՒՆ­ԵԱՆ

0 0
Read Time:17 Minute, 40 Second

p6-7 nareg horphans-1  “Նա­րե­կա­ցի“ Ար­ուես­տի Միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տան ու Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի հիմ­նադ­րա­մի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, Մա­յիս 25-ին, Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հէն ներս բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ “Հայ Որբերու Հետ­քե­րով“ ցու­ցա­հան­դէ­սին, որու ըն­թաց­քին ցու­ցադր­ուե­ցան 1915-ի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին, Օս­ման­եան կայս­րու­թեան մէջ գործ­ուած վայ­րա­գու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով որ­բա­ցած հայ երե­խա­նե­րու նկար­նե­րը:

p6-7 nareg 2 orphans-  Կը ներ­կա­յաց­ուի 1915-ի Օս­ման­եան կայս­րու­թեան մէջ տեղ գտած վայ­րա­գու­թիւն­նե­րէն ետք հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր հայ որ­բե­րու կեանք փրկած ամե­րիկ­եան մար­դա­սի­րա­կան առա­քե­լու­թեան` Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի հիմ­նադ­րա­մի յու­զիչ պատ­մու­թիւնը:

Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի նպաս­տա­մա­տոյց կո­մի­տէն, որ նա­եւ յայտ­նի է “Ամե­րիկ­եան փրկու­թեան կո­մի­տէ“, “Ամե­րիկ­եան կո­մի­տէ“ կամ պար­զա­պէս “Ամեր­կոմ“ անուն­նե­րով, իր 15-ամ­եայ գոր­ծու­նէ­ու­թեան ըն­թաց­քին շուրջ 116 միլի­ոն. տո­լա­րի (շուրջ 3 միլ­ի­առ. այ­սօր­ուայ փո­խար­ժէ­քով) օգ­նու­թիւն յատ­կա­ցու­ցած է Հա­յոց Եղեռ­նի վե­րապ­րած­նե­րու` հիմ­նե­լով շուրջ 200 որ­բա­նոց, բազ­մա­թիւ հիւան­դա­նոց­ներ, բու­ժա­րան­ներ ու կա­նա­ցի ապաս­տա­րան­ներ Հա­յաս­տա­նի, Լի­բա­նա­նի, Սուրի­իոյ, Եգիպ­տո­սի, Կիպ­րո­սի, Յու­նաս­տա­նի, Պուլ­կար­իոյ, Եւ­րո­պա­յի եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու տար­բեր բնա­կա­վայ­րե­րու մէջ: Աւե­լի քան 132.000 որ­բեր դաստ­ի­ա­րակ­ուած, կրթուած, ար­հեստ­ներ ու­սա­նած եևկոմ­տէի հիմ­նած տար­բեր որ­բա­նոց­նե­րու մէջ, որոնց­մէ ամե­նէն մե­ծը “որ­բե­րու քա­ղա­ք“ հռչակ­ուած Ալեք­սանդ­րա­պո­լի որ­բա­նոցն էր:p6-7 nareg d

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ելոյ­թով հան­դէս եկան Ճոն Հե­ֆըր, Նա­րե­կա­ցի ար­ուես­տի միու­թեան հիմ­նա­դիր Նա­րեկ Յա­րու­թիւն­եան, Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ Շանթ Մար­տի­րոս­եան եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կի տնօ­րէն Հայկ Դե­մոյ­եան‘ լոյս սփռե­լով հայ-ամե­րիկ­եան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու այս կա­րե­ւոր դրուա­գին: Իրենց ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թիւնը կը ներ­կա­յաց­նեն նա­եւ այդ որ­բա­նոց­նե­րու մէջ հա­սակ առած եր­կու որ­բե­րու ազ­գա­կան­նե­րը:

Ստո­րեւ, լոյս կ՛ըն­ծա­յենք հար­ցազ­րոյց մը, կա­տար­ուած Նա­յի­րի Մկրտիչ­եան-Տաղլ­եա­նի (“Հո­րի­զոն“-Գա­նա­տա).-

 

Հ.- Այս ցու­ցա­հան­դէ­սը Ի՞նչ նա­խա­պատ­մու­թիւն ու­նի, ինչ­պէ՞ս ծա­գե­ցաւ այս ծրա­գի­րը իրա­կա­նաց­նե­լու գա­ղա­փա­րը:

Պ.- Չորս տա­րի առաջ, Ամե­րի­կա­յի մէջ, ըն­կերս` Զա­րեհ Ճգնա­ւոր­եա­նը, ին­ծի ցոյց տուաւ Near East Relief-ի (Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի նպաս­տա­մա­տոյց կո­մի­տէ) լու­սան­կար­նե­րէն մէ­կը եւ որոշ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան մա­սին: Ին­ծի հա­մար շատ ցնցիչ էր յատ­կա­պէս լու­սան­կար մը, որ նկար­ուած էր Գիւմրիի մէջ, 1920-ական թուա­կան­նե­րուն: Նկա­րին մէջ որ­բեր էին, որոնք հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան նուա­գա­րան­ներ կը նուա­գէ­ին (սրինգ, տու­տուկ, թափ, դհոլ եւայլն): Այդ լու­սան­կա­րէն հնչող մե­ղե­դին, ին­ծի յի­շե­ցուց Նա­րե­կացիի մեր սա­նե­րը, որոնք նոյն­պէս ժո­ղովր­դա­կան գոր­ծիք­ներ կը նուա­գեն, եւ ին­ծի այն­պէս թուե­ցաւ, որ անոնք նոյն մե­ղե­դի­նե­րը կը նուա­գէ­ին, այ­սինքն ժա­ռան­գու­թիւնը կար: Լու­սան­կա­րը շատ տպա­ւո­րեց զիս. անոր մէջ յաղ­թա­նակ կար, որով­հե­տեւ, որ­բե­րը կրցած էին այդ ճնշուած ող­բեր­գու­թե­նէն դուրս ել­լել, եւ երաժշ­տու­թիւնը անոնց հա­մար դար­ձած էր սպե­ղա­նի եւ փրկու­թիւն: Մտա­ծե­ցի, եթէ ես իբ­րեւ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը կրած մար­դոց թոռ, ան­տեղ­եակ եմ Near East Relief կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թե­նէն, ու­րեմն` շա­տե­րը ան­տեղ­եակ են:

p6-7 nareg f orphans-3  Նկա­րէն հնչող մե­ղե­դին յու­շեց, որ պէտք է կազ­մա­կեր­պենք ձեռ­նարկ մը, ուր կը նուա­գեն մեր երե­խա­նե­րը, մի­ա­ժա­մա­նակ մար­դիկ տես­նեն որ­բե­րու մնաց­եալ նկար­նե­րը, որով­հե­տեւ, ի վեր­ջոյ, մէ­կը միւ­սին շա­րու­նա­կու­թիւնն է. կը տես­նես որ­բե­րը, որոնք կը նուա­գեն, կը տես­նես նոր սե­րուն­դը, որ այ­սօր ժո­ղովր­դա­կան գոր­ծիք­ներ կը նուա­գէ, եւ ես հա­մոզ­ուած եմ, որ այդ ժա­ռան­գու­թիւնը, մեր մե­ղե­դի­նե­րը, որոնք եկած է դա­րե­րէ ի վեր, մէկ սե­րուն­դէն միւ­սին կը փո­խանց­ուի: Թէ՛ երաժշ­տու­թեան, թէ՛ լու­սան­կար­նե­րու, եւ թէ՛ ֆիլ­մի մի­ջո­ցով այս ամէն կա­րե­լի է փո­խան­ցել եւ լու­սա­բա­նել:

2010-էն սկսեալ, երբ ես որոշ պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով մշտա­կան Հա­յաս­տան մնա­ցի, այդ ըն­թաց­քին ծրա­գի­րը ներ­կա­յա­ցու­ցի ամե­րիկ­եան դես­պա­նա­տան, որով­հե­տեւ այս մէ­կը կապ­ուած է Ամե­րի­կա­յի ժո­ղո­վուր­դին եւ կա­ռա­վա­րու­թեան հետ, եւ պէտք էր այդ մա­կար­դա­կի ու աս­տի­ճա­նի ձեռ­նարկ կազ­մա­կերպ­ուէր, մի­ա­ժա­մա­նակ կա­պի մէջ էի Near East Foundation-ի տնօ­րէն` Շանթ Մար­տի­րոս­եա­նի հետ: Ամե­րի­կա­յի դես­պա­նա­տան մշա­կոյ­թի բաժ­նին ու­ղարկ­ուած առա­ջարկս մոռց­ուած էր: 2010-2011 թուա­կան­նե­րուն, առի­թը ու­նե­ցայ ծա­նօ­թա­նա­լու ամե­րիկ­եան դես­պա­նա­տան աշ­խա­տա­կից­նե­րէն մէ­կուն` Ատե­լա­ի­թա­յի հետ, որուն յի­շե­ցու­ցի իմ ծրա­գի­րիս մա­սին: Ան իմ առա­ջարկս վերս­տին ներ­կա­յա­ցուց դես­պա­նին:

 

Հ. – Մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն կը պատ­մէ՞ք ամե­րիկ­եան այդ բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թեան մա­սին:

Պ.- Near East Relief կազ­մա­կեր­պու­թիւնը հիմն­ուած է 1915-ի Սեպ­տեմ­բե­րին: Այդ օրե­րուն, այդ ժա­մա­նակ­ուան Թուրք­իոյ մօտ Ա.Մ.Ն. դես­պան Հեն­րի Մոր­կըն­թաու կը հե­ռա­ձայ­նէ Ամե­րի­կա ահա­զան­գե­լու, որ թուր­քե­րը կը ջար­դեն հա­յե­րը, այ­սինքն` Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին տե­ղե­կու­թիւն կու տայ: Ուս­տի, շատ արագ, այդ ժա­մա­նակ­ուան նա­խա­գահ Ուիլ­սը­նի հրա­մա­նով‘ օժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու որոր­շում կը կա­յաց­ուի: Այդ­պի­սով կը կազմ­ուի Near East Relief անու­նով կազ­մա­կեր­պու­թիւնը, որ ժա­մա­նա­կին ու­նե­ցած է ու­րիշ անուն` Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի նպաս­տա­մա­տոյց կո­մի­տէ, որ յե­տոյ դար­ձած է Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի հիմ­նադ­րամ – Near East Foundation:
Կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թեան կի­զա­կէ­տը կը հան­դի­սա­նայ Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած 132 000 հայ որ­բե­րու փրկու­թիւնը: Ոչ միայն փրկու­թիւնը, այ­լեւ` անոնց խնամ­քը, կրթու­թիւնը: Որ­բա­նոց­ներ հիմ­նած են Թուրք­իոյ, Հա­յաս­տա­նի, Լի­բա­նա­նի, Սուր­իոյ, Եգիպ­տո­սի, Յու­նաս­տա­նի, Պուլ­կար­իոյ, Եւ­րո­պա­յի, Կիպ­րո­սի, Ա.Մ.Ն.-ի մէջ:

p6-7 nareg f  Մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան մէջ Near East Relief -ի գոր­ծու­նէ­ու­թիւնն ու առա­քե­լու­թիւնը` ժո­ղո­վուր­դէ մը այլ ժո­ղո­վուր­դի հան­դէպ ան­նա­խա­դէպ է, որով­հե­տեւ վե­րոնշ­եալ կազ­մա­կեր­պու­թիւնը ու­նե­ցած է շատ հզօր եւ իւ­րա­յա­տուկ դրա­մա­հա­ւաք: Անոնք այդ գոր­ծին մէջ ներգ­րա­ւած են Ա.Մ.Ն.-ի ողջ ժո­ղո­վուր­դը, այ­սինքն` 1915-1920-ական թուա­կանն­նե­րուն Ամե­րի­կա­յի ողջ ժո­ղո­վուր­դը այդ մա­սին տե­ղե­կաց­ուած է տար­բեր լրատ­ուա­մի­ջո­նե­րով, այն աս­տի­ճան, որ Ամե­րի­կա­յի մէջ չկար տուն մը, ուր երբ ճա­շի սե­ղան կը նստէ­ին ու յան­կարծ երե­խան իր ճա­շը չու­տեր, ծնո­ղը չ՛ըսէր,- “յի­շէ՛ սո­ված մնա­ցած հա­յե­րը“:
Near East Relief-ի գոր­ծու­նէ­ու­թեան մա­սին գո­յու­թիւն ու­նի վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն մը, որուն բե­մադ­րի­չը Զա­րեհ Ճգնա­ւոր­եանն է: Այն­տեղ շատ յստակ կը բա­ցատր­ուի, թէ ինչ­պէ՞ս Հեն­րի Մոր­կըն­թաու ծնաւ այդ գա­ղա­փա­րը, ինչ­պէ՞ս ան կապ հաս­տա­տեց Ամե­րի­կա­յի նա­խա­գա­հին հետ, թէ ինչ­պէ՞ս կազմ­ուե­ցաւ եւ ինչ­պէ՞ս սկսաւ իր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւնը: Վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի ամ­բողջ 13,30 վայրկ­եան­ուան ըն­թաց­քին, մենք կը հասկ­նանք ծա­ւա­լը այն օգ­նու­թեան, զոր Near East Relief -ը եւ ամ­բողջ Ամե­րի­կա­յի ժո­ղո­վուր­դը ցու­ցա­բե­րե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ հայ որ­բե­րուն նկատ­մամբ:

 

Հ.- Ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յաց­ուած նկար­նե­րէն հե­տաքրք­րա­կան ի՞նչ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու հա­սաք:

Պ.- Երբ Near East Foundation-ի տնօ­րէն Շանթ Մար­տի­րոս­եա­նի հետ սկսանք աւե­լի խո­րա­նալ այս լու­սան­կար­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ, ան մե­զի ու­ղար­կեց մօտ 800-էն աւե­լի արխիւա­յին լու­սան­կար, Նիւ Եոր­քի մէջ գտնուող Near East Foundation-ի կեդ­րո­նէն, ուր բա­ւա­կան մեծ ար­խիւ կայ` նկար­ներ, փաս­տա­թուղ­թեր, ֆիլ­մեր եւ այլն: Այդ ամ­բողջ նիւ­թե­րը սկսանք ու­սում­նա­սի­րել: Շան­թի մի­ջո­ցով մե­զի յատ­կա­ցու­ցին այն­քան մեծ քա­նա­կու­թեամբ լու­սան­կար­ներ, որոնց Նիւ Եոր­քի մէջ տպելն ու Երե­ւան ու­ղար­կե­լը խնդիր էր: Մենք կեդ­րո­նա­ցանք 210 լու­սան­կա­րի վրայ, որոնք ամե­նէն ճիշդ ձե­ւով կը ներ­կա­յաց­նեն Near East Relief-ի այդ տա­րի­նե­րու գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը:p6-7 nareg fff
Այս նկար­նե­րուն մի­ջո­ցով, մար­դիկ ծա­նօ­թա­ցան այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան առա­քե­լու­թեան եւ այն մար­դա­սի­րա­կան հո­գա­տա­րու­թեան, զոր Near East Relief-ը, անոր աշ­խա­տա­կից միսի­ո­նար­նե­րը եւ Ամե­րի­կա­յի ժո­ղո­վուր­դը կրցած են փո­խան­ցել հայ ժո­ղո­վուր­դին ու հայ որ­բե­րուն: Չկայ մարդ, որ այս նկար­նե­րը տես­նե­լով չներշնչ­ուի, չտպա­ւոր­ուի, չյուզ­ուի, չցնցուի, նախ իբ­րեւ վա­ւե­րագ­րա­կան փաստ եւ ապա, որ­պէս ներշն­չում: Դի­մա­նա­լու, գո­յա­տե­ւե­լու ու կեան­քը շա­րու­նա­կե­լու կամ­քով, այդ որ­բե­րը յաղ­թա­հա­րած են թուր­քին, ձա­խո­ղու­թեան մատ­նած են հայ ազ­գը ոչն­չաց­նե­լու թուր­քին ծրա­գի­րը:

Նկար­նե­րուն մէջ կը տես­նէք սէրն ու լոյ­սը: Ուս­ման պա­հե­րը հոն տի­րա­պե­տող են: Կը տես­նէք, թէ ինչ­պէս դաս կը սոր­վին, ար­հեստ­նե­րու կը տի­րա­պե­տեն, դա­սըն­թաց­նե­րու կը հե­տե­ւին, գիր­քեր կը կար­դան, ան­տա­ռին մէջ, դպրո­ցին բա­կը, աւա­զի վրայ, ծա­ռին տակ:Գիր­քը կամ նուա­գա­րա­նը կար­ծես իրենց հա­մար փրկու­թիւն էր` սպե­ղա­նի:

 

Հ.- Ցու­ցա­հան­դէ­սը առա­ջին ան­գամն է, որ կը ներ­կա­յաց­ուի Հա­յաս­տա­նի մէջ: Ի՞նչ ար­ձա­գանգ­ներ եղան:

Պ.- Այո՛, առա­ջին ան­գամն է, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ կը ներ­կա­յաց­ուի: 210 նկար­նե­րէն 60-70-ը ցու­ցադ­րե­ցինք պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ, նոյն­քա­նը “Նա­րե­կա­ցի“ ար­ուես­տի կեդ­րո­նէն ներս, քիչ մը աւե­լին` Գիւմրիի մէջ:

Այ­ցե­լու­նե­րուն ար­ձա­գան­գը հրա­շա­լի է: Շա­տեր եկան ու մօ­տե­ցան ըսե­լու, որ նկա­րի մէջ այս տեղ իմ հայրս կայ: Այ­սօր, օրի­նակ, ձեր ներ­կա­յու­թեամբ, եր­կու հո­գի մօ­տե­ցան եւ ըսին, որ իրենց մեծ հայրն ու մայ­րը հան­դի­պած են Գիւմրիի որ­բա­նո­ցին մէջ, նոյ­նան­ման շատ դէպ­քեր եղան. օրի­նակ Վա­հան Չե­րա­զի (Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ­նե­րու շարժ­ման հիմ­նա­դիր­նե­րէն) դուստ­րը այն ժա­մա­նակ Գիւմրիի որ­բա­նո­ցին մէջ ինք սկաուտ­ներ դաստ­ի­ա­րա­կած է եւ հոն սկսած է սկաու­տա­կան շար­ժու­մը: Ազա­տու­հին, որ Եղեռ­նէն փրկուած է, զինք որ­դեգ­րած է բժիշկ Կա­նաուէ­յը եւ տա­րած Ամե­րի­կա, նկար­նե­րուն մէջ կա­շի եւ ոս­կոր է, աւե­լի ուշ, նկար­նե­րու մէջ կը տես­նենք, թէ երե­խան ինչ­պէս առող­ջա­ցած է, յե­տոյ դար­ձած գե­ղե­ցիկ աղ­ջիկ մը: Ազա­տուհի­ին դուստ­րը նոյն­պէս եկաւ եւ ելոյթ ու­նե­ցաւ ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման: Տիգ­րան Ման­սուր­եա­նը եկաւ եւ ըսաւ, որ իմ ծնող­ներս ալ ծա­նօ­թա­ցած են Լի­բա­նա­նի որ­բա­նո­ցին մէջ, Պա­րոն Նու­րի­ճան­եան անու­նով մարդ մը հե­ռա­ձայ­նեց եւ ըսաւ, որ արխիւա­յին նկար­ներ ու­նի եւ կ՛ու­զէ բե­րել ու տրա­մադ­րել մե­զի: Բա­ւա­կան մար­դիկ կը մօ­տե­նան եւ մենք այդ բո­լո­րը պի­տի արխիւաց­նենք, յոյ­սով եմ, որ մենք այդ բո­լո­րը կը տրա­մադ­րենք Near East Foundation-ին:p6-7 nareg m

Կ՛ու­զեմ նշել, որ վեր­ջին ձեռ­նար­կը կա­յա­ցաւ Գիւմրիի որ­բա­նո­ցին մէջ, որ այժմ կը կոչ­ուի Թռչուն­եան ման­կա­տուն. Թռչուն­եա­նը եղած է այն որ­բե­րէն մէ­կը, որ Near East Relief-ի մի­ջո­ցով փրկուած ու հա­սած է Ամե­րի­կա, այն­տեղ, մա­հա­նա­լէն առաջ, իր ամ­բողջ ու­նեց­ուած­քը կտա­կած է` ըսե­լով, իմ ցան­կու­թիւնս է, որ իմ ու­նեց­ուածքս, մօ­տա­ւո­րա­պէս $350 000 տրա­մադր­ուի այն հաս­տա­տու­թեան, որ զիս փրկած է: Այդ նուի­րատ­ուու­թեան շնոր­հիւ վե­րա­կա­ռուց­ուած է Թռչուն­եան ման­կա­տու­նը, ուր այ­սօր կան 70-է աւե­լի որբ երե­խա­ներ կ՛ապ­րին:
Իմա­ցանք, որ Գիւմրիի մէջ կայ 100 տա­րե­կան կին մը, որ այդ ման­կա­տան սա­նը եղած է, զինք գտանք ու հե­տը հար­ցազ­րոյց ըրինք: Այս­պի­սով կը հա­ւա­քենք զա­նա­զան նոր նիւ­թեր:

 

Հ.- Ի՞նչ ծրա­գիր­ներ ու­նիք այս ցու­ցա­հան­դէ­սին իբ­րեւ շա­րու­նա­կու­թիւն:

Պ.- Յու­նիս 8-ին ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ կ՛աւար­տի ցու­ցա­հան­դէ­սը, բայց մենք այդ ամ­բողջ նկար­նե­րը պի­տի նուի­րենք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նին եւ Near East Foundation-ը այն­տեղ պի­տի ու­նե­նայ իր մշտա­կան ան­կիւնը: Այդ փո­խան­ցու­մը պի­տի կա­տար­ուի Յու­նի­սի վեր­ջը, իսկ մինչ այդ, Նա­րե­կացիի մէջ կազ­մա­կերպ­ուած ցու­ցա­հան­դէ­սը կ՛ու­զենք ըլ­լայ շա­րու­նա­կա­կան եւ ցու­ցադր­ուի նա­եւ Հա­յաս­տա­նի այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ: Շուշիի մեր մաս­նա­ճիւ­ղին մէջ նոյն­պէս պի­տի ցու­ցադր­ուի:

 

Հ.- Այս ցու­ցա­հան­դէ­սը ինչ­քա­նով կա­րե­ւոր էր` Հայ Ամե­րիկ­եան այդ վա­ղե­մի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ լոյս սփռե­լու առու­մով:

Պ.- Շատ կա­րե­ւոր է նշել ու հասկ­նալ, որ 132 000 որ­բե­րը ոչ միայն փրկուած են, այլ անոնց հան­դէպ հո­գա­տա­րու­թիւն ցու­ցա­բեր­ուած է, եւ ինչ­պէս Ազա­տուհիի դուստր շա­ռա­ւիղ­նե­րէն ծնած է տաս­նէ աւե­լի երե­խայ, եթէ մէկ հոգի­էն այդ­քան ծնունդ եղած է, պատ­կե­րա­ցու­ցէք 132 000 փրկուած որ­բէ քա­նի ծնունդ եղած է, այ­սինքն մէկ միլի­ո­նէ աւե­լի ծնունդ եղած է: Բայց մին­չեւ այ­սօր հայ ժո­ղո­վուր­դը ամե­րի­կա­ցի ժո­ղո­վուր­դին, կա­ռա­վա­րու­թեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն չէր յայտ­նած:
p6-7 nareg1Այս ցու­ցա­հան­դէ­սով առիթ ըն­ծայ­ուե­ցաւ, որ մեր երախ­տա­գի­տու­թիւնը յայտ­նենք անոնց, Նա­րե­կա­ցի ար­ուես­տի միու­թեան մի­ջո­ցով ներ­կա­յաց­նե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դը:

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցու­մին Ամե­րի­կա­յի դես­պա­նը, իր բո­լոր ելոյթ­նե­րուն ըն­թաց­քին, յայ­տա­րա­րեց` մենք կ՛ըն­դու­նինք, որ 1,5 միլի­ոն հա­յեր ջարդ­ուած են եւ Օս­ման­եան կայս­րու­թեան կող­մէ եղած են անն­կա­րագ­րե­լի ան­մարդ­կա­յին արարք­ներ: Այդ բո­լո­րը, որ կ՛ըս­ուէր շատ կա­րե­ւոր է, այո՛, ճիշդ է, Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը չգոր­ծա­ծեց, բայց եկէք չկեդ­րո­նա­նանք բա­ռին վրայ: Այս ամէն ին­չը նախ եւ առաջ լու­սա­բա­նու­թեան ու լոյ­սի հետ կապ ու­նի, մեր երե­խա­նե­րու դի­մադ­րո­ղա­կան ու­ժին եւ այն մա­սին, թէ իրենք ինչ­պէս օգ­նած են մե­զի: Ո՞ր մէկ ազ­գը հա­սաւ մեզ օգ­նու­թեան, անգլ­ի­ա­ցի՞ն, ռո՞ւ­սը, ֆրան­սան­ցի՞ն, իտա­լա­ցի՞ն… ո՛չ, ամե­րի­կա­ցի ողջ ժո­ղո­վուր­դը` միլի­ո­նա­ւոր մար­դիկ նուի­րատո­ւու­թեամբ, միսի­ո­նար­նե­րով եկան հա­սան ու օգ­նե­ցին մե­զի 1915-1920-ական­նե­րու վեր­ջե­րը:

“Նա­րե­կա­ցի“ Ար­ուես­տի Միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ իրա­կա­նաց­ուած այս ծրա­գի­րը եւս եկաւ լրաց­նե­լու այն բա­զում գոր­ծե­րու շար­քը, զոր միու­թիւնը ի գործ կը դնէ‘ նպա­տակ ու­նե­նա­լով պա­հե­լու եւ պահ­պա­նե­լու մեր մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը, նպա­տակ, որ միմ­իայն կը նպաս­տէ մեր երկ­րի զար­գաց­ման ու հզօ­րաց­ման: Յոյս ու­նե­նանք, որ մեր եր­կի­րը այն­քան կը զար­գա­նայ ու կը վե­րա­դառ­նայ իր ակունք­նե­րուն, որ Նա­րեկ Յա­րու­թիւն­եա­նի նման հայ­րե­նան­ուէր հայ­րե­նա­դարձ­նե­րը հե­տապնդ­ուին միայն` պար­գե­ւատր­ուե­լու եւ գնա­հատ­ուե­լու հա­մար:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles