Յօդուածներ

Հայ եկեղեցին Եւ Կանոնական Իրաւունքի Օրէնսգիրքի Բացակայութիւնը

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան

 

Ի՞նչ է կանոնագիրքը կամ այլ խօսքով՝ եկեղեցական օրէնսգիրքը

Կանոնագիրքը Հայց. առաք. եկեղեցւոյ իրաւական օրէնսգիրքն է։ Ան կը պարունակէ Հայ եկեղեցիին վերաբերող ամբողջ իրաւական համակարգը, որուն շնորհիւ կ’ապահո­վէ իր ներքին կարգը, կը պաշտպանէ իր անդամներուն իրաւունքները, կը տնօրինէ ա­նոնց պարտականութիւնները, կ’երաշխաւորէ արդարութեան սկզբունքին գործադրու­մը ու կ’ամրագրէ կառավարման կարգուկանոնը։

 

Advertisement Subscribe Today

Արդեօք ունի՞ Հայց. առաք. եկեղեցին նման կանոնագիրք, այլ խօսքով՝ եկեղեցական օրէնսգիրք մը

Որքան ալ տարօրինակ թուի այս կարեւոր հարցին պատասխանը, պէտք է ըսել՝ ունի եւ միաժամանակ չունի։ Աւելի ճշգրիտ՝ պատմականօրէն ունեցած է, սակայն ներկայ վի­ճակով` առայժմ չունի ժամանակակից կեանքի պայմաններուն եւ պահանջներուն հա­մապատասխանող գործնական ու կիրառելի ձեռնարկ մը։

Բնականաբար, պէտք է հարց տալ՝ գրաւոր օրէնսգիրքի մը բացակայութեան պարագա­յին ինչպէ՞ս է կառավարուած Հայ եկեղեցին մինչեւ մեր օրերը։ Բարեբախտաբար գրաւոր ժառանգութենէ բացի Եկեղեցին ունի նաեւ նուիրականացած բանաւոր աւան­դութիւն մը, որ կը վերաբերի քրիստոնէական հաւատքի բովանդակութեան, սովորոյթ­ներուն, ծէսերուն եւ կենսակերպին, որոնք Եկեղեցիին մէջ զարգացած են դարերու ընթացքին: Ան միշտ չէ, որ գրաւոր կ’աւանդուի, այլ յաճախ բանաւոր կը փոխանցուի Եկեղեցւոյ կեանքին եւ գործելակերպին մէջ, զորօրինակ՝ եկեղեցական որոշակի տօներ նշելու եղանակը, ծիսական ձեւերը, վանականութիւնը եւ որոշ աղօթքներ, տաղեր ու հոգեւոր երգեր: Ահա այսպէ՛ս է կառավարուած մեր Եկեղեցին դարեր շարունակ։ Բայց մի՞թէ այսպէս շարունակելը գոհացուցիչ է, երբ ընկերային-հասարակական կեանքն ու ընդհանրապէս աշխարը երէկուանը չեն, իսկ վաղուան մարտահրաւէրները շատ աւելի աննախընթաց ու հզօր պիտի ըլլան, քան երբեւէ եղած են։

Մինչդեռ, ինչպէս վերոգրեալ նշուեցաւ, կանոնական իրաւունքի օրէնսգիրքը կարգու­կանոն հաստատելու համար գրի առնուած հեղինակաւոր, պաշտօնական ու պարտա­ւորեցնող օրէնքներու, այս պարագային՝ եկեղեցական կանոններու ամբողջութիւնն է, որուն ստորեւ պիտի անդրադառնանք մանրամասնօրէն։

 

Եկեղեցական իրաւակարգի անհրաժեշտութիւնը ներկայ ժամանակներուն

Իւրաքանչիւր Եկեղեցի, յարաբերաբար մեծ կամ փոքր համայնք, որ կ’ուզէ մշտապէս գոյութիւն ունենալ եւ կանոնակարգուած գործել՝ էական է, որ ունենայ ընդհանուր իրաւական հիմք: Հայ եկեղեցին, որպէս հոգեւոր առաքելութիւն ունեցող համազգային կրօնական կառոյց, նոյնպէս կը պահանջէ յստակ կանոններ՝ իր առաքելութիւնը ար­դիւնաւէտ, արդարացի եւ միատեսակ իրագործել կարենալու համար: Կանոնական իրաւունքը, որ ամրագրուած պէտք է ըլլար Հայց. առաք. եկեղեցւոյ կանոնագիրքին մէջ, կը ստեղծէ իրաւական շրջանակ, որ կը կառուցէ Եկեղեցւոյ կեանքը, կը կարգաւորէ անոր անդամներուն միջեւ համագործակցութիւնը, նաեւ կ’ապահովէ հոգեւոր պաշ­տօններու եւ խորհրդակատարութիւններու իրականացումը: Կանոնագիրքը, փաստօ­րէն, ոչ միայն իրաւական կանոններու ժողովածու մըն է, այլեւ եկեղեցական կարգուկա­նոնի, պատասխանատւութեան եւ հաւատացեալներու փրկութեան հանդէպ հոգատա­րութեան արտայայտութիւն: Հետեւաբար, նման օրէնսգիրքի նշանակութիւնը կը կա­յանայ ոչ միայն անոր արտաքին ձեւաւորման, այլեւ եկեղեցական կեանքի հոգեւոր ու հովուական բնագաւառներուն մէջ։

Արդարեւ, Հայց. առաք. եկեղեցւոյ կանոնագիրքը, այլապէս՝ օրէնսգիրքը, որուն մասին կը խօսինք, իր կարեւորութեամբ շատ աւելին է, քան լոկ եկեղեցական կառավարման կանոններու հաւաքածոյ մը: Ան Եկեղեցիին կը ծառայէ իբրեւ միջոց, իր բոլոր անդամ­ներուն կեանքը կարգաւորուած ձեւով դէպի Քրիստոս ուղղորդելու համար։ Իր առաջ­նահերթ նպատակներէն մին է՝ ապահովել Եկեղեցւոյ բոլոր անդամներուն իրաւունք­ներն ու տնօրինել անոնց պարտականութիւնները: Հաւատացեալներ,– ըլլան անոնք աշխարհական թէ հոգեւորական կարգէ,– շնորհիւ այս օրէնսգիրքին պէտք է յստակ գիտնան, թէ Եկեղեցիին մէջ ի՞նչ են իրենց իրաւունքներն ու պարտականութիւնները, նաեւ՝ թէ իրենք ինչպէ՞ս պիտի վերաբերին իրենց անձին հետ կապ ունեցող ճշգրիտ իրավիճակներու յառաջացման պարագային։

Եկեղեցական օրէնսգիրքի միւս յատկանիշերէն, այլեւ հիմնական նպատակներէն մէկն ալ Եկեղեցւոյ միասնութեան եւ կարգուկանոնի պահպանման խթանումն է: Հայ եկե­ղեցին համաշխարհային հաստատութիւն մըն է, որ ոչ միայն կը ներառէ Հայաստանի բնակչութեան 90 տոկոսը, այլեւ ամբողջ աշխարհասփիւռ հայութեան ճնշող մեծամաս­նութիւնը։ Այս իրողութենէն մեկնելով անհերքելի փաստ է, որ իր անդամները ապրելով նաեւ սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ՝ ենթակայ են մշակութային եւ կրօնական բազմաբնոյթ ազդեցութիւններու։ Հակառակ այս դրութեան, Հայ եկեղեցւոյ հեղինա­կաւոր եւ պարտաւորեցնող օրէնսգիրքը միանշանակ կ’ապահովէ, որ իր հիմնական եւ կարեւորագոյն սկզբունքները, զորօրինակ՝ քահանայագործութիւնը, խորհուրդներու մատակարարումը, թեմերու եւ հովուութիւններու կառավա­րումը ամէնուր իրագործ­ուին նոյն հաւատոյ դաւանութեան, սրբազան աւանդութեան եւ ինքնութեան հետ առնչուող դրոյթներուն համաձայն։ Այս իրողութիւնը կը հաղորդէ արժանահաւատու­թիւն եւ կը ներշնչէ փոխադարձ վստահութիւն Եկեղեցւոյ թէ՛ հոգեւոր սպասաւոր­ներուն եւ թէ՛ աշխարհական շրջանակներուն միջեւ։

Ի դէպ, այստեղ պէտք չէ անտեսել եկեղեցական օրէնսգիրքի հովուական հանգամանքը։ Անոր յօդուածներէն շատեր կը հետապնդեն մարդու բարոյական կեանքի կայացումը, անոր փրկութիւնը՝ հիմնախնդիր ունենալով ոչ միայն մարդ արարածի մարդ ըլլալը, այլ մա՛րդ մնալը։ Այս առումով, օրինակ՝ ամուսնութեան պարագային, ոչ միայն պէտք է նկատի առնուի սուրբ պսակի խորհրդակատարութեան կամ որեւէ մէկ ծիսակատարու­թեան վաւերականութիւնը, այլեւ մարդոց անհատական կեանքի իրավիճակը։ Այսպէս, Եկեղեցւոյ կանոնական իրաւունքը ոչ թէ լոկ կանոններ սահմանող օրէնսգիրք մըն է, այլ միաժամանակ ունի ծառայական եւ խնամարար բնոյթ։

Ի վերջոյ, եկեղեցական օրէնսգիրքը նաեւ կ’առաջադրէ դատական-իրաւաբանական կանոններ, զորօրինակ՝ ամուսնալուծման կամ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ստեղծուած տարատեսակ չարաշահումներու վերաբերեալ՝ դրամաշորթութեան, վարքուբարքի, կուսակրօնութեան ուխտի խախտման, միասեռականութեան, մանկապղծութեան եւ այլն։ Դատական կանոններով ամրագրուած այս բոլոր գործառոյթները եկեղեցական կեանքին կը շնորհեն արժանահաւատ թափանցիկութիւն, կը պաշտպանեն ենթական կամայականութիւններու դէմ, որ միանգամայն կը համապատասխանէ Աւետարանի արդարութեան ոգիին եւ արդարադատութեան ուսմունքին։

Աւանդութեան եւ ներկայի միջեւ – կանոնական իրաւունքի պարտաւորեցնող կարեւորութիւնը

Վերոգրեալ ակնարկուեցաւ, որ Հայց. առաք. եկեղեցին աւանդաբար ունեցած է պատ­մական օրէնսգիրք մը, որ առաջին անգամ 1964 թուականին զայն ուսումնասիրող Վազգէն Յակոբեանը պայմանականօրէն կոչած է «Կանոնագիրք Հայոց»[1]։ Սոյնը ձեւաւորուիլ սկսած է Ե.–ԺԷ. դարերու ընթացքին՝ աստիճանաբար խմբագրուելով, լրացուելով ու հարստանալով նորանոր կանոնախումբերով եւ աւանդուած բազմաթիւ գրչագրերով։

Արդարեւ, «Կանոնագիրք Հայոց»-ը միջնադարեան հայ եկեղեցական իրաւունքի ժողո­վածու է՝ բաղկացած հոգեւոր-եկեղեցական, ծիսադաւանական, բարոյախրատական եւ համայնքային այլեւայլ խնդիրներ ընդգրկող կանոններէ, որոնք ամփոփուած են առան­ձին կանոնախումբերու մէջ։ Զայն առաջին հաւաքագրողն ու խմբագրողը եղած է Ը. դարու հայոց կաթողիկոս Յովհաննէս Գ. Իմաստասէր Օձնեցին, որուն նախաժողովա­ծուն կազմուած է 24 կանոնախումբերէ. ասոնց 15-ը յունական բնօրինակներէ թարգ­մանական գործեր են, իսկ մնացեալ 9-ը կանոնախումբերը ազգային-եկեղեցական ժողովներու եւ հայ եկեղեցական հայրերու սահմանած կանոններն են։ Ժ. դարու կէսին, սոյն կանոնագիրքը ընդլայնուելով բովանդակած է 40 կանոնախումբ, իսկ մինչեւ ԺԷ. դար համալրուելով ու շարունակաբար խմբագրուելով ընդգրկած է 98 կանոնախումբ։

«Կանոնագիրք Հայոց»-էն բացի նաեւ հարկ է նշել ԺԲ.–ԺԳ. դարերուն ստեղծուած Մխիթար վրդ. Գօշի եւ Սմբատ Սպարապետի (Գունդստաբլ) «Դատաստանագիրք»-երը, որոնք իրենց կարգին մեծապէս նպաստած են հայ իրաւաբանական մտածողու­թեան զարգացման նոր վերելքին՝ պարփակելով պետական ու տարածքային կառա­վարման, քրէական եւ քաղաքացիական իրաւունքի կարեւոր ոլորտներ։

Վերոգրեալ նշուեցաւ, որ «Կանոնագիրք Հայոց»-ի վերջին խմբագրութիւնը տեղի ունե­ցած է ԺԷ. դարուն եւ այս ժամանակաշրջանէն ի վեր ոչինչ փոխուած է, իսկ մեր ազ­գային-եկեղացական կեանքը, կարծէք, ընդարմանալով որեւէ զարգացում չէ արձանա­գրած. արդեօ՞ք մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ տեղի չեն ունեցած նշանա­կալից իրադարձութիւններ կամ չեն ստեղծուած իրավիճակներ, որոնց իրաւական-օրի­նական անդրադարձը արտացոլացուցած ըլլար «Կանոնագիրք Հայոց»-ը։

Փաստօրէն, «Կանոնագիրք Հայոց»-ը այսօրուան ընկալումներուն  եւ իրաւագիտական չափանիշերուն համաձայն ամբողջական, համահունչ, քոտաւորուած կամ կանոնա­գրուած իրաւական օրէնսգիրք մը չէ, այլ առանձին կանոններու պատմականօրէն մշակ­ուած ժողովածու մըն է, որ կը ծագի տիեզերական ժողովներու սահմանած, տարբեր ժամանակաշրջաններուն գումարուած ազգային-եկեղեցական ու տեղական ժողովնե­րու կայացուած, նաեւ Ընդհանրական եկեղեցիի հայրերու եւ հայոց կաթողիկոսներու կողմէ սահմանուած որոշումներէն: Հակառակ անոր, որ «Կանոնագիրք Հայոց»-ի կա­նոններէն շատեր գուցէ տակաւին ի զօրու են մեր եկեղեցական իրականութեան մէջ, սակայն այս ժողովածուն, ներկայ վիճակով, առանձնապէս եւ իրաւաբանօրէն չունի պարտաւորեցնող բնոյթ՝ Հայց. առաք. եկեղեցիին կողմէ ճանչցուած եւ հայոց ազգային-եկեղեցական ժողովէ մը հեղինակաւորուած ընթացիկ գործնականութիւն։ Աւելի վաղ, ան կանոնական իրաւունքի բնագրերու եւ համապատասխան յօդուածներու ազատ, չաժմէականացուած աւանդոյթ է՝ առանց եկեղեցական պաշտօնական վաւերականու­թեան՝ ներկայի եկեղեցական իրաւական համակարգին մէջ:

Բաց աստի, պէտք է նկատի ունենալ նաեւ այն իրողութիւնը, որ միայն Ի. դարուն է, որ այսպէս կոչուած «Կանոնագիրք Հայոց»-ին մէջ ներառուած ձեռագրերու հաւաքածո­ները բաժնուեցան քանի մը ձեռագրախումբերու՝ Սիրական Տիգրանեանի[2], Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեանի[3], Ներսէս վրդ. Ակինեանի[4] եւ Վազգէն Յակոբեանի[5] համա­պարփակ գիտական աշխատանքներուն շնորհիւ։

Այստեղ մասնաւոր կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Վազգէն Յակոբեանի աշխատա­սիրութեամբ եւ Հայկական ՍՍՌ Գիտութիւններու ակադեմիայի հրատարակութեամբ լոյս տեսած «Կանոնագիրք Հայոց»-ի գիտական մեծղի երկհատորները՝ 1964-ին Ա., իսկ 1971-ին Բ. հատորը։ Բայց, եղո՜ւկ, Հայց. առաք. եկեղեցւոյ կանոնական իրաւունքի այս երկհատորեակը հասանելի է բացառապէս իր բնագիր գրաբարով, որ ոչ միայն ան­հասկնալի է հայ ժողովուրդի լայն շրջանակներուն, այլեւ նոյնիսկ շատ մը եկեղեցական­ներու, որոնց ընկալելի չէ նոյնիսկ իրենց անգիր սորված գրաբար աղօթքներուն բո­վանդակութիւնը։

Պէտք է նկատի ունենալ կարեւոր պարագայ մը եւս, որ «Կանոնագիրք Հայոց»-ին մէջ ներառուած շատ մը կանոններ այնուհետեւ ժամանակահունչ չեն ու չեն համապա­տասխաներ արդի կեանքի իրականութիւններուն։ Իհարկէ կարելի է այստեղ բազմա­թիւ օրինակներ մէջբերել, սակայն պիտի բաւարարուիմ միայն յուշել այն կանոնները, որոնք բացառապէս սահմանուած են զորօրինակ Ե.–ԺԱ. դարերուն Հայաստանի մէջ ծաւալած Մծղնէական, Բորբորիտոններու, Պաւղիկեան ու Թոնտրակեան աղանդա­ւորական շարժումներուն եւ անոնց դաւանած վարդապետական սկզբունքներուն դէմ։ Անշուշտ այսօր ալ գոյութիւն ունին աղանդաւորական տարատեսակ շարժումներ, բայց անոնց հաւատալիքներն ու ուսմունքը բոլորովին այլ բնոյթ ունին, քան վերոնշեալ դա­սական աղանդները։ Այս առնչութեամբ պէտք չէ մոռնալ նաեւ «Կանոնագիրք Հայոց»-ին մէջ սահմանուած այն բոլոր կանոնները կապուած հասարակական կեանքի որո­շա­կի իրավիճակներուն, բարոյական հարցերուն, հեթանոսութենէ մնացած սովորոյթնե­րուն, ծիսական-կարգապահական այլազան խախտումներուն, որոնք ընդհանրապէս ժամանակավրէպ են եւ ամենեւին գոյութիւն չունին արդի հասարակական կեանքին մէջ։

 

Իրաւական անորոշութեան եւ բարեկարգութեան միջեւ – Հայ եկեղեցւոյ մէջ ժամանակակից օրէնսգիրքի մը պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը

Արդարեւ, նկատի ունենալով կանոնագրման բացակայութիւնը եւ անոր հետեւանքով յառաջացած իրաւական անորոշութիւնը, էական անհրաժեշտութիւն է համակարգուած ձեւով վերակազմել եւ բարեկարգել, այժմէականացնել ու արդի հայերէնի թարգմանել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կանոնական իրաւունքը: Սոյնը, սակայն, պէտք չէ ներ­կայանայ իբրեւ լոկ տեխնիկական կամ գիտական նախագիծ մը, այլ պէտք է ընկալուի որպէս հոգեւոր եւ եկեղեցական պատասխանատու գործընթաց, որ միանգամայն կը ծառայէ Հայ եկեղեցւոյ միութեան, ինքնութեան եւ կենսունակութեան իրագործման:

Հետեւաբար, Հայց. առաք. եկեղեցւոյ յաջորդ Ազգային-եկեղեցական ժողովի[6] օրակար­գի առաջնահերթ առաջադրանքներէն մին պէտք է ըլլայ ոչ թէ ընդամէնը կաթողիկոսի մը ընտրութիւնը ապահովելը եւ վերջ, այլ միաժամանակ ստանձնելու սոյն ժողովին օրէնսդիր բարձրագոյն հեղինակութիւն ունենալու հանգամանքը՝ իսկոյն ստեղծելով աստուածաբաններէ, եկեղեցական իրաւունքի մասնագէտներէ, պատմաբաններէ, նա­եւ գիտուն հոգեւորականներէ կազմուած յանձնաժողով մը։ Այս յանձնաժողովի գե­րազանց նպատակը պիտի ըլլայ համակարգուած կերպով ուսումնասիրել «Կանոնա­գիրք Հայոց»-ի բոլոր կանոնախումբերը, անոնց մէջ սահմանուած առանձին կանոննե­րը, ծագումնաբանական դրդապատճառները՝ կարելի դարձնելով զանոնք պատմա­կանօրէն եւ քննադատաբար գնահատելու ժամանակակից եկեղեցական, ընկերային-հասարակական եւ միջեկեղեցական պահանջներու համաթեքսթին մէջ։ Սոյն յանձնա­ժողովի կենսական նպատակը պիտի ըլլայ մշակել հետեւողական, միատարր կառու­ցուածքով եկեղեցական, իրաւական, բարեկարգուած կանոնագիրք մը՝ հիմնուած Հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանական եւ հոգեւոր աւանդոյթներուն վրայ, բայց միաժամա­նակ ձեւակերպուած՝ լեզուական եւ իրաւական առումով արդի ժամանակներուն հա­մընթաց ձեւով։

Բնականաբար, յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել նաեւ նոր օրէնսգիրքի լեզուա­կան մատչելիութեան վրայ. գոյութիւն ունեցող կանոններու թարգմանութիւնը դասա­կան գրաբարէն ժամանակակից հայերէնի, ինչպէս նաեւ համապատասխան այլ լեզու­ներու (օրինակ՝ անգլերէն կամ ռուսերէն), որպէսզի Հայց. առաք. եկեղեցւոյ նոր եւ բա­րեկարգուած կանոնագիրքը հասկնալի եւ գործածելի դառնայ աշխարհասփիւռ հայու­թեան թեմական բոլոր կառոյցներէն ներս։

Արդեօ՞ք ունինք այն մարդուժը նման յանձնաժողով մը կազմելու եւ առաջադրուած նոր կանոնագիրքը իրականացնելու համար։ Եթէ Հայց. առաք. եկեղեցւոյ Ազգային-եկեղե­ցական ժողովը, ինչպէս իր անունը կը թելադրէ, ապահովել կարենայ անխտիր մեր բո­լոր նուիրապետական աթոռներէն ու թեմերէն, գիտական կառոյցներէն ու հաստատու­թիւններէն եկեղեցականներէ եւ աշխարահականներէ կազմուած ընտրանի մը, ապա երկու տարուան պայմանաժամի մը ընթացքին նուիրեալ եւ եռանդուն աշխատանքով կարելի է իրականացնել այս ծրագիրը։ Արդիւնքը նախապէս կը ներկայացուի նուիրա­պետական աթոռներուն, բոլոր թեմական կառոյցներուն եւ պատկան անձնաւորու­թիւններուն՝ ի պահանջել հարկին քննարկելու եւ բովանդակութեան ծանօթանալու նպատակով։ Վերջնական տարբերակը կը ներկայացուի Ազգային-եկեղեցական ժողո­վին, որ համաձայն իր օրակարգին՝ զայն վաւերացնելէ ետք կը յանձնէ գործադրութեան։

Այսպիսի բարեփոխում մը ստոյգ յաջողութեան կը հասնի միայն Հայց. առաք. եկեղեց­ւոյ նուիրապետական աթոռներու, աստուածաբանութեան, եկեղեցական կենսափոր­ձի, թեմերու եւ համայնքներու միջեւ կառուցողական երկխօսութեան եւ արդիւնաշատ գործակցութեան շնորհիւ՝ հիմնուած այն գերազանց համոզումին վրայ, որ Եկեղեցիին մէջ օրէնքը կեանքին կը ծառայէ եւ կը հանդիսանայ անոր հոգեւոր առաքելութեան կարեւորագոյն արտայայտութիւններէն մին։

Այսպէս, բարեկարգուած նոր օրէնսգիրքը ոչ միայն կ’ամրապնդէ Հայ եկեղեցւոյ հով­ուական եւ ծիսական գործունէութիւնը, այլեւ կ’ամրագրէ իր ինքնապատասխանատւ­ութիւնը իբրեւ ինքնավար եկեղեցի եւ ստոյգ կը նպաստէ իր նուիրապետական կեդրոն­ներուն, թեմական եւ հովուական կառոյցներուն, քոյր եկեղեցիներուն, այլեւ ոչ միայն օտար, նաեւ հայրենի պետական իշխանութիւններուն միջեւ անհրաժեշտ եւ կառուցո­ղական երկխօսութեան զարգացման։ Նման ձեռնարկի մը իրականացումը մեր Եկեղե­ցիին համար պիտի ըլլայ կարեւոր քայլ մը իր ներսիդին ստեղծելու աւելի իրաւական որոշակիութիւն, ստանձնելով միաժամանակ հոգեւոր յանձնառութիւն՝ վերանորոգու­թեան, կենսունակութեան, արժանահաւատ վկայութեամբ ծառայելու իր հաւատացեալ հօտին սեփական աւանդոյթներուն եւ վարդապետական սկզբունքներուն համաձայն։

Արդարեւ, Հայց. առաք. եկեղեցին այնուհետեւ պէտք չունի դրածոյ եւ օտարամուտ կա­նոնադրութիւններու, ինչպիսին պարագան էր 1836 թուականին ցարական հրամանա­գրով հաստատուած «Պոլոժենիա»-ն, որ ամենեւին չէր համապատասխաներ Հայ եկե­ղեցւոյ աւանդական ոգիին եւ ժողովրդավարական սկզբունքներուն, թէկուզ 1863 թուականին Կ.Պոլսոյ մէջ պատրաստուած եւ Օսմանեան կառավարութեան կողմէ վաւերացուած «Ազգային սահմանադրութիւն հայոց»-ին. օրէնսգիրք, որ տակաւին գոր­ծուն է սփիւռքահայ եկեղեցական կեանքի որոշ շրջանակներու մէջ։

Հայոց լուսակարկառ հայրապետներէն Յովհաննէս Գ. Իմաստասէր Օձնեցին երբ Ը. դարուն խմբագրած է առաջին «Կանոնագիրք Հայոց»-ը, անդրադառնալով անոր կարե­ւորութեան՝ յիշատակարանին մէջ նշած է հետեւեալ հոգեբուխ մտածումը.

«Քրիստոսի բոլոր հաւատացեալներու [աստուածային պատգամներուն] հնա­զանդութիւնը լուսաշաւիղ ճանապարհ է դէպի Աստուած: Կանոնները, որ կար­գեցին սուրբ հայրերը, սքանչելի իմաստութեամբ երկնային բնակութեան կը հրաւիրեն մարդիկը, որպէսզի անոր շնորհիւ առաջնորդուելով` առաքինութեան հասնին […], սա գանձ է, որ ո՛չ ցեցը կ’ուտէ, եւ ո՛չ ալ ուտիճը կ’ապականէ, գանձ, որ տնանկ ժառանգողի սիրտը դէպի վեր՝ եկինք կը տանի»։

Եթէ երբեք Ը. Դարուն այսպիսի գերազանց գնահատական մը տուած է եռամեծ հայ­րապետը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ օրէնսգիրքի անհրաժեշտութեան, անոր ունեցած կա­րեւորագոյն դերին մասին հաւատացեալ մարդու փրկութեան համար, ապա այսօրուան իրավիճակէն մեկնելով արտօնուած պիտի ըլլայ մեզի կրկին հարց տալու՝ ունի՞ արդեօք Հայց. առաք. եկեղեցին արդի ժամանակներուն համընթաց գործնական օրէնսգիրք մը, ապա պատասխանը միանգամայն պիտի ըլլայ անբարենպաստ եւ ժխտական։ Փաստ­օրէն, ներկայ վիճակով ան չունի՛ պարտաւորեցնող եւ իր եկեղեցական կեանքը իրաւա­կանօրէն կարգաւորող համապատասխան օրէնքներու համակարգուած ժողովածու՝ օրէնսգիրք մը: Հետեւաբար, անոր գոյառումը ամենաանհրաժեշտ մարտահրաւէր մըն է ուղղուած Հայց. առաք. եկեղեցւոյ Ազգային-եկեղեցական ժողովին։ Նման յանձնառու­թեան մը իրագործումը անտարակոյս նոր կեանք եւ շունչ պիտի հաղորդէ իր բազմա­չաչար հօտին հետ տառապած ու խաչուած, բայց գերեզմանէն միշտ յարութիւն առած մեր մայր եւ սուրբ Եկեղեցիին։

 

Եզրակացութիւն

Հեղինակաւոր եւ գործող, բարեկարգուած ու նոր օրէնսգիրքի մը գոյութիւնը հրամայա­կան անհրաժեշտութիւն մը կը ներկայացնէ Հայց. առաք. եկեղեցւոյ առաքելութեան իրականացման մէջ։ Ան պիտի կարգաւորէ հայրենի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան բազմազանութիւնը մէկ կաթողիկէ հաւատքի միութեան մէջ, ոչ միայն ապահովելով իր սուրբ աւազանէն մկրտուած իրաքանչիւր անդամի իրաւունքները, այլ միաժամանակ զայն յորդորելով, որ ստանձնէ հոգեւոր-բարոյական պատասխանատւութիւն եւ, ի վեր­ջոյ, նպաստէ ի շինութիւն սբ. Եկեղեցւոյ եւ ի փառս հայոց ազգին:

Եկեղեցական կանոնական իրաւունքի օրէնսգիրքը ցոյց կու տայ, որ Եկեղեցին ոչ թէ լոկ հոգեւոր համայնք մըն է, այլեւ ընկերային-հասարակական եւ իրաւականօրէն կա­ռուցուած հաստատութիւն մը: Իրաւական նման կանոնագիրքի մը գոյութիւնը տեսա­նելի կը դարձնէ, թէ ինչպէ՛ս հաւատքը, համայնքը եւ օրէնքը ներդաշնակ կրնան միա­հիւսուիլ իրարու՝ ոչ թէ իբրեւ հակադրութիւն, այլ որպէս հաւատքով ապրած պատաս­խանատւութեան արտայայտութիւն եւ քրիստոնէական կեանքի վկայութիւն:

 

Ժընեւ, 9 Օգոստոս 2025

Յիշատակ Եփեսոսի Ս. Ժողովոյն երկերիւր հայրապետացն

 

[1] Վազգեն Հակոբյան, «Կանոնագիրք Հայոց», Ա, Երևան, 1964; Նոյնը, Բ, Երևան, 1971։

[2] «Армяне» (Санкт Петербург, 1910, Եր., 1992), «Հին հայկական կանոնների գիրք» (ռուս., Պետերբուրգ, 1918), «Судебная книга Мхитара Гоша и Книга канонов» (Тифлис, 1925) ուսումնասիրությունների, «Հայոց իրավունքի պատմության ներածություն» (ձեռագրի իրավունքով, Եր., 1923)։

[3] Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեան, Հայոց եկեղեցական իրաւունքը, Ա, Շուշի, 1903; Նոյնը, Բ, Շուշի, 1905:

[4] Ն. Ակինեան, Շահապիվանի ժողովին կանոնները, Բնագիր եւ քննութիւն, «Յաւելուած», Բ տպագրու­թիւն, Վիեննա, 1950, էջ 61–66; Թուղթ Մակարայ Բ. Երուսաղէմի Հայրապետի առ Վրթանէս եպիսկոպո­սապետ Սիւնեաց Յաղագս կարգաց եկեղեցւոյ, Վիեննա, 1930:

[5] Տե՛ս Վազգեն Հակոբյան, «Կանոնագիրք Հայոց», նոյն տեղը։

[6] Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ազգային-եկղեցական ժողովի հեղինակութեան եւ բացթողումներուն մասին տե՛ս «Միապետութի՞ւն մը հանրապետութեան մէջ – Եկեղեցին ինքնակալութեան եւ  ժողովրդավարա­կան-սահմանադրական պետութեան միջեւ» խորագրով յօդուածս. https://hairenikweekly.com/?p=64593; https://www.yerepouni-news.com/a-monarchy-within-the-republic-the-church-between-autocracy-and-the-constitutional-state1/

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button