ԳլխաւորՅօդուածներ

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԷՆ ԵՏՔ՝ ԱՅԴՔԱՆ ԱԼ ՀԻՆ ՉԵՂՈՂ ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՄԷՋ

 

Թռչնոց Բոյնի Մարիա Եաքոպսէնի սան որբուհի մեծ մայր Արաքսին՝ 83 տարեկան
Արաքսին Մարիա Եաքոպսէնի գիրկը գտնուող աջի մանկիկն է

Յ. Պալեան
Յուլիսի առաջին օրերուն, Արամ Ա վեհափառ հայրապետի հրաւէրով կայացաւ մամուլի համահայկական խորհրդաժողովը: Միասին եւ մէկ ըլլալու հանդիպում, հակառակ բնական եւ երբեմն ալ օգտակար տարբերութիւններու: Ժողովին անդրադարձաւ մամուլը, խօսուածներուն մասին լոյս կը տեսնէ տեղեկագիր մը՝ համաժողովը կազմակերպող յանձնախումբին կողմէ:
Ժողովի աւարտին, 4 Յուլիսին, կէսօրէ ետք, ժողովականները առաջնորդուեցան Ժիպէյլ (Պիպլոս), ուր հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ծիրէն ներս բացուած էր Հայոց ցեղասպանութեան որբերու թանգարանը, Թռչնոց Բոյն որբանոցի շրջափակին մէջ, որ կը կրէր այդ որբանոցի սաներէն Արամ Պէզիկեանի անունը: Թանգարանի բացման օրը, 2015-ին, շրջած եւ դիտած էի պատկերներ, կարդացած անուններ: Որբութիւնը անջնջելի տխրութեան դրոշմ կը ձգէ դէմքերու վրայ, հոգիներու մէջ, ոչ միայն որբերուն, այլ զանոնք ճանչցողներուն, նոյնիսկ երբ կը կարծենք, որ ժամանակը կեանքի անհարթութիւնները մասամբ կ’ուղղէ:
Թանգարանի շեմին Թռչնոց Բոյնի գերեզմանոցի մեռեալներուն, որբեր եւ հոն աշխատողներ, աճիւնները ամփոփուած են հաւաքական դամբանի մը մէջ: Հոն է նաեւ դամբանը որբերու փրկարար ոգին հանդիսացած դանիացի միսիոնարուհի Մարիա Եաքոպսէնի: Ան ոչ միայն կեանքեր փրկած է, անոնց պակսող սէրը տուած է, այնքան անպաճոյճ եւ սրտագին, որ որբերն ու որբուհիներըը զինք կոչած են «մամա»: Թանգարանի երեք բաժիններուն մէջ կան իրեղէն եւ խօսուն վկայութիւններ, փրկուածներու կեանք վերադարձածներու մասին:
Խօսուած եւ գրուած է Մարիա Եաքոպսէնի, Թռչնոց Բոյնի եւ թանգարանի մասին, որ ի դէպ իրականացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ եւ ճիգերով: Թռչնոց Բոյնը որբանոց չէր միայն, այլ հայկական դպրոց էր, այդպէս է նաեւ այսօր, ուր կ’ուսանին որբեր եւ Ճիպէյլի հայկական փոքրիկ գաղութի ընտանիքներու զաւակներ:
Այս հաստատումները գիտենք, իրականութիւն են: Բայց ի՞նչ կը վկայեն որբերը իրենք, որոնց «մամա»-ն եղած է Մարիա Եաքոպսէն: Այցելուներուս բացատրութիւններ տուող առաջնորդը, պատկերները երբ ցոյց կու տար, մատը դրաւ դէմքի մը վրայ, աղջնակ մը, որուն համար ըսաւ թէ ան ողջ է եւ կ’ապրի: Ինչ որ ըսաւ հոն կրնար մնալ: Բայց այլապէս հետաքրքրական պիտի ըլլար տեսնել եւ լսել «մամա» Եաքոպսէնի սանը, գիտնալ, թէ իրապէս բարեսէրի կողքին կա՞ր նաեւ մարդկային առաքինութիւն մը, ճանչնալու եւ ընկերանալու այդ որբերուն, անոնք ինչպիսի երախտագիտական զգացումներ կը պահէին, «մամա»-ի մահէն կէս դար ետք ալ:
Մարիա Եաքոպսէնի կենսագրութիւնը կարելի է գտնել գիրքերու եւ թերթերու մէջ: Ուզեցինք լսել որբերու «մամա» եղածի մասին ապրուած կեանքի անսեթեւեթ վկայութիւն, որ յուշագրութիւն չըլլայ, որ չըլլայ աւուր պատշաճի թղթակցութիւն: Անուն մը: Հեռախօսի համար մը:

Մարիա Եաքոպսէն («Մամա») իր սաներուն հետ

Խորհրդաժողովը աւարտած էր, շատեր արդէն վերադարձած էին իրենց երկիրները, մնացողները իրենց առօրեայով կը զբաղէին:
Հեռաձայնեցինք: Ժամադրուեցանք: Առաւօտեան ժամը 11ին, Տորա կոչուող թաղամասի ճաշարանի մը առջեւ: Մեզ դիմաւորեց երիտասարդ կին մը, գացինք ժողովրդական թաղամասի շէնք մը: Հիւրընկալ բնակարան մը: Հոն մեզ կը սպասէր պատկերի որբուհին, անցեալի մանուկ Արաքսին, որ մեծ մայր է հիմա:
Հայու տուն: Զրուցեցինք: Քիչ ետք եկաւ նաեւ մեծ մայրիկ Արաքսիի փեսան, որ ի միջի այլոց յայտնեց, որ ստացած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն, նոյնիսկ կը ցանկայ Հայաստան հաստատուիլ, եթէ աշխատանքի հնարաւորութիւն ստեղծուի: Արաքսիի թոռնուհին արդէն համլասարանական ուսումը աւարտած է: Որբուհիին շառաւիղները հաւատարիմ մնացած էին արմատներուն, առհաւական գիտակցութեամբ:
Եւ զրուցեցինք: Այդքան ալ հին չէր այդ անցեալը, երբ որբ, որբանոց, որբախնամ բառերը ընթացիկ էին: Որբեր՝ ջարդերէն ետք, որբեր՝ հայրենահանուածներու դժուար կեանքի պայմաններու հետեւանքով:
Մարիա Եաքոպսէն ոչ միայն կեանքեր փրկած է, այլ որբերուն տուած է այն էականը որմէ զրկուած կ’ըլլան անոնք, սէր եւ գուրգուրանք: Եղած է իսկական «մամա»: Ան որբերուն սորվեցուցած է աշխատիլ, արհեստներ, որպէսզի անկախ ըլլան: Արաքսին պատմեց, որ նոյնիսկ երբ որբերը կը մտնէին կեանքի մէջ, «մամա»-ն կը հսկէր, ինչպէս պիտի ընէր հարազատ մայրը, Մարիա Եաքոպսէն որբուհիներու ամուսնութեան, կը հսկէր, կ’ուզէր տեսնել թեկնածուն, կ’ընէր այնպէս՝ որ կարծէք իրմէ կը խնդրուէր հարսնցուին ձեռքը, ըստ հայկական աւանդական սովորութեան:
Արաքսիի դէմքէն եւ խօսքերէն կը ծորէր երախտագիտութեան զգացումը, որ բառերու պէտք չունէր խօսելու համար:
Մտածեցի, որ այսօր կանգնած ենք հայը փրկելու հրամայականին առջեւ: Ինչպէս երէկ Մարիա Եաքոպսէն, կամ նախախնամական միւս դանիացին, Քարէն Եփփէն, հայ ազգի բեկորներ փրկեցին, զանոնք վերադարձուցին ազգին, այսօր կը գտնուինք նոր հանգրուանի դիմաց, աշխարհի հեռու եւ մօտ ցրուած բեկորները, որոնք վաղ թէ ուշ դատապարտուած են ինքնութեան կորուստի, վերադարձնել հայրենիքին, տէր ըլլալու համար հայրենիքին եւ հայոց իրաւունքին:

«Մամա»-ին յիշատակի վկայութիւնն է պատկերի աղջնակ Արաքսին, հայ մեծմայր արդէն, որ երբ կը խօսի, կը զգաք երախտագիտութիւնը: Շառաւիղները պէտք է ըլլան հայրենատէր եւ հայրենաբնակ, որպէսզի իմաստաւորուի Մարիա Եաքոպսէններու եւ Քարէն Եփփէներու առաքինի գործը:
Այդ կ’ըլլայ հայուն իսկական յաղթանակը, ըսելու աշխարհին՝ որ ապրեցանք, վերականգեցանք, կը տեւենք, ազգ ենք եւ հայրենատէր:
Ճիպէյլի Թռչնոց Բոյնը եւ թանգարանը յիշողութեան կոթողներ են, պէտք է երբեմն երթալ, տեսնել, մտածել անցեալի, ներկայի եւ մանաւանդ վաղուան մասին: Տեսնեն՝ սփիւռք(ներ)ի հայերը, նաեւ Հայաստանի հայերը, հասկնալու համար որ ունեցած ենք եւ ունինք հասարակաց ճակատագիր:

 

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button