Հայ Դատի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Հ.Հ. Սփիւռքի Նախարարութիւն

0 0
Read Time:1 Minute, 6 Second

haytad spurk

ԵՐԵՒԱՆ.- Մայիս 12-ին, Հ.Հ. Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչներուն` Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին (Գանատա),Կարին Յարութիւնեանին (Գանատա-հայաստան), Սթիւ Տէտէյեանին (Արեւմտեան Ամերիկա), Վաչէ Շամլեանին (Գանատա), Վահէ Թորոսեանին (Իրան) եւ Վերա Եագուպեանին (Լիբանան):

Խօսելով օրերս Արցախի մէջ տեղի ունեցած Հայ դատի յանձնախումբերու համաժողովի մասին` Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին, եւ աւելցուց. “Մենք ալ ոչ միայն ոգեւորուեցանք, այլեւ վաթսուն մասնակիցներս լիցքաւորուած վերադարձանք Երեւան: Կարծեմ, որ ժողովը Արցախի մէջ  անցնելը կարեւոր էր”:

Հայ Դատի ներկայացուցիչները նախարարին պատմեցին Արցախէն ստացած իրենց տպաւորութիւնների մասին: Քննարկեցին Արցախի ներկայ իրավիճակը եւ անոր հետ առնուած խնդիրներն ու ընելիքները: Կողմերը խօսեցան Հայաստանի եւ Գանատայի մէջ հաստատուած սուրիահայերու խնդիրներու մասին, եւ ճշտուեցան  աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցերը:

Հաւատարիմ իր սկզբունքներուն` Հայ Դատը առաջիններէն էր, որ արձագանգեց Արցախի սահմանով սանձազերծուած Ատրպէյճանի սադրիչ յարձակումներուն եւ ժամեր անց հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով եւ կոչերով` դատապարտելով ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ կազմակերպեց բողոքի ցոյցեր:

Ողջունելով հիւրերը` Հրանոյշ Յակոբեան արժեւորեց Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի եւ տարածաշրջանային յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու հայանպաստ գործունէութիւնը եւ մասնաւորապէս`այս անհանգիստ եւ տագնապալի օրերուն Հայրենիքի հետ ըլլալու եւ անոր օժանդակելու պատրաստակամութիւնը: Ան մասնաւորապէս նշեց, “Վստահ եմ, որ Արցախի կարգաւորման խնդիրը եւս համահայկական մեծ աւանդ ունեցող կառոյցի մամենօրեայ հոգածութեան առարկայ է եւ այս օրերուն անպայման Արցախ պիտի գտնուէր: Համոզուած եմ որ ձեր ներկայութիւնը ոգեւորող էր”:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles