
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը շնորհաւորեց Ա․Մ․Ն․-ի նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընը, որուն երդման արարողութիւնը, տեղի ունեցաւ Յունուար 20-ին։
Այս առթիւ, նաեւ Հայ Դատը նշեց հայութեան ակնկալիքները, որոնց կարգին են յաւելեալ աջակցութիւն Արցախին եւ Հայաստանին, Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութեան սառեցում, հայ գերիներու ազատ արձակում, պատժամիջոցներ՝ Ալիեւի եւ Էրտողանի դէմ Արցախի մէջ մարդկային իրաւանց լուրջ ոտնակոխումներուն համար, Պաքուի հակակշիռին տակ մնացող հայկական եկեղեցիներու եւ մշակութային արժէք ունեցող կառոյցներու պաշտպանութիւն, Ամերիկա-Հայաստան յարաբերութիւններու սերտացում եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչում։