«ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԾԱԾԿԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒ ԲԱՌԱՐԱՆ»-Ի ՊԱՏԱՌԻԿՆԵՐ

0 0
Read Time:22 Minute, 53 Second

 

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Պատմութեան ընթացքին եւ կեանքի զարգացման հետ զուգընթաց, բառարան հասկացողութիւնը նոյնպէս, աստիճանաբար, աւելի ընդարձակ իմաստ ու բովանդակութիւն ստացաւ: Բառարանը, սոսկ բառի բացատրական կամ թարգմանական սահմանափակումէն դուրս գալով, տարածուեցաւ տարբեր յատկանիշներու վրայ եւ ստեղծուեցան զանազան բնագաւառներու յատուկ մասնագիտական բառարաններ, հասնելով նոյնիսկ հանրագիտարանային բառարաններու:

Բառարանագիտութեան մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն կենսագրական բառարանները: Անոնց նախահայրը կարելի է համարել ֆրանսական «Լարուս» հրատարակութիւնները, որոնք աստիճանաբար ընդհարձակուեցան ու կատարելագործուեցան:

Հայ բառարանագիտութեան մէջ կենսագրական տեսակի մեծագոյն նուաճումներէն են Հրաչեայ Աճառեանի «Հայոց անձնանունների բառարան»ը, Գառնիկ Ստեփանեանի կազմած եռահատոր «Կենսագրական բառարան»ը: Ճիշդ է, որ այս բառարանները լիարժէք են, բայց բառարանագիտութիւնը եւ մասնաւորաբար կենսագրական բառարանի տեսակը, կը թելադրէ աստիճանական զարգացում, նորացում, որ բառարանը միշտ հասնի զարգացման նոր շրջաններու, լրացնելով ներկայ եւ կենդանի բառայօդուածներով ու անուններով:

Կենսագրական բառարանները գիտական արժէքներ են եւ աւելի կը զգացուի անոնց պահանջը, սկսած առօրեայ գործունէութիւնէն մինչեւ գիտական ուսումնասիրութիւններու ժամանակ՝ մտաւորական, գիտական աշխատակից, ուսուցիչ թէ ուսանող, կամ պարզ ընթերցող, ամենօրեայ իր աշխատանքին մէջ կարիք ունի ստուգելու, ճշդելու եւ իմանալու այս կամ այն գրողի, գործիչի մասին: Բայց երբեմն եւ շատ յաճախ դժուարութիւններու կը հանդիպինք անցեալին կամ թէկուզ եւ ներկայիս, որեւէ ծածկանունի հանդիպելով:

Պէտք է նշել, որ լոյս տեսած են զանազան ծածկանուններու բառարաններ, կամ կատարուած են այլ աշխատութիւններ, այս առնչութեամբ կարելի է նշել Գարեգին Լեւոնեանի շուրջ 3000 ծածկանուններու «Բառարան հայ ծածկանունների» երկեր, Երեւան, 1963: Կազմուած է նաեւ «Մշակ»ի (Գ. Արծրունի) աշխատակիցներու ծածկանուններու բառարանը: Հրանդ Պետրոսեանի «Հայերենագիտական բառարան»ը, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 1987: Ինչպէս նաեւ Խիկար Բարսեղեանի, Բախտիար Յովակիմեանի, Ներսէս Գասապեանի, Հայկ Պարիկեանի եւ ուրիշներու աշխատութիւնները:

Հայ Բառարանային գրականութեան մէջ սակայն գոյութիւն չունի ՀՅԴաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամներու կրած ծածկանուններու կամ զանազան ծածկանուններու բառարան, որ կարողանայ բաւարարել ընթերցող ուսումնասիրողի բոլոր պահանջները: Թէեւ յեղափոխական գրականութեան կամ կարգ մը հրատարակուած գիրքերու վերջին բաժիններուն մէջ, յատկապէս անձնանուՆներու ձանկերու շարքին տեղ տրուած են ծածկանուններու եւ անոնց կողքին իսկական անուն ազգանունի բացատրութիւններ:

Այս պատճառով ընթացք առած է մեր «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծածկանուններու բառարան» աշխատութիւնը, որ նպատակ ունի մտաւորականին, գիտական աշխատակիցին, ընթերցողին ու մանաւանդ նորահաս սերունդի դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ պարզաբանելու իւրաքանչիւր ծածկանունի, ետին թաքնուած դաշնակցականի իսկական անունը: Ուստի ձեռնարկեցինք այս աշխատանքին, նպատակ ունենալով դիւրացնել փնտռտուքի գործընթացը՝ պատրաստելով ծածկանուններու տարբեր բնագաւառներու ցանկ մը, կամրջելու անցեալն ու ներկան:

 

Այստեղ, առաջին հերթին լուսարձակի տակ կ՛առնենք, ծածկանուն, կեղծանուն կամ ծածկագրութիւն եւ գաղտնագրութիւն բառերու հոլովոյթը ընդհանրապէս:

Անձնանուններու մէջ ուրոյն շերտ կը կազմեն կեղծանունները՝ ծածկանունները, մականունները, ազգանունները: Կեղծանունը կամ ծածկանունը հնարուած անձնանուն է, որ այս կամ այն հանգամանքով պայմանաւորուած՝ փոխարինուած է անձի կամ դադրած անունին (բուն՝ հիմնական անունին զուգահեռ կամ լիակատար փոխարինումով): Այսպիսի անուանումներու յաճախ կը դիմեն գրողները, արուեստի բնագաւառի գործիչները, ծածուկ գործունէութիւն նախաձեռնող անձեր:

Անձնանուններու կամ ազգանուններու ծածկանուններ կամ կեղծանունները կը բաժնուին հետեւեալ բնագաւառներու մէջ.-

Գրական կեղծանուններ

Գեղարուեստական կեղծանուններ

Հաւաքական կեղծանուններ

Քաղաքական կեղծանուններ

Յեղափոխական կեղծանուններ

Կուսակցական կեղծանուններ

Յատկապէս վերջին երեք բնագաւառներու անձնաւորութիւններէն շատեր երբեմն իրենք ընտրած են ծածկանունը, կեղծանունը, ստորագրութիւնը կամ անունը իրենց իսկ անունի փոխարէն: Անոնք, ծածկանունի դիմած են զանազան նկատառումներով՝ խուսափելու գրաքննաչական հետապնդումներէ, ընդգծելու հեղինակի անհատականութիւնը կամ վաստակը, ազատուելու ոչ բարեհնչուն ազգանունէն:

Վերը նշուած բոլոր բնագաւառներու մէջ ներառուած անձնաւորութիւններու կարգ մը ծածկանուններ թէեւ կրնան ուրիշներու կողմէ յօրինուած ու նշանակուած ըլլալ, սակայն մեծ բաժինը բնականաբար եղած է, որ անձնաւորութիւններ իրենք ընտրած են իրենց ծածկանուններն ու կեղծանունները:

Գրողներու կեղծանունները յաճախ կը կոչեն նաեւ գրական անուն (յուն.՝ ψευδώνυμος, լատ.՝ pseudցnymos – «սխալ անուն», ψεύδος «փսեուդոս» – «այլ» եւ ὄνομα «օնոմա» – «անուն») կ՛օգտագործուի մարդու կողմէ անոր հասարակական գործունէութեան (յատկապէս արուեստի բնագաւառին մէջ) մէջ իրական անունին փոխարէն: Իրական անունին տակ կը հասկնան այդ անունը, որ մարդը ստացած է իր ծննդեան ժամանակ եւ պաշտօնապէս արձանագրուած է, գրական անունին առկայութեան դէպքին կը կոչուի աւտոնիմ (յունարէնէ):

Արեւելեան մշակոյթի մէջ (օրինակ՝ ճափոնականի եւ չինականի մէջ) գրական անուան ընդունումը ընկերային կարգավիճակի փոփոխման հետ միաժամանակ ինչ-որ ժամանակաշրջան պարտադիր եղած է:

Գրական անունին նպատակներէն կարելի է դասել շատ երկար անունը աւելի կարճով փոխարինելու ձգտումը, աւելի հնչեղ անուն ստանալու նպատակը, մարդու ազգութիւնը գաղտնի պահելու ցանկութիւնը եւ այլն:

Հայ գրողներէն կարելի է նշել ինչպէս՝ Րաֆֆի (իսկական անունը՝ Յակոբ Մելիք-Յակոբեան), Մուրացան (Գրիգոր Տէր Յովհաննէսեան), Շիրվանզադէ (Ալեքսանդր Մովսիսեան), Նար Դոս (Միքայէլ Յովհաննէսեան), Պերճ Պռոշեան (Յովհաննէս Տէր Առաքէլեան), Դանիէլ Վարուժան (Չպագքիւրեան), Պարոյր Սեւակ (Ղազարեան): Ինչպէս նկատելի է, ծածկանունը կարելի է փոխարինել բուն անունին ամբողջութեամբ, կամ՝ միայն ազգանունին: Կան նաեւ խմբային ծածկանուններ, ինչպէս՝ Գամառ-Քաթիպա, որ կազմուած է երեք գրական գործիչներու (Գէորգ Քանանեանի, Մնացական Թիմուրեանի, Ռաֆայէլ Պատկանեանի) անուններու սկզբնամասերով (որոշ փոփոխութեամբ): Մականունը անձին տրուած է իբրեւ լրացուցիչ, յաւելեալ անուն՝ անոր անհատականութեան բնորոշ որեւէ յատկանիշ, աչքի զարնող գիծ նկատի ունենալով. շատ տարածուած է բարբառներու մէջ, ժողովրդախօսակցական լեզուի մէջ եւ ունի խիստ ընդգծուած արտայայտչականութիւն: Այսպէս՝ որոշակի իրադրութեան մէջ, խօսակցական բնագաւառի մէջ գլուխի մազերը թափուած, ճաղատ մարդուն (անոր բացակայութեամբ) Քաչալ անունով կը կոչեն: Ժողովրդախօսակցական լեզուի մէջ այսպիսի անուանումները կը կոչուին փուտանուն (փոտանուն), փոթ անուն: Յաճախ ասոնք հիմք դարձած են ազգանուններու կազմութեան, օրինակ՝ Ձուակերեան, Աճառեան եւ այլն:

Եղած է նաեւ, որ գրական, գեղարուեստական ու հաւաքական կեղծանուններու կողքին յեղափոխական, ռազմական, քաղաքական եւ կուսակցական բազմաթիւ գործիչներու ծածկանուններ եւս դարձած են իսկական անուն, ինչպէս Արամ Մանուկեան, Վարանդեան, …:

Անձնանուններու տրուած ծածկանուններուն կամ կեղծանուններուն կը յաջորդէ ծածկագրութիւն կամ՝ գաղտնագրութիւնը (համեմատե՛լ ծածկագիր, գաղտնագիր. գրութեան համակարգը կամ համակարգի առանձին տեսակներն ու տարրերը նշելու համար. վերջին նշանակութեամբ առաւել յոգնակի ձեւերը՝ ծածկագրեր, գաղտնագրեր): Խնդիրն է գրածը հասկնալի դարձնել միայն այն մարդոց, որոնք գիտեն վերծանման բանալին:

Ծածկագրութիւն, գրութեան եղանակ՝ գրութեան ինքնատիպ համակարգ, որուն մէջ տառերը (կամ թիւերը, կէտերը եւ այլ պայմանական նշաններ) կ՛արժէքաւորուին ոչ ուղղակի նշանակութիւններով եւ յաճախ պայմանական նշաններու այլեւայլ համակցումներով այս կամ այն միտքը կը հաղորդեն: Ծածկագրութիւնը վերծանելու, ըմբռնելու բանալին (սկզբունքը) սովորաբար յայտնի կ՛ըլլայ սահմանափակ թիւով մարդոց:

Գաղտնագիրը կամ գրիփթոկրամման (Cryptogram: Յունարեն κρυπτός- գաղտնի եւ γράμμα- գիր բառերէն) նոյնպէս գրութեան ձեւ է, որ նպատակ ունի գրուածը հասկանալի դարձնել միայն որոշակի անձնաւորութիւններու:

Գաղտնագիրը օգտագործուած է հին եւ միջին դարերէն՝ քաղաքական, ռազմական, առեւտրական, արհեստակցական եւ այլ տեղեկութիւններ հաղորդելու համար: Առաջին գաղտնագրերէն մէկը գաւազանագիրն է (յուն. σκυτάλη- գաւազան), որ օգտագործած են հին Սպարտայի մէջ հիմնականին մէջ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ: Ան պարզագոյն փոխարինագիր է: Մագաղաթի ժապաւէնը կը փաթթէին որոշակի հաստութեան ձողի վրայ եւ երկարութեամբ կը գրէին: Յետոյ գրուածը կարդալու համար, հարկաւոր էր ժապաւէնը փաթթել նոյն հաստութեան ձողի վրայ:

Հին Հայաստանի գաղտնագրերու մասին կարելի է ըսել, որ հայկական գաղտնագրերու մաս մը կը պարունակէ քաղաքական տեղեկութիւններ, ծածկագրեր, միւսը՝ յիշատակարաններ, որտեղ գրիչները տեղեկութիւններ կը հաղորդեն իրենց մասին: Անոնք կը բաժնուին քանի մը խումբերու՝

Սիւնակէտագիր

Կէտագիր

Օղակէտագիր

Գաւազանագիր

Փոխարինագիր

Եղբայրագիր

Աղաւնագիր

Գումարագիր

Թուանշագիր եւ այլն:

 

Ծածկագրութեան բազմաթիւ եղանակներ յայտնի են հին ժամանակներէ (յիշատակելի են Հերոդոտոսը եւ Պլուտարքոսը): Ծածկագրութիւնը օգտագործուած է ռազմական, դիւանագիտական, անօրինական քաղաքական, կրօնա-աղանդաւորական եւ այլ նպատակներով: Հայերը որոշ տեսակներ գործածած են XII-րդ (12) դարէն:

Հայ միջնադարեան գրչութեան մէջ քաղաքական, ռազմական, առեւտրանիւթական, կրօնաաղանդաւորական, արհեստագործական եւ այլ բնոյթի տեղեկութիւններ հաղորդելու համար՝ գրիչները երբեմն դիմած են գրութեան այս համակարգին: Յիշատակարաններու մէջ անոնք ծածկագրութեամբ տեղեկութիւններ ձգած են նաեւ իրենց մասին: Հայ ծածկագրութիւնը կը ներկայանայ շարք մը տարբերակներով (տարատեսակներով). որոշ տարբերակներ գործածուած են դեռեւս XII-րդ դարէն:

Յայտնի են ծածկագրութեան հետեւեալ hիմնական սկզբունքներն ու միջոցները.

1.- Սիւնակէտագիր ծածկագիր: Տառերու այբբենական արժէքի արտայայտումը սիւնիկներու ու կողքին դրուած կէտերու համակցումով միացումով:

Սիւնակէտագիր կը կոչուի այն պատճառով, որ կը կազմուի սիւներէ եւ անոր կողքը դրուած կէտերէ: Որոշ բանասերներ այս ծածկագրութիւնը կ՛անուանեն «սիւնագիր» կամ «կէտագիր»: Ծածկագրութեան այս տեսակը Հայ մատենագրութեան մէջ ամէնէն շատ գործածուող գաղտնագրութիւնն է:

Հայագէտ Ֆրետերիք Միւլլերը որոշ նմանութիւն կը տեսնէ հայկական սիւնակէտագիր ծածկագրութեան եւ կելտական ogham կոչուող գրութեան մէջ, որ կազմուած է հինգ գծիկներու զանազան ձեւափոխութիւններ եւ, կը կարծէ, որ սիւնակէտագիրը վերցուած է անոնցմէ: Սիւնակէտագիրը յօրինուած է օղակէտագիրի սկզբունքով, որտեղ կլոր օղակներուն կը փոխարինեն ուղղահայեաց կամ քիչ թեքութեամբ գրուած գծիկները, իսկ կէտերը կը մնան անփոփոխ:

 

 

2.- Կէտագիր ծածկագիր: Նախորդի համակարգն է, սիւնիկները փոխարինուած են հայկական այբուբենի տառերով:

 

3.- Օղակէտագիր ծածկագիր: Օղերու եւ կէտերու համակցումով միացումով:

Ծածկագրութեան այս ձեւի համար հայերէն այբուբենի միաւոր տառերը (Ա-Թ) կ՛արտայայտուին մէկ կլոր օղակով (օ), տասնաւորները (Ժ-Ղ)՝ երկու (օօ), հարիւրաւորները (Ճ-Ջ)՝ երեք (օօօ), հազարաւորները (Ռ-Ք)՝ չորս (օօօօ), որոնց մօտ հորիզոնական դիրքով կամ խաոն շարուած կէտերը իրենց քանակով ցոյց կու տան ծածկագրուած տառի տեղը իր համակարգին մէջ, որմէ եւ կը ներկայանայ օղակէտագիր   ծածկագրերու հետեւալ այբբենական  շարքը.

 

Օ.  Օ..  Օ…  Օ::  Օ::.  Օ:::  Օ:::. Օ::::   Օ::::.

Ա    Բ    Գ     Դ     Ե      Զ        Է        Ը        Թ

ՕՕ.  ՕՕ..  ՕՕ…  ՕՕ::  ՕՕ::. ՕՕ:::  ՕՕ:::. ՕՕ::::  ՕՕ::::.

Ժ        Ի       Լ        Խ        Ծ       Կ          Հ          Ձ           Ղ

ՕՕՕ.  ՕՕՕ..  ՕՕՕ…  ՕՕՕ::  ՕՕՕ::. ՕՕՕ:::  ՕՕՕ:::. ՕՕՕ::::  ՕՕՕ::::.

Ճ           Մ          Յ            Ն         Շ              Ո           Չ            Պ            Ջ

ՕՕՕՕ. ՕՕՕՕ..  ՕՕՕՕ…  ՕՕՕՕ::  ՕՕՕՕ::. ՕՕՕՕ:::  ՕՕՕՕ:::. ՕՕՕՕ::::  ՕՕՕՕ::::.

Ռ              Ս           Վ               Տ                 Ր                 Ց            Ւ              Փ                    Ք

 

4.- Գաւազանագիր ծածկագիր: Գաւազանանման պայմանական նշան՝ կէտերու համակցումով միացումով:

 

 

 

 

 

 

5.- Փոխարինագիր ծածկագիր: Այբուբենի տառերու արժէքներու փոխարինում որոշակի սկզբունքով:

Փոխարինագիր ծածկագրութիւնը գաղտնագրութեան հին ձեւերէն մէկն է եւ, ըստ էութեան ամենապարզը, որովհետեւ անորմով կը կատարուի հայերէն տառերու պարզ փոխակարգում, որուն համար ալ ան ստացած է փոխարինագիր անունը: Ծածկագրութեան այս եղանակը դէպքի մը մէջ ծածկագրուող բաոի մէջ հանդիպող միաւորները (Ա-Թ) կը փոխարինեն հազարաւորներու շարքին (Ռ-Ք) համապատասխան տեղեր գրաւող տառերով, տասնաւորները (Ժ-Ղ)՝ հարիւրաւորներով (Ճ-Ջ), իսկ միւս դէպքին՝ միաւորները (Ա-Թ) կը փոխարինեն հարիւրաւորներով (Ճ-Ջ), տասնաւորները (Ժ-Ղ)՝ հազարաւորներով (Ռ-Ք): Նոյն սկզբունքով յօրինուած է նաեւ փոխարինագրի երրորդ տարբերակը, երբ միաւորները (Ա-Թ) կ՛արտայայտուին տասնաւորներով (Ժ-Ղ), հարիւրաւորները (Ճ-Ջ)՝ հազարաւորներով (Ռ-Ք):

Ծածկագրութեան այս երեք ձեւերը ունին հետեւեալ պատկերը.

 

Ա  Բ  Գ  Դ  Ե  Զ  Է  Ը  Թ

Ռ  Ս  Վ  Տ  Ր  Ց  Ւ  Փ  Ք

Ժ  Ի  Լ  Խ  Ծ  Կ  Հ   Ձ  Ղ

Ճ  Մ  Յ  Ն  Շ  Ո  Չ  Պ  Ջ

 

Ա  Բ  Գ  Դ  Ե  Զ  Է  Ը  Թ

Ճ  Մ  Յ  Ն  Շ  Ո  Չ  Պ  Ջ 

Ժ  Ի  Լ  Խ  Ծ  Կ  Հ   Ձ  Ղ

Ռ  Ս  Վ Տ  Ր  Ց  Ւ  Փ  Ք

 

Ա  Բ  Գ  Դ  Ե  Զ  Է  Ը  Թ

Ժ  Ի  Լ  Խ  Ծ  Կ  Հ  Ձ  Ղ 

Ճ  Մ  Յ  Ն  Շ  Ո  Չ  Պ  Ջ

Ռ Ս  Վ  Տ   Ր  Ց   Ւ  Փ  Ք

 

Այս աղիւսակները կ՛օգնեն անհրաժեշտութեան դէպքին հեշտութեամբ վերծանելու փոխարինագիր ծածկագրերը, եթէ անոնցմով այլեւայլ հնարանքներ չեն կիրարկուած: Ծածկագրութեան այս տեսակի հնագոյն նմուշը 7-րդ դարի Աւանի արձանագրութիւնն է: Հետագային հայերէն ձեոագրերու մէջ կը հանդիպինք աւելի շատ թիւով փոխա­րինագիր ծածկագրերու:

 

6.- Եղբայրագիր ծածկագիր: Փոխարինել ըստ յաջորդականութեան:

Ծածկագրութեան այս եղանակը նոյնպէս աոանձին բարդութիւններ չունի: Անուանումն իսկ կը նշէ, որ ծածկագրուած բառի իւրաքանչիւր տաոը կ՛արտայայտուի իր համակարգի յաջորդ տառով, այսինքն՝ «Ա»-ի փոխարէն կը գրուի «Բ», «Լ»-ի փոխարէն՝ «Խ», «Ռ»-ի փոխարէն՝ «Ս», իսկ «Ք»-ի փոխարէն՝ «Ա» եւ այլն: Կը ներկայանայ հետեւեալ ձեւով.

 

Ա Բ Գ Դ Ե Զ Է Ը Թ

բ  գ  դ  ե զ  է ը թ ժ

Ժ Ի Լ Խ Ծ Կ Հ Ձ Ղ

ի  լ  խ ծ  կ  հ ձ ղ ճ

Ճ Մ Յ Ն Շ Ո Չ Պ Ջ

մ  յ  ն  շ ո  չ  պ ջ ռ

Ռ Ս Վ Տ Ր Ց Ւ Փ Ք

ս  վ  տ ր ց ւ փ ք ա

 

Այս աղիւսակով արդէն հեշտ է ընթեռնել եղբայրագիր ծածկագրութիւնները, եթէ թեքսթերու հեղինակները անոնց մէջ մտածուած խախտումներ չեն կատարած, երբեմն որ կը պատահին: Ծածկագրողները ընթերցողներուն շփոթեցնելու համար երրեմն կը խառնեն տառերու հերթականաթիւնը եւ յաջորդ տառի փոխարէն կը դնեն նախորդը կամ կամայականօրէն կ՛ընտրեն նոյն տառաշարքի (օրինակ՝ տասնաւորներու) ցանկացած տառը, որ իր գրաւած տեղով շատ հեոու է ծածկագրուող տառէն:

 

7.- Գումարգիր ծածկագիր: Տառը թուական նշանակութեան ուրոյն վերարժէքաւորումով:

Ծածկագրութեան այս տեսակի սկզբունքը շատ պարզ է: Ծածկագրուող տառերը ոչ թէ կը փոխարինեն մէկը միւսին, ինչպէս փոխարինագրերուն մէջ կը կատարուէր, այլ կը բաժնուին երկու եւ աւելի մասերու ու կը գրուին բաժնուած մասերու տառերով, այսինքն՝ «Դ»-ի. փոխարէն գրուած է «ԲԲ», «Խ»-ի փոխարէն՝ «ԻԻ», «Պ»-ի փոխարէն՝ «ՆՆ» եւ այլն: Իսկ եթէ տառը իր թուական համարժէքով երկու հաւասար մասերու չէ բաժնուած, հետեւաբար նաեւ բաժնուած կէսերը հնարաւոր չըլլար երկու նոյնանման տառերով նշանակել, կ՛օգտագործեն տարբեր տառեր: Օրինակ, «Հ» տաոը կրնայ արտայայտուիլ եւ՛ «ԼԵԼԵ» եւ՛ «ԼԽ» ձեւերով: Երկու դէպքին ալ ընդհանուր թուագումարը 70 է, այսինքն՝ «Հ»: Գումարգրերու մէջ «Ա» տաոը կամ չի ծածկագրուիր, կամ կը նշանակուի լատիներէն «C»-ի, զերոյի («0») եւ նոյնիսկ ստորակէտի նշաններով: Երբեմն «Ա»-ն կ՛արտայայտուի «00» ձեւով, երբ 0-ին փաստօրէն կը տրուի կէսի իմաստը եւ երկու կէսերուի գումարով կը հասցուի «Ա»-ն: «0»-ն կրնայ օգտագործուիլ նաեւ, օրինակ, «Թ» տառը գաղտնագրելով, որ տուեալ դէպքին մէջ կը գրուի «Դ0Դ0»,  այսինքն  4 1/2 + 4 1/2 = 9,  այսինքն՝ «Թ»:

8.- Երկբանալի ծածկագիր: Տարբեր սկզբունքներու համակցուած միացուած գործադրումով: Երկու բանալի՝ վերծանման երկու եղանակ ունեցող:

9.- Աքրոստիքոս (acrostic) սկզբունքի գործադրում: Աքրոստիքոս, հին ժամանակներուն, ոտանաւորներու սկիզբ առած բանաստեղծական ձեւ, որուն տողերու առաջին տառերը, վերէն վար կարդալով, կը կազմեն որեւէ բառ կամ արտայայտութիւն:

Ան ունի հազարամեակներու պատմութիւն: Բառաեզրի ծագումը յունարէն «άκρος»-«եզր» եւ «στίχος»-«ոտանաւոր» բառերէն է: Հետեւաբար Աքրոստիքոս կը համարուի բացառապէս առաջին եզրային տառերով կապակցուած ուղղահայեաց տողը:

Յաճախ սկզբնատառերէն կը կազմուի այն անձի անուն-մականունը, որուն ձօնուած է բանաստեղծութիւնը: Անցեալին աքրոստիքոսի ձեւը օգտագործուած է գրաքննութիւնը շրջանցելու կամ երկի հեղինակի անունը թաքուն տարածելու համար: Կիրառուած է նաեւ չափածոյ հանելուկներու մէջ, որու առաջին տառերէն կազմուած է պատասխանը:

Հայ գրականութեան մէջ աքրոստիքոսի ձեւը գործածած են Ներսէս Շնորհալին, Գրիգորիս Աղթամարցին, Եղիշէ Չարենցը եւ ուրիշներ:

Աքրոստիքոսի ձեւին հայ բանաստեղծներէն դիմած է Եղիշէ Չարենցը. իր «Գիրք Ճանապարհի» ժողովածուի մեջ ան չորս աքրոստիքոս նուիրած է դստեր՝ Արփենիկ Չարենցին:

10.- Մեզոսթիքոս (mesostic), Լափիւրինթոս (lapurintos) եւ Թելեսթիքոս (Telestico) սկզբունքի գործադրում:

Երկլեզու եւ գրականագիտական որոշ բառարաններուն մէջ, գրականութեան տեսութեան եւ տաղաչափութեան վերաբերող քիչ թիւով աշխատանքներուն մէջ  աքրոստիքոսէն որոշակիօրէն կը տարբերի տողերու մէջտեղի որեւէ տառով կազմուող ուղղահայեաց տողը: Ան կը կոչուի «մեզոսթիքոս» (առանձին դէպքերուն մէջ՝ «մեսոստիքոս»): Այս բառին ծագումը նոյնպէս կազմուած է յունարէն՝ «μέσος»- «միջին» եւ «στίχος»-«ոտանաւոր» բառերէ:

Եթէ մեջտեղը թաքնուած տողը ոչ թէ ուղղահայեաց է, այլ ունի անկանոն դասաւորութիւն, բանաստեղծութիւնը (կամ ժանրատեսակը) կը կոչուի «լափիւրինթոս»: Ասոր մէկ տարատեսակ ալ կը յամարուի այն ձեւը, երբ յաւելեալ տողը կը կազմուի թեքութեամբ, այսինքն՝ տողերու անկիւնագծով: Ան առաւել յաճախ կ՛անուանեն «անկիւնագծային  լափիւրինթոս»:

Վերջապէս, կը պատահին նաեւ բանաստեղծութիւններ, որոնց ուղղահայաց տողը կը բաղկանայ եզրային տառերէ, բայց տողավերջի տառերէն: Անոնք ալ կը կոչուին «թելեսթիքոս» (յունարէն «τέλος»-«հեռու» եւ «στίχος»-«ոտանաւոր» բառերէն): Եւ շատ հազուադէպ եղած են նաեւ դէպքեր, երբ նշուած ձեւերէն երկուքը կամ քանի մը հատը հանդէս եկած են միեւնոյն բնագրին մէջ: Բարդացուած այդ ձեւը որոշ ուսումնասիրողներ, մասնաւորապէս ժամանակակից ռուս բանաստեղծ եւ գրականագէտ Իւան Չուտասովը, կը բնութագրեն, որպէս «աքրոկառուցուածք»:

Հետեւաբար, մեզոսթիքոսի ձեւին հայ բանաստեղծներէն դիմած է Եղիշէ Չարենցը. իր «Գիրք Ճանապարհի» ժողովածուի «Պատգամ» բանաստեղծութեան մէջ գաղտնագիրերով. «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»:

11.- Բառերու հակառակ գրութիւն (զէնք – քնէզ):

12.- Տառերու միտումնաւոր ձեւափոխութիւն՝ մասնիկներ աւելցնելով կամ պակսեցնելով:

13.- Այբուբենի փոխարինում մէկ այլ, սակաւ գործածական այբուբենով, եւ այլն:

Հայկական որոշ ծածկագրութիւններու մէջ գործածուած են նաեւ այլագիր (օրինակ՝ յունարէն) տառեր, արաբական թուանշաններ եւ այլն: Այլ տեսակներէն են՝ արաբական թուանշանագիր, ճիրանաւոր, շրջագիր, վանկագիր, յունատառ, Ներսիսեան, բժշկական, թալիսմանագիր ծածկագրութիւնները:

Կան ծածկագրութեան աւելի բարդ ու խրթին ձեւեր, որ կիրառկած են մասնագիտացած յեղափոխականները, հետախոյզները, լրտեսները եւ ուրիշներ: Այսպիսի ծածկագրութիւններու բանալին յայտնի է միայն պայմանաւորուած երկու կողմերու կողմէ:

Նկատի առած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծնունդի հիմնական պատճառը, որ սկիզբէն ի վեր եղած է հայութեան գերագոյն շահերը պաշտպանել, Հայ Դատի լուծման համար պայքարիլ. ամբողջական հայութեամբ՝ ամբողջական հայրենիքի կերտումը: Հետեւաբար, այդ նպատակին համար ալ կուսակցութիւնը բազմատեսակ գործունէութիւն ծաւալած է. հազարաւոր գաղափարական նուիրեալներ Սուրբ գաղափարի տեսլականով գործած են:

Անձնազոհ ու նուիրեալ դաշնակցականներ իրենց աննկուն կամքի զօրութեամբ հզօրացուցին եռախորհուրդ սիւներու վրայ հանգչող կուսակցութիւնը՝ ՀՅԴաշնակցութիւնը: Երեք դարերու ընթացքին վստահաբար անապահով ու տագնապալից կեանք մը պիտի հալածէր Կուսակցութեան գործունէութիւնը ծաւալող շարքայիններուն՝ սուլթանին, քիւրտին, թուրքին, ցարին, պոլշեւիկեան եւ այլ իշխանութիւններու տիրապետութեան տակ ապրող հայ անհատին, յատկապէս՝ դաշնակցական շարքայինին: Սակայն, վարձկալներով ու լրտեսներով շրջապատուած, մարտի ընթացքին բազմաթիւ խոչընդոտներու հանդիպելով, յեղափոխականը ամէնայն զգուշութեամբ շարունակեց իր առաքելութիւնը՝ զերծ պահելու իր ազգը նման խոչընդոտներէ: Գործադրելով գործունէութեան զանազան ձեւեր. բայց անոնց գործունէութիւնը արմատապէս իմաստաւորուեցաւ ծածկանուններու, կեղծանուններու, ծածկագիր, գաղտնագիր, կամ՝ ծածկագրութիւն, գաղտնագրութիւններու գործածութեամբ:

Ծածկանուններու մասին այսպէս կը նկարագրէ Ռուբէն Տէր Մինասեան[1] «…Նկատած եմ, որ մեծ մասով, յեղափոխական ընկերները երեք տեսակի կեղծ անուններ որդեգրած են: Կենդանական եւ բնութեան անուններ՝ Առիւծ, Ասլան, Վիշապ, Մասիս, Սիփան, վերջապէս Չաքիրկայ, Քոթոթ, եւ այլն: Այս անունները բնազդօրէն կամ գիտակցօրէն ցոյց կու տան անուանափոխումներու ներքին ձգտումները: Տիտղոսներ՝ Կընեազ, Կոմս, Իշխան, Խան, Պարոն եւ այլն, որոնք կը հիմնաւորեն անուանափոխներու ձգտումները, անոնք որ երբեմն կը յարմարին, երբեմն ալ բնաւ չէին յարմարեր: Երրորդ տեսակն ալ պատմական անուններն են՝ Արամ, Տիգրան, Վարդան, Վաչէ, Ճափոն, եւ այլն, որով անուանափոխը գիտակցօրէն կամ անգիտակցօրէն կ՛ուզէ նմանիլ պատմական իր ճաշակին համապատասխան հերոսներուն: Ասոնք կամովին եղած անուանափոխութիւններ են: Բայց չորրորդ տեսակի կեղծ անուններ ալ կան, որոնք ակամայ են եւ չեն ընդունուիր անոնց տէրերուն կողմէ. հարազատը կամ թշնամի շրջապատը անուն մը կը փակցնէ եւ այդ անունը պոկել կարելի չէ, օրինակ՝ Քեաչալ, Փաշա, Չաւուշ, Դահիճ, Թանաքճի, Զուռնաճի եւ այլն: Այս ակամայ կեղծանունները արտաքին աշխարհին կը պատկանին. անոնք կը բնորոշեն անձը, դէպքերու, անցեալը եւ ներկան»:

Մեր ուսումնասիրութեան ընթացքին յայտնուեցաւ, թէ կան այլ տեսակի կեղծանուններ եւս, որոնք կը յիշուին անձերու ծննդավայրի եւ կամ գործած շրջանի անունով, օրինակ՝ Սեւքարեցի Սագօ, Կիւմիւշխանեցի Աւօ, Սեբաստացի Մուրատ եւ այլն:

Ինչպէս նշուեցաւ, որ կան կեղծանուններ, որ արտաքին աշխարհին կը պատկանին՝ հարազատը կամ թշնամի շրջապատը անուն փակցուցած է: Շատ են այն մակդիրները, որ յատկապէս թուրքը եւ քիւրտը տուած են, ինչպէս՝ Դուման, Ղըրէ Ղոլ եւ այլն:

Այս խիստ կարեւոր գործի համար աւելի քան 25 տարի երկարատեւ աշխատանք տարած ենք, հաւաքագրած ու դասակարգած ենք դաշնակցական գործիչներու մեծ թիւով ծածկանուններ: Հաւաքած ու կազմած ենք հազարներու հասնող ծածկանուններ, օգտուելով գրաւոր եւ բանաւոր տեղեկութիւններէ ու աղբիւրներէ: Տարիներու սպառիչ, դժուարին աշխատանք, որ կը պահանջէ տքնաջան աշխատասիրութիւն, համբերութիւն ու բծախնդրութիւն: Առ այժմ դժուար է ստոյգ տալ թիւը ընդգրկուած ծածկանուններու, բայց ստուար այս բառարանը իր ծիրի մէջ ներառած է ֆետայիներու, ազատամարտիկներու, յեղափոխական գրականութեան, արուեստի ու մշակոյթի, պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչներու, ինչպէս նաեւ զանազան մարզերու մէջ գործած դաշնակցականներու ծածկանուններ:

Հետազօտական այս աշխատութիւնը առանձնայատուկ կերպով կը ներկայացնէ Հ․Յ․Դ․-ի ֆետայական, հայդուկային, յեղափոխական, ազգային-ազատագրական, գրական, մարտական, պետական, ու տարբեր բնագաւառներու մէջ գործող նուիրեալներու փաղանգը:

Այս բառարանի մէջ բնականաբար կ՛ընդգրկէ արեւելահայ եւ արեւմտահայ, անցեալի ու ներկայի բոլոր դաշնակցականներու ծածկանունները:

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծածկանուններու բառարան» աշխատասիրութիւնը դաշնակցութեան գործունէութեան ամբողջ ժամանակահատուածը ընդգրկած է՝ ծնունդէն մինչեւ օրս: Աշխատութիւնը պատմութեան մէջ եզակի է իր տեսակով՝ նկատի առնելով պատմութիւն դարձած կուսակցութիւնն ու իր զօրագունդի թիւը:

Դաշնակցականներու ծածկանունները հաւաքածոյի վերածելու այս աշխատանքը վստահաբար պիտի դիմագրաւէր շատ մը դժուարութիւններ ու բարդութիւններ: Ուստի կարելի եղած սահմաններուն մէջ փորձած ենք հարթել բոլոր այդ հարցերը: Սակայն կրնան վրիպած ըլլալ կարգ մը անուններ: Անթերի կամ կատարեալ գործ մը կատարած ըլլալու յաւակնութիւնը չունինք բնաւ: Կը գիտակցինք, որ մեր հասողութենէն վրիպեցան հայոց գոյամարտը կերտողներէն կարգ մը անուններ, արժանաւոր դէմքեր, որոնք անտարակոյս, յաւելեալ արժէք մը պիտի տային այս աշխատութեան եթէ իրենք ալ ներառնուէին:

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծածկանուններու բառարան» աշխատասիրութեան մէջ նկատի առնուած են հետեւեալ բնագաւառները.-

– Ցուցակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան շարաքայիններու ծածկանուններուն, կեղծանուններուն:

– Ցուցակ ՀՅԴ մարմիններու եւ Դաշնակցականներու կողմէ տարբեր շրջաններու եւ վայրերու տրուած ծածկանուններուն, կեղծանուններուն:

– Ցուցակ ՀՅԴ մարմիններու ծածկանուններուն:

– Ցուցակ ՀՅԴաշնակցութեան մարմիններու կողմէ կազմակերպուած գործունէութիւններու ծածկանուններուն:

– Ցուցակ կարեւոր ծածկագրութիւններ եւ այլ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ:

 

Նշուած դաշնակցականներու, ծածկանունին կողքին տրուած է բուն անունն ու ազգանունը ամբողջութեամբ: Սիւնակները նկատի առած ենք այբենական շարքով:

Անուններու շարքին անոնց կցուած են ծննդեան եւ նահատակութեան, մահուան կամ ալ առեւանգումի թուականները: Մէկէ աւելի թուականներ գտնուելու եւ շփոթ ստեղծելու պարագային արձանագրած ենք երկուքն ալ (նկատի առած երկու աղբիւրներու ալ հեղինակները, լաւատեղեակ են անձի կենսագրութեան): Իսկ թուականը չգտնուելու պարագային հարցման նշանով ճշդած ենք անոր չգոյութիւնը կամ անքտանելի ըլլալը: Արձանագրած ենք նաեւ մէկը աւելի ծածկանուններ կրողներու շարքը: Այստեղ կարեւորութեամբ կ՛ընդգծենք, որ կարգ մը ծածկանուներու կողքին ըստ հնարաւորութեան, յղում կատարուած է ծածկանունի ծագման եւ յառաջացման շարժառիթի համառօտ պատմութիւնը, որ ալ աւելի կը հարստացնէ եւ կ՛արժեւորէ բառարանը:

Այս աշխատասիրութեան մաս կը կազմեն նաեւ այն դաշնակցականները, որոնք հետագային հեռացուած են կուսակցութեան շարքերէն եւ կամ սպաննուած, իբրեւ պատիժ: Ինչպիսին են Միհրան՝ ծանօթ «Միհրանական շարժում», Շահան Նաթալի, Ակսել Բակունց, Սաֆօ, Վազգէն Շուշանեան եւ ուրիշներ:

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծածկանուններու բառարան» աշխատութեան մէջ տրուած հիմնական հինգ բնագաւառները իրենց ենթագլուխներով ստորեւ կը ներկայացնենք առանձին-առանձին, հակիրճ տեղեկութիւններով եւ անոնց հետ միասին կու տանք քանի մը օրինակ:

 

ա.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան շարքայիններու ծածկանուններ, կեղծանուններ:

 

– Աբրօ, Ռ. Սեւեան, Շտաբի Աբրամ*, Աբրամ, Աբրամովիչ, Ա. Սեւեան 1875-1946 Աբրահամ Գիւլխանդանեան

 

*Գանձակի մէջ «Շտաբի (Զինուորական Մարմնի)» պետը եղած է, եւ անոր համար ալ ժողովուրդը զինք կոչած է «Շտաբի Աբրամ» անունով:

Տես՛ «Հայրենիք» ամսագիր ԻԴ. Տարի, թիւ 4 Յուլիս-Օգոստ. 1946, էջ 85:

 

 

– Անտոն*, Սմբատ Օհանեան*, Սիմոն Զաւարօֆ** կամ Զաւարով, Սարգիս Անտոնեան*** 1866-1913 Սիմոն Զաւարեան

 

*Սիմոն Զաւարեանի կուսակցական անուններն են՝ «Անտոն» եւ «Սմբատ Օհանեան» ծածկանունները:

Տես՛ «Ազդակ-շաբաթօրեակ», 30 Սեպտեմբեր 1949, էջ 30:

Տես՛ նաեւ, «Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Բ. հատոր, էջ 34 ա.:

 

** «Սիմոն Զաւարօֆ» ծածկանունով 1903 թուականին կ՛այցելէ Կիլիկիա, իբրեւ ռուս գիւղատնտես:

Տես՛ «Ազդակ-շաբաթօրեակ», 30 Սեպտեմբեր 1949, էջ 30:

Տես՛ նաեւ, «Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Բ. հատոր, էջ 34 ա.:

 

*** Սիմոն Զաւարեանի յեղափոխական անուններէն է՝ «Սարգիս Անտոնեան»ը:

Տես՛ «Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան», յաւելուած «Հայրենիք» ամսագրի, հրատ. Հ.Յ.Դ.

Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի, խմբ. Սիմոն Վրացեան, Պոսթըն, հ. 1, 1934, էջ 113:

 

 

– Արշակ Վռամեան*, Վարազ, Վահապ[բ]**, Փալթոսըզ***, Նեռ****, Ա. Բակուր****, Օգիմդա**** 1871-1915 Օննիկ Դերձակեան

 

* Օննիկ Դերձակեան գրական ծածկանունով՝ «Արշակ Վռամեան»:

Տես՛ «Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ա. հատոր, էջ 43 բ.:

 

** Կուսակցական ծածկանունով՝ «Վահապ»:

Տես՛ «Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ա. հատոր, էջ 43 բ.:

 

***Օննիկ Դերձակեան, տեւական առանց բաճկոնի ըլլալուն համար Պոլսոյ մէջ ստացած էր «Փալթոսըզ» մակդիրը:

Տես՛ «Անմահներուն հետ Վասպուրական մեր աշխարհի մէջ», Խոսրով Թիւթիւնճեան, 1974, Պէյրութ, էջ 80:

 

**** Օննիկ Դերձակեան, առաջին անգամ սկսած է գրել Արփիար-Շահնազարի «Հայրենիք»ին (Պոլիս) մէջ «Օգիմդա» կեղծանունով (ՕԳԴ՝ սկզբնատառերը իր բուն անուն ազգանունին՝ Օննիկ Գէորգեան Դերձակեան):

«Ազատամարտ»ի «Առտուան տոմսեր»ուն մէջ «Նեռ» ստորագրութեամբ: «Ազատամարտ»ի մէջ եւս յօդուածներ գրած է «Ա. Բակուր» ստորագրութեամբ:

Տես՛ «Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ա. հատոր, էջ 43 բ.:

 

 

– Արամ Մանուկեան*, Արամ փաշա** 1879-1919 Սարգիս (Սէրգէյ) Յովհաննիսեան

 

* Սարգիս կամ Սէրգէյ Յովհաննիսեանը Վանի մէջ դարձաւ Արամ Մանուկեան

Տես՛ «Արամը», հրատարակութիւն Հ.Յ.Դաշնակցութեան, 1969, էջ 146:

 

** Յովհաննիսեան Վանի նահանգապետ եղած շրջանին Վանի ժողովուրդը՝ հայ, քիւրտ եւ տաճիկ, բոլորն ալ զինք կը կոչէին «Արամ փաշա»:

Տես՛ «Ասլան Ստեփանեանի յուշերը», գրի առաւ՝ Հայկ Աճէմեան, Թեհրան, տպ. Մոդերն, 1966, էջ 177:

 

 

– Գարեգին Խաժակ*, Բաբա-Գասպար կամ Պապա-Գասպար**, Բաբայեան***, Ա. Արծիւեան**** 1876-1915 Գարեգին Չագալեան

 

*Գարեգին Չագալեանի գրական ծածկանունը «Գարեգին Խաժակ» է:

Տես՛ «Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ա. հատոր, էջ 47 բ.:

 

**1897 թուականին (ըստ հեղինակին Ա.Գ.), եկած է Պոլիս իբր յեղափոխական գաղտնի գործիչ «Պապա Գասպար» ծածկանունով:

Տես՛ «Իմ յուշերը» Վահան Փափազեան, հատոր երկրորդ, Պէյրութ, 1952, էջ 133:

 

***Կուսակցական ծածկանունով՝ «Բաբա, Բաբայեան»:

Տես՛ «Նիւթեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան համար», Ա. հատոր, էջ 47 բ.:

 

****Դաշնակցական մամուլին մէջ գրած է «Ա. Առծիւեան» եւ «Բաբա Գասպար» կեղծանուններով:

Տես՛ «Յեղափոխական ալպոմ», 1965, թիւ 11, էջ 301:

 

 

– Էլլէն*, Թոփալ (Թոփալեան), Նաֆաթ, Սամուէլ Ֆայն, Միխայլով, Միխայիվօ, Էլլէն Լայլ* 1859-1905 Քրիստափոր Միքայէլեան

 

*Քրիստափոր Միքայէլեանի կուսակցական ծածկանունը գիտենք, թէ «Էլլէն» է, սակայն ան իր գրած նամակներուն տակ ստորագրած է նաեւ «Էլլէն Լայլ»: Այդ նամակներէն մէկը տեսնել՝ Քրիստափոր ուղղած է Յովնան Դաւթեանին (23 Յունիս 1896-ին):

Տես՛ «Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան», յաւելուած «Հայրենիք» ամսագրի, հրատ. Հ.Յ.Դ.

Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի, խմբ. Սիմոն Վրացեան, Պոսթըն, հ. 1, 1934, էջ 392:

 

 

– Ռոստոմ, Քոթոթ*, Աբրահամեան**, Արտաշէս Ռոստոմեան***, Միքայէլ****, Ն.Ս.*****, Արիստակէս Ղարախանեան, Արմէն Կասբարեան 1867-1919 Ստեփան Զօրեան

 

*Ուսանողական շրջանէն սկսեալ, իր մարմնական յաղթանդամ կազմուածքին համար ընկերները զինք «քոթոթ» անուանած են, այդ անունը կը մնայ վրան մինջեւ վերջ:

Տես՛ «Յուշապատում Հ.Յ.Դաշնակցութեան 1890-1950», Պոսթոն, 1950 էջ 106:

 

**Ստեփան Զօրեան, 1886 թուականին իր բուն անունով մուտք գործած էր Վարշաւայի մօտակայքը գտնուող Ալեքսանդրեան Գիւղատնտեսական ուսումնարանը, ուր քանի մը ամիս բանտարկուած ու աքսորուած էր Կովկաս: Հետեւաբար, 1887 թուականին ան կու գայ Պաքու եւ կրկին աւարտական քննութիւն կու տայ եւ կանցնի Պետրովսկայա Ակադեմիան: Ստեփան ստիպուած կ՛ըլլայ «Ստեփան Աբրահամեան» անունով քննուիլ, որովհետեւ Զօրեանը զրկուած էր արդէն ուսումը շարունակելու իրաւունքէն:

Տես՛ «Հայրենիք» ամսագիր Ժբ. Տարի, թիւ 1 Նոյեմբեր 1933, էջ 75:

 

***Օգոստոս 1985 թուականին, «Արտաշէս Ռոստոմեան» կեղծանունով կ՛անցնի Կարին, որպէս ծպտեալ վաճառական, որ իբրեւ պարսկահպատակ, ռուսական սամովարներ պիտի ծախէր այնտեղ:

Տես՛ «Հայրենիք» ամսագիր Խբ. Տարի, թիւ 7 Յուլիս 1964, էջ 47:

 

****Ստեփան Զօրեան Ժընեւ ապրած է «Միքայէլ» անունով:

Տես՛ «Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան», յաւելուած «Հայրենիք» ամսագրի, հրատ. Հ.Յ.Դ.

Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի, խմբ. Սիմոն Վրացեան, Պոսթըն, հ. 1, 1934, էջ 111:

 

*****Հ.Յ.Դաշնակցութեան 10-ամեակի առիթով «Դրօշակ»ի տասնամեակի համարին մէջ գրած է «Հայկական կարմիր խաչ» վերնագրով յօդուած մը եւ «Ն.Ս.» ստորագրութեամբ («Ն.Ս.» հաւանօրէն «Նոր Սանասարեան« Վարժարանի անունով Ա.Գ.):

Տես՛ «Ռոստոմ», հրատարակութիւն Հ.Յ.Դ.-ի, Պէյրութ, 1979, էջ 621:

 

 

բ.- ՀՅԴ մարմիններու եւ Դաշնակցականներու կողմէ տարբեր շրջաններու եւ վայրերու տրուած ծածկանուններ, կեղծանուններ:

Այս ցուցակին մէջ յիշատակուած են տեղանուններ, կուսակցութեան հիմնադրութեան օրէն սկսեալ, հասնելով մինչեւ մեր օրերը, որոնք հրապարակուած են դաշնակցական մամուլով, գրականութեամբ եւ յայտարարութիւններով միայն:

Ժամանակի ընթացքին այս անունները անուանափոխուած են: Այդ անուանափոխումները կատարուած են զանազան պատճառներով: Պէտք է ըսել, որ կարգ մը տեղանուններ փոխարինուած են՝ կուսակցական գործունէութեան ընթացքին նահատակուած դաշնակցականներու անուներով:

Տեղին է նշել, որ նոյն անունը կրող բաւական շրջաններ ալ գոյութիւն ունեցած են:

Այս բնագաւառին մէջ ընդգրկուած կարգ մը շրջաններու ծածկանուններ կը ներկայացնենք, իբրեւ օրինակ.-

Այգեստան – Գանձակի շրջան

Բարձրաբերդ – Կարին

Դաշտ – Կիլիկեան կուսակցական տեղանուն մը

Լեռնավայր* – Կիլիկիա (Հալէպի շրջան)

Լեռնավայր – Փասատենա (ԱՄՆ)

Ծաղիկ** (Կռուածաղիկ, Լիս, Վիշապ) – Պոլիս եւ շրջակայքը

Կռուածաղիկ (Ծաղիկ, Լիս, Վիշապ) – Պոլիս եւ շրջակայքը

Կռուածաղիկ*** – Հոս կը ներառուի Դուրանի (Մուշ) հետեւեալ գիւղերը.- Կառնէն, Ջրիկ, Ծափնայ, Առինջվանք, Առինջ, Օղունք, Նորշէն, Սոխում, Ալիզըչնան, Մոկունք, Դերգեվանք, Առաղ, Բերդակ, Հաւատորիկ, Առուարինջ, Խասգեղ, Շմլակ, Քոլոսիկ, Բնդըխներ եւ Մառնիկ:

 

 

*Լեռնավայրը, որ նախապէս Կիլիկիոյ կուսակցական տեղաննուն էր, Կիլիկիոյ պարպումէն սկսեալ կը ներկայացնէր Սուրիոյ կազմակերպութիւն (առաջին երկու տասնամեակներուն՝ Լիբանանը ներառեալ):

Տես՛ Տասնապետեան Հրաչ, «ՀՅԴաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. Ընդհ. ժողովը (1890-1924)», Աթէնք, 1988, էջ 172:

 

**Ծաղիկ (կրճատումը՝ Կռուածաղիկի), Լիս (կրճատումը՝ Պոլիսի), եւ անշուշտ Վիշապ մերթ ընդ մերթ կը գործածուէին իբրեւ Պոլսոյ կուսակցական տեղանուն կամ անոր Պատասխանատու Մարմնի ծածկանուն:

Տես՛ Տասնապետեան Հրաչ, «Խրիստափոր Միքայէլեանի նամակները», Պէյրութ 1993, էջ 398:

 

***Այս «Կռուածաղիկ» ծածկանունը երկրորդ շրջանի մը ծածկանունն է իր մէջ ներառելով ընդամէնը 20 գիւղ:

Տես՛  Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», 6-րդ հատոր, էջ 111:

 

 

Պէտք է ընդգծել, թէ այս բնագաւառին մէջ ներառուած են կուսակցական մարմիններու ծածկանուններն ալ, քանի որ տեղ մը նոյն անուններով յիշուած են իբրեւ շրջան, վայր, կամ Մէկուսի Կոմիտէութեան, Կոմիտէութեան կամ Կեդրոնական Կոմիտէութեան անուն:

Ժամանակի ընթացքին այս անունները եւս անուանափոխուած են:

Ստորեւ կը ներկայացնենք քանի մը օրինակ.-

Անդրանիկ – Ֆրեզնօ (Ա․Մ․Ն․) Կոմիտէութիւն

Արսէնեան – Տրապիզոնի Կոմիտէն

Զոհ – Պոլսոյ Կոմիտէն

Համազասպ – Ֆրեզնօ (Ա․Մ․Ն․) Կոմիտէութիւն

Հայկանուշ – Թաւրիզի Կոմիտէն

 

 

գ.- ՀՅԴ մարմիններու ծածկանուններ:

Այս մարմինները այն մարմիններն են, որոնք յառաջացած են Ընդհանուր կամ այլ Ժողովներու ընդմէջէն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մարմիններու քանի մը անունները միայն.-

– «Հրաւէր» Կոմիտէ

– Դաշնակցութեան Կամքը ներկայացնող Մարմին

– Կովկասեան Պատասխանատու Մարմին

– Ցուցական Պատասխանատու Մարմին

– Կենտրոնական Զինուորական Մարմին կամ Զինուորական Բիւրօ

 

 

դ.- Հ․Յ․Դաշնակցութեան մարմիններու կողմէ կազմակերպուած գործունէութիւններու ծածկանուններ:

Այս ցուցակը կ՛ընդգրկէ բոլոր տեսակի կուսակցական նախաձեռնութիւններ, սկսելով գաղտնի զինագործարանի, Մոսին հրացանի եւ կամ այլ կազմակերպուած աքթերու եւ գործողութիւններու անունները իրենց մանրամասն բացատրութեամբ:

Այդ բազմազան նիւթերու վերնագրերէն, հոս կը ներկայացնենք քանի մը հատը միայն.-

– Զինամթերք եւ «Ծծման եղանակ»

– «Խարիսխ» Զինագործարան

– «Մարդասիրական»

– «Դրախտ» եւ «Կախէթ»

– Ծածկագիր շիֆր՝ («Մայր Արաքսի ափերով»)

– «Ենիչերի»ներ

– «Նժոյգի գործողութիւն»

– «Նեմեսիս»ի գործողութիւն

Բնականաբար շարքը երկար է: Ամէն մէկ խորագրին տակ վստահաբար կայ երկար բացատրութիւն տուեալ նիւթին շուրջ:

 

ե.- Կարեւոր ծածկագրութիւններ եւ այլ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ:

Այս բաժինը ընդհանրապէս կ՛ընդգրկէ զանազան անուններու բացատրութիւններ, ինչպէս՝ Ֆետայի կամ Ֆետայիներ, Հայդուկ, Վալադ եւ այլն: Ինչպէս նաեւ այլ դէպքերու, հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու, շարժումներու կամ գործունէութիւններու բացատրութիւններ: Ահա անոնցմէ քանի մը օրինակ.-

«Պզտիկ դէպք»

Կովկասեան նախագիծ

Միհրանական շարժում

«Անջատական շարժում»

«Հ.Յ.Դաշնակցութեան գործ» կամ «Դաշնակցութեան գործ»

«Հայկական Նիւրէմպերկ»

 

««Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան ծածկանուններու բառարան»ի պատարիկներ»ը եզրափակելով հարկ կը համարենք ըսելու, որ այնքան ատեն, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը գործէ յեղափոխական շունչով աշխարհի ամբողջ տարածքին, հասնելու իր իղձերուն՝ ամբողջական հողին ու իրաւունքներուն, հետեւաբար պիտի շարունակուի յեղափոխական գործընթացը եւ անոր ընդմէջէն արիասիրտ գործիչներու եւ մարտիկներու ծնունդը անոնց ծածկանուններով ինչպիսին էր երէկ եւ այսօր, նաեւ գալիք բոլոր օրերուն:

Վերջապէս, այս աշխատանքը թող պարտք սեպուի երկիւղածօրէն անոնց սուրբ անունին բիւր-բիւրաւոր, անուանի թէ անանուն, ծանօթ թէ անծանօթ, թաղուած թէ անթաղ, առեւանգուած, ողջակիզուած, կացինահարուած, անձնասպան եղած, կախաղան բարձրացած, քաղաքական բանտարկեալներուն, ողջ թէ մեռած գաղափարակիրներուն, որոնք արժանի դրօշակիրները հանդիսացան եւ մեծագոյն բաժինն ունին եւ մոլեռանդաբար պահելու հաւատարմութիւնը ՀՅԴաշնակցութեան անբիծ եւ արիւնոտ դրօշին:

 

[1]  Տէր Մինասեան Ռուբէն, «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», 6-րդ հատոր, էջ 250:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
100 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles